ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Զգործս ձեռաց մերոց ուղիղ արա ի մեզ, Տէ՜ր,
Եւ զգործս ձեռաց մերոց յաջողեա՜ զմեզ:
«Ձեռն», կամ «ձեռք»՝ ինչպէս որ կը նախընտրէք: Մեր լեզուի ամէնէն ձեռներէց եւ ձեռնհաս բառերէն մէկը: Բառ մը, որ, ինչպէս ժողովրդական առածը կ՛ըսէ՝ «Տասը մատին վրայ տասը ձիրք ունի», կամ՝ «Տասը մատից տասը հունար է կաթում»: Այսօր մեր ձեռքէն եկածը պիտի ընենք՝ այս տաղանդաշատ բառին պատմութիւնը բացայայտելու համար: Բայց, յարգելի ընթերցող, ձեզի կ՛առաջարկեմ նախ ճամբորդել Հախպատ, Հիւսիսային Հայաստանի Լոռի մարզի այդ հրաշագեղ վանական համալիրը, որ Խոսրովանոյշ թագուհիի նախաձեռնութիւնն էր եւ ըստ աւանդութեան՝ Տրդատ ճարտարապետի ձեռակերտը: Մուտքին, զբօսաշրջիկներու համար բացուած կ՛ըլլան սեղանիկներ: Գիւղի տիկիններ են, որոնք ձեռագործ հիւսուածեղէններ կը վաճառեն: Հիացէք այդ գոյնզգոյն ձեռնոցներուն եւ անձեռոցներուն վրայ: Բոլորն ալ աչքառու են թէեւ, վերադառնալու խոստումով հրաժեշտ տուէք, որովհետեւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ գաւիթէն ներս ձեզի կը սպասէ գրաւիչ պատմութիւն մը:
Ծաւալուն է գաւիթը եւ ակնառու: Հարուստ է նաեւ վիմագրութիւններով: Հոն անմիջապէս կը զգանք աշխարհիկ կեանքէն ձեռք քաշած վանականի մը ներկայութիւնը: Տէր Ստեփանոսն է ան, աւազանի անունով՝ Արութին, իսկ Թիֆլիսի աշուղական շրջանակներէն ներս եւ մանաւանդ Թէյմուրազ թագաւորի ու արքայազն Հերակլի պալատներէն ներս՝ յայտնի որպէս Սայաթ Նովա: Անոր կերպարը մտաբերենք. մէկ ձեռքին բռնած քամանչա, իսկ միւսին՝ Աստուածաշունչ: Մէկը կեանքի առաջին կէսն է, միւսը՝ երկրորդ կէսը: Եւ այդ պատկերը մեզ պիտի առաջնորդէ «ձեռք» բառի պատմութեան ուղիներուն վրայ. ձեռքը՝ հոգեւոր, եւ ձեռքը՝ աշխարհիկ:
«Ձեռք» բառը, հայկական գրական լեզուին մէջ ծնունդ առնելու համար, պէտք ունէր ստեղծագործ զոյգ մը ձեռքի՝ Մեսրոպ Մաշտոցի ձեռքերուն: Ըստ Մովսէս Խորենացիի՝ Մեսրոպ Մաշտոցին երեւցաւ աջ ձեռքի մը թաթը, որ կը գրէր քարի վրայ: Այդ գիւտով հայը սկսաւ արտայայտելու իր շնորհները: Առաջինը եղաւ ի՛նք՝ Մեսրոպ Մաշտոցը, ու ձեռքերը երկարելով աղօթեց. «Աստուած… Դու նաւապետ լե՛ր եւ ինձ ձեռնտու»: Հայու յաջորդ գործը եղաւ ստեղծել ձեռագիրներ: Որքա՜ն համեստ էին այդ ձեռքերը, որոնք տիւ ու գիշեր խուցերու մէջ ստեղծեցին մագաղաթեայ սրբութիւններ: 13րդ դարու գրիչ մը ձգած է հետեւեալ յիշատակարանը. «Ձեռս մաշի, դառնայ ի հող, Գիրս մնայ յիշատակող»: 1225 թուականի ձեռագիրի մը յիշատակարանը կ՛ըսէ. «Մասունքն հողանայ, ձեռս երթայ, գիրս մնայ»: Իսկ նոյն թուականներու մէկ այլ վանականի մը՝ Խաչատուր Կեչառեցիի ձեռքերը գեղագրեցին. «Մին ձեռօք յերկինս լաւ է, քան երկու ձեռօք դեգերել»:
Յարգելի՛ ընթերցող, «ձեռք» բառի ստուգաբանութենէն առաջ, նկատեցի՞ք, թէ յիշեցինք հոգեւոր տողիկներ: Որովհետեւ հայու մտածողութեան մէջ ձեռքը սրբութի՛ւն է: Այդ միավանկին մէջ ազգը տեսեր է Արարիչը եւ անձնուրաց սէրը: Յիշել կ՛արժէ նաեւ, թէ Աստուածաշունչի էջերէն ներս «ձեռք» բառը տեղ գտած է 2277 անգամ: Անոր ընկերակցած են նաեւ «ձեռն» արմատով 21 բառ, ինչպէս՝ ձեռագէտ, ձեռագիր, ձեռագործ, ձեռակապ, ձեռակերտ, ձեռատունկ, ձեռնաձիգ, ձեռնամուխ, ձեռնարկել, ձեռնբեկ, ձերբակալ եւ այլն: Բոլորն ալ ցոյց կու տան, թէ բառը արդէն Ե. դարուն ձեռնհաս էր եւ ձեռներէց:
Գաւիթէն ներս, մոյթերու ետին՝ կարելի է պատկերել երիտասարդ Սայաթ Նովայի ստուերը: Սիրահար մըն է, որ կը խօսի իր ձեռքերով. «Ձեռիտ դաստա կապած սուսանբար ունիս», «Լիզուտ գրիչ ունիս, ձեռտ՝ գուլգազ (վարդանման կարմիր) թուխտ», «Առանց քիզ ի՞նչ կ՛օնիմ սոյբաթն ու սազն, ձեռնէմէս վիր կոծիմ չանգիրն մէմէկ», «Ձեռիտ ունիս թաս, լցնիս ու ինձ տաս», «Մի՛ գձի ձեռնէմէն ձեռն՝ օսկէ թաս իմ, Սայաթ Նովա», «Օխտն տարի էլ ման գու քամ սազն ձեռիս Ղարիբի պէս»: Իսկ, մեռնիլ եարի ձեռքո՞վ… Հաճելի ըլլալ կ՛երեւի: Այս ենթադրութիւնը կու գայ հետեւեալ տողիկէն. «Ղաբուլ (համաձայն) ունէ Սայաթ Նովէն՝ թաք (միայն) քու ձեռով դուն սպանիս»:
Գրաբարեան «ձեռն» գոյականը ճկուն էր: Բարդութիւններու մէջ ունեցաւ հինգ երեւոյթ. «ձեռն…», «ձեռնա…», «ձեռա…», «ձեռ…» եւ «ձերբ…»: Այս ձեռնտուութեան շնորհիւ ծնունդ առին երկուհարիւրի չափ գործունեայ բառեր: Ճիշդ է, որ առձեռն բառարան մը միայն կարենար բոլորը ընդունիլ, բայց մենք բաւարարուինք քանի մը պատկերալից օրինակներով. բազմաձեռն, դժուարաձեռն, դժոխաձեռն, դիւրաձեռն, երկայնաձեռն, ինքնաձեռնադրեալ, վեցձեռնի, հարիւրաձեռանի, յոգնաձեռնութիւն, պակասաձեռն, սակաւաձեռն, սկզբնաձեռն…։ Իսկ այժմ ձեզի կը ներկայացնենք հայոց լեզուի ամենաերկար «ձեռք»ը՝ «առձեռնպատրաստագոյն»:
Վանքը ունի ձեռագրատուն: Անոր յատակը կան գուբեր, որոնք փորուած են թշնամական ասպատակութիւններու ժամանակ ձեռագիր մատեանները պահելու համար: 11րդ դարուն հիմնուած գրադարանը, պատմութիւնը կը յիշէ, թէ իր ժամանակաշրջանի ամենահարո՛ւստն էր: Կասկած չունինք, թէ այդ ձեռագիրներէն մէկը շարակնոց մըն էր: Անոր հոգեգրաւ մեղեդիներուն ընդմէջէն «ձեռք» բառը Ս. Նշանի գմբէթին տակ դարեր շարունակ արձագանգեց. «Ձեռք քո արարին եւ ստեղծին զիս ի հողոյ», «Հայեա, Տէ՛ր, ի ծառայս Քո եւ ի գործս ձեռաց Քոց», «Ի գիշերի համբարձէ՛ք զձեռս ձեր ի սրբութիւն», «Յարարածս ձեռաց Քոց խորհեցայ եւ համբարձի առ Քեզ զձեռս իմ»:
«Ձեռք» բառը բնիկ հայկական է: Հակառակը մտածել անհեթեթ պիտի ըլլար ժողովուրդի մը համար, որ իր բոլոր ձեռքբերումները սեփական ձեռքով կերտած է: Բառը համեմատելի է յունական «հիր», «հերսի» ու լատիներէն «հիր» նոյնիմաստ բառերուն հետ: Լեզուաբաններ եկած են այն եզրակացութեան, թէ բոլորին արմատներն են «g՛her» եւ «g՛hers» բառերը, որոնք բուն կը նշանակեն՝ «բռնել»:
Յարգելի՛ ընթերցող, գալ շաբաթ պիտի տեսնենք, թէ մեր «ձեռք»ը քնարական ներշնչում պիտի տայ Խորենացիին եւ Նարեկացիին, Սիամանթոյին եւ Շիրազին: Ան նաեւ պիտի դառնայ հարիւրաւոր դարձուածքներու եւ առածներու առատաձեռն շտեմարան: Իսկ Սայաթ Նովա՞ն… Ան 1759 թուականին պիտի ձեռնադրուի քահանայ, իր ձեռքէն վար պիտի իջնէ քամանչան, ապա պիտի դառնայ վանական ու իր խուցին մէջ պիտի երգէ նոր տեսակի երգեր: