Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Լիճ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Բառերուն ամէնէն ծիծաղախիտը…

– Այս տարի ո՞վ պիտի շահի, քու կարծիքով:

– Վազգէ՛ն, ո՛չ բոլոր տղաները առաջին ըլլալու նպատակով կը լողան:

Բնականաբար, արագ լողացողները աւելի մեծ հաւանականութիւն կ՛ունենան շահելու, բայց նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է շնչառութիւնը հաւասարակշռուած պահելը՝ մինչեւ Աղթամար: Նաւակը պատրաստ է, նստի՛նք: Հիմա կը սկսին:

0903dadourianՕգոստոս 11ի ջերմացնող արեւուն տակ, բոլոր ափերէն նաւակներով հասած հարիւրաւոր հանդիսատեսներով լեցուած է Վանայ լիճի առափնեայ այս փոքրիկ գիւղի նաւահանգիստի հրապարակը, ինչպէս նաեւ՝ անոր սրճարանները, լճեզերեայ նստարանները եւ մանաւանդ պաղպաղակ կամ եգիպտացորեն վաճառելու համար ժամանակաւորապէս բացուած կրպակները: Նաւահանգիստին վրայ կը ծածանի հսկայական նարնջագոյն ցուցանակը, որուն վրայ սեւ, թաւ տառերով գրուած է. «ՍԻՐՈՅ ԼԻՃ. 7րդ Աւանդական Լող-Փառատօն»: Այդ դրօշականման ցուցանակին տակ, իրենց ոտքերը ջուրին դրած՝ սուլիչի կանչին կը սպասեն երկու տասնեակ տղաներ, ըստ փառատօնի օրէնքներուն՝ լճամերձ վարժարաններու 12րդ դասարանի նորաւարտ հայորդիները, որոնք պատրաստ են եռանդով լողալու երեք քիլոմեթր ու հասնելու «Թամար»ին:

– Ի՜նչ հետաքրքրական փառատօն:

– Խաղով սկսաւ, Վազգէ՛ն…

Մայիս ամիսն էր: Կ՛ուզէինք Թումանեանի «Ախթամար»ը վերակենդանացնել: Դասարանի տղաները պատրաստ էին անմիջապէս լողալու: Ես 11 Օգոստոս թուականը առաջարկեցի: Այդ օր, ձկնորս Վահրամին նաւակով աշակերտուհիները դիմաց անցուցինք: Ձիւնիկը «Թամար» եղաւ: Լապտեր մը բռնած՝ սպասեց ախոյեանին: Մուրատը եղաւ առաջինը: Մուրատը եւ Ձիւնիկը… Յետոյ հասկցանք, թէ զիրար արդէն կը սիրեն, եղեր… Լայն արձագանգ գտաւ կատարուածը: Դարձաւ աւանդական:

– Անունն ալ դրիք «Սիրոյ Լիճ»:

– Թումանեանն ալ այդպէս կ՛ուզէր տեսնել:

Ժամը հասաւ: Բազմութիւնը աւելի կը մօտենայ լճափ: Նարեկը, նախորդ տարուան ախոյեանը, ուժգին շունչ մը կու տայ սուլիչին: Վերջինին ձայնը նախ կը հասնի Աղթամար, ապա կը զարնուի Սիփան: Այդ սուր ձայնը դեռ արձագանգի չվերածուած՝ տղաները արդէն իսկ սկսած էին դէպի կղզի սուրալու: Վազգէնը լուսանկարիչ է եւ պատկերահան: Հրաւիրած ենք զինք, որ մրցումը արձանագրէ: Վաւերագրական մը որոշած ենք պատրաստել:

– Որքա՞ն ժամանակ կը տեւէ:

– Ըսենք՝ մէկ ժամ, երբ այսպէս հանդարտ է լիճը:

Եւ այդ ժամը մեզի առիթ կու տայ, որ մտաւոր նաւուղղութիւն մը ունենանք «լիճ» բառի զովացնող ջուրերուն մէջ:

– Վազգէ՛ն, «լիճ» բառը բնիկ հայկական է, ինչպէս բնիկ հայկական է ա՛յս լիճը: Ըստ լեզուաբաններու, որոնք հնդեւրոպական նախալեզուի մը գոյութեան կը հաւատան, բառին արմատն էր՝ leg, laq կամ laku, որ կ՛ենթադրուի նշանակած ըլլալ՝ «վազել, մզիլ, հոսիլ»: Աճառեան բոլորովին համաձայն չէ եղած այս տեսութեան: Իսկ ուրիշներ մեր «լիճ»ը համեմատած են լատիներէն lacus բառին հետ:

0000LAKE

Փանոս Թէրլէմէզեանի մէկ ստեղծագործութիւնը

– Կղզիին վրայ ո՞վ կը սպասէ այս տարի:

– Նանօ՛րը: Շատ փափաքեցաւ, որովհետեւ Վահէն լողացողներուն մէջն է… Վազգէ՛ն, «լիճ» բառը չմնաց լճացած: Անիկա նկարագիրով տարբեր էր՝ օրինակ՝ «կղզի» բառէն, որ որոշած էր մնալ… կղզիացա՛ծ: «Լիճ»ը, որ ունէր վառվռուն եւ «ծիծաղախիտ» նկարագիր, սիրեց ծփա՛լ: Եւ անկէ հոսեցաւ քառասունի չափ փայլատակող բառ: Կ՛արժէ յիշել անոնք, որոնք տեղ գտան մեր գրականութեան եւ կերպարուեստին մէջ. լճակ, լճանալ, լճացած, լճափ, լճափնեայ, լայնալիճ, ծովալիճ, լճաշէն…

Քսաներորդ վայրկեանն է: Վահէն, Վէմը եւ Տարօնը կը կազմեն առաջին եռեակը:

– Իսկ Վազգէն, կրնա՞ս երեւակայել, որ «լիճ»ը կրակ ըլլար:

– Չէի ուզեր այդ լիճին մէջ լողալ:

– Սա պատահեցաւ Աստուածաշունչին մէջ: Հոն տեղ գտած է «լիճ հրոյ» արտայայտութիւնը, որ կը նշանակէ… դժո՛խք. «Եւ կենդանւոյն արկին զնոսա՝ ի լիճ հրոյ այրեցելոյ ծծմբով», «Գիրն կենաց գրեալ՝ արկաւ ի լիճ հրոյ»: Կան լիճ բառով շինուած երկու պատկերալից արտայայտութիւններ եւս. «Լիճ լուսոյ, կամ արտասուաց»՝ աչք, եւ «Լիճ աղեղան»՝ աղեղի բացուածքը: Այս վերջինն է, որ հայկեան տոհմին շնորհեց ազգութիւն: Այս ափէն ո՛չ շատ հեռու, սա հարաւային լեռներուն ետեւը, Հայկը լարեց իր «լայնալիճ» աղեղը եւ սպաննեց Բելին:

– Լսած եմ հայկական լայնալիճ աղեղին մասին: Այն աղեղը, որ հին դարերուն հայկական ռազմական մեքենային կու տար անվիճելի գերակշռութիւն:

Կէս ժամ… Տղաները յոգնութեան նշաններ ցոյց չեն տար: Դլփիններու նման կը լողան՝ սպիտակ սայթք մը ձգելով իրենց քամակէն: Եռեակին հիմա մօտեցած է Ալէքը, այն յոյն տղան, որ իր ամբողջ կեանքը յաճախած է հայկական վարժարան:

– Վազգէ՛ն, «լիճ» բառը նաեւ ներշնչեց հայ բանաստեղծին: Անիկա Պետրոս Դուրեանին պարգեւեց «Լճակ» բանաստեղծութիւնը, իսկ Թումանեան պատմեց Փարվանա ամրոցին եւ անոր դժբախտ իշխանուհիին աւանդազրոյցը՝ իր տխուր վախճանով. «Էնքա՛ն առաւ լաց ու կոծ, որ լիճ կտրեց արտասուքը, ծածկեց քաղաքն ու ամրոց»:

– Լճաբանները դեռ կը մտածեն, թէ ինչպէ՛ս գոյացած է այդ լեռնային լիճը: Մինչդեռ բանաստեղծը տուեր է գեղեցիկ պատասխանը:

– Այս լիճը եւ «լիճ» բառը միատեղ, հայկական կերպարուեստի ամենաբարձր պատուանդանին բարձրացան, երբ Փանոս Թէրլէմէզեան՝ Վանի Կեդրոնական վարժարանի սան, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Փարիզի Արուեստի կաճառներու շրջանաւարտ եւ Միւնիխի համաեւրոպական ցուցահանդէսի ոսկի մետալակիր, իսկ Պոլիս ապրած տարիներուն՝ Կոմիտասի, Վարուժանի, Սիամանթոյի եւ Երուանդ Օտեանի մտերիմ ընկերը, Վան քաղաքի ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներէն եւ հայկական բնանկարի լաւագոյն ներկայացուցիչ այս գեղանկարիչը, 1915ին այս լճափին վրայ կանգնեցաւ, բացաւ իր եռոտանին ու նկարեց «Վանայ լիճը եւ Սիփան սարը՝ Կտուց կղզիէն» կտաւը: Իսկ այս լիճէն անդին, մեր լեռնաշխարհի արեւելեան կողմը, «լիճ» եւ «լիճք» բառերը՝ գիւղ են, գաւառամաս, հանգային աղբիւր եւ… գետ: Այո՛, Լիճքը Գեղարքունիքի մարզին մէջ, Գեղամայ լեռներու փէշերէն սկիզբ առնող, ապա Սեւանայ լիճ թափող գետակ է: Իսկ անոր մօտ կայ նոյնանուն գիւղը: «Լիճք» է նաեւ Քառասուն Մանկանց տօնին օրը կոնքի մէջ դրուած լուսավառութիւնը: Իսկ զէյթունցիներուն համար՝ «լճել», ըստ Աճառեանի՝ «հեղուկ բանի մէջ խառնել ու շաղուել»: Եւ կայ Լճաշէնը… Գեղամայ լեռներու հիւսիսային լանջին տեղադրուած այն հնավայրը, որ կիկլոպեան եւ այլ ժամանակաշրջաններու յուշարձաններու համալիր է, կարեւորագո՛յնը՝ ամբողջ Հայաստանի մէջ։

Վերջին վայրկեաններն են: Խարսխա՛ծ ենք: Չորս տղաները կատաղի մրցակցութեան մէջ են: Լճափ իջած են Նանօրն ու իր դասընկերուհիները: Կ՛իջնենք նաւակէն: Վազգէնը կ՛ուզէ ախոյեանը մօտէն նկարել: Վահէ՛ն է, որ իր առնացի բազուկներով աւելի արագ կը ճեղքէ ջուրը: «Թամար»ը կը վառէ լապտերը՝ իբրեւ նշան խաղի աւարտին: Վահէն կը դառնայ «Սիրոյ Լիճ» լող-փառատօնին նորագոյն ախոյեանը: Կղզիէն եւ լճափէն կը բարձրանան հուռա՜ներ:

– Տղաներ, աղջիկներ, լուսանկա՛ր, հաւաքուեցէ՛ք: Նախ «Թամարը» եւ լողորդ տղան… Այո՛, քով քովի կեցէք: Շա՛տ լաւ: Հիմա խմբանկար մը: Բոլո՛ր տղաները եւ աղջիկները… Ժպի՛տ… Մէկ հատ եւս: Շնորհակալութի՛ւն:

Մայրամուտին, բաց երկինքի տակ, սիրոյ մեծ սեղանին շուրջ բոլորս ընթրիքի նստած ենք: Ուրախ զրոյցներով եւ երգերով լեցուն այդ պահուն կը մտածենք, թէ «լիճ» բառը, հակառակ իր բոլոր տագնապներուն եւ ալեկոծումներուն, մնաց վառվռուն եւ երազներով լեցուն: Ուստի որոշեցինք՝ երեւակայութիւններու եւ սէրերու ամէնէ՛ն ծիծաղախիտ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles