Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Պտղատու Ծաղիկներն Ու Սովորականները 

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

ChurchԲնութեան հանդէպ սէր ունեցողներ կ՛արբենան աճեցուած պարտէզներու մէջ գարնան ծաղիկ բացած ծառերու զգլխիչ բոյրով: Ծառերու փթթումի եւ ծաղկազարդման ժամանակաշրջանը, մթնոլորտին մէջ տարածած բոյրէն բացի, նաեւ գեղեցիկ տեսարանով կը ներկայանայ աչքին մարդկութեան, որ ձմրան ցուրտէն ետք, դաշտերուն եւ այգիներուն մէջ կը վայելէ գարնան պայծառ օդն ու արեւը:

Գաղտնիք չէ՛ սակայն համայն մարդկութեան համար, որ բոլոր ծառերուն բոլոր ծաղիկները պտուղ չեն տար: Ուրեմն, ծառին ծաղկիլը պայման մը չէ՛ անոր պտղատու ծառ ըլլալուն, իսկ միւս կողմէ, պտղատու ծառի մը վրայ բացուած բոլոր ծաղիկներն ալ անպայման պտուղ տուող չեն ըլլար: Անոնցմէ ոմանք հրապուրելով իրենց քովէն անցնող մարդը, կը գայթակղեցնեն զայն, եւ յանկարծ փրցուելով իրենց ճիւղէն, մարդուն ռունգերուն մօտ կը յայտնուին, նեկտարին բոյրը հոտուըտացնելու համար: Ուրիշներ յանկարծ զոհ կը դառնան քամիի, որ փչելով կու գայ ու կը տարտղնէ զիրենք աջ ու ձախ: Աւելի դժբախտներ՝ կարկտահար կը դառնան, Մարտ ամսուն յանկարծ տեղացած կարկուտէն, որ նոյնիսկ ծառին տարեկան ամլութեան պատճառ կը հանդիսանայ: Չմոռնանք նաեւ այն ծաղիկները, որոնք ճճիապատուելով՝ շնչահեղձ կը դառնան կամ այն ճիւղին վրայ որ աճած էին, պարտիզպանին սուր մկրատով կը հատուին ու գետին կը նետուին:

Ահա ծաղիկներու ճակատագիրը: Մարդոց համար նախասահմանուած ճակատագիրին չենք հաւատար մենք իբրեւ քրիստոնեաներ, որովհետեւ մեր հաւատքին համաձայն, կեանքի ամբողջ տեւողութիւնը ունինք մեր ընթացքը փոխելու, մեղքի ու զեխութեան քղամիդը հանելով, սրբութեան ու մաքրութեան մեր նախկին պատմուճանը հագնելու: Որովհետեւ մեր դարձին հետեւող ունինք՝ Քրիստոս, որ համբերութեամբ իր աչքերը յառած կը պահէ մեր վերադարձի ճանապարհին վրայ:

Բնութիւնը ինքզինք պիտի իրագործէ: Անիկա գարնան, ամրան, աշնան ու ձմրան եղանակներու շրջագիծէն դուրս չի՛ կրնար գալ: Այսինքն, տարուան եղանակներուն մաս կը կազմեն տօթն ու ցուրտը, հովն ու փոթորիկը, գաղջ ու հաճելի օդն ու ծամեր գգուող զեփիւռը: Սակայն, յատկապէս պտղատու ծառերու ծաղիկներու թափուելուն առաջքը կարելի է առնել, յատկապէս նորօրեայ գիւղատնտեսական միջոցներով: Մինչեւ իսկ ամպերը ցրուելու պայթուցիկ նիւթերով կարկտաբեր երկինքը կը պայծառացնեն այսօր մարդիկ, հեռացնելով մութ ամպերը իրենց դաշտերուն վրայէն: Միւս կողմէ, իրենց պարտէզներն ու այգիները կը ծածկեն հակակարկտային մաղերով, անոնց տակ հանգիստ աճեցնելով ծառերը, միաժամանակ պաշտպանելով զանոնք միջատներու անզսպելի յարձակումներէն:

Պտղատու ծառերու հանդէպ խնամքի այսքան մանրամասն նկարագրութիւնը կարդալէ ետք, ծիծաղելի չի՞ թուիր արդեօք, երբ տեսնենք քաղաքապետարանի բանուորներ, որոնք փողոցները զարդարող եւ գարնան եղանակին ծաղկած սովորական ծառերուն նկատմամբ ալ նոյն հոգատար վերաբերումը կը ցուցաբերեն…։ Անոնց ծաղիկներուն պտղաբերութի՞ւն կը յուսան պարգեւել արդեօք իրենց այդ արարքով, թէ կը փորձեն հոգածու երեւիլ բնութիւնը սիրող մարդոց աչքին:

Հակառակ չենք բնապաշտպան այն կազմակերպութիւններուն եւ անձերուն, որոնք բնութեան մէջ գտնուող իւրաքանչիւր բոյսին արժէք կու տան, ու զայն պահպանելու ամէն միջոց ձեռք կ՛առնեն: Նոյնքան գնահատելի են քաղաքակիրթ երկիրներու բծախնդիր քաղաքապետարանները, որոնք ամէնէն աննշան փողոցներուն մէջ իսկ աճած ծառերուն վրայ տուեալ քաղաքի քաղաքապետարանի կնիքն ու տուեալ ծառի թուահամարը կը դնեն, զգուշացնելով բոլոր քաղաքացիները կամ անցորդները, վնասելէ բուսականութեան: Ուրեմն, փողոցի այդ ծառերն իսկ անպաշտպան չեն, այլ ունին տէր, որպէսզի բնութիւնը պահպանուի՝ մարդո՛ւն համար: Քաղաքակիրթ երկիրներու պետութիւններ նոյնիսկ իրենց լեռները պատող կամ խիտ անտառներու մէջ թաքնուած իւրաքանչիւր ծառին վնասողներուն նկատմամբ խիստ պատիժներ սահմանած են, կենսոլորտային մաքրութեան եւ բնութեան պաշտպան հանդիսանալով:

Մարդկային ընկերութիւնը եւս վերոյիշեալ բնապատկերին նման բաժանելի է երկու խումբերու՝ «պտղատու ծառերու ծաղիկներ» եւ «սովորական ծառերու ծաղիկներ»: Ինչպէս տեսանք, մարդիկ վերահսկողն են այս զոյգ խումբերուն: Այսինքն, անտէր ծառեր չկան, ինչպէս կը պատկերացնենք, թէ այդպիսիներ կրնան ըլլալ բնութեան մէջ: Ուրեմն, պատահականօրէն ծառ հատելն ու օգտագործելը՝ բացայայտ ոճիր է աստուածաստեղծ բնութեան դէմ: Նոյնն է մարդկութեան պարագային: Բայց վա՜յ այն պարտիզպանին, որ այս երկու ծառերուն տարբերութիւնը չի՛ գիտեր…։ Այգիէն դուրս պէտք է վտարել զայն, որովհետեւ պտղատու ծառի ծաղիկին ու սովորական ծառի ծաղիկին միջեւ եղած տարբերութենէն լուր չունի: Եթէ լուր չունի գիտակցաբար, հապա ինչո՞ւ այսքան տարի ուսանեցաւ այս բնագաւառին մասնագիտանալու համար, կամ ինչո՞ւ այսքան կը վստահինք իրեն մեր պարտէզն ու այգին, իր բոլոր տունկերով եւ ամբողջ բուսականութեամբ:

Պտղատու ծառը, յատկապէս իր ծաղկած ատեն հաճոյք կը պատճառէ մեզի, ճիշդ է: Սակայն, պարտիզպանին երբեք չի՛ վայելեր գինովնալ այդ ծաղիկներու բոյրով: Բոյրը կրնայ խաբկանք ըլլալ եւ հաւանաբար պտուղ չտայ այն: Իր մասնագիտութեամբ, պարտիզպանը պէ՛տք է իմանայ թէ ծաղիկներէն որո՛նք յուսալի արդիւնքի պիտի հասցնեն ծառը, այսինքն պտղաբերութեան փառքով պիտի պսակեն անոր ինքնասէր ճակատը: Փորձառու պարտիզպանը մէկ հայեացքով կրնա՛յ որոշել արդիւնքը, առանց կանխագուշակութիւններու կամ սին հմայութիւններու:

Պարտիզպանին պարտականութիւնն է զգուշանալ ծառի ծաղիկներուն հասնելիք վնասներէն, եւ միաժամանակ զգուշացնել այգիին տիրոջ, ծառերուն ընդհանուր որպիսութեան մասին: Որովհետեւ ճիւղերուն չորնալէն ետք ի՞նչ իմաստ ունի պարարտացուցիչներու յաւելումը անոնց արմատներուն, կամ յատուկ դեղերու սրսկումը ծառերու ճիւղերուն ու ծաղիկներուն վրայ: Ընդհակառակը, անոնք կրնան նոյնիսկ վնասել ծառին ընդհանուր առողջութեան, կամ ամբողջութեամբ չորցնել զայն արմատէն…։

Յետո՞յ…

Չորցած ծառերով այգին ո՞վ կը գնէ, կամ նման պարտէզ ունեցողը ի՞նչ երեսով պիտի նայի դրացի այգիին տիրոջ…։ Պարզապէս անիկա պիտի խուսափի առերեսուելէ անոր հետ, ամօթին պատճառած կարմրութենէն յոյժ այրուելով:

Պտղատու ծաղիկներով գեղեցկացած ծառերը յատուկ խնամքի կարիք ունին: Չի՛ բաւեր միայն հիանալ անոնց գեղեցկութեամբ, ո՛չ ալ անոնց հետ լուսանկարուելով եւ ընկերային ցանցերու վրայ դնելով գնահատել անոնց սիրուն տեսքը: Ատիկա նոյնիսկ անձնասիրութիւն պիտի անուանենք մենք, որովհետեւ ծառին շահագործումէն բացի ո՛չ մէկ դրական քայլ կ՛երեւի մեր այդ արարքին մէջ:

Գնահատէ՛ պտղատու ծառին ծաղիկը, ու անիկա աւելի՛ քաղցր պիտի բուրէ: Խնամէ՛ պտղատու ծառին ծաղիկը, ու անիկա իր բոյրը այգիիդ սահմաններէն անդին պիտի տարածէ: Ճի՛շդ ժամանակին հասիր պտղատու ծառին հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւններուդ իբրեւ պարտիզպան, ու անոր տուած պտուղներու արդիւնքը հպարտութիւն պիտի պատճառէ քեզի, ամբողջ պարտէզիդ փառքը պատմելով աշխարհին, հոգածութեանդ յանձնուած այգիին համբաւը երկրէ երկիր տարածելով: Եթէ պատահաբար հանդիպինք գետին թափուած ծաղիկներու, կրնա՞նք իրարմէ զանազանել արդեօք պտղատու ծառին ծաղիկն ու սովորական ծառին ծաղիկը: Փորձը ցոյց տուած է այս հարցումին ժխտական պատասխանը…։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles