ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ստեղծագործութեան պատմութիւնը որ առասպելական մշուշով պատուած կը համարեն ոմանք, պատկերաւոր ու հաճելի ոճով կը նկարագրէ մարդուն ստեղծումը եւ դրախտային երանական կեանքը:
Նիւթը մատուցելու այս մուտքը բնաւ առնչութիւն չունի մեր հետագայ գրելիքին հետ, սակայն այն կացութիւնը, որ մարդու ստեղծումէն ետք պարզուեցաւ դրախտին մէջ, զուգորդութիւն կը յառաջացնէ ընթերցողին մօտ, եւ այդ պատճառով այս նախաբանը ուզեցինք դնել այստեղ:
Գիտութեան ծառի պտուղին ճաշակումով, նախամարդուն եւ անոր կնոջ աչքերը բացուեցան եւ իմացան, թէ մերկ են, կը գրէ Ծննդոց գիրքի հեղինակը: Ապա, անոնք թզենիի տերեւներով ծածկոցներ կարեցին, իրենց մերկութիւնը ծածկելու համար եւ յետոյ ծառերուն տակ պահուեցան (Հմմտ Ծն 3.8):
Բան մը իմացած վայրկեանին ուրիշ բան մը կորսնցուցած ըլլալու փորձառութիւնը ունեցա՞ծ էք: Օրինակ, մէկը, զոր շատ կը սիրէիք, յանկարծ իմանաք թէ ձեր ետեւէն գործող անձ մըն է, ու արարքի վրայ բռնէք զինք: Ահաւասիկ… իմացաք ճշմարտութիւնը եւ ճիշդ նոյն վայրկեանին կորսնցուցիք այն անձը, զոր մինչ այդ աշխարհին չափ կը սիրէիք: Թէպէտ շատեր կը սիրեն ուրիշներուն կեանքը քրքրել գաղտնիքներ իմանալու համար, սակայն կան նաեւ մարդիկ, որոնք չեն ուզեր գաղտնիքներ իմանալ, իրենց միտքին մէջ պահելու համար այն տպաւորութիւնը, զոր ունին իրենց շրջապատին մէջ գտնուող անձերուն մասին:
Գաղտնիքներ իմանալու խոր փափաք ունեցողներուն մեծ մասը այնպիսի անձեր են, որոնք կ՛ուզեն զանոնք իբրեւ զէնք օգտագործել հարկ եղած պարագային: Ուրեմն, իրենց շրջապատին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր անձի մասին գաղտնիք մը բաւարար կը համարեն անոնք, իրենց գործերու յաջողութեան համար:
Այն անհատները, որոնք գաղտնիք չեն ուզեր իմանալ, ո՛չ թէ անոր համար որ ուրիշներուն կեանքը զիրենք չի հետաքրքրեր, կամ՝ աշխարհէն նեղուած են ու չեն ուզեր ոեւէ մէկուն հետ կապ ունենալ, այլ՝ պարզապէս աւելորդ մտահոգութիւններ չեն ուզեր կրել անոնք իրենց միտքին մէջ իբրեւ բեռ: Անոնցմէ ոմանք շատ հետաքրքրասէր կրնան ըլլալ, սակայն մեծ քար մը դնելով իրենց այդ ունակութեան վրայ, կը շարունակեն միայն իրենց գործերով զբաղիլ, մէկդի դնելով գաղտնիքներ հաւաքելու հիւանդագին սովորութիւնը:
Գաղտնիքները պահելու խնդիրը այլ ոլորտ մը կը պարզէ մեր դիմաց: Այն անձերը, որոնք գաղտնիքներ հաւաքելու ունակութիւն ունին, կարելի է երկու խումբերու բաժնել. ա. անոնք, որոնք իրենց իմացած գաղտնիքները իրենց կը վերապահեն միայն եւ հարկ եղած պարագային կը յայտարարեն զանոնք, եւ բ. անոնք, որոնք իրենց իմացած գաղտնիքները շուտով պէտք է տարածեն, այլապէս կը տառապին հոգեպէս:
Մեր եկեղեցին առաքինութիւններու եւ մոլութիւններու ցուցակ արձանագրած է, իրենց անուններով թուելով զանոնք: Իւրաքանչիւր առաքինութեան հականիշը նշուած է, շեշտելու համար հակադրութիւնը անոնց միջեւ: Իւրաքանչիւր մոլութեան յիշատակումէն ետք, «մեղայ»ի խմբագիրը դրած է «մասամբ նորին» յաւելուածը, դեռ քիչ համարելով տուեալ մոլութիւնը մէկ բառով ներկայացնելը, յիշեցնելով որ անիկա տակաւին ի՜նչ ծալքեր կամ մանրամասնութիւններ ունի:
Մոլութիւններուն ինչ ըլլալը ամէնէն բարի մարդիկ ալ կրնան տեսականօրէն գիտնալ, որովհետեւ բնութիւնը այնպէս դասաւորած է, որ մարդը ճանչնայ չարն ու բարին: Չմոռնանք որ «բարիի ու չարի ծառ»ի պտուղէն ճաշակելով դրախտին մէջ, մեղանչեց մարդը (Հմմտ Ծն 3.22):
Զարմանալի չէ՛ այն, որ առաքինութիւններու մանրամասնութիւնները ծանօթ չեն մարդկութեան: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ առաքինութիւնները երկար ժամանակի վրայ տարածուած փորձառութեամբ ձեռք կը բերենք, մինչ մոլութիւններուն շուտով կը վարժուինք: Անոնք շատ շուտ բոյն կը դնեն մեր մէջ եւ իրենց ուզած ուղղութեամբ կ՛առաջնորդեն մեր կամակոր քայլերը:
Առաքինութիւններէն մի քանին կը նշմարուին միայն մարդոց կողմէ: Անոնցմէ շատերուն անունն անգամ չի՛ գիտեր մարդը, որովհետեւ ֆիզիքական հաճոյքները մոլութիւններուն մէջ խտացած են:
Համեստութիւնը իր բոլոր տեսակներով՝ հեզութեան եւ խոնարհութեան հետ համատեղ, անգին հարստութիւն մըն է, որ առաքինի մարդոց հոգեկան գանձերուն ամէնէն թանկագին գոհարն է:
Այս հարստութիւնը՝ համեստութիւնը, սակայն, բաց օդին թափուող քարիւղի պէս կրնայ յանկարծ, ակնթարթի մը մէջ յօդս ցնդիլ: Փորձութիւններ մեր կեանքին մէջ անպակաս են մարդու մը համեստութիւնը չարաշահելու, որոնք պատճառ կը դառնան համեստութեան չքացման: Սակայն կայ կարեւոր այլ երեւոյթ մը, որ պատճառ կը դառնայ համեստութեան ցնդելուն: Իմացա՞ր որ համեստ անձ մըն ես, արդէն այդ վայրկեանին կորսնցուցած պիտի ըլլաս համեստութիւնդ…։
Կեղծ համեստութենէն պէտք է զանազանենք վերեւը մեր զարգացուցած մտածումը: Անոնք, որոնք յաճախ կը յայտարարեն իրենց համեստ ըլլալը, խորքին մէջ շողոքորթներ ու խաբեբաներ են, որոնք համեստութենէն փարսախներով հեռու են: Որովհետեւ իսկապէս համեստ մարդը տեղեակ իսկ չ՛ըլլար իր համեստ ըլլալէն…։ Անիկա պարզապէս կ՛ապրի իր համեստութիւնը բնական մղումով, որուն ետին կայ երկնաւոր Շնորհատուն: Համեստ մարդը եթէ իմանայ երկնապարգեւ իր այս հարստութեան մասին, անկէ ետք բացուող ժամանակահատուածը իր կեանքին, թատերական բնոյթ կը ստանայ: Մինչեւ հիմա անգիտակցաբար իր համեստութիւնը կիրարկող մարդը, յանկարծ կը սկսի բաղդատականներ կատարել իր եւ այլ մարդոց միջեւ, տեսնելով որ ինչքա՜ն անհամեստ մարդիկ կան իր շրջապատին մէջ: Մինչդեռ, նախապէս իր համեստութիւնը չէր նկատեր անոնց անհամեստութեան դիմաց, այլ՝ այնպէս կը խորհէր, թէ ինք այդպէս ծնած է, ու այդպէս պէտք է վարուի բոլորին հետ:
Դժբախտութիւն է, անշուշտ, համեստութիւնը կորսնցնելը: Մեր ամէնէն մօտիկ հարազատը կորսնցնելու նման մեզի պէտք է յուզէ այս երեւոյթը: Պէտք է լանք ու ողբանք անոր կորուստը, որովհետեւ համեստութիւնը բարոյական մարդուն էութիւնն իսկ է, աննիւթեղէն Աստուծոյ վեհութեան նմանութիւնը՝ հողեղէն մարդուն մէջ եւ կատարեալ մարդուն նախատիպ օրինակը՝ երկրի վրայ:
Իմացա՞ր որ համեստ ես, արդէն կորսնցուցիր զայն…։ Հետաքրքրական է, որ իսկապէս համեստ մարդոց երբ յիշեցումներ կատարուին իրենց համեստութեան մասին, անոնք չեն ազդուիր կամ չեն շփանար, ինչպէս այլ երեւոյթներու պարագային, երբ անտեղի գովեստներ շռայլուին մարդոց, անոնք չհաւատալով ըսուածներուն, իրենց պատեանէն դուրս կու գան հպարտութեամբ:
Իսկապէս համեստ մարդը նոյնիսկ չ՛անդրադառնար, թէ իր մասին են ըսուած խօսքերը: Կործանարար պահը համեստ մարդուն համար կը սկսի այն վայրկեանին, երբ ինք իր ներքին հայելիին մէջ նայելով՝ տեսնէ իր համեստութիւնը…։ Ուրեմն, համեստ մարդուն արժեզրկման գլխաւոր վտանգը, անձնապէ՛ս իր համեստութիւնը ճանչնալն է, որ այդ իսկ վայրկեանէն կը հեռանայ իրմէ եւ անոր տեղ կը գահակալեն հպարտութիւնը եւ այլ մոլութիւններ, որոնք բոլորն ալ յիշուած են «մեղայ»ի խմբագիրին կողմէ:
Անգին հարստութիւն մը ունենալու եւ վայրկեանապէս զայն կորսնցնելու վտանգին դիմաց կը գտնուին համեստ մարդիկ: Երանի՜ անոնց, որոնք կուրօրէն կը շարունակեն համեստ ըլլալ, քան թէ ճանչնալով իրենց համեստութիւնը՝ կը կորսնցնեն զայն ու աղքատօրէն հեռանան այս կեանքէն: