Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Արաս»էն Նոր Գիրք

$
0
0

0105zavenbiberianԶաւէն Պիպեռեան, որ ծանօթ է իր վէպերով, այժմ կը ներկայանայ իր պատմուածքներով: Գրական գոհարներ՝ իրաւ արձակագիրէ մը…

Ցարդ ծանօթ էինք Զաւէն Պիպեռեանի վէպերուն, որոնք հրատարակուած են ու պիտի հրատարակուին հրատարակչատանս կողմէ: Պոլսահայ գրականութեան ամենակարեւոր ներկայացուցիչներէն մին հանդիսացող հեղինակը այս անգամ ընթերցասէրներուն կը ներկայանայ իր պատմուածքներով, որոնք ամփոփուած են «Ծովը» հատորին մէջ:

Ինչպէս վէպերուն, նոյնպէս պատմուածքներուն մէջ Զաւէն Պիպեռեան կը ներկայացնէ իր լեզուին ու գրիչին տաղանդը՝ պեղելով մարդկային հոգիի տարբեր վիճակներ, տարբեր քաղաքներու, շրջանակներու ու հասարակութիւններու մէջ: Իր դուստրը իբրեւ կին անիշխանականի մը յանձնել չփափաքող հօր մը երգիծական վիճակները տեսնելու համար պահ մը Պուլկարիա այցելելէ ետք՝ կը վկայենք մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը աշխատող պէյրութցի գանձախոյզներու յոյսերը: Կը տեսնենք Վահրիճը, որ դերասան դառնալու երազանքը իր յառաջացեալ տարիքին կ՛ապրի գաղտնաբա՛ր, կը տխրինք տեսնելով Պուրունսուզ Քատրիէի առանձնութիւնը, կը ցաւակցինք այն բանտարկեալին, որ կը հաւատայ, թէ իր մահավճիռը պիտի ջնջուի, ինչպէս նաեւ կ՛ապրինք մահուան դիմաց անզօր մնացած բանտընկերոջ դառնութիւնը, որ չի գիտեր ինչպէ՛ս հաղորդել իրականութիւնը: Կը հետեւինք այն սիրահարին, որ ծեր մարդու մը հարս տրուած իր պարմանուհի սիրուհին կ՛առեւանգէ Զիկանայի լեռնանցքով, իսկ Մեծ կղզիին մէջ կը տեսնենք արբունքի տարիքի խենթութիւնները ապրող Պեպան, որ հաց գնելու համար տունէն կ՛ելլէ, սակայն ամբողջ օրը կ՛անցընէ իր ընկերուհիին հետ:

«Պիպեռեանական պատմուածքի յատկանիշները… Պատումի ուրոյն թեքնիք՝ պրկութեամբ, երկխօսութիւններու բնականութեամբ եւ դիպուկութեամբ, կերպարներու վարմունքի ու կացութիւններու նկարման կենդանութեամբ, ուրկէ եւ՝ անկրկնելի բեմականութիւն մը, թատերականութիւն մը…», ինչպէս կը գրէ սփիւռքահայ գրագէտ Յարութիւն Քիւրքճեան, այս հրատարակութեան համար յատկապէս իր գրի առած վերջաբանին մէջ:

Պիպեռեան, որ իր վէպերով կը ներկայացնէ ներընտանեկան լռին լարուածութիւններն ու մարդկային յարաբերութիւններու մէջ առկայ բարդութիւնները, պատմուածքներուն մէջ մարդիկը կը կերպարէ կեանքին դիմաց ակամայ գլուխ ծռելու դիրքով:

«Ծովը» առիթ կու տայ ընթերցողին աւելի մօտէն ծանօթանալու արձակագիր Պիպեռեանին, միաժամանակ՝ ապրելու կեանքի այն վիճակները, զորս կը ներկայացնէ հեղինակը:

 

ՀԵՂԻՆԱԿԻ ՄԱՍԻՆ

 

0105zavenbiberian1 Զաւէն Պիպեռեան ծնած է 1921ին, Պոլսոյ Չենկելգիւղ թաղը: Յաճախած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան, Տիպար Կրթարան (Սուլթանեան) եւ Սեն Ժոզէֆ վարժարանները, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Առեւտրական գիտութեանց ակադեմիայէն: Աշխատակցած է պոլսահայ ու սփիւռքահայ մամուլին: Քաղաքական ճնշումներու իբրեւ հետեւանք, 1949էն մինչեւ 1953 թուական բնակութիւն հաստատած է Պէյրութի մէջ:

Գրականութեան առընթեր, սիրողաբար հեղինակած է գեղանկարներ, արձանիկներ, եւ շինած է խաղալիքներ. ան եղած է Բանուորական կուսակցութեան աշխոյժ մէկ անդամը: Մեծ կղզիի հանդէպ ունեցած է պաշտամունքի հասնող սէր։ Մահացած է 4 Հոկտեմբեր 1984ին, Պոլիս:

Զաւէն Պիպեռեանի հայերէնով հրատարակած հեղինակային գիրքերն են՝ «Լկրտածը» (վէպ, 1959), «Ծովը» (պատմուածքներ, 1961), «Անկուտի Սիրահարներ» (վէպ, 1962) եւ «Մրջիւններու Վերջալոյսը» (վէպ, 1984, իսկ ամբողջական գոր-ծերու հրատարակութիւնը՝ 2007):

«Մրջիւններու Վերջալոյսը», որուն թրքերէն թարգմանութիւնը նաեւ հրատարակուած է «Արաս» հրատարակչատան կողմէ՝ «Հայրս Աշքալէ Չգնաց» խորագիրով, դարձած է հայ գրականութեամբ զբաղող մասնագէտներու ուսումնասիրութեան առարկայ:

 

«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles