ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդիկ ազատօրէն ապրիլ ու գործել կը սիրեն: Ասիկա աստուածատուր զգացում մըն է, եւ մարդուն մէջ բնական մղումով առաջնորդուող կենցաղակերպ մը: Մարդոցմէ ոմանք, սակայն, այնքան յանդուգն կ՛ըլլան, որ նոյնիսկ ուրիշներու ներկայութեան կ՛ապրին ու կը գործեն այնպէս, որ վայել չէ՛ մարդ էակին, եւ գիտակից մարդիկ սովորաբար կը զգուշանան նման ապրելակերպէ:
Պէտք է զատորոշել, սակայն, յանդգնութիւնը շփացածութենէն եւ անկրթութենէն: Այս երկուքին սահմանները երբեմն կը շփոթեն ոմանք: Կրնաս յանդուգն մէկը ըլլալ գործիդ մէջ, կատարած իմացական աշխատանքներուդ մէջ, նոյնիսկ եթէ արհեստաւոր ես՝ արհեստիդ մէջ նորարարութիւններով կրնաս զարմացնել շրջապատդ, իբրեւ յանդուգն եւ ստեղծարար արհեստաւոր մը…։ Սակայն, յանդգնութիւնը երբ կ՛անցնի դրական գործի սահմանները եւ կը դառնայ ասպատակութիւն ուրիշին սահմաններէն ներս, այն ատեն կը վերածուի շփացածութեան, որուն առաջքը առնելը դժուար աշխատանք մը կ՛ենթադրէ եւ շատ յաճախ տխուր արդիւնք կ՛ունենայ:
Իրենց արարքներով, ոյժի ցուցադրութեամբ եւ այլ միջոցներով, մարդիկ իրարու հետ կը չափուին: Մարդոց միայն հասակները իրարմէ բարձր ու ցած չեն ըլլար, ո՛չ ալ բազուկի ոյժով անոնք կը տարբերին իրարմէ, այլեւ ու մանաւանդ անոնք իրարմէ տարբեր են իրենց խելքով, իմացական կարողութեամբ: Դեռ կան ոմանք, որոնք կ՛ուզեն նիւթական հարստութիւնն ալ տարբերութեան չափանիշ իբրեւ նշել այստեղ: Մենք շատ համաձայն չենք ատոր, որովհետեւ ոգեղէն արժեչափերու ցուցակին մէջ տեղ չունի ատիկա: Նիւթական հարստութեան կարողականութիւնը մեծ է, սակայն արժէքի իմաստով անոր սահմանները շատ նեղ են: Չափազանց խելացի բայց տգեղ մարդու հետ կարելի է համեմատել դրամի եւ մարդու զուգորդումը յաճախ: Կրնայ տգեղ մէկը գիտնական ըլլալ: Նոյնպէս ալ՝ անխելք մէկը՝ հարուստ…։ Օրինակները շատ են, յատկապէս ներկայ աշխարհը ղեկավարող անձերու կերպարները երբ նկատի ունենանք: Երանելի կ՛ըլլան անոնք, որոնց պարագային այս զուգորդումները «բարձր նիշ» կը բերեն, համապատասխան ըլլալով իրարու:
Ուրիշները հաշուի չառնելու, յատկապէս իմաստուն անձերու կարծիքը անիմաստ համարելու եւ ընդհանրապէս իր գիտցածին վրայ յամառօրէն կանգնած մնալու վարմունքը, աւելի տգիտութեան նշան է, քան՝ գիտունութեան:
Ուսուցիչ մը կը բողոքէր իր աշակերտներէն մէկուն դէմ՝ ըսելով, որ որքան ալ փաստարկներ ներկայացնէ ուսուցած նիւթիս մասին, այդ աշակերտը չընդունիր, որովհետեւ ան հակառակը կը պնդէ: Գիտութեան դիմաց բոպիկ են տգէտներ: Խորունկ իմաստ ունի մեր այս մտածումը, որովհետեւ բոպիկ մարդը երկար ճանապարհ չի՛ կրնար երթալ. իր ոտքերը պիտի արիւնին, եւ շուտով պիտի նստի զանոնք դարմանելու համար, իսկ անոնք, որոնք «կօշիկ»ներով են, այսինքն՝ գիտութիւն ունին, կրնան երկար ճամբայ կտրել-անցնիլ, հասնելու համար ճշմարտութեան:
Փոխաբերութիւններով կարելի է բազմաթիւ մարդոց ուսուցում կատարել: Եթէ անհատ առ անհատ դաստիարակութիւն կատարէ ուսուցիչը, ամբողջ տարին չի՛ բաւեր նոյնիսկ նշուած մէկ դասը աւարտելու: Մինչդեռ երբ ընդհանրական ուսուցում կատարէ ան, աշակերտներուն ուշիմութիւնը ի յայտ կու գայ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը տքնի աւելի՛ լաւ սորվելու, աւելի՛ շուտ ըմբռնելու ըսուածը, եւ աշակերտութեան միջեւ մրցակցութեան երեւոյթ ի յայտ գալով՝ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի դպրոցին մէջ:
Ահա թէ ինչպէ՛ս կը կազմուին մատաղատի սերունդի անձերուն նկարագիրները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ընտանեկան՝ ծնողական եւ հարազատներու շրջապատը, ուր կը կազմաւորուին իրենց մանկական տարիներուն:
Յանձնապաստան մարդոց նկարագիրը կը կազմաւորուի իրենց շրջապատի ուղղակի եւ հզօր ազդեցութեան տակ:
Կենդանական աշխարհին օրինակը դարձեալ պիտի վերցնենք, բացատրելու համար երբեմն շատ ինքնավստահ մարդոց սպասող անակնկալները այս կեանքին մէջ:
Առիւծը միշտ համարուած է անտառի թագաւորը, իր բացառիկ ոյժին, տեսքին եւ միւս կենդանիներուն նկատմամբ ունեցած արհամարհական կեցուածքին պատճառով: Սակայն, քիչ չեն նաեւ այնպիսի կենդանիներ, որոնց այնպէս կը թուի, որ անտառը դատարկ է: Անոնք կը վազվզեն աջ ու ձախ, առանց վախնալու կը մտնեն ամէն քարայր ու խոռոչ, կը մագլցին ծառերուն վրայ այնպիսի ազատութեամբ, որ կարծէք ստեղծագործութեան ժամանակ Արարիչը ամբողջ անտառը իրենց անուան գրած է իբրեւ հօրենական ժառանգ:
Աղուէսը օր մը կը հանդիպի արագավազ նապաստակին, որ երկար ականջները ցցած աջ ու ձախ կը վազվզէր, կարմիր մշտաշարժ քիթը ամէն ծառի ու ամէն տերեւի մօտեցնելով, նոյնիսկ մութ քարայրներէ ներս մտնելու յանդգնութիւնը ունենալով:
_ Քոյրի՛կ, _ կ՛ըսէ աղուէսը նապաստակին,_ անտառը դատարկ չէ՛, միշտ նկատի պիտի ունենաս, որ կրնայ առիւծ մը քնացած ըլլալ անոր թաւուտներուն մէջ:
Մարդկային կեանքին մէջ ալ կան վերոյիշեալ նապաստակին նման միամիտ անձեր, որոնք անհաշիւ կեանք մը կ՛ապրին: Կը մտնեն այնպիսի տեղեր, ուր պէտք չէ՛ մտնեն: Գործ կ՛ունենան այնպիսի մարդոց հետ, որոնց բարեւ պէտք չէ՛ տան: Կը խօսին այնպիսի խօսքեր, որոնք ո՛չ միայն իրենց չեն վայելեր, այլեւ իրենց հետ կապ չունին: Մէկ խօսքով, միամիտ նապաստակին ցատկռտուքը լաւ տեղ չի՛ հասցըներ զիրենք:
Անտառը դատարկ չէ՛:
Ծերունի բարեկամս կ՛ըսէր, որ շատ յանդուգն մարդուն դիմաց, աւելի յանդուգն անձ մը կ՛ելլէ օր մը, ու ատիկա արդէն իր վերջը կ՛ըլլայ: Միշտ զօրաւորէն աւելի զօրաւորը կայ: Կեանքի այս փիլիսոփայութիւնը ունի իր պարզ բացատրութիւնը, որովհետեւ աշխարհի ոյժը դեռ չէ՛ հաւաքագրուած: Ո՛չ ոք ունի աշխարհի բոլոր զօրաւոր մարդոց անուանացանկը:
Երբեմն աշխարհի առաջնակարգ հարուստներու ցուցակ կը կազմեն մարդիկ: Ատիկա միայն իմացուածն է: Դեռ կան որքա՜ն հարուստներ, որոնց նիւթական հարստութիւնը չէ՛ գնահատուած:
Նոյնն է նաեւ իմացապէս ուժեղ մարդոց ցուցակի պարագան: Գիտնականներու անուանացանկ կրնաս կազմել, սակայն ո՛չ ոք յաջողած է դեռ, աշխարհի բոլոր իմաստուններուն անուանացանկը անթերի կազմել: Աստուած պէտք է ըլլալ, չափելու համար մարդոց ուղեղները եւ ճշդելու առաջինները, երկրորդներն ու երրորդները:
Անտառը դատարկ չէ՛: Միայն դուն չկա՛ս այս աշխարհի մէջ: Կան բոլոր կարողութիւններէդ աւելին ունեցողներ, որոնք իրենց կարողութեամբ կրնան ոչնչացնել քեզ, այնպէս, ինչպէս անտառին մէջ քնացած առիւծը յանկարծ արթննալով, կը յօշոտէ նապաստակը, որուն այնպէս կը թուէր, որ անտառը դատարկ է: