Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Ձիւն

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0903dadourianՄեր բառերուն ամէնէն ջեռացնողը…

Ձիւնիկն ու Մուրատը կը տեսնեմ խարոյկին առջեւ նստած: Կրակը անոնց դէմքերուն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Խաչի բարձրաքանդակներուն վրայ իր նշոյլը կը ձգէ, խաղեր կը խաղայ: Երիտասարդները այնքա՛ն մօտիկ են իրարու, որ անոնց մազերը կը խառնուին երբ քամին փչէ: Լուսնակին տակ, փայտի ճարճատիւնի մէջ մեղուներու պէս կը բզզան՝ չես գիտեր ի՛նչ:

– Նանօրն ու Վահէն գացի՞ն,- կը հարցնեմ՝ անոնց քով քարի մը վրայ նստելով:

– Շատ յոգնած էին, պարո՛ն…

– Յո՞յնը ուր է:

– Լճափ իջաւ, քիչ մը առանձնանալ ուզեց: Գիտէ՛ք, երազկոտ տղայ է Ալեքսէյը:

Ծածկոց մը կը պաշտպանէ զոյգը Վանայ լիճի կէսգիշերային զովութենէն: Ձիւնիկը՝ «Սիրոյ Լիճ» լող-փառատօնի առաջին «Թամար»ը, իսկ Մուրատը՝ այդ մրցոյթին լայնալանջ ախոյեանը… Ճի՛շդ եօթը տարի առաջ:

– Պարո՛ն, այս լիճը, անոր ամէն մէկ կղզին, խորշը, հրուանդանը, ափը եզերող բլրակներն ու գագաթները ազնիւ գեղեցկութիւններ են: Եղանակը, շրջապատը անբացատրելի երջանկութիւն մը կու տան ինծի:

– Ձիւնի՛կ, Օգոստոսի այս հաճելի գիշերը քեզի կարծել թող չտայ, թէ ամառն է միակ գեղեցիկ եղանակը: Դուն գիտես, թէ ինչպէ՛ս դրախտավայր կը դառնայ այս երկիրը, երբ իջնէ ձիւնը ու ծածկէ բոլոր այդ յիշածներդ… Տղա՛ք, կ՛երեւի դուք քնանալու միտք չունիք: Թէ՛յ մը դնենք: Ալեքսէ՛յն ալ կանչենք…:

Բնութեան խորհրդաւոր երեւոյթն է. յանկարծ իջնել կ՛որոշեն փաթիլները ու ձիւն կու գայ: Նոյնքա՛ն խորհրդաւոր է «ձիւն» բառը: Բնի՛կ հայկական է: Կասկած չկա՛յ: Բայց, ինչպէ՞ս գոյացաւ: Ո՞ր ցուրտը պատճառ եղաւ, որ ան իջնէ մեր լեզուին վրայ: Չենք գիտեր: Աւեստերէն «զյա» եւ լատիներէն «հէյմս» բառերը մեր «ձիւն»ի արենակիցը ըլլալու հաւակնութիւնը ունին: Կան լեզուաբաններ, որոնք «ձմեռն» բառին մէջ կը տեսնեն անոր արմատը: Ալեքսէ՛յ, ձեր լեզուի «հիոն» բառին հետ կը համեմատեն մեր «ձիւն»ը:

– Ձեզի չափ մենք ալ սիրած ենք բառերու շուրջ առասպելներ հիւսել… Դիցաբանութիւնը կը պատմէ, թէ կար գեղեցիկ աղջիկ մը, անունը՝ Հիոն: Անոպայ գիւղացի մը կը բռնաբարէ զայն: Զեվսի պատուէրով՝ աղջնակը կը վերածուի ձիւնաբեր ամպի ու կը սկսի անապատին վրայ ձիւնելու: Կը հաւատանք, թէ այդ աղջկան անունէն ծագած է մեր «ձիւն» բառը:

– Յամենայնդէպս, մեր լեռնաշխարհը շատ ձիւն տեսած է: Մեր երկրին համար նոր չեն «ձիւնաբուք»ն ու «ձիւնամրրիկ»ը: Ինչպէս Վահան Տէրեանը ըսած է. «Որպէս լեռն է մեր պայծառ տեսել հազար ձիւն»։

– Բայց, պարո՛ն, եղան օրեր, երբ մենք ունեցանք «ձիւնածածկ» կուսական դաշտեր եւ «ձիւնափայլ» վեհ գագաթներ, այդպէս չէ՞… Այդ պատկերներով է, որ կը սիրեմ յիշել մեր երկիրը…:

Թէյը պատրաստ է, բոլորս ալ կը խմենք։

– Տղա՛ք, մեր լեզուի արշալոյսէն սկսեալ, «ձիւն» բառը առատօրէն տեղաց ու սպիտակ սաւանի մը նման ծածկեց հայոց լեզուաշխարհը: Ե. դարուն արդէն գոյութիւն ունէին «ձիւնանալ», «ձիւնաջուր», «ձիւնաբեր», «ձիւնաթաղ», «ձիւնախաղաղ», «ձիւնախառն» եւ «ձիւնձիւնիկ» բառերը: Ինչպէս փաթիլները տեղ-տեղ շատ մեծ կ՛ըլլան, կամ՝ շատ մանր, նոյնպէս ալ «ձիւն» բառը, ամէն գաւառի, ամէն բարբառի մէջ առաւ իւրայատուկ ձեւ: Հրաչեայ Աճառեանը ականջալուր եղած է, թէ հո՛ս, Վանայ մէջ, անիկա կը հնչէր «ծիւն», Ալաշկերտի, Ակնայ, Կարնոյ, Մշոյ եւ Սեբաստիոյ մէջ՝ «ձո՛ւն», Խարբերդի, Հաճնոյ եւ Երեւանի մէջ՝ «ձի՛ն», Համշէնի մէջ՝ «ծուն», Ռոտոսթոյի եւ Տիգրանակերտի մէջ՝ «ցուն», Զէյթունի մէջ՝ «ծը՛ն», իսկ Սվետիոյ մէջ՝ «ձա՛յն»: Այնքա՛ն առատ տեղաց, այնքա՛ն կուտակուեցաւ անիկա, որ շարժեց ժողովուրդին երեւակայութիւնը ու մեր լեզուին տուաւ ջերմութիւն:

– Այսինքն, բարդ եւ ածանց բառեր տուաւ՝ ըսել կ՛ուզէք… ինչպէս իմ անունս՝ Ձիւնի՛կ:

1021snow1– Անունդ շատ հազուագիւտ է: Համապատասխան անուն մըն ալ ռուսերը ունին՝ «սնեժինքա», այսինքն՝ «փաթիլ», վեցաթեւ բիւրեղներ աստղանման: «Ձիւն»ը առատութիւն է եւ միշտ եղաւ առատաձեռն: Անկէ ծնած են ութսունի չափ պատկերալից բառեր, ինչպէս՝ ձիւնաբեր, ձիւնաբլուր, ձիւնաբուխ, ձիւնագագաթ, ձիւնագեղ, ձիւնագիշեր, ձիւնազօծ, ձիւնաթաթախ, ձիւնածաղիկ, ձիւնածին, ձիւնակոյտ, ձիւնահարս, ձիւնաճերմակ, ձիւնաշող, ձիւնապայծառ, ձիւնապսակ, ձիւնավարդ, ձիւնափաթիլ, ձիւնափայլ, ձիւնափառ, ձիւնափետուր, ձիւնաքնքուշ, ձիւնեգորգ, ելն.:

– Իսկ իմ ամենասիրածներս՝ ձիւնագնդակ եւ ձիւնամարդ: Գաւա՛թ մը եւս լեցնեմ:

– Տղա՛ք, Ծերենցը՝ պատմական վէպերու այդ ձիւնամօրուս վարպետը, «Թորոս Լեւոն»ջի մէջ տեսէ՛ք, թէ ինչպէս նկարագրած է մեր լեռները. «Հեռու երկիր բարձրաբերձ են մեր լերինք, սպիտակափայլ ձիւնազարդ միշտ գըլըխնին…»:

Այս համեստ վանկը, բառացիօրէն երկնային նուէր, դարձաւ նաեւ արտայայտութիւն, բառակապակցութիւն կամ առած: Ուստի՝ ունեցանք «հալեալ ձիւն», «կոյտ ձեան», «մոյկ ձեան», «սպիտակ իբրեւ ձիւն», «ձիւն իջանէ»… Արժէք կամ ազդեցութիւն չունեցող բաներուն ըսինք «անցեալ ձմրան ձիւն», դժբախտութիւն կամ փորձանք պատճառելուն՝ «գլխուն ձիւն բերել», կծծի մարդոց՝ «ձմեռը ձիւն ուզես՝ չի՛ տար», գաղտագողի գործողներուն համար ակնցիները ըսին՝ «ձնանը վրայ կը քալէ, իզը (հետքը) պելլիսըզ (անյայտ) կ՛ընէ», նոյն տեսակ նենգամիտներուն մասին մուսալեռցիները ըսին՝ «ձունէն ըրվան կը քելի, հիտը պյալլյա (յայտնի) չին»ջ: Բարդացած գործերուն համար ըսինք՝ «ձիւնագունդը մեծցաւ»: Իսկ Ձիւնի՛կ, քեզի համար հիները ըսեր են «հատ ձեան»…։ 1907ին, Յովհաննէս Թումանեան նկարագրեց տարուան առաջին ձիւնը. «Էտ ձիւնն է գալի, Փաթիլն է ձիւնի, Որ կարծես սպիտակ, Թիթեռնիկ լին»ջ: Յովհաննէս Շիրազի համար ձիւնը մօր գեղեզմանին վրայ իջնող անդորրութիւն էր. «Ձիւն է իջնում, կուտակւում, Մօրս վրայ վերեւից, Ասես փետուր է թափւում, Հրեշտակի թեւերից»։

– Պարո՛ն, չէ՞ք լսեր զանգակատունը, անլռելի այս զանգակատունը, Պարոյր Սեւակի բառերը կը ղօղանջեն. «Ձիւն մաղեց մեր բաց գլխին, Ձիւն մաղեց՝ կրակի պէս…, Գարո՛ւն ա, ձո՛ւն ա արել…»: Կու տա՞ք գաւաթները, վերջի՛ն թէյն է:

– Շնորհակալութի՛ւն Ձիւնիկ… Ձիւնը, թէեւ ուրախութիւնն է երեխաներուն, բայց հայոց Տիրան արքային համար, յիշեցէ՛ք «Հարճը», ձիւնը չեղաւ բախտաբեր, այլ՝ դարձաւ շիրիմ.

«Արդ իր դիակը կ՛իշխէ յաւերժանիստ սառին ծոց,

Կ՛ըսեն, թէ թագը միայն ձիւներէն դուրս է մնացած»:

– Տղա՛ք, կրակը ես կը մարեմ, դուք գացէ՛ք, քիչ մը քնացէ՛ք:

Մէկ-երկու ժամէն արեւը պիտի ծագի ու ձիւնի պէս պիտի փայլին Սիփանը, Նեմրուտը եւ ձիւնածածկ բոլոր սարերը: Երբ շրջին ամիսները ու հասնի ձմեռը, ամբո՛ղջ երկիրը պիտի դառնայ ձիւնապաճոյճ: Իսկ «ձիւն» բառը, հակառակ իր սաստիկ ձիւնաշունչ բնաւորութեան, պիտի շարունակէ ջերմացնել մեր լեզուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles