ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մայրենիի սեւ թելերը…
Գիշեր մը առաջ Սեւանէն Երեւան վերադարձող հանրակառքի մէջ մազ հիւսող աշակերտուհիներուն ստեղծած տեսարանը պատճառ եղած էր, որ Ներսէսն ու ես զրուցէինք «մազ» բառին մասին: Աւարտին, եկած էինք այն եզրակացութեան, թէ «մազ»ը մեր լեզուի ոսկեթել մէկ գեղեցկութիւնն է, յորդառատ հարստութիւն մը ու պէտք է նախանձախնդրութեամբ սանտրել զայն: Ի՜նչ քաղցր էր նաեւ վերյիշել, թէ այդ բառով մեր բանաստեղծներն ու երաժիշտները հիւսած են ռեհան բուրող տողիկներ եւ վարդաջուր մեղեդիներ: Իսկ այս առտու, Վայոց Ձորի դեղձանիկ դաշտերուն ընդմէջէն ոլորուող կպրապատ մայրուղին մեզ կը տանի դէպի Նորավանք եւ դէպի՝ «մազ»ի գզգզուած եւ խճճուած ծայրամասերը:
– Պարո՛ն, այսօր Հայր Աստուծոյ մազերը պիտի տեսնենք, չէ՞:
– Անշո՛ւշտ: Ժամ մը եւս համբերէ:
– Ինչո՞ւ կ՛ըսէք, թէ մազը նաեւ սուգ է:
– Հայ լեզուն, Ներսէ՛ս, մազի սեւութեան մէջ սիրած է տեսնել մենութիւնը եւ տխրութիւնը: Ահա մէկ օրինակ՝ պոլսահայ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանէն. «Ժամը 20ին, մազերուդ չափ սեւ գիշեր մը քաղաքը պաշարեց»: Անոր թելերուն վրայ, իբրեւ եղեամ, նստած են նաեւ ծերութիւնը, ամօթը, լացը, կարօտը…
– Այդ բոլորը ինչպէ՞ս թափեցան գրական էջերու վրայ: Չէ՞ որ մազակալով մը կառչած կրնային մնալ:
– Դանիէլ Վարուժանն է յանցաւորը: Ան, օր մը Տալիթայէն՝ կապելայի մը մէջ նաւաստիներուն եւ բանուորներուն գարեջուր մատուցող այդ աղախինէն, խնդրեց, որ քակէ մազերուն հիւսքերը. «Ո՜ Տալիթա… Թող մազերուդ ոսկի հիւսկերը քակես գաւաթին մէջ բիւրեղեայ»: Եւ բոլոր յուզումները այդ թելերէն վար սահեցան ու հոսեցան բանաստեղծի գրիչէն դուրս: Աւետիք Իսահակեան տեսաւ լացը. «…Եւ ուռիներն՝ մազերն արձակ, վրաս ընկնին, անո՛ւշ լան», Գուսան Ծովեանը երգեց հեշտագին տանջանքը. «Ծովեան գանգատ մի՛ անիր, շատ սիրունը նազ կ՛ունենայ… Եարին տանջամահ անող ոսկեթել մազ կ՛ունենայ»: «Վշտահար Բարտին» բանաստեղծութեան մէջ նման պատկեր մը գծեց նաեւ Ռուբէն Զարդարեան. «Բարտի մ՛ըլլաս հերարձակ, գետի մ՛ափը մշտահոս, մազերդ՝ ճիւղեր ընդարձակ, տերեւներդ՝ վշտախօս»: Ո՞վ էր, արդեօք մենաւոր այդ բարտին: Իր կի՞նը, կամ՝ մա՞յրը:
– Կա՛մ՝ Մայր Հայաստանը: Մեր տան մէջ ունինք այդպիսի նկար մը, ան աւերակներու մէջ նստած կու լայ:
– Սգաւո՛ր էր, կը յիշե՞ս, նաեւ Վարուժանի սեւամազ «բանուորուհին», զոր մեր բարեգութ տղան կը սիրէր ու կ՛ուզէր բաժնեկցիլ անոր չար բախտը. «Կը սիրեմ վիշտդ… Կը սիրեմ քու անօթութիւնդ… Ես կը սիրեմ… մազերուդ սուգն՝ ուսէդ վար»: Հայ գրականութեան ամէնէն առինքնող մազը, Ներսէ՛ս, Սեդայինն էր՝ «Հին Աստուածներ» թատերախաղի Սեդան, իշխանի դուստրը: Ան երիտասարդ աբեղային կ՛երեւար ու զայն կը կանչէր դէպի աշխարհիկ կեանք: Հոգեկան խաղաղութիւնը կորսնցուցած աբեղան կը զառանցէ. «Խունկի հոտին մէջէն քու թաց մազերուդ բոյրը կը զգամ»:
– Անփո՛րձ աբեղայ…
– Գիտե՞ս, Ներսէ՛ս, փորձառութեան նշան է ճերմա՛կ մազը: Այդ պատկերը աչքին մէջ, տունէն մեկնող Դանիէլ Վարուժան հօր օրհնութիւնը հայցեց. «Հա՛յր, ես կ՛երթամ այն ճամբայէն, որ ճերմակ մազերուդ զիս կը տանի»: Գեղամ Սարեանը մազին տուաւ արծաթի գոյն. «Կ՛աճի երկիրը քեզ հետ, կը մեծանաս դու, ժամանակը կ՛արծաթի մազերդ մի օր»:
– Մազը, ըսիք, «ամօ՛թ» է:
– Ո՛չ մազը, բայց անոր բացակայութիւնը: Կիներու համար է խօսքը: Շատ հին պատմութիւն… Միջնադարուն անբարոյ կինը պատժելու համար, ամուսինը կը կտրէր անոր մազը: Այդպէս ըրաւ Բագրատունի Տրդատ իշխանը, երբ կինը չարացաւ եւ դարձաւ անհնազանդ: Բռնեց անոր խար-տեաշ մազը ու կտրեց: Կարճամազ աղջիկը, մինչեւ 19րդ դար, կը նկատուէր խենթ, կամ՝ կասկածելի: Ուստի, ունինք «մազը կտրած» դարձուածքը: Մեր գրականութեան մէջ կայ այդպիսի տիպար մը, Ղարսի հայկական վարժարանի թիֆլիսահայ ուսուցչուհին՝ օրիորդ Նուարդ Լուսպարոնեանը: Թէ ինչպէ՞ս գիտենք… Չարենց պատմեց «Երկիր Նայիրի» վէպին մէջ: Թումանեանի Անուշն ալ արժանացաւ նոյն կոչումին. «Ո՞ւր կորար, Անո ՜ւշ, ա՜յ մազդ կտրած»: «Քիթի մազ» է այն մարդը, որ շատ բծախնդիր է: Ներսէ՛ս, յուսամ տեսած չես կիներու այն կռիւը, երբ անոնք «մազ կը փետտեն»: Տիգրան Չէօկիւրեանը «Տէրտէրին Ոճիրը» պատմուածքին մէջ նկարագրած է նման մէկ տեսարան. «Տասը փարային համար երկու կիներ իրարու մազ էին փետտեր՝ քահանային աչքերուն առջեւ»: Իսկ «մի մազ» կը նշանակէ՝ շատ քիչ, շատ փոքր: Յակոբ Օշական ըսեր է, «մազ մը արեւ», Աւետիք Իսահակեան՝ «մի մազ առաջ գնալ»: Բայց ամէնէն սրտառուչ գործածութիւնը՝ 250 տարի առաջ երգեր է Սայաթ Նովան. «Թէ կու պակսիմ (մեռնիմ, երթամ), քիզ կու պակսիմ՝ աշխարիս մէ մազ չի՛ պակսի»:
Կը հասնինք Նորավանք: Բարաւորի վրայ Հայր Աստուծոյ պատկերաքանդակն է՝ մօրուսաւոր մարդու իրական կերպարանքով:
– Մոմիկի գլուխ-գործոցն է, Ներսէ՛ս:
– Մազե՜րն անոր… Երկար, գանգուր: Նոյնիսկ հիւսքեր ունի: Գոյնը կը մտածեմ: Խարտեաշ: Անկասկա՛ծ խարտեաշ: Պարո՛ն, պայման չէ, որ մազը միշտ ունենայ խճճուած, տխուր վերջաւորութիւն: Ես անոր թնճուկները քակելու առաջարկ ունիմ. կտրատեցէ՛ք ծայրերը ու անիկա կը վերագտնէ խաղաղութիւնը:
– Խրա՞տդ լսեց Տէրեանը: Մահամերձ բանաստեղծը մազերու մէջ գտաւ անդորրութիւն. «Մազերդ փռիր հոգնատանջ կրծքիս, ու մեղմ փայփայիր սիրտս տարագիր»: Վարուժանը, նոյնպէս, որ մազի թելով գծած էր շատ տխուր պատկերներ, օր մը վերադարձաւ սիրերգութեան.
«Մազերն անոր, երբ մազերուս
Խառնել կու գայ յանկարծ քամին,
Զոյգ բարտիները՝ սիրասոյզ,
Աստղերուն մէջ կը համբուրուի՜ն»:
– Ճեմեցինք «մազ» բառի թելերուն վրայ եւ հասանք մինչեւ անոր ծայրամասերը:
– Պարո՛ն, կարելի է շրջագայութիւն մը ունենալ «ճեմ» բառին մասին:
– Հաճելի՛ ուղեւորութիւն մը կրնայ ըլլալ: Սակայն, նախ վայելենք Նորավանքի գեղեցկութիւնները: