ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Երազի մէջ տեսած դէպքերու, երբեմն անծանօթ մարդոց ու այլ երեւոյթներու հաւատացող ու ըստ այնմ իրենց յառաջիկայ գործունէութիւնը տնօրինող անձերու միշտ կարելի է հանդիպիլ: Անոնք ամէն տեղ են, մինչեւ իսկ առաւօտները իրարու մօտ հաւաքուող եւ իրենց խմած սուրճի բաժակը երկար ատեն դիտող կիներու քով նստած, ու անոնց տարօրինակ մեկնաբանութիւնները լսելու պատրաստ:
Եբրայեցի ժողովուրդի նահապետներէն Յակոբ ալ իր երազին մէջ երկրէն մինչեւ երկինք հաստատուած աստիճան տեսաւ, որուն վրայէն հրեշտակներ կ՛իջնէին ու կ՛ելլէին:
Բնականօրէն այդ աստիճանները, անոնց վրայէն իջնող ու բարձրացող հրեշտակներուն նման, ու մանաւանդ երազի դիւթական պահուան մէջ տեսնուած ըլլալով, ոգեղէն աստիճաններ էին: Երանի՜ անոնց, որոնք նման աստիճաններու վրայէն բախտը կ՛ունենան մանաւանդ ելլելու, հասնելու համար երանական կեանքին, Աստուծոյ թագաւորութեան:
Աստիճանի մասին խօսած ատեն սակայն, ելլելու գործողութեան հետ անմիջականօրէն պէտք է յիշել նաեւ իջնելը: Որովհետեւ աստիճանը միայն ելլելու համար չէ՛, այլ նաեւ իջնելու համար: Միւս կողմէ, միայն երկինք ելլելու աստիճանը եթէ միա՛յն բարձրանալու համար ըլլար, կրնային համաձայնիլ միակողմանի ըլլալուն: Սակայն, կեանքի մէջ ամէն աստիճան պէտք է իջնելու հնարաւորութիւն եւս ընձեռէ բարձրացողին, որպէսզի չմնայ այնտեղ՝ ուր բարձրացած էր ժամանակաւոր աշխատանքի համար: Օրինակ, տուներ ու վաճառատուներ երբեմն երկրորդ յարկեր կ՛ունենան, ուր մարդիկ իրենց պահեստի ապրանքները կ՛ամբարեն: Եթէ այնպէս ըլլար որ բարձրացողը այնտեղ մնար, բանտարկութիւն պիտի ըլլար ատիկա իրեն համար, կամ ալ՝ պատիժ:
Սա նիւթեղէն աստիճաններու պարագան է: Սակայն կան նաեւ կեանքի աստիճանները, որոնց վրայէն կը բարձրանայ մարդ կամայ թէ ակամայ:
Կեանքի աստիճաններուն առաջին տեսակը տարիքայինն է:
Միշտ տպաւորած է զիս մանկութեանս տարիներէն մեր տան պատէն կախուած այն նկարը, որ օրօրոցի երեխայէն մինչեւ հարիւրամեայ ծերունին պատկերելով, ցոյց կու տայ այն ամէն հանգրուանները, որոնցմէ կ՛անցնի մարդս չափահասութեան տարբեր տարիքներ թեւակոխելով:
Խնամքի այնքան կարիք ունեցող նորածին երեխան երբ պատանութեան հասնի, արդէն իր նախասիրութիւնները կը սկսի ձեւաւորելու: Իսկ երիտասարդութեան՝ որոշել այն ինչ որ ի՛նք կ՛ուզէ ունենալ կամ ընել այս կեանքին մէջ: Երբեմն հերոսութեան արարքներ ալ կ՛արձանագրուին այս տարիքին, երբ ֆիզիքական ուժը եւ կամքը կը միաձուլուին…:
Միջին տարիքէն դէպի ծերութիւն տանող ճանապարհը թէեւ հասունութեան շրջան կ՛անուանուի, սակայն ֆիզիքական տկարութիւնները երբեմն պատճառ կը դառնան կամքի թուլացման, իսկ յոռեգոյն պարագային՝ յուսալքումի:
Այսօրուան երիտասարդութիւնը ամէն ինչ շուտով ունենալու եւ մինչեւ իսկ շատ ունենալու անյագ ձգտումով կը յատկանշուի: Համալսարանական կրթութիւնը դեռ չաւարտած, անոնք շուտով կը մտածեն արագ դրամ վաստկելու, ու շատ շահելու մասին, որ զիրենք կը դնէ մրցակցութեան ահեղավազ ձիարձակարանին մէջ: Իցի՜ւ թէ անոնք իրենց մրցակիցները ընտրէին համատարիք ու համամակարդակ անձերու խումբին մէջէն: Դժբախտաբար անոնց իտէալները իրենցմէ շատ աւելի հարուստ, խելացի, վաստակաշատ ու համբաւաւոր անձեր են: Երբեմն այնպէս կը պատահի, որ նոյնիսկ անոնց իտէալները երեւակայական անձեր ըլլան…:
Երիտասարդութեան մօտ երեւցող այս կացութիւնը, զոր նոյնիսկ կարելի է հիւանդագին վիճակ կոչել, ունի իր հասկնալի եւ անհասկնալի պատճառները:
Բնականաբար անոնք աստիճաններ բարձրանալու եւ դեռ չ՛երեւցող «վեր»ը տեսնելու ցանկութեամբ լեցուած կ՛ըլլան: Սակայն, այդ աստիճանները ի՛նչ նիւթով ալ պատրաստուած ըլլան, կամ ինչքան ալ երկար կամ կարճ ըլլան, մէկ առ մէկ կարելի է բարձրանալ անոնց վրայէն: Երբեմն անուս եւ իմացական դատարկութիւն եղող երիտասարդներ, շողոքորթութեան ու քծնումի արուեստին լաւապէս տիրապետած, կը յաջողին ժամանակաւորապէս տպաւորել այն մարդիկը, որոնք ուժը, հնարաւորութիւնը եւ կարողութիւնը ունին զիրենք բարձրացնելու կեանքի աստիճաններն ի վեր: Գործին «բանալի»ն գտած, անոնք անընդհատ կը բանան բախտի այն դուռը, որ զիրենք պիտի առաջնորդէ դէպի աստիճաններուն բարձունքը:
Սակայն, անոնք շատ լաւ գիտեն, որ իրենց այս ընթացքով պիտի կոխկռտեն այն համատարիք երիտասարդները, որոնք իրենց հետ միասին ընթացք առած, մէկ առ մէկ կը բարձրանային կեանքի աստիճաններով: Շողոքորթ նկարագիր ունեցողը ու մանաւանդ իր տգիտութեան քաջատեղեակ անձը ո՛չ մէկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ նման եղբայրական մօտեցումներու: Անոր համար նոյնիսկ խոչընդոտ կը հանդիսանան այն ամէն անձերը, որոնք կը յանդգնին բարեւ տալ իրեն, աստիճաններէն վեր բարձրացած միջոցին: Նախանձէ վառուած զրպարտութիւնն ու չարախօսութիւնը՝ վասն բարձրացումի, ամէնէն դրական ու օգտաւէտ միջոցները կը նկատուին անոր կողմէ: Ուստի, պատրաստակամութիւն կը յայտնէ ան մինչեւ իսկ սպանութիւն կատարելու, որպէսզի կարենայ ամէն արգելք ջնջել իր բարձրացումին դիմաց:
Ահաւասիկ այսպէս կը կառուցուի «դիակներու աստիճան»ը, որուն վրայէն բարձրանալով միայն կրնան վեր հասնիլ թշուառականներ: Արդար պիտի ըլլար, եթէ այդ դիակները շուտով փճանային, ու այդ «աստիճան»ը կմախքներու վերածուելով վար թափէր, ու նման անձեր չկարենային հասնիլ իրենց նպատակին: Բայց նոյնիսկ եթէ վեր բարձրանան դիակներու աստիճանէն, կարելի՞ է արդեօք նման բարձրացում իսկապէս կոչել նպատակի նուաճում…:
Ինչպէս յիշուեցաւ այս գրութեան մէջ, միայն երկինք բարձրանալու կամ յաւիտենական կեանք մտնելու աստիճանները մէկ ուղղութեամբ կ՛ընթանան…: Միւս ամէն աստիճանները, մանաւանդ կեանքի աստիճանները բոլորն ալ երկու ուղղութեամբ են: Ա՛յս է որ յաճախ մոռացութեան կու տան նման բախտախնդիրներ: Ելլելուն հետ միշտ կայ նաեւ իջնելը, այնպէս ինչպէս ամբարտաւանութեան կողքին միշտ պիտի ըլլայ նուաստացումը, երիտասարդութեան կողքին՝ ծերութիւնը, լոյսի կողքին՝ խաւարը, սուտի կողքին՝ ճշմարտութիւնը եւ այսպէս շարունակաբար:
Կեանքի սահմանափակ օրերը բնաւ չեն կրցած ցարդ խրատել մարդ էակը, ըսելու համար անոր, թէ՝ մահուամբ վերջ գտնող ֆիզիքական կեանքը շատ անիմաստ ու անորակ կը դառնայ, երբ մարդ առանձին մնայ նոյնիսկ իր բարձրութեան մէջ: Աստուա՛ծ պէտք է ըլլալ, այդքան բարձր ըլլալու համար: Աստուած այդքան բարձր ըլլալով հանդերձ, պատրաստակամութիւն յայտնեց կորսուած մարդը փրկելու: Իսկ մարդը, մի՛շտ պատրաստ է իր եղբայրը սպաննելու, ինչպէս առաջին զոյգին ծնած զաւակը՝ Կայէնը ըրաւ, մէկ աստիճան եղբօրմէն վեր բարձրանալու համար Աստուծոյ աչքին: Սակայն իր արարքը ճիշդ հակառա՛կ արդիւնքը տուաւ:
Դիակներու աստիճանները բնաւ մարդը վեր չեն բարձրացներ: Միայն այդպէս կը թուի՛ թէ մարդ կը բարձրանայ անոնց վրայ կոխկռտելով: Սակայն, խորքին մէջ իւրաքանչիւր սանդղամատի դիակը պիտի փորձէ բռնել բարձրացողին գարշապարէն, յուշելու համար անոր իր սպանութեան պարագաները: Նման աստիճանի մինչեւ վերը բարձրացողը ո՛չ հանգիստ կը գտնէ եւ ո՛չ ալ երջանկութիւն: Իսկ «յաջողած մարդ»՝ բնաւ չի՛ կրնար ըլլալ ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին: