Յայտնի դաշնակահար եւ երգահան Տիգրան Համասեան կը յաւակնի հեղինակաւոր 2018ի «Էքօ Ժեզ Ըուորտ» (ECHO Jazz Awards) մրցանակին, զոր սահմանած է Գերմանիոյ ձայնագրման ակադեմիան:
«Փանարմինիըն»ը՝ վկայակոչելով «Նանսաչ Ռեքորտզ» (Nonesuch Records)ը, կը հաղորդէ, թէ Համասեան առաջադրուած է «Փիանօ Ինթըրնեշընըլ» (Piano International) անուանակարգին մէջ «Էն Էնշընթ Ապզըրվըր» (An Ancient Observer) ալպոմին համար: Ալպոմին մէջ կան 10 նոր ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ 2ը հիմնուած են հայկական մեղեդիներու վրայ:
Դաշնակահարին այդ ալպոմը երաժիշտին մտորումներ են շրջապատող աշխարհի, ընթացիկ իրադարձութիւններու եւ խորքային պատմական կապերու մասին:
Յաղթողը յայտնի պիտի դառնայ 12 Մարտին, իսկ հանդիսաւոր մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 31 Մայիսին, Համպուրկի մէջ:
2016ին Համասեան արժանացած էր 2016ի «Էքօ Ժեզ Ըուորտ» մրցանակին՝ «Տարուան միջազգային նուագածու» (դաշնամուր) անուանակարգին մէջ «Մաքրութ» (Mockroot) ալպոմին համար:
Գերմանական «Տէօչը Ֆոնօ» (Deutsche Phono) ձայնագրութեան ակադեմիոյ սահմանած «Էքօ Ժեզ Ըուորտ»ը տեղի կ՛ունենայ 1992էն ի վեր, ամէն տարի: