Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Զարդ (Բ.)

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0903dadourianՄեր բառերուն ամէնէն զարդարունը…

– Ճշմարտութի՛ւնը, վարդապե՛տ: Մենք այս եկեղեցին չենք շինած քու բարձրեալ Աստծոյդ համար, ինչպէս միշտ կրկներ ես. մի՛ խաբեր զքեզ… Այո՛, այդ քու եկեղեցիդ նուիրուած է ո՛չ թէ Մարիամ Աստուածածինին, այլ քու Մարիամ իշխանուհիիդ: Ըսէ՛, ճիշդ չէ՞:

Գեղարքունիքի կանաչազարդ լեռներու գոգին մէջ, Սեւանայ լիճի վրայ, Յունիս ամսուան ջերմացնող յետմիջօրէի մը արեւուն տակ կը բեմադրենք «Հին Աստուածներ» թատերախաղէն տեսարան մը՝ Մարիամ իշխանուհիի եւ Յովհաննէս վանահօր երկխօսութիւնը: Դպրոցական սիրողական ներկայացում մըն է, զոր կը կատարենք ճի՛շդ այնտեղ, ուր հազար տարի առաջ տեղի ունեցած է այդ պատմութիւնը, այժմու թերացած կղզիի Ս. Մարիամ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ առջեւ:

Բնութեան այս կատարեալ բեմայարդարումին մէջ, Քրիստինան եւ Շանթը՝ այս տարուան «իշխանուհին» եւ «վանահայրը», պատշաճօրէն յարդարուած են: Կատարուած է վարսայարդարումը, մատնայարդարումը, տարազներու արդուկումը: Բառերու այս ճոխութիւնը կը պարտինք «արդ» արմատին: Անշուշտ առանձին չէր «արդ»ը, երբ կը կատարէր այդ բոլորը: Անոր կ՛օժանդակէր «յ» մասնիկը: Մինչ կրքոտ եւ նոյնչափ լարուած երկխօսութիւնը կ՛ընթանայ, այս անգամ «զ» տառը կու գայ միանալու «արդ»ին, ու նոր ուղղութիւն կ՛առնէ մեր պատմութիւնը:

– Ո՛չ, հա՛յր սուրբ, ես չկառուցեցի այս եկեղեցին… Մե՛նք կառուցեցինք այս եկեղեցին, մե՛նք՝ ես եւ դուն…

– Չե՛մ հասկնար՝ ի՞նչ կը խօսի իշխանուհին…

«Արդ» արմատի եւ «զ» մասնիկի ամուսնութեան անդրանիկ պտուղը եղաւ «զարդ» գոյականը: Այդ օր, մեր մայրենին դարձաւ աշխարհի ամէնէն զարդարուն եւ շռայլ լեզուներէն մէկը: Մեր պաշարին մէջ ունինք 150 բառ «զարդ»ով սկսող. զարդաբազրիք, զարդաբանուածք, զարդագիր, զարդագօտի, զարդադաջ, զարդադրուագ, զարդազգեստ, զարդախաչ, զարդախօս, զարդապաճոյճ, զարդատառ, զարդափայլ, զարդափեղկ, զարդափետուր, իսկ 305 բառ՝ «զարդ»ով վերջացող. աշխարհազարդ, առաքինազարդ, աստեղազարդ, արփիազարդ, բողբոջազարդ, բոցազարդ, գորգազարդ, երկնազարդ, զամբիւղազարդ, զինազարդ, թագազարդ, խորանազարդ, ծիրանազարդ, կահազարդ, կամարազարդ, ճաճանչազարդ, շնորհազարդ, սիւնազարդ… Այս բոլորին շնորհիւ, մեր գրականութիւնը՝ սկսած Աստուածաշունչի թարգմանութենէն, հարստացաւ զարդարեալ բառերով: Ս. Գիրքին մէջ 27 անգամ գործածուած է «զարդ» բառը, ինչպէս նաեւ «զարդար», «զարդարանք», «զարդարեալ», «զարդարել», «զարդարի»չ եւ «զարդարութիւն» բառերը: Ահաւասիկ պատճառներէն մէկը, թէ ինչո՛ւ «Թագուհի Թարգմանութեանց» կոչուեցաւ Ս. Գիրքի թարգմանութիւնը… իր «գեղազարդ» լեզուին համար:

– Բայց ճշմարիտն այն է, որ ես ու դուն կը վախնանք իրարու աչքին ուղիղ նայելէ… Ինչո՞ւ, ի՞նչ յանցանք ենք գործեր:

– Իշխանուհին թող ինծի ներէ, պէտք է մեկնիմ:

«Արդ» արմատին եւ «զ» մասնիկին զաւակները անմիջապէս սկսան բնակեցնելու հայոց լեզուի բոլոր բնագաւառները: Նախ ունեցանք ձիթենեաց ճիւղերով զարդարուած տօն մը՝ Ծաղկազարդը, որ յայտնի էր նաեւ Ծառզարդար եւ Ծռզարդար անուններով: Ունեցանք արտայայտութիւններ. «առնուլ զզարդ զանձամբ», «զարդ առնուլ», «ի զէն եւ ի զարդ վառիլ»… «Զարդ» բառը բարձրացաւ երկինք ու նշանակեց՝ «աստղ»-«Զարդք Երկնից»: Յովհաննէս Երզնկացիի «Զարդք Երկնից» տաղաչափեալ աշխատասիրութեան մէջ, որ ներբողական գովեստ մըն է երկինքի, լուսինը մարած անցեալն է, արեգակը՝ Աւետարանը, իսկ աստղերը՝ մարգարէները: Ապա, բառս վերադարձաւ Հայկական լեռնաշխարհ: Ըստ հայր Ս. Էփրիկեանի «Պատկերազարդ Բնաշխարհիկ Բառարան»ին՝ Զարդարիչը գիւղ էր Խարբերդի մէջ, 60 տուն հայ բնակիչով, Ս. Խաչ եկեղեցիով զարդարուած: Այդ գիւղին մօտ կար Զարդարիչի վանքը: Ամէնէն պատմականը «Զարդ» ամրոցն է: Երբ Արտաշէս Բ. թագաւոր աւարտեց Արտամէտ քաղաքի շինութիւնը, զայն կոչեց Զարդ, այսինքն՝ «Պայծառութիւն, ի վերայ պայծառայարդար պատրաստութեան շինուածոյն»: 15րդ դարուն, «զարդար» բառը ազնիւ քայլ մը առաւ ու դարձաւ իգական անուն: Այդպէս կ՛անուանուէին Ծաղկազարդի օրը ծնած աղջիկները: Ըստ պատմական աղբիւրներու՝ առաջին «Տիկին Զարդար»ը մի ոմն Թումայի կինն էր, մահացած 1410 թուականին: Այս անձնանունէն ալ զարգացաւ Զարդարեան մականունը, ա՛ն, որ մեզի շնորհեց գրավաճառ եւ հրատարակիչ Վահան Զարդարեանը, նահատակ գրող, թարգմանիչ, հասարակական ու քաղաքական գործիչ Ռուբէն Զարդարեանը, բանասէր, հրատարակիչ եւ գրավաճառ Պիմէն Զարդարեանը, դերասան Սիրուն Զարդարեանը, քանդակագործուհի Այծեմնիկ Զարդարեանը, ինչպէս նաեւ Կարսի զաւակ, նկարիչ Յովհաննէս Զարդարեանը:

– Իշխանուհին թող ինծի ներէ, պէտք է մեկնիմ:

– Ո՛չ, ո՛չ, հայր սուրբ, մի՛ փախչիր: Եւ ի՞նչ օգուտ փախուստը. դուն քու հոգիէն չես կրնար փախչիլ:

«Զարդ»ը մեզի տուաւ նաեւ բարձրարուեստ բառ մը՝ «զարդաքանդակ»: Պատմութեան չափ հին են հայկական զարդաքանդակները՝ արտայայտուած «վիշապաքար» կոչուած քարակոթողներով: Հեթանոսական շրջանի զարդաքանդակի եզակի նմոյշ է Գառնիի տաճարը: Իսկ քրիստոնէութեան հետ խաչքարերու կերպարով կրկին մարմնացում գտաւ «զարդաքանդակ» բառը: Տեսնելու համար, թէ ան ի՛նչ ներշնչում տուաւ քանդակագործ հայ ճարտարապետին՝ հաճեցէք ճամբորդել Նորավանք, կանգ առնել Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ գաւիթին առջեւ, բարձրացնել ձեր աչքերը դէպի ճակատակալ քարերը ու դիտել Տիրամօր, Հայր Աստուծոյ, Ադամի եւ Քրիստոսի զարդաքանդակները, ինչպէս նաեւ գիրերուն միահիւսուած տերեւներու, խաղողի որթերու եւ ծաղիկներու «զարդանախշերը»:

Քրիստինան կը մօտենայ «վանահօր», ձեռքը կը դնէ անոր ուսին եւ կ՛ըսէ.

– Իմ կեանքիս գորշ երկինքին՝ դո՛ւն ես եղեր լոյսի աստղը. առանց այդ լոյսին, այդ մխիթարութեան, ես չեմ գիտեր՝ ինչո՛ւ պիտի ապրէի…

– Հերի՛ք է, հերի՛ք…

Մինչ տաղանդաւոր վարդապետները կը բարեզարդէին մեր քարէ երկիրը, գրիչները մագաղաթի վրայ կը ստեղծէին լուսանցազարդեր: Մեր ժամագիրքերը, մաշտոցները եւ ճաշոցները զարդարուած են ճոխ բուսազարդերով եւ կենդանազարդերով: Իսկ յոգնաջան տպագրիչներու շնորհիւ, «զարդ» բառը վայելչօրէն գրաշարուեցաւ գիրքերու վրայ, ինչպէս՝ «Առ Ձեռն Աշխարհագրութիւն. Շատ պատկերներով զարդարուած», «Պատմութիւն Արեւելեան Պատերազմին. Զարդարեալ այլեւայլ պատկերօք», «Կենդանաբանութիւն. Զարդարեալ 400 պատկերօք», «Նոր Հանքաբանութիւն. Զարդարեալ 131 պատկերով»: Անշուշտ պիտի յիշենք Զարդարեաններու մէկ հրատարակութիւնը. «Ընդարձակ Գրացանկ Պիմէն Զարդարեան Գրատան»՝ զարդարուած Գէորգ, Վահան եւ Պիմէն Զարդարեաններու լուսանկարներով:

– Ի՞նչ կ՛ուզես, կի՛ն, ի՞նչ կ՛ուզես դուն ինձմէ: Ամբողջ կեանքիս կէսը տառապանք տուիր ինծի, տառապանք ու դառնութիւն…

Վանահայրը արագ դուրս կ՛ելլէ, առանց նայելու իշխանուհիին: Իսկ Քրիստինան թուլցած՝ կ՛իյնայ աթոռին վրայ.

– Յովհաննէ՜ս, Յովհաննէ՜ս, հայր սուրբ:

Խաղը կ՛աւարտի: Կը խոնարհին ու հրաժեշտ կու տան պատանի դերակատարները: Հրաժեշտ տալու կը պատրաստուի նաեւ արեգակը: Անոր պայծառութեան փոխարէն, «երկնի զարդերը» պիտի լուսաւորեն մեր բեմը եւ անոր զարդարանքները: Իսկ «զարդ» բառը, կ՛երեւի մշտավառ է ան, պիտի շարունակէ զարդարել հայոց լեզուն եւ բնաշխարհը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles