Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Մանր

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Բառ մը որքա՞ն կրնայ ծաւալիլ…

0903dadourian– Մանր չունէ՞ք,- կը հարցնէ վաճառողը՝ այլայլած դէմքով նայելով մեր երկարած 20 հազար դրամին:

– Դժբախտաբար չունի՛նք:

Առաւօտեան կոյս ժամերուն, երբ Երեւանի խանութները կը սկսին մէկ-մէկ բացուելու, մանր-մունր յուշանուէրներ ծախող այս կրպակին համար մեծ գումար էր 20 հազարնոցը:

Կը խնդրենք, որ Գառնիի մանրակերտը քանի մը վայրկեան պահեն, ու կը սկսինք Մաշտոցի պողոտայէն վեր քալելու, առանց կասկածելու, թէ դրամ մանրելու գործը պիտի դառնար երկարաշունչ արկածախնդրութիւն մը:

– Կը ներէ՛ք, չծանօթացուցի: Ինծի ընկերակցողը Թամարն է, մեր աշակերտուհիներէն՝ մանրակազմ եւ արագավազը։

– Բարե՛ւ: Ես առաջին անգամ կու գամ Հայաստան: Շատ սիրեցի Երեւանը: Անպայման նորէն պիտի գամ:

Հայաստանի վերջին օրը առաւելագոյնս վայելելու համար, Թամարը որոշած է կանուխէն դուրս ելլել եւ ինծի հետ քալել: Հետն է իր լաւագոյն ընկերը՝ «քընոն»ը, որով երկու շաբաթ անընդհատ լուսանկարած էր եկեղեցական ճարտարապետութեան յատուկ մանրամասնութիւններ. արեգակնային ժամացոյցներ, առագաստներ, բարաւորներ, գմբէթարդներ, ճակտոններ, հայկական խորշեր, մոյթեր, հարթաքանդակներ…

Այս պարտադիր մարզանքը մեզի առիթ կու տայ, որ «մանր» բառին շուրջ ունենանք մանրախօս զրոյց մը:

– Թամա՛ր, դժուար է հաւատալ, որ «մանր» բառը ունեցած ըլլայ հսկայածաւալ պատմութիւն մը: Իր իմաստին նման, ի՛նքն ալ մանր է:

– Ե՛ս ալ «մանր» եմ, բայց Կասկատի 575 աստիճանները վազելով բարձրանալու մրցումը ե՛ս շահեցայ, չէ՞:

– Ճի՛շդ է… Իսկ մեր բառն ալ, ըստ բացատրական բառարաններու կատարած մանրազնին ուսումնասիրութիւններու, շահած ըլլալ կը թուի նոր բառեր ստեղծելու մրցումը… 242 բառ: Հսկայակա՛ն թիւ մը:

Նախքան պատկերալից օրինակներ յիշելը, մտնենք սա կօշկավաճառին քով։

– Բարի լոյս, կը ներէ՛ք, 20 հազար կրնա՞ք մանրել:

– Մանր չունենք:

Նման պատասխան կ՛առնենք ժամագործէ մը, ծաղկավաճառէ մը եւ դեղատունէ մը, որ ցուցափեղկի մէջ զետեղած է մանրադիտակ մը:

– Լսե՞ր ես մանրաբազէ բառը, կամ՝ մանրաբշտիկ, մանրագանգուր, մանրագիծ, մանրագիր, մանրագործ, մանրախօս, մանրաձայն, մանրաձաւար, մանրակաթ, մանրակարկուտ, մանրանաշխ, մանրաշխարհ, մանրոսկր, մանրաքայլ, մանրաքաղաք, մանրաքանդակ, մանրատամ, մանրատոտիկ, մանրափետուր, մանրափոշի, մանրափաթիլ բառերը… «Մանր» բառի նուէրներն են մեր լեզուին: Կան նաեւ երկու երկարաշունչ հազուագիւտ բառեր. «մանրասեփականատիրութիւն» եւ «մանրապուրժուականութիւն»: «Մանր» բառը լայն գործածութիւն գտած է նաեւ բուսաբանութեան մէջ: Մխիթարեան վարդապետներէն՝ Գաբրիէլ Մէնէվիշեանի «Բուսաբանութիւն» մանրակրկիտ աշխատասիրութիւնը կը յիշէ հետեւեալները. մանրադդում, մանրաթել, մանրածաղիկ, մանրապտուղ, մանրափոճոկ, մանրիկ, մանրավարունգ:

Վերջինին համար, հեղինակը տուած է հետեւեալ ախորժաբեր մանրագրութիւնը. «Վարունգն ալ բազմաթիւ տեսակներ ունի: Ծանօթ է մանաւանդ՝ «Մանրավարունգ»ը (տճ.՝ «թուրշուլուք խըյար»), որ քացախի մէջ դնելով՝ ձմրան թթու կը պատրաստուի»:

Կան նաեւ նկարագիրի թերութիւն ունեցող «մանրոգի, մանրամոլ, մանրախնդիր» մարդիկ: Բայց, մենք շարունակենք խօսիլ հսկայութիւններու մասին: «Մանր» բառը մեր ազգին պարգեւեց պատմութեան ամենափայլուն եւ գունագեղ էջերը… Բառացիօրէ՛ն գունագեղ: Խօսքս մանրանկարչութեան մասին է: Սկսելով 6րդ դարէն՝ այդ արուեստը արտայայտութեան իւրայատուկ միջոց եղաւ հայուն համար: Ունեցանք մանրանկարչական կեդրոններ՝ Անի, Գլաձոր, Վան, Տաթեւ, Երզնկա, Կարին, Ղրիմ, Հաղպատ… Ունեցանք տաղանդաշատ մանրանկարիչներ՝ Ստեփանոս, Գրիգոր Ծաղկող, Մոմիկ, Աւագ, Թորոս Տարօնացի, Ծերուն Ծաղկող, Գրիգորիս, Գրիգոր ու Սարգիս Պիծակներ եւ կիլիկեան մանրանկարչութեան գագաթնակէտը՝ Թորոս Ռոսլին: Բառը նաեւ եղաւ գեղեցիկ խօսքի միջոց: Մեզի տուաւ բազմաթիւ արտայայտութիւններ՝ մանր-մանր կտրել, մանր պատմել, մանր ժպտալ, մանր-մանր ծամել, մանր միտք դնել, մանր աւազ, եւ ա՛յն, որ հիմա պէտք ունինք՝ մանր դրամ:

Յանկարծ մեր առջեւ կը յայտնուի մանրավաճառանոց մը, այն խանութներէն, ուր մանր-մունր ամէն բան կը ծախուի:

– Պարո՛ն, այս անգամ մանրուք չհարցնենք, պզտիկ բան մը առնենք:

Լա՛ւ գաղափար է: Մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ դուրսը կախուած ոտնագնդակը՝ եռագոյն, վրան գրուած՝ «Հ. ՄԽԻԹԱՐՅԱՆ»:

– Բարի՛ լոյս: Ասոնք ի՞նչ կ՛արժեն:

– Չորս հազար դրամ:

Յաջող առեւտուր մը կ՛ունենաք: Մինչեւ յուշանուէրներու կրպակ վերադարձը՝ կը շարունակենք խօսիլ.

– Թամա՛ր, «մանր» բառը բնի՛կ հայկական է: Իմաստի փոփոխութիւն չէ կրած, մի՛շտ նշանակած է «փոքրիկ»: Անիկա նաեւ արմատն է «մանուկ» բառին: Այլ լեզուներ ալ ունեցեր են նոյնիմաստ ծննդակից բառեր… սանսկրիտ՝ «մանակ», հին յունարէն՝ «մանի», լատիներէն՝ «մինուս»: Իսկ այս մանրավաճառը, զոր կը տեսնես, արեւելեան քաղաքներու անբաժանելի մէկ բաղադրիչն է: Եղիշէ Չարենցը «Երկիր Նայիրի» գիրքին մէջ ի՛նչ գեղեցկօրէն նկարագրած է Ղարսը՝ օրուան ճիշդ այս ժամերուն, երբ նայիրեան այդ հնամեայ քաղաքի Լորիս Մելիքեան մայր պողոտային վրայ, մինչեւ կայարան, մէկ-մէկ կը բացուէին խանութները: Հեղինակը շարքով կը խօսեցնէ ցուցանակները.

««Մանրուքի խանութ՝ Պօղոս Կոլոպոտեան», «Գինի, արաղ, կոնեակ՝ Համբարձում Նիկոլայ», «Դագաղագործ, Ընդունում են պատուէրներ՝ Ենոք Կարապետեան», «Ճաշարան Եւրոպա»… եւ էլի մանրավաճառ, կօշկակար, մանրավաճառ, վարսավիր, մանրավաճառ, մանրավաճառ, եւ յանկարծ՝ «Դեղատուն Ժգենտի», եւ էլի՛ մանրավաճառ, ու էլի՝ մանր-մունր խանութներ, մինչեւ կայարան»:

Բառը գրական հակում ունի, անկասկա՛ծ: Նախ յիշենք «մանրապատում»ը: Հակառակ անոր որ գրական արձակի ամէնէն մանրածաւալ տեսակն է անիկա, ունի իմաստասիրական եւ քնարական խորք ու բովանդակ լիցք: Երբ բառը այսքա՛ն գրասէր է, անակնկալ պիտի չըլլայ հանդիպիլ գիրքերու «մանր» անուններու։ Առաջինը լոյս տեսած է 1813 թուականին. «Մանրանկարք, Որ Է Մինիաթուռա Արհեստ Մանրակտիտ Ներկերանգ Նկարագրութեան», ապա՝ «Հաւատապատում Կամ Մանր Ուսմունք՝ Քրիստոնէական Հաւատոյ», «Մանրավաճառին Աղջիկը», «Մանր Վէպեր Ու Դասեր… Քաղուած Մանր Տղայոց Համար», «Մանր Ուսմունք՝ Երկրագործական Տարրաբանութեան Եւ Երկրաբանութեան», «Մանր Զուարճալիք», «Մանրանկարչութեան Արուեստը Հայոց Մէջ»… Այս գիրքերուն քով նաեւ՝ Հայր Յակովբոս վարդապետ Տաշեանի հսկայ աշխատասիրութիւնը՝ «Մատենագրական Մանր Ուսումնասիրութիւնք», երկու հատոր, 700 էջ: Իսկ օր մըն ալ, կը հաւատա՞ս Թամար, այս բառը ամբողջ Հայաստանը խնդացուց, երբ 1954ին հեռատեսիլէն ցուցադրուեցաւ «Մանրունք» շարժապատկերը՝ կատակերգութիւն մը, ուր բազմայարկանի նորակառոյց բնակարանի մը բնակիչները ծիծաղելի վիճակներու մէջ կ՛իյնան, որովհետեւ շէնքը, ջուրի խողովակներէն մինչեւ իր ծխնելոյզը, ունի «մանրունք» թերութիւններ:

Կը հասնինք կրպակ, կ՛ամբողջացնենք մեր առեւտուրը: Նայելով Գառնիի մանրակերտին՝ կը մտածենք, թէ մեր գաւառացի հայերը ի՛նչ անուն պիտի տային անոր՝ իրենց բարբառով: Մեր բարբառագէտները արդէն մանրամասնօրէն պատասխանած են այդ հարցումին. պոլսահայը կ՛ըսէր՝ «մանրը», ալաշկերտցին եւ մշեցին՝ «մանդր», զէյթունցին՝ «մօ՛նդըռ» կամ «մո՛նդրը», ռոտոսթոցին եւ սեբաստացին՝ «մանյը», խարբերդցին՝ «մայր», պարտիզակցին՝ «մա՛յրը», ասլանպէկցին՝ «մէօ՛յրը», եւ ակնցին՝ «մօյրը» կամ «մօյը»:

Նախաճաշի համար կը վերադառնանք պանդոկ.

– Ի՞նչ պիտի ուտես դուն:

– Պարո՛ն, այս պատմութենէն ետք… Մանրամիսո՛վ հաւկիթ…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles