ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Աղթամար կղզիի եւ լճափի հաւասար հեռաւորութեան մէջ առած փոքրիկ դադարս առիթ տուաւ, որ թէ՛ զգամ Վանայ ծովուն մեծութիւնը եւ թէ մտաբերեմ, թէ ինչե՜ր ծներ են հայոց «ծով»երէն:
«Ծով»ը, այդ ծովածաւալ եւ առատաձեռն միավանկը, հարիւրաւոր բարդ բառեր, ածանց բառեր, արտայայտութիւններ եւ ասացուածքներ պարգեւելէ բացի՝ ծնունդ տուաւ բազմաթիւ պատկերալից փոխաբերութիւններու, որոնք սիրհար հայ աշուղներուն եւ բանաստեղծներուն ներշնչում տուին: Նախ պէտք է յիշել Նահապետ Քուչակը, այս ծովու ծնունդ աշուղը: Քուչակի հայրէններուն մէջ «ծով»ը եարի աչքերն են՝ կապոյտ, խոր եւ հմայիչ. «Աչերդ է ծովէն առած, եւ ուներդ է ի թուխ ամպէն»: Նաեւ՝ եարի զովացնող ծոցն է ծովը. «Քո ծոցդ է ի ծով նման, ծովըն դեղ կ՛ասեն ի ջերման»:
Ծովու ջուրերուն մէջ սիրեց լողալ նաեւ Սայաթ Նովան.
«Աշխարհքըն՝ ծով, դուն՝ մէջըն նաւ, ման գուքաս, փրփուր իս, ա՛ խպեր,
Թէգուզ նընգնիմ ծովի մէջըն՝ հովնալու ճար չիս անի»:
Ծովը նաեւ դարձաւ առատութիւն, ճոխութիւն եւ փարթամութիւն, ինչպէս՝ «ծով մազեր» արտայայտութեան մէջ: Չարենցը «ծով»ուն մէջ տեսաւ արիւն եւ արտասուք. «Երկիրը ծով էր արեան ու կարիքը՝ անսպառ»: Իսկ երբ որեւէ բան, ինչպէս խելքը, անսպառ էր, ըսինք՝ «խելքի ծով»: Գուրգէն Մահարին «ծով»ուն մէջ տեսաւ խորք եւ էութիւն. «Սիրուդ հողմը սրտիս ծովն է յուզել»: Ո՛չ միշտ քնարական գոյն էր ծովը, այլ՝ որեւէ բանի չափազանց քանակութիւն, ինչպէս հայրենի մամուլի սա խորագիրը. «Ծովագիւղի Ծով Հոգսերը»: Կեանքի ամենամութ օրերուն ունեցանք նաեւ «ծով կարօտ», «ծով վիշտ» եւ «ծով տառապանք»: Բայց օր մը Յովհաննէս Շիրազ եկաւ եւ ազգին տուաւ վերականգնելու յոյսը. «Մի բուռ ազգ մի ծո՛վ բազմանայ»: Եւ ա՛ն է, որ հարբեցաւ այս իսկ ծովու ջուրերով.
«Բեր Վանայ ծովն աչքերովդ՝ ծով գիրկն ընկնեմ, հովանամ,
Գէթ պատկերը բեր իմ աչքերին, ե՛կ, ծովանամ այս գիշեր»:
Վերադառնալ պէտք է: Թեւերու համաչափ, հանդարտ շարժումներով կը վերսկսիմ լողալու: Ալեակներու ճողփիւնն է միայն լսելի լռութեան այդ ծովուն մէջ: Իւրաքանչիւր թեւափոխին «ծով»ու ծովածաւալ պատմութեան մէկ նոր էջ կը յայտնուի: Առաջինը կը տեսնեմ՝ 1791 թուականն է: Վենետիկի մէջ լոյս կը տեսնէ «Աշխարհացոյց տախտակ Սեաւ Ծովու եւ շրջակայիցն» քարտէզը՝ 23×41 սանթիմ չափ ունեցող թերթիկ մը, իր խորագիրին մէջ «ծով» բառը ունեցող հայկական հրատարակութիւններու առաջնեկը։ Անոր հետեւեցաւ Մինաս Բժշկեանի ուսումնասիրութիւնը. «Պատմութիւն Պոնտոսի, Որ Է Սեաւ Ծով», 1819, Վենետիկ: Հետաքրքրակա՛ն է. «ծով» բառի անդրանիկ հրատարակութիւնները լոյս տեսած են ծովեզերեայ քաղաքներու մէջ: Գէորգ Զաքարեանի «Ջավա Կամ Ընդհանուր Ծանօթութիւն Բազմակղզի Ծովու Արեւելեան Հնդկաց» աշխատասիրութիւնը՝ Կալկաթայի մէջ, Արմենակ Պալապանեանի «Յ. Տըքուր Ծովամոյն»ը՝ Զմիւռնիոյ մէջ, իսկ Ժիւլ Վերնի «Քսան Հազար Փարսախ Ծովերուն Տակ» արկածախնդրական վէպը՝ Կ. Պոլսոյ մէջ: 1888ին «ծովինար» բառն էր, որ առաջին անգամ հրապարակ ելաւ: Անիկա, շնորհիւ Սարգիս Քամալեանի գրիչին եւ երեւակայութեան, որպէս մանկապատանեկան հեքիաթ լոյս տեսաւ Թիֆլիսի մէջ:
Թեւ առ թեւ կը մօտենամ Աղթամարին: Աւելի տեսանալի են վրանները ու լսելի է նաեւ… երգ մը: Սեւ ստուերներ են, նստած կրակի շուրջ: Հովը կը բերէ Նանօրին անուշ ձայնը. «Ծիծաղախիտ Վանայ ծովի…», տղաները կը միանան անոր, «փոքրիկ գիւղից առափնեայ…»։ Ապա՝ երգ մը եւս: Այս անգամ Նանօրը կը մեներգէ. «Վա՜յ, դլէ եաման, էկաւ, հասաւ չուր ծովու կէս, վա՜յ, դլէ եաման, գյամին հասաւ ծովու բերան…»:
Մեր լեզուն խորթ չգտաւ օտար ծովերու մէջ լողալու եւ անոնց միրգերէն օգտուելու գաղափարը: Ուստի, հայերէնի մէջ ունեցանք լատիներէնէ կատարուած փոխառութիւններ. «Ծովէ ծով» – A mare usque ad mare, «Փակ ծով» – Mare clausum – այն ծովը, որ երկրի մը իրավասութեան մէջ է ու «փակ» է ուրիշ երկիրներու համար, «Ազատ ծով» – Mare liberum – միջազգային նաւագնացութեան բաց ծով, եւ «Մեր ծովը» – Mare Nostrum – Միջերկրական ծովը՝ Հռովմէական կայսրութեան բարձունքին ժամանակ:
«Ծով» բառը, նաւարկելէ ետք աշխարհի եօթը ծովերը, որոշեց վերադառնալ իր բնօրրանը: Մեր Լեռնաշխահին մէջ, բարձրութիւններու եւ աննուաճելի գագաթներու վրայ անիկա դարձաւ… տեղանո՛ւն: Ծանօ՞թ է ձեզի Ծովքը: Կը յիշեն անկասկած խարբերդցինե՛րը: Ձկնառատ եւ քաղցրահամ լիճ էր արեւմտեան Տիգրիսի ակունքներուն մէջ, 1223 մեթր բարձրութեան վրայ: Ծովք մը եւս կար. գիւղ էր Խարբերդի գաւառին մէջ: Կ՛արժէ յիշել նաեւ այն Ծովք ը, որ Բալուի գաւառակի համեստ մէկ գիւղն էր: Ջուրի սթափեցնող ալիքները կը բերեն ուրիշ մէկ յիշողութիւն… Ծովք երու ամէնէն նշանաւորը՝ Ծովք բերդը. այն, որ 1106 թուականին դարձած էր կաթողիկոսանիստ թերակղզի համանուն լիճին մօտ: Ունեցանք նաեւ «ծովաբերդ» բառը: Հապա ծովաբե՞րդ մը իսկական: Այո՛, ունեցանք: Սա Կիլիկեան Հայաստանի Կոռիկոս ծովաբերդն էր: Իսկ մեր բարձրադիր հայրենիքին չէ՞ր վայելեր «ծովաբերդ» մը: Այդ մէկն ալ գոյութիւն ունի՝ Սեւանայ լիճի հարաւ արեւմտեան ափին վրայ, Վարդաձոր գիւղին մօտ, ծովէն 2300 մ. բարձրութեան վրայ: Մօ՛տ է կղզին: Առջեւս է խորհրդաւոր ծովանկար մը: Կը մտաբերեմ 1817ի Յուլիս ամսուան 17րդ, նոր հաշիւով՝ 29րդ, օրը, երբ ծնաւ… «ծովանկարի»չ բառը, ու կը մտածեմ՝ քանի՞ բառ կայ, որ գիտէ իր ծննդեան թուականը: Շա՛տ քիչ: «Ծովանկարի»չ բառը այդ սակաւաթիւններէն մէկն է՝ Յովհաննէս Այվազովսքիով մարմին առած: Անոր շնորհիւ «ծով» բառը պիտի դառնար մեծահռչակ պատկերասրահներու եւ արուեստի թանգարաններու գլխաւոր զարդը. գեղանկարներ, որոնք «ծով» բառը իրենց անունին մէջ կրելու պատիւը պիտի ունենային, ինչպէս՝ «Ծովը Պետերբուրգի մատոյցներում», «Ծովափ», «Սինոպի ծովամարտը», «Նաւարինի ծովամարտը», «Նէապոլի ծովածոցը լուսնկայ գիշերով», «Փոթորիկը Սեւ ծովում», «Սեւ ծովը», «Փոթորիկը Ազովի ծովում», «Պետրոս Ա. Ֆիննական ծովածոցի ափին», «Թուրքական նաւերը Մարմարա ծովն են թափում հայերին»… Իսկ 1894 թուականին, Կարսի մէջ ծնաւ մէկ այլ բառ. «ծովակալ»՝ Յովհաննէս Իսակովի կողմէ մարմնացած. ան, որ պիտի դառնար Խորհրդային Միութեան ծովակալ, զինհրամանատար, ինչպէս նաեւ՝ «Ծովային Ատլաս»ի խմբագիր:
Վանայ ծովուն մէջ լողալու ծիսակատարութիւնս կը վերջանայ: Կ՛ելլեմ ափ: Ինծի կ՛ընկերակցին երկու նրբահոգի բանաստեղծներ՝ աշուղ Ճիւանին եւ Ռաֆֆին, որոնք շնչած ըլլալու են ծովերու աղի ջուրերը: Ահա՛ Ճիւանին.
«Հարիւր նաւս ծովերու մէջը լողար,
Մէկ խելօք նաւավար ես ունենայի»։
Իսկ Ռաֆֆին սիրած է ծովուն հետ խօսիլ.
«Ալիքներդ մէկ-մէկ սար ես դարձրել,
Կատաղած ծով, արընկեր ծով, անգութ ծով,
Ձա՛յն տուր, ով ծովակ, ինչո՞ւ լռում ես»:
Ս. Խաչի պատերուն տակ, խարոյկին առջեւ, մեր տղաներն ու աղջիկները մերժած են քունին յանձնուիլ.
– Պարո՛ն, ամբողջ ծովը լողացի՞ք:
– «Ծով»ը այնքա՛ն մեծ էր Նանօր, անսահմանափակ եւ առատ, որ կարելի չեղաւ ամբողջը «լողալ»: Պէտք է գիտնալ դադար տալ եւ համբերել մինչեւ յաջորդ ծիսակատարութիւնները: Որովհետեւ, չե՛նք գիտեր, թէ ծովէն ինչե՜ր կը ծնին: