ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մայրենիի ոսկի թելը…
– Պարո՛ն, նայեցէ՛ք աղջիկները ի՛նչ կ՛ընեն:
– Տեսա՛յ, Ներսէս: Ի՞նչ ունիս տուփիկի մէջ:
– Աւազ, ափ մը աւազ Սեւանէն:
Սեւանէն Երեւան վերադարձող ճամբուն վրայ, հանրաշարժի մէջ յիշատակելի տեսարան. աշակերտուհիները մազ կը հիւսեն… Ալիքը՝ Բարինին, Բարինը՝ Կաթիլին, Կաթիլը՝ Տերեւին մազը: Տղաները ծիծաղելով կը լուսանկարեն կատարուածը: Իսկ ես կը մտաբերեմ 1861ին, Թիֆլիսի «Կռունկ Հայոց Աշխարհին» ամսագիրին մէջ, թարգմանիչ Բարսեղ Աթամանեանի հեղինակած այն յօդուածը, որուն մէջ հայկական բանաստեղծութիւնը նման է գեղեցկուհիի մը մազին… Այո՛, ըստ Աթամանեանի պատկերացումին՝ բանաստեղծութիւնը մայրենիի «ուսերուն վրայ կոհակ-կոհակ տարածուած, ձգուած փառաւորմազ» է: Նոյնպէս եւ մենք կ՛որոշենք հայոց լեզուի քնարական խոպոպները, անոր մետաքսեայ ոլորները թել-թել հաւաքել, քնքշութեամբ սանտրել, ապա հիւսել եւ մազակալով ամրացնել, որպէսզի մեր միտքի գեղեցկագոյն յղացումը՝ մայրենին, լեզուներու խմբանկարին մէջ աշխարհին ներկայանայ իր անզուգական եւ նախանձելի գեղեցկութեամբ:
– Ներսէ՛ս, դուն տեսա՞ծ ես Հայր Աստուծոյ մազերը:
– Այդ բախտաւորութիւնը դեռ չեմ ունեցած:
– Վաղը կէսօրին կը տեսնես: Ներսէ՛ս, հինգերորդ դարուն մեր մայրենին արդէն ունէր սաղարթախիտ, յորդառատ ոսկեփայլ մազեր: Մեր մատենագիրները «մազ»ի միակ վանկով ստեղծեր են բազմաթիւ բառեր, ինչպէս՝ մազագործ, մազեղէն, սպիտակամազ, թաւամազ, դեղձանամազ եւ այլն: Մեր նախնիները, վերջին թելը հասածին, այսինքն՝ հոգեվարքի համար, հնարեր են «մազկռինչ» բառը: Նոյնքան հին է նաեւ «մազապուր»ը, կամ՝ «մազապուրծ»ը: Նոյն դարերուն մեր մշակները թելաւոր արմատներու համար գործածեր են «մազմզուկ» բառը: Եւ, ի՛նչ որ բարակ է՝ «մազի չափ» է:
– «Մազ»ին արմատը ի՞նչ է:
– Անոր թելերը, դժբախտաբար, գզգզուած մազերով ստուգաբաններու միտքին մէջ խճճուած կը մնան՝ անլուծելի թնճուկ մը ստեղծելով: Դեռ լաւ մը պէտք է ուսումնասիրել: Ըստ գերմանացի հայագէտ Հիւփշմանի՝ անիկա ասորական ծագում ունի: Բունը՝ «մեզզէ», բարակ մազ: Ուրիշներ առաջարկած են այլ կապակցութիւններ. պահլաւերէն նոյնիմաստ «մազիա» բառը եւ յոյներու «մոսհոս» բառը: Վերջինը կը նշանակէ «ճիւղ, ոստ, ընձիւղ»:
– Մազերու գեղեցկութիւնը, պարո՛ն, դասընկերուհիներէս լսած եմ, թէ կախում ունի ջուրի որակէն:
– Կասկած չկայ: Տե՛ս մեր «մազ»ը, սնած հայկական լեզուաշխարհի ջինջ եւ ազնիւ ջուրերէն՝ մնացեր է կենսունակ ու դարեր շարունակ աճեր է: Փաստը այն է, որ հայերէնը ունի «մազ»ով հիւսուած 150ի չափ բառ, ինչպէս՝ մազապարան, մազեայ, մազազգեստ, մազաթոկ, մազայարդար, մազափնջիկ, մազարմատ, մազաչափ, մազմանօթ: Իսկ կան պարոններ, որոնք յաճախ պէտք կ՛ունենան հետեւեալ բառերուն. մազաթափ, մազազերծ, մազազուրկ, մազամերկ, մազկարօտ, սակաւամազ եւ մազապակաս: Ներսէ՛ս, կ՛ուզե՞ս, որ ուտելիքիդ մէջ մազ ըլլայ…:
– Մեծ հայրս պիտի ըսէր՝ «Ուտիլեն մէյջ մուզ կու»:
– «Ուտելիքին մէջ մազ կայ»… Մուսալեռցիները այդպէս կը խօսին: Իսկ զէյթունցիները եւ հաճընցիները մազին «մոզ» կ՛ըսեն: Ղարսի, Եւդոկիոյ եւ Ատանայի թուրքերը այծի մազ մանող եւ անկէ պարկեր գործող արհեստաւորին կ՛ըսեն «մազման»: Վրացիներն ալ որդեգրած են մեր բառը. չուան շինողը «մազմանի» է: Ներսէ՛ս, մենք՝ հայերս, սիրած ենք մեր զրոյցները «մազ»ով փարթամացնել: Պատկերալից դարձուածքներ ունինք, «մազոտ» արտայայտութիւններ եւ բառակապակցութիւններ: Փորձառու մարդիկ կ՛ըսեն. «Մազերս զուր տեղի չեն սպիտակացած»: Գրականութեան եւ մամլոյ մէջ յաճախ կը կարդանք. «Խոզէ կամ շունէ մազ պոկելն ալ օգուտ է», «Հալալը (արդար) որ մազ դառնայ՝ չի կտրուիր, հարամը (խարդախ), որ գերան դառնայ՝ կը կոտրուի», «Հարամի վրան լեռ է, տակը՝ մազ», «Կեղծ մազ», «Ի մազէ ոչ վրիպիլ», «Մազ մնալ», եւ այլն: Եթէ մէկը անգամ լիրբ կամ անառակ է, կ՛ըսենք՝ «մազ կտրած», եթէ շատ նիհար է՝ «մազը երեսին չորցած», անձը եթէ սաստիկ վախցած է՝ «մազը բիզ-բիզ, կամ ցից-ցից կանգնած է», եթէ աչքաբաց է եւ ուշիմ՝ «մազը մազէ ջոկել»: Իսկ մազի տեսակնե՞րը… այնքա՜ն շատ են. թուխ, շէկ, խարտեաշ, շագանակագոյն, կարմիր, վայելուչ, աղեբեկ, սպիտակ, գանգուր, բարակ, կակուղ, երկայն, յարդարեալ, մանեկաւոր, ոլորեալ, գալարուն, դիզացեալ, խառնափնթոր… Մազը գեղեցկուհիի մը գեղեցկագոյն ունեցուածքն է: Եւ հայ աշուղը հիացումով գնահատած է զայն: Տե՛ս, մեր սիրահար տղաները ի՛նչ ածականներ կապած են անոր ծայրին: Յովհաննէս Թլկուրանցին ըսեր է. «Մազն է դեղձան ոսկի թելէն», Նահապետ Քուչակն ու Երեմիա Քէօմիւրճեանը յաջորդաբար ձայնակցեր են անոր. «Թուխ աչք ու թուխ ունք ունիս, թուխ մազեր», «Մազերդ է դեղձան՝ սամուրի նման»: Սայաթ Նովան երգեր է. «Մազիրըդ ռեհան՝ փաթըթած է վարդի միջումըն», «Մազիրդ սիրմա սիմ իս անում», «Տարին տասերկու ամիս մազիրդ հիւսած կու լի»: Միջնադարը, Ներսէ՛ս, մազի ոսկեթել կամուրջով կապուած է նոր օրերուն: Տե՛ս, Պետրոս Դուրեան ի՛նչ հիացումով կը խօսի իր սիրածի մազերուն մասին.
«Ա՜հ, իցի՛ւ թէ լինէի ես ճառագայթ…
Ւ՛անուշաբոյր մազերուդ մէջ մարէի»:
Հայկական երգարուեստի մէջ կը փայլի մազը. «Թուխ-թուխ մազերիդ շաղերը առնեմ», «Մազերդ շողերի պէս փռես իմ ճամբին», «Ցորեն մազերդ, ցորեն մազերդ, փռէիր վրաս, փռէիր վրաս»: Բայց, Ներսէ՛ս, չկարծես, թէ մազը միշտ ալ գեղեցկուհիի մը ամենագեղեցիկ ունեցուածքն է: Մազը, դուն քիչ ետք կը լսես, թէ Վարուժաններու, Սիամանթօներու, Սահեաններու գրիչին տակ դարձեր է տխրութիւն, վիշտ, մորմոք, կարօտ եւ… ամօ՛թ: Բայց այժմ, ընդմիջենք մեր զրոյցը ու ականջ տանք ձայնասփիւռէն հնչող Գուսան Աշոտի քաղցրալուր «Սարի սիրուն եար» երգին.
«Հազար մի ծաղկի մէջ ես մեծացել,
Ծաղկանց ցոլերով մազերդ թացել,
Մազերիդ բոյրը հեռուից է գալիս…»։