Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Յաւերժական Սէ՜ր… Ողբերգութեան Օրերուն

$
0
0

1031maral1

Մարալ Պոյաճեանէն վէպ մը, որ կը փաստէ, թէ սիրահարները մեռնին իսկ՝ սէրը անմահ կը մնայ…

«Երբ Կակաչները Կը Ծաղկին»ը վէպ մըն է, որ կը պատմէ Սասնոյ Սալոր գիւղէն երկու երիտասարդներու յաւերժական ու անմեղ սիրոյն մասին: Միւս կողմէ, սակայն, այս սէրը անժամանակ է, քանի որ աղէտի շեմին է հայ ժողովուրդը: Սալորը, որ հայկական երեւակայական աւանդապաշտ գիւղ մըն է, կտրուած է աշխարհէն՝ շրջապատուած բարձր լեռներով:

1031maralharutyunian Օրերը կ՛անցնին արտի մէջ, հնձանով, անասուններով, հասկաքաղով: Աննօ եւ Տարօն անհամբեր են միանալու համար, բայց անոնք չեն գիտեր, թէ հաշուըւած օրեր միայն ունին: Կեանքը թէեւ աշխարհէն առանձնացած այս գիւղին համար միջոց մը եւս խաղաղութեամբ պիտի անցնէր, սակայն Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ էր, եւ զուգահեռաբար սկսած էր նաեւ հայոց անկումը։ Կոտորածի լուրերը, որոնք գիւղ կը հասնէին, սարսափը վերածած էին առօրեայ ապրումի մը:

Պոյաճեան իր վէպը կը զետեղէ պատմական հիմքի վրայ՝ ներառելով Վանի ինքնապաշտպանական մարտերը, հայ ֆիտայիներուն եւ քրտական ցեղախումբերուն մասնակցութիւնը՝ 1915ի դէպքերուն: Ընթերցողը հոն կը գտնէ գիւղացիներուն ակամայ հրաժեշտը՝ իրենց սիրելի գիւղին, ընտանիքներուն, սիրելիներուն ու կակաչներուն, ինչպէս նաեւ վկան կը դառնայ անմահ սիրոյ մը, որ կը շարունակուի նոյնի՛սկ, երբ սիրահարները կը մեռնին:

 

ՀԵՂԻՆԱԿԻ ՄԱՍԻՆ

 

Մարալ Յարութիւնեան-Պոյաճեան ծնած է Հալէպ: Փոքր հասակին, ընտանեօք գաղթած են Միացեալ Նահանգներ, ուր եւ կը բնակի այժմ, Լոս Անճելըս: 2011ին ու 2014ին ճամբորդած է իր պապենական հայրենիքը՝ Վան, Մուշ, Շէնիկ ու Սասուն, զորս մինչ այդ չէր տեսած: «Երբ Կակաչները Կը Ծաղկին» վէպը, որ հեղինակին առաջին վէպն է, հրատարակուած է Միացեալ Նահանգներ, 2015ին, արժանանալով բարձր գնահատանքի:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles