Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Գողօնը՝ Մէկ Տեղ, Իսկ Կասկա՞ծը…

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

ChurchՔաղաքակիրթ աշխարհը իրեն իրաւունք կը վերապահէ, պետական համապատասխան մարմիններու ձեռքով, ստուգել մարդոց ունեցուածքը: Յատկապէս մեծահարուստներու ունեցուածքը՝ շարժուն եւ անշարժ գոյքը վիճակագրելու պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուին իրաւապահ սոյն մարմինները, տեսնելու համար, թէ արդար վաստակի արդի՞ւնք են անոնք, կամ՝ շահագործումներով կուտակուած հարստութիւն են, ուրիշներու արդար իրաւունքէն խլուած:

Արեւմտեան երկիրներու դրամատնային խիստ օրէնքները, փոխատուութեամբ կատարուած պարտքերը, տուրքերու մանրամասն կանոնները, ու մանաւանդ այս բոլորին տրուած անաչառ վերահսկողութիւնը, համայն քաղաքացիներուն ընդհանրական ապահովութիւն կը ներշնչեն, «օրէնքը բոլորին համար» կարգախօսին առաջին ջատագովը հանդիսանալով:

Արեւելեան երկիրները տակաւին «կեղծ թագաւորութիւններու», մենատիրական իշխանութիւններու, անհատ իշխանաւորներու եւ կայսերական երկրպագուներու թատերական ներկայացումներով կը վարեն իրենց կեանքը: Կարծէք հաճելի կը թուի արեւելքցիներուն այս ձեւը, որովհետեւ օրէնք հասկացութիւնը միայն որոշ խաւի մարդոց համար յարմար կը տեսնեն, արեւելքի մէջ իշխանութեան գլուխ կանգնողներ: Արդեօք ծինային խնդի՞ր կայ այս մտածելակերպին մէջ, երբ անցեալին ստրուկները կը ծախուէին մեծահարուստներու, եւ այնուհետեւ անձնական կամքէ զուրկ հպատակներու կը վերածուէին անոնք՝ ամբողջութեամբ ենթակայ իրենց տէրերուն:

Ժողովուրդները, այսօրուան աշխարհին մէջ ի՛նչ դասակարգի ալ պատկանին, այսինքն առաջնակարգ քաղաքակիրթ աշխարհի բնակիչ ըլլան, թէ երրորդ աշխարհներու մէջ գտնուին, միշտ կ՛ունենան արժանապատուութեան բարձր գիտակցութիւն եւ ինքնորոշման արդար իրաւունք:

Լիիրաւ քաղաքացի ըլլալը ուրիշ բան է, պետութեան ենթարկուիլը՝ ուրիշ: Ամէն քաղաքացի պետութեան չէ՛ որ կ՛ենթարկուի, այլ պետութեան կողմէ սահմանուած ժողովրդավարական օրէնքին, որուն պաշտպանն ու գործադրողն է պետութիւնը: Իրաւունքի եւ պարտաւորութեան հաւասարակշռութեամբ կը փորձէ ընթանալ այսօր քաղաքակիրթ աշխարհը:

Բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանն է պետութիւնը, այլապէս պետութեան պաշտպանը կը դառնայ պետութիւնը, զայն վերածելով միապետութեան, ապա՝ բռնակալութեան: Պետութեան մը հիմքերը կը թուլնան, երբ փտածութեան ախտը բոյն դնէ զայն կառավարողներուն միտքին մէջ: Հասարակութեան մէջ կը ստեղծուի նոր խաւ մը, որ ինքզինք կը տարբերէ միւսներէն: Թագաւորական ընտանիքները այսօր կը փորձեն տարբերութեան պատերը փուլ բերել: Անցեալին, ոչ-ազնուական ընտանիքները կը կոչուէին ռամիկներ, որոնց հետ յարաբերիլը, միայն տէր ու ծառայի ձեւի մէջ կարելի էր հասկնալ, եւ ո՛չ թէ ամուսնական կամ խնամիական կապերով: Այսօր այդ ձեւաչափն անգամ վերցուած է, եւ թագաւորական ցեղի զաւակներ իրենց համար հարսնացուներ կ՛ընտրեն, այսպէս կոչուած «ռամիկներու», կամ ո՛չ-ազնուականներու շարքերէն:

Պետութիւններու վարչամեքենայի կառավարման կեանքին մէջ փտածութիւնը կամ կաշառակերութիւնը, կամ պարզ բառով՝ «անպաշտօն գողութիւնը», երկու ընթացք կրնայ ունենալ. կա՛մ վերէն վար կամ՝ վարէն վեր: Վարէն սկսողները կարելի է հսկողութեան ենթարկել եւ ապազինել: Սակայն երբ անպաշտօն այս գողութիւնը վերէն կը սկսի, հետզհետէ վարի զինակիցները կը շատցնէ, պնդացնելով անոնց կռնակը:

Գողութեան համար չափը, տեսակը, նոյնիսկ որակը կարեւոր չեն: Գողը իր «առաքելութիւնը» ի կատար ածելու համար, միջոցներու մէջ խտրութիւն չի՛ դներ, իսկ ճաշակը յետոյ կը սորվի զարգացնել: Ծեծն ու զնտանը ամէնէն հասարակ ու յաճախական երեւոյթներն են գողին արգելք հանդիսացողներուն կամ իր առաքելութիւնը խոչընդոտողներուն համար սահմանուած: Աւելի վճռական կը դառնայ գողը, երբ իր անձին վնաս սպառնայ: Այդ պարագային արդէն դանակահարումն ու սպանութիւնը վերջնական որոշում կը դառնան իրեն համար, մաքրելով իր ճամբուն բոլոր արգելքները:

Ծանօթ պատմուածքը, նախ դրացիին հաւնոցէն մէկ հատ հաւկիթ գողցողին, ապա, «արհեստավարժ» դառնալէ ետք՝ թագաւորին ձին գողցող տղուն, բոլորդ ալ լսած էք հաւանաբար: Սա մէկ անձի կեանքի պատմութիւնն է. իսկ եթէ անիկա ամբողջ երկրի մը եւ ժողովուրդի մը կեանքին պատմութիւնը ըլլայ…։

Ողբերգութիւնները կը հիւսուին դժբախտ դէպքերու իրականութիւն դառնալէն ետք: Միայն Կիկոսին պատմութեան մէջ կը նախագուշակուի յառաջիկայ դժ-բախտութիւնը, իբրեւ հաւանական դէպք: Սակայն, առանց Կիկոսի պատմուածքին ծայրայեղութեան հասնելու, ողբերգութիւնները իբրեւ յուշարար պէտք է ունենալ մեր միտքին մէջ, պատմութեան սխալները չկրկնելու համար: Դրամը, հարստութիւնը, ունեցուածքը, հանգստաւէտ պայմանները եւ ներկայ աշխարհի շարք մը ճոխ երեւոյթները, որոնք աղքատ դասակարգին երազային պահեր կը պարգեւեն, բոլորին համար ալ փորձութիւններ են:

Հիմա, գանք բուն հարցին.

_ Ո՞վ է գողը:

Գողութեան մը դէպքին դիմաց կանգնած, մարդիկ երբեմն շփոթահար կը մնան: Ոմանք նոյնիսկ չեն գիտնար, թէ ի՛նչ կամ որքա՛ն կողոպտած են գողերը իրենց ունեցուածքէն: Այսինքն՝ որքա՞ն էր տարուած գողօնը:

Գողութիւն պատահած վայրին մէջ կը հաւաքուին ոստիկաններ, սրտցաւ հարեւաններ, երբեմն պատահական անցորդներ, որոնք բոլորն ալ իրազեկ կը դառնան պատահած ողբերգութեան: Այսինքն մէկը եկած է եւ ուրիշին ունեցուածքը յափշտակեր ու տարեր է: Ուրեմն, ուր որ գացեր է այդ ապրանքը, անորոշ բայց մէկ հասցէ ունի, որ առ այժմ ծանօթ չէ ոեւէ մէկուն:

Կողոպտուած մարդուն հետ, ոստիկանութեան պետը, գաղտնի սպասարկութեան պաշտօնեան եւ անոր օգնականները կը փորձեն գողին անձը ճշդել: Ո՞վ կրնար գողցած ըլլալ: Առաջին հարցումը անշուշտ անոնք կ՛ուղղեն կողոպտուած մարդուն, տեսնելու համար թէ ան որո՛ւ վրայ կը կասկածի:

Հետաքրքրական է, որ նոյնիսկ ամէնէն ինքնավստահ մարդը, նման կացութեան մէջ, չի՛ կրնար կողմնորոշուիլ, ու իր կասկածը հազար ուղղութեամբ կը տար-տղնուի: Ուրեմն, եթէ ապրանքին գողցուած ըլլալը յստակ իրողութիւն մըն է, զայն տանողին շուրջ եղած կասկածը, ընդհակառակը, հազար կտոր է:

Երկրորդ փուլը այս աշխատանքին, աւելի նեղ ծակտիկներով «մաղ» ձեռք առնելու գործն է: Հետզհետէ պէտք է կասկածները մաղել, հասնելու համար այն անձին, որ գողցած կրնայ ըլլալ ապրանքը:

Վա՜յ այն երկրին, ուր այս մաղին ծակտիկները լայն են: Որովհետեւ հասարակութեան կեանքը բարելաւելու ընթացքը կը տկարանայ այդպիսով: Մաղի ծակտիկներուն խտութենէն կախեալ է տուեալ երկրի բարգաւաճումը:

Գողօնին գացած հասցէն գտնելը առաջին քայլն է յառաջդիմութեան, սակայն այդ հասցէատիրոջ կրած պատիժէն կախեալ պիտի ըլլայ ընդհանուր ծառի պտուղներուն առողջ աճիլը, ապահովելու համար ամբողջ անդաստանին ծաղկումը եւ պտղաբերումը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles