Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Տերեւ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0903dadourianՄեր մշտադալար բառը…

– Հազուագիւտ անուն ունիս:

– Աշխարհի վրայ չորս հատ կայ: Մէկը ե՛ս եմ:

Զրուցակիցս Տերեւն է, վեց տարեկան աղջնակ մը, որ ծնողքին հետ եկած է իր եղբօր եւ անոր քսաներեք դասընկերներուն ամավերջի յայտագիրը դիտելու: Քնարերգական բանաստեղծութիւններու նուիրուած ընտանեկան երեկոյ մըն էր, զոր անուաներ ենք՝ «Պտոյտ մը հայկական քնարերգութեան մէջ»: Այս տարուան յայտագիրը կոչած ենք՝ «Մեր սիրոյ տերեւաթափը»: Աշակերտները պիտի նուագեն եւ պիտի արտասանեն: Ամանորեայ նուէր մը՝ ծնողներուն: Ներշնչումը եկած է Սուզաննա Պետրոսեանի «Տերեւաթափ» երգէն, որ մեղմիկ կը լսուի սրահին մէջ՝ ողջունելով հիւրերը: Աշակերտները յայտագիրին յարմար պատկեր մը ստեղծելու համար, բեմը զարդարած են աշնան տերեւներով:

– Տերե՛ւ, «տերեւ» բառը յայտագիրին մայր դերակատարն է: Անշուշտ կանաչ տերեւն է կենսունակը, բայց այսօր յաճախ պիտի լսես «աշնան» «դեղնած» ու «դալկած» տերեւներ: Նաեւ, տերեւ դարձած պիտի տեսնես երիտասարդ բանաստեղծ մը:

Մարեցան լոյսերը, Նանօրի մատներէն սկսան հոսելու Տիգրան Մանսուրեանի մեղեդիները, իսկ Նարեկը մեկնարկեց յայտագիրը՝ Տէրեանական պատառիկներ ներկայացնելով. «Տերեւները դեղին, պատեցին իմ ուղին», «Տերեւները հողմավար… Արցունքները քո գոհար»… Նարեկը յուզիչ գտած է Տէրեանի երաժշտականութիւնը եւ անոր ստեղծած գրական պատկերները: Ահա թէ ինչո՛ւ փափաքած է այս գործերը արտասանել:

«Տերեւ» բառը չէ ծնած հայկական հողին վրայ: Ըստ լեզուաբաններու՝ անիկա ունի ասորական արմատներ: Ե. դարուն, նախ 25 «տերեւ»ներ յայտնուեցան Աստուածաշունչին մէջ: Հոն տեսանք նաեւ «տերեւաթափ», «տերեւալից» եւ «տերեւախիտ» բառերը: Աւելին՝ Յայտնութեան գիրքին մէջ հարստացաւ կեանքի ծառի գաղափարը, ուր «… ծառի տերեւը բուժման համար էր»: Ապա, անիկա եղանակ առ եղանակ աճեցաւ ու դարձաւ բազմաթերթ: Այս բառը՝ նուրբ եւ արծաթափայլ, մեզի տուաւ բանաստեղծական շունչ ունեցող կայծկլտուն բառերու փունջ մը. տերեւաբեր, տերեւաբուղխ, տերեւազարդ, տերեւաթափ, տերեւալից, տերեւախիտ, մշտատերեւ, նշատերեւ, դեղնատերեւ… Իսկ 13րդ կամ 14րդ դարու անյայտ տաղասաց մը «տերեւ»ին մէջ տեսաւ մարգարէներ.

«Ծաղկեցաւ ծառն կենաց…

Տերեւն ամէն արփիափայլ՝

Սուրբ մարգարէքն էր»:

Մեր մայրենին զարդարուեցաւ նաեւ պատկերալից արտայայտութիւններով. «աշնան տերեւ», «տերեւ ծաղկանց», «տատանիլ որպէս զտերեւ», «տերեւ չանկանի թէ Աստուած չկամի», «տերեւի պէս դողալ»…։

1223derevԱրինը, Վահէն եւ Լորենին նախընտրած են Սահեան, Վարուժան եւ Մեծարենց արտասանել: (Փոքրիկ Սահեան մը, ըսած էր Լորենին մէկ անգամ, իր սնարին մօտ պահած է): Նանօրը կը սկսի նուագելու Պապաճանեանի «Էլէկիա»ն ու մեր ականջներուն մէջ կը շշնջան տխրաշունչ տողիկներու շարան մը. «Քամու համբոյրից դողաց մի տերեւ», «Երկու տերեւ մոլոր… ուղիներում ոլոր», «Կուսագեղ գըլուխիդ վրայ կ՛արտասուէ տերեւաթափ վարդենիս», «Աշնան թախծալի երգով օրօրուած, հողմը փռում է տերեւներ դեղին», «Տերեւի տեսիլն աղփուն»…։

«Տերեւ»ը սիրեց մեր երկիրը, ընտելացաւ եւ տեղայնացաւ: Հայոց գաւառներու եւ բարբառներու մէջ առաւ իւրայատուկ տեսք… Զէյթունի մէջ «դիյիվներ» ինկան ծառերէն, Մուսա լեռ աշուն եկաւ եւ գիւղամիջի սօսիի «դիրիվները» կարմրեցան, Ագուլիսն ու Թիֆլիսը ամէն գարուն պճնեցան «հազարատիրիվ» ծառերով, Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ եւ Գորիսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու գմբէթներուն տակ խշշացին «տիրէվներ», Ռոտոստոյի կամ Խարբերդի մէջ երազկոտ օրիորդիկ մը իր օրատետրին մէջ «դէրէվ» մը պահեց՝ իբրեւ յիշատակ, իսկ ամէն գարուն Ջուղայի այգիները ծածկուեցան «տիրեվներով»: Ի՛նչ փոյթ, թէ ան օրօրուէր է սօսիներու, բարտիներու կամ ուռիներու վրայ: Այս բառը, պարզ եւ դիւրաբեկ, երբեմն՝ ոտնահար, թարգմանը եղաւ մեր ամենախոր զգացումներուն: Սրտաբեկ աշուղներ անոր դալուկ թերթերուն դարձան ու տեսան «մենութիւն», «բաժանում», «հեռացում», «կանխահաս մահ»: Նոյն տերեւը մեր հին հաւատքի հին դարերուն դարձաւ սօսափիւն ու մեր պապերուն փսփսաց ապագան:

Շանթը հիացած է Նահապետ Քուչակի սիրային «հայրեն»ներուն՝ անոնց անմիջական արտայայտութիւններուն վրայ: Ան բեմ կ՛ելլէ Նայիրիին հետ: Աղջնակը բռնած է մետաքսեայ կարմրաւուն հովանի մը ու բեմին վրայ կը ճեմէ՝ տղուն աչքերը օծելով.

«Աչերդ է ծովէն առած,

եւ ուներդ է ի թուխ ամպէն.

Այդ քո պատկերքդ սուրաթըդ

ի վարդին կարմիր տերեւէն»:

«Տերեւ» բառը, կենսուրախ եւ մշտադալար, սիրեց ճիւղաւորուիլ: Անոր շառաւիղները դալարագեղ պուրակ մը կազմեցին. տերեւազգեստ, տերեւաթեւ, տերեւածածկ, տերեւակերպ, տերեւակոյտ, տերեւահիւս, տերեւաշատ, տերեւաշարժ, տերեւաշուք, բոցատերեւ ոսկետերեւ, տերեւիկ…

– Ասիկա իմ անո՛ւնս է՝ փաղաքշական, մայրս ինծի «Տերեւիկ» կ՛ըսէ:

– Կար տղայ մը, Պետրոս, քեզմէ քիչ մը աւելի մեծ: Ինքն ալ հաւատաց, թէ տեւեւ մըն էր: Լսէ՛, եղբայրդ է որ պիտի արտասանէ…

«Հառաչ մ՛եմ հեծող նոճերու մէջ սեւ,

Թափելու մօտ չոր աշնան մէկ տերեւ…»։

Իր աւարտին կը հասնի «Պտոյտ մը հայկական քնարերգութեան մէջ» ամէնամեայ յայտագիրը: Սրտի խօսք մը պիտի եզրափակէ երեկոն: Յարմար տեսած ենք Ստեփան Զօրեանի միտքերը: Աշակերտները բեմ կը վերադառնան ու միաշունչ կը հնչեն.

«… Իր մայրենի լեզուն վատ իմացողը կէ՛ս մարդ է, չիմացողը՝ թշուառ, ծառից ընկած մի տերեւ, որ տարւում է ամէն մի պատահական քամուց»:

– Տերե՛ւ, երբ մեծնաս՝ ծառ պիտի դառնա՞ս:

– Ես կ՛ուզեմ մշտադալար մնալ:

Հրաժեշտի մեղեդին դարձեա՛լ «Տերեւաթափ»ն է.

«Իմ պատուհանից այն կողմն է տերեւաթափ,

Մի աշուն, մի տխուր տերեւաթափ»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles