ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
– Անունը ի՞նչ պիտի դնենք:
– Վէ՛մ:
– Քա՞ր:
– Աւելի՛ մեծ: Միակտուր ապառաժ, ժայռի պէս, ամուր, պինդ, հաստատուն:
– Վէ՛մ… Բարի՛ կու գաս աշխարհ: Բախտաւոր կեանք ունենաս եւ դիմացկուն նկարագիր:
Իսկ ամուսինը, հայրացած պարոն մը հիմա, համբոյր մը կը դրոշմէ իր հարսի շիկացած այտին ու պորտին, եւ կը շշնջայ. «Քեզ կը սիրեմ»:
Image may be NSFW.
Clik here to view. Այսպէս է, որ մեր նախկին աշակերտուհին (զոր կը յիշեմ իբրեւ փայլուն, ազնուահոգի, թարմամիտ, ինքնատիպ եւ լուրջ) եւ իր ամուսինը որոշեր են իրենց մանկիկը անուանել՝ Վէմ: Նորարարական քայլ մը, նկատի ունենալով, որ իրենց ընտանիքներուն մէջ առհասարակ հօր կամ մեծ հօր անունով կ՛անուանուին նորածին տղաքը:
– Պարո՛ն, աղուոր անուն է, չէ՞: Հայկակա՛ն:
– Այդպէս է եւ շատ արդիական: Կը շնորհաւորե՛մ: Բայց, օրիորդի՛կ, (հին սովորութեամբ՝ ակամայ զինք «օրիորդիկ» կոչել կը շարունակեմ, գիտնալով հանդերձ, թէ ան կը պատրաստուի մայրանալու) պէտք է յիշել, որ «վէմ» բառը այնքան ալ նոր չէ մեզի համար. դարերու խորութեան մէջ հայկական ստեղծագործական բազմաթիւ երկունքներու անուն դարձեր է եւ ունեցեր է իր պատկառելի պատմութիւնը… Քանի՞ ամսական է:
– Չո՛րս:
– Ուրեմն, հի՜նգ ամիս եւս «վէմ»ի մասին կրնանք զրուցել, ապա դուն կը սկսիս ինծի պատմելու ձե՛ր Վէմին պատմութիւնները, չարաճճիութիւններն ու «հերոսութիւնները»… Օրիորդի՛կ, բառը փոխառութիւն է՝ իրանեան աղբիւրներէ եկած:
– Մեր քարքարոտ երկրին համար անհրաժեշտ եւ պիտանի:
– Ճի՛շդ այդպէս: Պէտք է համեմատել միջին պարսկերէն «վէմ» բառին հետ, որ նոյնպէս կը նշանակէ «քար, ժայռ»: Իսկ աւեստերէնը ունէր «վաէմա» բառը՝ ժայռի ճեղք, քարածերպ: Հինգերորդ դարուն, երբ մեր թարգմանիչ հայրերը գրի կ՛առնէին Աստուածաշունչը եւ այլ գիրքեր, արդէն «վէմ»ը ամուր տեղ գտած էր հայ մատենագիրներներու մօտ: Սուրբ Գիրքը, ուր 33 անգամ տեղ գտած էր «վէմ»ը, ունի նաեւ «վիմանալ» բայը՝ քարանալ: Ագաթանգեղոսը գործածեր է «վիմացուցանել» եւ «վիմահատ» բառերը, իսկ Ղազար Փարպեցին՝ «վիմաշէն»ը: Ոսկեդարուն գործածեր են նաեւ «վիմասոյզ», «վիմածակ» եւ «լեռնավէմ» բառերը: Կը տեսնե՞ս, օրիորդի՛կ, բառը թէ՛ նկարագրեր է մեր բնաշխարհը, թէ՛ հայու ստեղծագործ նկարագիրը՝ ծնունդ տալով նաեւ վարպետ «վիմագիր»ներու եւ վիմագրութեան: Ունեցեր ենք նաեւ վիմատիպ նկարներ, քարտէսներ, յայտարարութիւններ, կոնդակներ, թերթեր, գիրքեր… Բառը, քիչ մը պինդ ու կարծր, ինչպէս իր շինանիւթը, առատօրէն չէ աճած: Հազիւ տուեր է յիսունի չափ բարդ եւ ածանց բառ, մեծամասնութեամբ՝ շինարարական գաւառէն ներս, ինչպէս՝ վիմադամբարան, վիմակառոյց, վիմարդ, վիմախարիսխ, վիմակերտ, վիմատաշ… Միջնադարու հայ վարդպետները, ինչպէս Մոմիկն ու Սիրանէսը…
– Ճարտարապետնե՞ր՝ ըսել կ՛ուզէք…
– Այո՛, միջնադարուն ճարտարապետները կը կոչուէին «վարդպետ»: Անոնք անկիւնաքարը կոչեր են «Վէմ անկեան»: Բառը տուեր է միայն երկու դարձուածք. «Վէմն ապառաժի հանդիպիլ», այսինքն՝ դիմացը աւելի ուժեղ մէկը ելլել, եւ «Վէմի վրայ ըլլալ»՝ ամուր եւ հաստատուն վիճակ ունենալ:
– Պարո՛ն, մայրս կ՛ըսէ, որ երբ հաւատքը իսկական վէմի վրայ է, ո՛չ անձրեւը, ո՛չ քամին, ո՛չ ալ կարկուտը կրնան զայն տանիլ:
Image may be NSFW.
Clik here to view.
– Գիտե՞ս, օրիորդի՛կ, թէ ո՛վ էր հայկական եկեղեցւոյ այն մեծ մատենագիր-մեկնիչը, որ գրի առաւ այդ արտայայտած միտքերդ… Պոլսահայ պատրիարք Յակոբ Նալեանը: Ան մանուկ հասակին գաւառէն եկաւ Պոլիս, սա 1720ական թուականներն էին, եւ իբրեւ ընդունակ աշակերտ, փառաբանեալ, աշխատասէր, թանաքասէր, իմաստուն՝ լիարժէք ընդունուեցաւ Սկիւտարի դպրատուն, ապա՝ Գումգափու թաղին մէջ ի՛նք հիմնադրեց դպրատուն, պայքարեցաւ կաթոլիկութեան դէմ, բուռն աշխատանք տարաւ հայութիւնը Մայր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու ձգտումով, եւ վերջապէս՝ 1733 թուականին, Աստուածատուր Կոնստանդնուպոլսեցիի տպարանէն լոյս ընծայեց դաւանաբանական իր գլուխ գործոցը, հայկական այն միակ գիրքը, որուն խորագիրին վրայ կայ «վէմ» բառը՝ «Վէմ Հաւատոյ»:
– Պարո՛ն, մեր լեռնաշխարհին վրայ «վէմ» բառը տեղանուն չէ՞ եղած:
– «Վիմախո՛ր»: Կարնոյ նահանգի նոյնանուն գաւառի Քղի գաւառակին մէջ, Դերճանի սահմանին վրայ գետեզրեայ գիւղակ մը… Ահա՛ «վէմ» բառի աշխարհագրական միակ գործածութիւնը: Մինչդեռ, անիկա կրնար մեզի տալ, եւ պէ՛տք էր որ տար, Վիմաշէն, Վիմակերտ, Վիմաւան, Բարձրավէմ, Բազմավէմ, Նորավէմ, Վերին Վէմ եւ այլեւայլ պատկերալից տեղանուններ: Բայց, բառը գոնէ դարձաւ համահայկական հանդէս՝ «Վէմ» անունով, եւ երեւանեան ձայնասփիւռի կայան՝ «Ռադիօ Վէմ»: Սակայն, օրիորդի՛կ, հայոց աշխարհը աւելի յայտնի է իր վիմափոր տաճարներով, ինչպէս Գեղարդն է ու երկրորդ գեղեցկագոյնը՝ Վայոց Ձորի Մարտիրոս գիւղի Ս. Աստուածածինը, ճարտարապետ Գրիգորիկի հանճարեղ գործը, որ ամբողջութեամբ կերտուած է Նազար սարին մէջ: Վերջապէս, պէտք է յիշել մեր վիմագրութիւնները:
– Եւ ինչո՞ւ է, որ վիմագրութիւնը լայնատարած էր մեր երկրին մէջ:
– Քաղաքական անկայունութի՛ւն: Երբ դժուար էր վաւերագիրներու, նուիրատուութիւններու եւ հարկային սահմաններու արձանագրութիւնը արքունական կամ կաթողիկոսական դիւաններու մէջ ապահով պահել, այդ բոլորը փորագրեցինք սրբատաշ վէմերու վրայ: Մեր վիմագրութիւններու անդրանիկ ժողովածուն ալ 1913 թուականին Կարապետ Կոստանեանի կազմածն էր՝ «Վիմական Տարեգիր»: Ճի՛շդ է որ բառը իմաստով պինդ էր եւ ժլատ, բայց այսօր, աւելի քան երբեք, անիկա յղի է բազմաթիւ պատկերալից արտայայտութիւններով, ինչպէս՝ «վիմական կամք», «վիմային դիմադրականութիւն», «վիմանման ընդդիմութիւն»… Հինգ ամիս, իսկ յետոյ՝ բարի ազատում քեզի: Կը մաղթեմ, որ ձեր Վէմն ալ մնայ մի՛շտ վէմի վրայ: