ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Պոլսոյ հայաբնակ Բանկալթի թաղամասի եօթյարկանի շէնքի նկուղին մէջ բնակող ընտանիքի զաւակին համար, բազմաթիւ հիւրերու ժամանումին ստեղծած դժուարութիւնն է՝ «աթոռ իջեցնել»: Այո՛, վերի դրացիներէն աթոռ խնդրել ու զանոնք, ըստ իրենց ծանրութեան, մէկ-մէկ կամ երկու-երկու տուն բերել, նախ՝ երկրորդ, ապա՝ երրորդ յարկէն: Եւ երբ շարունակեն հիւրերը դուռը զարնել, ապա՝ չորրորդ, վեցերորդ եւ եօթներորդ յարկէն իջեցնել այդ «չորքոտանին»: (Հինգերորդ յարկը՝ ո՛չ: Պարոն Գեղամը յաճախ ճամբորդած կ՛ըլլայ)…
Յարգելի՛ ընթերցող, ներեցէք, որ վերջին նախադասութիւնը վերջացաւ կոշտ ածականով մը, նկատի առնելով անոր փոխաբերական իմաստը: Սակայն, քիչ ետք դուք կը տեսնէք, թէ այդ որակաւորումը կը պատկանի պատկառելի բանաստեղծի մը, ո՛չ թէ այս յօդուածի գրիչին:
Առաջին հիւրերը եկան: Տղան կը բարձրանայ տիկին Արուսեակին մօտ: Աթոռի անմիջական պէտք չունի ան: Այրի է ու աղջնակը՝ արտագաղթած: Երկու աթոռ կ՛իջեցնէ, առանց պատերուն քսելու:
Յարգելի՛ ընթերցող, թող աթոռները շարունակեն տեղաշարժիլ, իսկ մենք տեսնենք, թէ ի՛նչ ելեւէջներ ունեցեր է «աթոռ» բառը:
Պարզ ակնարկ մը կը բաւէ նկատելու համար, թէ անիկա մերժած է չորս ոտքի վրայ գամուած փայտի կտոր մնալ: Փա՞ստը… Իմաստի զարգացումները: Այն, ինչ հասարակ նստարան էր նախապէս, օր մը կռնակ ապահովեց ու դարձաւ «թիկնաթոռ»: Պատուաբեր նուաճում մը՝ իսկակա՛ն: Իսկ երբ ուռեցան անոր թեւերը, ծնունդ առաւ աւելի փառաւորը՝ «բազկաթոռ»: Երկար ժամանակ չտեւեց, որ վերջիններուն մէջ բազմածները տեսնեն փոխաբերական իմաստներ՝ պաշտօն եւ իշխանութիւն: Իսկ, երբ քրիստոնէութիւնը եկաւ Հայկական լեռնաշխարհ, «աթոռ» բառը (ինչպէս գաւազանը) անակնկալ վերելք ապրեցաւ ու նշանակեց եպիսկոպոսական իշխանութիւն եւ եպիսկոպոսական աթոռանիստ: Կը տեսնէ՞ք, թէ անիկա արդէն իսկ դարձեր է բազմանիստ բառ՝ իր բազմապիսի բառակապակցութիւններով: Յարգելի՛ ընթերցող, մեր գոյականները արական, իգական ձեւեր չունին: Բայց բառը, իբրեւ ազգային հիմնական հաս-տատութիւն, դարձաւ «Մայր Աթոռ»: Սակայն, անիկա տեղ-տեղ յիշեց իր համեստ անցեալը: Մշոյ մէջ գութանի չորրորդ լուծն էր, ինչպէս նաեւ՝ արօրի զանազան մասերը միացնող սեպերը: Ուստի կ՛ըսենք՝ «աթոռները կը ճռճռան»: Վանեցին, կարնեցին, մշեցին ու պոլսեցին ունեցեր են բառին՝ այժմ հնաձեւութիւն դարձած մէկ գործածութիւնը՝ կարգ մը կրօնական տօներու նախորդող շաբաթը: Օրինակ՝ Պերճ Պռոշեան գրած է. «Աստուածածնի աթոռ Կիրակի օրն էր, որ հաւողները (խաղող) լաւ հասել էին»: Իսկ շատախցիներուն համար «աթոռ» էր այն փոքրիկ սեղանը, զոր թոնիրի վրայ կը դնէին:
Զանգակը կը հնչէ: Զարմիկնե՛րն են: Քառանդամ ընտանիք: Քառասունչորս աստիճան վեր.
– Տիկին Լուսիա՛, մամաս աթոռ ուզեց:
Չենք գիտեր, թէ ո՛վ շինեց առաջին աթոռը եւ ո՛վ նստաւ անոր վրայ: Ցարդ յայտնի չէ նաեւ «աթոռ»ին արմատը: (Ի՛նչ լաւ կ՛ըլլար, որ ստուգաբան մը ապացուցանէր, թէ բառը բնիկ հայկական է, ու մենք նստած ենք ո՛չ ուրիշի, այլ մե՛ր «աթոռ»ին վրայ)։ Բառը անկասկած շա՛տ հին է: Լեզուաբաններ զայն կը համեմատեն նմանաձայն օտար բառերու հետ: Առաջինը եւ ամենամօտիկը յոյներու «թրոնոս» բառն է՝ գահ, իսկ երկրորդը՝ ասորերէն «աթար»ը՝ վայր, տեղ: Հակառակ այդ անորոշութիւններուն, սիրած ենք ճօճաթոռի մը վրայ բազմիլ ու նորաբանութիւններ յղանալ: Հինգերորդ դարուն ունեցեր ենք «նստեցուցանել յաթոռ»՝ գահ բարձրացնել, «ելանել յաթոռոյ»՝ կանգնիլ, «աթոռս արկանել»՝ աթոռ կամ տեղ տալ: Ունինք նաեւ աւելի ժամանակակից, քաղաքական բնոյթ ունեցողները. «մեղադրեալի աթոռ» եւ «փափուկ աթոռ»: Երկրորդը աւելի հանգիստ է, առանց ջանքի տիտղոս եւ եկամուտ կ՛ապահովէ: Սեբաստացիները եթէ տեսնէին, թէ մէկը չափէն աւելի կը հպարտանայ ու կը գոռոզանայ՝ «աթոռը ամպերը կը դնէ» կ՛ըսէին: Իսկ սասունցիները յանկարծամահ փեսան կամ գահընկեց թագաւորը կոչեր են՝ «Աթոռաց շրջած»: Բառը գաղտնիք մը ունի: Սուրբ Գիրքին մէջ անոր իմաստն էր… միզաման. այո՛, սխալ չլսեցիք, բնական պէտքի աման: Ոսկեդարուն ունեցեր ենք աթոռակից, աթոռակալ, նախաթոռ, հակառակաթոռ, զուգաթոռ եւ աթոռագործ բառերը: Իսկ այժմ մեր մայրենին կը վայելէ տասնեակ մը ածականներ, բոլորը՝ աթոռի քաղաքական բնոյթէն սեռած, ինչպէս՝ աթոռաժառանգ, աթոռազուրկ, աթոռասէր, աթոռապաշտ, աթոռամոլ եւ աթոռակռիւ: Իմաստի եւ գործածութեան մէջ եզակի է «զարմանաթոռ» բառը, որուն վրայ, ըստ աւանդութեան, դրուեցաւ Քրիստոսի մարմինը, երբ խաչէն իջեցուցին զայն:
Զանգակը կը հնչէ: Չորրո՛րդ յարկ: Տիկին Էլիզը տունը չէ: Ուրեմն՝ վեցերո՛րդ յարկ։
– Բարե՛ւ Ալիս… Լա՛ւ եմ: Դո՞ւն: Մաման չկա՞յ: Աթոռ, աթոռ ունի՞ք, անշուշտ ունիք: Երկու հատ պէտք է: Շատ հիւր եկաւ… Կ՛ըսե՛մ, դուն ալ ձերիններուն ըսէ։
Մեր բանաստեղծներու սիրտին մէջ «աթոռ»ը արթնցուցեր է յարգանքէն մինչեւ ատելութիւն տատանող զգացումներ: Գրիգոր Նարեկացին իր «Տաղ Յարութեան» երկին մէջ պատկերացուցեր է ամենաթանկագին աթոռը՝ Մասիսէն իջնող սայլի վրայ զետեղուած ոսկեղէն աթոռ, որուն վրայ նստողն էր՝ Որդի արքայի:
«Սայլն այն իջանէր ի լեռնէն ի Մասեաց,
«Եւ ի վերայ նորա՝ աթոռ ոսկեղէն»:
Սուրբ Ներսէս Շնորհալին «Ծննդեան Տաղ»ին մէջ տեսեր է աթոռին մէկ այլ տեսակը՝ «քառակերպ աթոռ»: Աթոռը նաեւ դարձաւ տեղանուն՝ «Անահտայ (Անահիտի) աթոռ»՝ Երզնկայի մէջ լեռնագագաթ մը, ուր գոյութիւն ունեցեր է Անահիտ աստուածուհիին տաճար-մեհեանը:
Յարգելի՛ ընթերցող, միշտ չէ՛, որ բոլոր բանաստեղծները երկիւղածութեամբ մօտեցած են այդ բառին: Ունինք պատկառելի մէկ գրիչ, որ չէ հաշտուած, լեզու չէ գտած անոր հետ. Պարոյր Սեւա՛կը: Իր բարկութիւնը սկսեր է մանկութեան տարիներէն: Անոր ինքնակենսագրութիւնը կ՛ըսէ. «Գիւղում չկային սովորելու նուազագոյն պայմաններ… Ես միջնակարգն աւարտեցի՝ այդպէս էլ չիմանալով, թէ ի՛նչ բան է աթոռ ու սեղան»: Հասունութեան տարիներուն, աւելի լուրջ հարցեր ունեցեր է ան «աթոռ»ին հետ: «Մարդ Էլ Կայ, Մա՛րդ Էլ» բանաստեղծութեան մէջ, ան կը նկարագրէ հայրենակից մը.
«Ամէ՜ն ինչից շատ, ամէ՜ն ինչից վեր
Սիրում է կեանքում նա իր… աթոռը:
Աթոռն է սիրում
Ու նրան տիրում»:
Իսկ «Իրերի Դատն ու Դատաստանը» բանաստեղծութեան մէջ, առաւել լսելի է պոռթկումը. «Թշուառական ա՛յս չորքոտանին՝ աթոռ (…) կոչուածը, ինչպէս գիտէք դուք, նրա համար է, որ նստենք վրա՛ն: Սակայն պարզւում է, որ սրա վրայ նստողի՛ վրայ՝ սա ի՛նքն է նստում»:
Հիւրերը կը մեկնին: Հիմա աւելի մեծ գործ կայ… բոլոր աթոռները՝ վեր:
Միջոցին պարզուեցաւ, թէ «աթոռ»ը, թէ՛ փառաւորեալ եւ թէ՝ պախարակեալ բառ էր: Սակայն, հակառակ անոր որ «աթոռ»ը միշտ հանգիստ չէ եղած, որովհետեւ անոր մէկ ոտքը կարճ մնացեր է միւսներէն, հայ ժողովուրդը պաշտած է զայն եւ երկիւղածութեամբ մօտեցեր է անոր: Համոզուելու համար, ականջ տուէք Ս. պատարագի խնկարկութեան շարականին. «Բարեխօսութեամբ վերին քո զօրացդ՝ միշտ անշարժ պահեա՛ զաթոռ Հայկազեանս»: Անշա՛րժ մնայ մեր «աթոռ»ը։