ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ղարաբաղը…
Չեղա՞ւ այսօր, կ՛ըլլայ վա՛ղը,
Նոյնիսկ եթէ վաղուա՛ն վաղը:
Կ՛ըլլայ սակայն
Մերինը՝ ան,
Հոգ չէ՛ վաղը
Վաղուա՛ն վաղը:
Մենք չտեսա՞նք…
Բայց կը տեսնէ մեր ժառանգը,
Օր մը, վա՛ղը,
Ո՛րչափ ալ ուշ՝ վաղուան վաղը:
Ղարաբաղը…
Չեղա՞ւ այսօր – ան վերջը չէ,
Միշտ կայ վա՛ղը:
Երբեք ուշ չէ,
Քանի՛ յոյս կայ ու կայ հաւատք.
– Յոյսը ոյժ է,
Ուժեղ հաւատքն ալ՝ յաղթանակ:
Ու Ղարաբաղն՝
Հայաստանի այս որբ բաղը,
Օ՜, կը դառնայ հարկաւ վաղը
Երեւանի մէկ նո՛ր թաղը՝
Մե՛ր Արցախը…
* * *
Արցա՛խ, երէկ, մե՛րն ես եղել օրօրոցէդ պապենական,
Այսօ՛ր ալ մե՛րը կը մնաս միշտ,
Վա՛ղն ալ նո՛յնն ես՝ մե՛րը յաւիտեան,
– Որովհետեւ,- պարզ չէ՞,- հա՛յ հող ես դուն, հա՛յ:
Փետրուար 1988