Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Էրեբունիէն Մինչեւ Երեւան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

 

Noubar DemirjianՊատահաբար գտնուած սոյն գրութիւնը կ՛ուզեմ հրամցնել «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն՝ առ ի հետաքրքրութիւն, իր շահեկանութեան համար: Գրութեան վրայ ի զուր փորձեցի գտնել հեղինակին անունը եւ թուականը, սակայն անկարելի էր, այնպէս որ կը փորձեմ ներկայացնել որոշ կրճատումներով, առանց հիմնական փոփոխութիւններու.

«Երեւան մայրաքաղաքի բուն պատմութիւնը սկսած է Էրեբունի նշանաւոր ամրոցի հիմնադրութեամբ, որ տեղի ունեցած է Ք.Ա. 782 թուականին:

Էրեբունի անունը հինէն ծանօթ եղած է ուրարտագէտներու՝ Ուրարտուի նշանաւոր թագաւոր Արգիշտի առաջինի տարեգրութիւններէն, սակայն անոր վայրը կը մնար անծանօթ: Միայն 1950ին կը յստականայ, թէ Էրեբունին Երեւանն է:

Այդ թուականին, Երեւանէն հարաւ-արեւելք գտնուող Արինբերդ կոչուող բլուրին վրայ հետախուզութիւններու ընթացքին կը գտնուի սեպագիր արձանագրութեամբ պնակիտ մը, որուն վերծանումէն պարզուեցաւ, թէ Էրեբունի բերդաքաղաքի կառուցման վաւերագիրն է: Հոն կ՛ըսուի. «Խալդեան (աստուծոյ) մեծութեամբ Արգիշտին մինուայեան (Մինուայի որդին) այս անառիկ բերդը կառուցեց: Դրի անունը Էրեբունի Բիայնի երկիրներու փառքին համար եւ ի սարսափ թշնամիներուն: Արգիշտին կ՛ըսէ՝ հողը ամայի էր, կատարեցի հզօր ձեռնարկութիւններ այստեղ: Խալդեան մեծութեամբ Արգիշտին Մինուայեան թագաւոր (է) հզօր, թագաւորը՝ Բիայնի, տէրը՝ Տուշպա (Վան) քաղաքի»:

Ըստ ուրարտագէտներու վերծանումներուն՝ Էրեբունի կը նշանակէ առեւանգում, գրաւում: Այդ հիման վրայ կ՛եզրակացուի, թէ Էրեբունին գործածուած է իբրեւ «Յաղթանակ»:

Գտնուելով առեւտրական ուղիներու վրայ եւ ըլլալով վարչական ու տնտեսական կեդրոն, քաղաքը այնքան կը շէննայ ու կը բարգաւաճի, որ բնակելի թաղամասերը կը տարածուին բլուրէն բաւական անդին:

0000Erebouni4Մար եւ սկիւթական արշաւանքներուն ժամանակ, Ք.Ա. 590-585 թուականներուն, այլ քաղաքներու կարգին, Էրեբունի-Երեւանն ալ կը քանդուի, թէեւ բնակիչները կը մնան եւ կեանքը տակաւին քանի մը դարեր կը շարունակուի, շնորհիւ Արարատեան դաշտին մէջ կառուցուած մայրաքաղաքներու բարգաւաճման, որուն բարերար ազդեցութիւնը կը կրէ Էրեբունի-Երեւանը:

Աւելի քան հազար տարուան ընթացքին հայ մատենագրութեան մէջ ոչինչ կայ գրուած Երեւանի մասին: Առաջին անգամ անուղղակի արձանագրութիւն կ՛ըլլայ եօթներորդ դարուն, Դաւիթ Երեւանցի եկեղեցականին անուան յիշատակութեամբ: Կը յիշատակուի նաեւ արաբական արշաւանքներուն ժամանակ, երբ 643 եւ 660ական թուականներուն արաբները կռուած են Երեւանի համար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Երեւանը ռազմական նշանակութիւն ունեցած է:

12-13րդ դարերուն Երեւանը կը գրաւեր բաւական մեծ տարածութիւն եւ հաւանաբար ունեցած է 15 հազարի շուրջ բնակչութիւն: Ինչպէս ամբողջ շրջանին համար, Երեւանի համար ալ ճակատագրական կ՛ըլլան սելճուքեան մահասփիւռ արշաւանքները, որոնք ամայացուցին շրջանը, անկման եզրին հասցուցին քաղաքային կեանքը, առեւտուրն ու արհեստները, որոնցմով հռչակուած էր քաղաքը: Սելճուք արշաւանքներուն կը յաջորդէն թաթար մոնկոլական արշաւանքները:

Մոնկոլներուն կը յաջորդեն Լենկթիմուրի հորդանները, ո-րոնք չորս անգամ կը յարձակին Հայաստանի վրայ եւ բազմաթիւ բնակավայրերու կարգին, 1387ին  թալանեցին եւ աւերեցին նաեւ Երեւանը, հակառակ երեւանցիներու դիմադրութեան փորձերուն: Լենկթիմուրի մահէն (1405) ետք, իր տէրութեան մասնատումով, թրքական Քարա Քոյունլու եւ Ագ Քոյունլու ցեղերը իրենց տիրապետութիւնը հաստատեցին Հայաստանի եւ Ատրպատականի վրայ:

Երեւանը ընդհանրապէս կը մնայ երկրորդական, երրորդական բնակավայր մը, բացի 1437-1467 տարիներուն, երբ դարձաւ Արարատեան աշխարհի մեծ մասը ընդգրկող կուսակալութեան վարչական կեդրոնը, ասոր հետեւանքով բարձրացան իր նշանակութիւնն ու դերը:

16րդ դարուն կը սկսին Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արիւնահեղ պատերազմները, Հայաստանին եւ Երեւանին տիրելու համար: Այս պայքարը շարունակուած է դարերու ընթացքին, աւերի ու թալանի ենթարկելով Երեւանը, մահ ու գերեվարութիւն տարածելով քաղաքին ու շրջապատին մէջ:

1603-1604 թուականերուն Պարսկաստանի Աբբաս շահը ինն ամիս պաշարուած կը պահէ Երեւանի անառիկ բերդը (այժմու գինեգործարանին վայրը), որ ի վերջոյ կը յանձնուի պարէնի ու ջուրի պակասին պատճառով: Այս գրաւումէն ետք, շահ Աբբաս չգոհանալով ունեցած աւարով, շրջանը անմարդաբնակ դարձնելու եւ հայ աշխատունակ գիւղացիութիւնը շահագործելու հեռանկարով, 300 հազար հայութիւնը տեղահան կ՛ընէ ու քալելով կը փոխադրէ Պարսկաստանի խորքերը՝ Իսֆահանի (Նոր Ջուղա) շրջանը: Այս պատերազմի աւարտին՝ 1605ին, կը ստորագրուի դաշնագիր մը, որ կը վերահաստատէ 1555ի թուրք-պարսկական սահմանները, եւ Երեւանը կրկին կը մնայ պարսկական տիրապետութեան տակ:

1612ին հաշտութիւն կը գոյանայ Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, սակայն չորս տարի ետք թուրքերը կը դրժեն համաձայնութիւնը, կրկին կը պաշարէն Երեւանը, բայց ձախողութեան մատնուելով կը նահանջեն ու կը հեռանան:

Երեւանը քսան տարուան խաղաղութեան ընթացքին որոշ չափով կը դարմանէ իր վնասները, բազմաթիւ գիւղեր կը վերականգնին, քաղաքը կրկին կը դառնայ արհեստներու ու առեւտուրի կեդրոն:

0000Erebouni

Արգիշտի թագաւորին կողմէ Էրեբունիի հիմնադրութեան սեպագիր արձանագրութիւնը

1635ի ամրան, Սուլթան Մուրատ մեծաթիւ բանակով մը անգամ մը եւս կը պաշարէ Երեւանը: Եօթը օրուան կռիւներէ ետք թուրքերը բերդ կը մտնեն: Պարսիկները անակնկալի եկած էին թուրքերու յարձակումէն: Պարսիկները հակայարձակումի կ՛անցնին Դեկտեմբերին: Շուրջ երեքուկէս ամիս յամառ դիմադրութենէ ետք թուրքերը տեղի կու տան եւ կը յանձնեն բերդը, 26 Մարտ 1636ին: Երեւանը անգամ մը եւս թալանուած ու աւերուած էր թուրքերուն կողմէ:

1639ին, անգամ մը եւս հաշտութեան դաշնագիր կը ստորագրուի, եւ Երեւանը կը մնայ պարսիկներու տիրապետութեան տակ:

1647ին Երեւանը ունեցած է 17-20 հազար բնակչութիւն: Եւրոպացի ճանապարհորդներ կը հաստատեն, որ «Երեւանը բնակուած է բացառաբար հայերով»:

Քանի մը տասնամեակ առանց պատերազմական վիճակի հանդարտ կեանք մը կ՛ապրի Երեւանը, երբ Ապրիլ 1724ին թուրքերը նոր արշաւանքի մը կը ձեռնարկեն: Երեւանի պարսիկ խանը կը փորձէ կանգնեցնել թուրքերու յառաջխաղացքը, սակայն կը պարտուի, կը նահանջէ եւ կ՛ապաստանի բերդին մէջ, անպաշտպան ձգելով պարիսպէն դուրս Երեւան քաղաքը: Հայերը կը զինուին հայ իշխաններու կողմէ եւ առաջին անգամ ըլլալով գործօն մասնակցութիւն կ՛ունենան կռիւներու մէջ եւ կը յաջողին կանգնեցնել թուրքերուն յառաջխաղացքը: Դիմադրութիւնը կ՛երկարի 24 Յունիսէն 8 Սեպտեմբեր, երբ վճռական ճակատամարտին մէջ կը պարտուին, թիւով ու զէնքերով գերակշիռ թուրքերէն:

0000Erebouni3 1735ին պարսիկները կը ձեռնարկեն Երեւանի վերագրաւման եւ զինուորական յաջող մարտաւարութեամբ մը օգնական ուժերու ճամբան կը փակեն, բերդը մեկուսացած կը պահեն եւ կը յաջողին գրաւել զայն: Հայութիւնը դարձեալ պարսիկներու կողքին կ՛ըլլայ:

Երեւանը կամ Երեւանի խանութիւնը այս ժամանակաշրջանին ունեցած է 24 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն:

Պարսկական տիրապետութեան դարերուն Երեւանը եղած է առեւտրական կեդրոն, այժմու հասկացողութեամբ տնտեսական գործունէութեան գլխաւոր ա-ռանցքը: Երեւան ունեցած է 5 հրապարակներ, որոնց շուրջ խանութներ կային: Կային 851 խանութներ եւ կրպակներ:

***

Հայութիւնը շատ կանուխէն մեծ կարեւորութիւն տուած է Երեւանի ազատագրութեան: Իսրայէլ Օրի այդ ուղղութեամբ աշխատանք տարած է Ռուսիոյ մէջ (1701ին): Մեծն Պետրոս ցարը 1722ին կը նախապատրաստուի Երեւանի վրայ արշաւանքի, սակայն կէս ճամբայէն վերադարձ կը կատարէ, յուսախաբ ընելով հայերն ու Վրաստանի Վախտանգ թագաւորը: 18րդ դարու հայ ազատագրական շարժման մէջ ալ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայուի Երեւանին: 1778ին Վենետիկ տպագրուած Հայաստանի քարտէսին վրայ Երեւանը որպէս մայրաքաղաք ներկայացուած է:

1780 թուականին ռուսական բանակը անգամ մը եւս կը նախապատրաստուի Երեւանի վրայ արշաւանքի, որուն նպատակներէն մէկը, իբրեւ թէ, հայկական պետականութեան վերականգնումն էր: Սակայն կրկին տեղի չունենար արշաւանքը:

1804ին, Վրաստանի ռուս կառավարչապետը Երեւանի խանին վերջնագիր ուղարկելով՝ կը պահանջէ, որ մտնէ  ռուսական կայսրութեան մէջ, պահելով հանդերձ խանութեան իր իրաւունքները: Արդարեւ, Երեւանի խաները Պարսկաստանին կապուած ըլլալով հանդերձ, ունէին տուրքեր գանձելու իրաւունքներ, ինքնավարութիւն եւ որոշումի անկախութիւն: Խանը կը մերժէ ռուսական պահանջը եւ կը քաշուի բերդին մէջ: Նոյն տարուան Մայիսին ռուսական բանակը կ՛արշաւէ Երեւանի խանութեան վրայ, քանի մը ճակատամարտերու մէջ կը յաղթէ թուապէս գերազանց ուժերուն, կը պաշարէ բերդը, բայց չի յաջողիր գրաւել: Ռուսական բանակը կը քաշուի ու կը վերադառնայ Վրաստան:

1805ին ռուսական հպատակութիւն կ՛ընդունի Ղարաբաղի (Արցախի) խանութիւնը: Ռուսիոյ կը միացուին նաեւ Կապանի, Գորիսի եւ Սիսիանի շրջանները: Ռուսերու՝ Երեւանին տիրանալու ախորժակները աւելի կը սրին:

1808ի Սեպտեմբերին ռուսական բանակը կրկին կ՛արշաւէ Երեւանին վրայ: Ճամբուն ընթացքին խանական բանակը ջախջախելով, ռուսական բանակը կը հասնի բերդին դիմաց: Անմիջապէս չի յարձակիր բերդին վրայ, ջանալով բանակցութիւններով անձնատուութիւն ձեռք բերել: 17 Նոյեմբերին կատարուած յարձակումը կը ձախողի, ու ռուսական բանակը կրկին կը հեռանայ:

Երեւանի վրայ ռուսական երրորդ յարձակումը կը սկսի 1827ի սկիզբը: Հայերու օժանդակութեամբ ռուսական բանակը նախ կը գրաւէ Էջմիածինը, ապա քանի մը բախումներէ ետք, կը պաշարէ բերդը եւ 25 Սեպտեմբերին կը սկսի բերդի շարունակական ռմբակոծութեան:

1 Հոկտեմբերին պարսիկներու դիմադրութիւնը կը կոտրի ոչ միայն անդադար ռմբակոծութեան պատճառով, այլ նաեւ բերդին մէջ գտնուող աւելի քան հազար հայերու ապստամբութեան պատճառով: Շարք մը մարտերէ ետք, ի վերջոյ բերդը կը գրաւուի, եւ շուրջ 3000 պարսիկ զինուոր կը գերեվարուի:

10 Փետրուար 1828ին թրքահայ պարսկական գիւղին մէջ կը ստորագրուի ռուս-պարսկական հաշտութեան դաշնագիրը: Երեւան քաղաքն ու Երեւանի շրջանը կ՛անցնին ռուսական տիրապետութեան տակ: Նիկոլայ Ա. ցարը իր տիտղոսներուն վրայ կ՛աւելցնէ հատ մը եւս՝ «Տէր եւ թագաւոր հայկական մարզի»:

1837ին Նիկոլայ Ա. ցարը Երեւան կ՛այցելէ: Այս այցելութենէն երեք տարի ետք՝ 1840ին, Հայկական մարզ իրավիճակը կը ջնջէ, Երեւանը կը դառնայ պարզապէս համանուն գաւառի կեդրոն:

***

0000Erebouni2 1915ին Թուրքիոյ կողմէ հայութեան հանդէպ գործադրուած Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք, Երեւանն ու անմիջական շրջանները կ՛ըլլան ջարդերէ ճողոպրած հայերուն ապաստանարանը:

28 Մայիս 1918ի նախօրեակի օրհասական ճակատամարտերուն ամբողջական ուժով մասնակցեցաւ Երեւանի հայութիւնը: Այդ ճակատագրական ճակատամարտերէն յաղթական դուրս գալով, հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Երեւան մայրաքաղաքով:

Կարմիր բանակը խորհրդային կարգեր հաստատեց Հայաստանի մէջ, Երեւանը շարունակեց մնալ Հայաստանի մայրաքաղաքը:

Ինչպէս բոլոր հին քաղաքները, 1918ի Երեւանն ալ, նեղ փողոցներով, փոշոտ ու ցեխոտ ճամբաներով, ընդհանրապէս իրարու կպչած բնակարաններով, քաղաք մը եղած է: Ռուսական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին Թիֆլիսն ու Պաքուն որոշ չափով ժամանակին հետ քայլ պահեցին ու զարգացան, նաեւ հոն հաստատուած հայ մեծահարուստներու կարեւոր մասնակցութեամբ, մինչ Երեւանը աննշան փոփոխութիւն արձանագրեց, գաւառական կեդրոնի վերածուած ըլլալով:

28 Մայիս 1918ի անկախութեան հռչակումէն ետք, հակառակ անվերջ պատերազմներու գաղթականական իրավիճակին, սով ու համաճարակներու, պետութիւնը կը մտածէ քաղաքաշինութեան մասին: Ալեքսանդր Թամանեան՝ 1920էն սկսեալ կ՛աշխատի արդիական չափանիշներով ու հեռանկարով Երեւանի յատակագիծի պատրաստութեան վրայ: Խորհրդային կարգերու օրով, 1924ին Թամանեան կ՛աւարտէ Երեւանի գլխաւոր յատակագիծի պատրաստութիւնը: 1930ական թուականներուն կը սկսին այդ յատակագիծերուն համաձայն շինարարական աշխատանքները: Սակայն բոլոր գործադրութիւնները Թամանեանի յատակագիծին համապատասխան չեն ըլլար: Իշխանութիւնները կամայական քայլերու ալ կը դիմեն. հակակրօնական իրենց մոլուցքին մէջ կը քանդեն հայ ճարտարապետական եւ մշակութային անզուգական կոթող հանդիսացող 5-6րդ դարու մեծարժէք Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին:

«Նոր իշխանութիւնները միայն կրօնական կառոյցներու հանդէպ չէին անհանդուրժող, նրանց զայրացնում էին նաեւ գեղեցիկ ու բարեխիղճ կառուցուած աշխարհիկ շէնքերը: Իսկ այդպիսի ժառանգութիւն եւս ունէր Երեւանը, քանի որ այն քսաներորդ դարի առաջին տասնամեակներին արդէն որոշակիօրէն ձեւաւորուած քաղաք էր, որի կենտրոնական հատուածում կային բազմաթիւ շքեղ տներ, պետական ու վարչական պատկառելի ու ճաշակաւոր շէնքեր, գողտրիկ հիւանդանոցներ ու դպրոցներ: Ցաւօք, դրանցից շատերը հետագայ տասնամեակներին տարբեր պատճառաբանութիւններով քանդուեցին, եւ միայն հասարակայնութեան բուռն բողոքի շնորհիւ հնարաւոր դարձաւ այդ բաբարոսութեան առաջն առնել եւ նոյնիսկ պահպանուած սակաւաթիւ շէնքերի մի մասն էլ վերանորոգել»:

«Անդառնալի կորուստներ տալով, քաղաքը կառուցւում ու ընդարձակւում է: Մինչեւ երկրորդ աշխարհամարտը Երեւանում վեր են խոյանում մի շարք կառոյցներ, որոնցմով իրապէս հպարտանում է ամէն մի երեւանցի», կը գրէ Սերգէյ Վարդանեան իր «Հայաստանի Մայրաքաղաքները» մեծարժէք աշխատասիրութեան մէջ:

Շինարարական հիմնական կառուցումները տեղի կ՛ունենան  Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմէն ետք. կը բարգաւաճի Հայաստանը, կը բարեփոխուի, կը բարեզարդուի Երեւանը՝ ստանալով իր այսօրուայ դիմագիծը՝ իր յուշարձաններով, զբօսայգիներով, մարզադաշտերով, պանդոկներով, համալսարանով, թանգարաններով եւ Մատենադարանով:

21 Սեպտեմբեր 1991ի անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, բնականաբար, Երեւանը շարունակեց ու կը շարունակէ մնալ Հայաստանի մայրաքաղաքը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles