ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Մանկութենէս լսած եմ իր անունը մօրս՝ Վարդանուշ Մալխասեանէն, որ Իրաքի Նահր Օմար գաղթակայանի որբանոցէն իր նման հազար մը հաշուած որբերու հետ թեմի Քաղաքական ժողովի ու գաղթակայանի որբանոցի վերին խնամատարութեան կարգադրութեամբ, եւ Եգիպտոսի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նիւթական օժանդակութեամբ 1922ի Յունուարին աշակերտութիւնն ու պաշտօնէութիւնը «Ջումա» նաւով փոխադրուած էր Երուսաղէմ՝ Ս. Յակոբեանց վանքի խնամատարութեան յանձնելու, ապա՝ որպէս ընդունակ որբերէն մին տեղափոխուած էր Նիկոսիա՝ Կիպրոսի նորաբաց Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն, բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար:
Ինչպէս յայտնի է, Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը հիմնուած էր բարոյական սկզբունքներու եւ ըմբռնումներու վրայ եւ անիկա մղիչ ուժ եղած է, ուսուցիչ, դաստիարակ, հասարակական գործիչ, առաջնորդ, հռետոր, դերասան, երաժիշտ պատրաստութեան մէջ:
Կիպրոսի Մելգոնեանին մէջ մօրս յիշողութեան մէջ քաղցր յուշեր տպագրուած կը մնային իր ուսուցիչ Յակոբ Օշականի մասին: Ան պատմած է դրուագներ այդ յուշերէն դեռ նոյնիսկ երբ պատանի էի: Լաւ կը յիշեմ, որ Օշականը մեզի ծանօթացուցած էր՝ հետեւեալը պատմելով.
Յակոբ Օշական, որ հողազուրկ բանուորի զաւակ էր, զամբիւղ շինելով ձիթապտուղ կը հաւաքէր եւ կը հասցնէր շուկայ, հետեւապէս ստացած էր Քիւֆէճեան մականունը. կորսնցուցած էր հայրը չորս տարեկանին: Մայրը՝ խիզախ ու անվհատ աշխատանքով կը մեծցնէ իր անչափահաս զաւակները: Օշական Ազգային վարժարան յաճախած ատեն՝ 13 տարեկանին, սկսած էր քերթուածներ գրելու: 16 տարեկանին կ՛ուզէ Արմաշի դպրեվանքը ուսանիլ: Նախքան Դպրեվանք իր ընդունուիլը, տեսուչ Եղիշէ սրբ. Դուրեան հարցաքննութեան մը կ՛ենթարկէ զինք: Հարցաքննութեան աւարտին, Եղիշէ սրբազան յատկանշական հարցում մը եւս կ՛ուղղէ պատանի Յակոբին.
– Երբ ուսումդ աւարտես, ի՞նչ կ՛ուզես ընել եւ ի՞նչ կ՛ուզես ըլլալ:
– Ես, -կ՛ըսէ Յակոբ,- պիտի գրեմ Արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը:
– Եւ քանի՞ հատոր պիտի ըլլայ քու գրելիք Արեւմտահայ գրականութեան այդ պատմութիւնը,- կը հարցնէ դարձեալ Եղիշէ սրբազան Դուրեան:
– Տասը հատոր,- կը պատասխանէ Յակոբ…
Սրբազանը կը ժպտի քաղցրօրէն եւ փաղաքշաբար «յիմար» կը կոչէ զինք, սակայն սիրայօժար կ՛ընդունի Յակոբը որպէս սան Արմաշի Դպրեվանքին մէջ:
Սրբազան հօր այդ «յիմար» բառը, յետագային կը դառնար նաեւ Օշականի մնայուն փաղաքշական բառը: «Ծօ յիմար», կ՛ըսէր ան երեսն ի վեր իր ամենաշատ սիրած շարք մը աշակերտներուն, որոնց մէջ էր մայրս, երբ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ (1926-1932) հայ գրականութիւն կը դասաւանդէր իրենց:
Մայրս կը պատմէր. «Գրականութեան դասերը վայելք էին մեզի համար: Որպէս ուսուցանող՝ դասարան կը մտնէր արագ ու անմիջապէս կ՛անցնէր դասին: Առիթ չէր տար մեզի կարդալու իր գործերը, միշտ ուրիշներուն վաստակն էր, որ կը հրամցնէր մեզի: Կ՛ուզէր, որ մեզի տուած շարադրութեան նիւթերը զարգացնէինք ոչ թէ բառերով, այլ յուզումով, մեր հոգիէն մասնիկ մը դնելով անոնց մէջ: Աշակերտներուս շարադրութեանց տետրակները կարդալէ ետք վերադարձնելուն կ՛ընէր իր նկատողութիւնները՝ իւրաքանչիւրիս միտքի հասողութիւնը դրուատելով: Եթէ տափակ բան մը ըլլար մեր գրածը՝ յուսահատութեամբ կ՛ըսէր. «Կրակ չունիք ձեր սիրտին մէջ, կրակը ձեր ոտքերուն մէջ է միայն»:
«Իր բացօթեայ պտոյտներուն ընթացքին՝ միայն հայ գրականութեան մասին կը խօսէր: Կ՛արտասանէր հայ բանաստեղծներու գործերէն, մանաւանդ Պետրոս Դուրեանէն եւ Վահան Թէքէեանէն: Բլուրէ մը վար իջնելու ատեն կ՛արտասանէր Վարուժանի «Լեռներ, լեռներ հայրենի»ն: Երբ մենաւոր տնակ մը կը նշմարէր, նախընտրաբար կ՛արտասանէր Մեծարենցի «Հիւղը»:
Մայրս միշտ կը կրկնէր Օշականի մէկ խօսքը. «Վարուժանով կը հպարտանանք, Դուրեանով կը տառապինք, Մեծարենցով կ՛անուշանանք եւ Թէքէեանով ալ կը զգաստանանք»:
Յետ պատանեկութեան շրջանիս, փորձը կատարած եմ իր գրքերէն ընթերցելու, սակայն ոչինչ ստացուած է: «Խոնարհներ»ու «Տօքսան»ը սիրով կարդացի, սակայն «Երբ Պատանի Են»ը հազիւ լրացուցի, իսկ «Մնացորդաց»ը՝ առաջին հատորի առաջին էջէն ընթերցումս ընդհատեցի: Աւելի ուշ, մօրս պատմածներու տպաւորութեան տակ, թէեւ շարունակած եմ կարելի եղածին չափ հետաքրքրուիլ իր գրականութեամբ, բայց իր գիրքերու ընթերցումը մնացած է ինծի համար անմատչելի:
1979ի ամառը, գործիս բերումով կնոջս հետ Սուրիա էինք: Առաջին օրէն իսկ որոշած էի թանկագին առիթը չփախցնել Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ թաղուած մեծ հայու շիրիմը այցի երթալու: Ան՝ սիրտի սուր տագնապի մը զոհ, իր աչքերը փակած էր 1948, Փետրուար 17ի գիշերը, երթալ թաղուելու համար դանիացի անկրկնելի հայասէր ու բարերարուհի Քարէն Եփփէի շիրիմին ճի՛շդ քովը, անապատին շատ մօտ, հո՛ն ուր կը հանգչին այսօր անտէր ու անթաղ ոսկորները միլիոն մը մեր զոհերուն:
Ոգեւորիչ ու անմոռանալի օր մը եղաւ ինծի եւ կողակիցիս համար, երբ մօտեցանք իր շիրիմին՝ երկիւղածութեամբ, մոմ վառեցինք ու խունկ ծխեցիք, յետ որու աղօթեցինք:
Մեծանուն գրողին շիրիմին տրուած այս այցը, իրականութեան մէջ, ինծի համար վստահաբար իր թողած խորունկ տպաւորութիւնը անջնջելի մնաց մեր միտքին մէջ ու կը մնայ դեռ տարինե՜ր շարունակ…։
Խաղա՛ղ հանգչէ, Օշական գիւղի Մեծ Սուրբի արժանաւոր ժառանգորդ՝ Մե՛ծ Ուսուցիչ: Անթառամ է յիշատակդ, վասնզի եկող ու գացող սերունդները պակաս պիտի չընեն ձէթը կանթեղին ու խունկը՝ խնկամանին մէջ գերեզմանիդ: