ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մեր բառերուն ամէնէն փափուկը:
Image may be NSFW.
Clik here to view.Երեւան-Սեւան մայրուղիի 14րդ քիլոմեթրի վրայ ճամբու եզրին մեր աշակերտները սկսեր էին քարեր հաւաքելու՝ որպէս հայրենի յուշանուէր: Մինչ շատեր ափ մը օպսիտիանով կը գոհանային, Աւօն եւ Շանթը, որոշեր էին «սատանի եղունգ» կոչուած այդ քարի ամենամեծը որոնել: Այդ «քարահաւաք» արարողութիւնը առիթ տուած էր, որ Մեղեդիին հետ խօսէինք «քար» բառին մասին, ու հասեր էինք այն եզրակացութեան, թէ հակառակ իր նիւթի կարծրութեան՝ «քար»ը մեր ամէնէն փափուկ բառերէն մէկն էր… Բանաստեղծներ Պարոյր Սեւակի, Գէորգ Էմինի եւ Համօ Սահեանի քնարական տողիկներն էին մեր վկաները: Անոնք, որոնք մեր նախորդ զրոյցին ականջալուր եղած են, լսած են, թէ «քար»ը նաեւ մատեան էր եւ սուրբ, արցունք էր եւ ծաղկունք… Աշակերտները կը սկսին հանրաշարժ վերադառնալու: Իսկ Աւօն… գրկած է հսկայական կտոր մը օպսիտիան, այն սեւ, ապակենման եւ կիսաթափանցիկ գեղեցկուհին, որմով հարուստ է Հայկական լեռնաշխարհը:
– Տղա՛յ, ասիկա ինչպէ՞ս պիտի տանիս:
– Պարոն, դժուար չի, դնում եմ ճամբրուկիս մէջ, փաթաթւում եմ շորերիս ու տանում եմ: Կը պահենք դասարանում:
Հանրաշարժի մէջ Ալիքը դարձեալ նստած է վարորդ Արտուշին քով, գետինը: Աղջնակը, իր թանկագին լուսանկարչական գործիքը ձեռքին՝ անթարթ կը դիտէ հայրենի բնաշխարհը ու կը լուսանկարէ զայն: Որոշած է իր նկարներու համադրութեամբ դասարանին համար մեծաչափ պաստառ մը ստեղծագործել:
Image may be NSFW.
Clik here to view.
– Պարոն, քարի այս պաշտամունքը հարազատ թուաց ինծի:
– Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ մեր ցեղը քարածին է ու նստած է քարերու վրայ: Եւ ի՞նչ ընէր ժողովուրդը, եթէ ոչ՝ մտովի փափկացնէր ու մեղմացնէր զայն, որպէսզի գոյատեւէր քարասիրտ այս բնութեան մէջ:
– Գրականութեամբ կարելի է:
– Ճիշդ է. գրականութեամբ եւ մանաւանդ խաչքարերով, որոնցմով մեր նախնիները, Գէորգ Էմինի խօսքով՝ «ասեղնագործած են իրենց սէրն առ Աստուած, յոյզերը, մտքերը… որպէս քարէ աղօթք»: Ըստ Էմինի, հայ ժողովուրդը մետաքսի նուրբ թելեր կը հանէ նոյնիսկ հայոց բիրտ քարերէն:
– Երկիրը սիրել, ուրեմն, պիտի նշանակէ քարը սիրել:
– Ահա, սկսար քարերու լեզուն հասկնալու: Տե՛ս, Էմինը ի՛նչ նուրբ տողիկ մը նուիրած է մեր երկրին. «Քարէ խորհուրդ է ու քարէ խաչ»: Ան նաեւ երկտողի մէջ երգած է հայոց պատմութինը.
«Երգից բացւում են շուրթերը քարի,
Մենք երգում ենք, եւ լալիս է քարը»:
Բանաստեղծը, Ալիք, գիտէր նաեւ թէ քար էր ու քարին պիտի վերադառնար, ու դանդաղօրէն սկսաւ գրի առնելու հետեւեալ միտքերը.
«Կը գամ, կը նստեմ այս մամռոտ քարին,
Կը գամ կը պառկեմ այս քարի վրայ,
Կամ… այս քարի տակ»:
Իսկ Էջմիածնի անապատական, բանաստեղծ Իսահակ աբեղայ Պօղոսեանի համար քարը յուզումներու ծանրութիւն է. «Սրտիս մէջ քարեր ու լոկ անապատ»:
– Պարոն, ես լուսանկարներուս մէջ կ՛ուզեմ դրական ըլլալ ու ցոյց տալ, թէ քարը կեանք է ու սէր է:
– Հայու համար նաեւ երաժշտութիւն… Վաղը մենք կ՛երթանք Գառնի: Ձորամէջը, Ալիք, բնութեան հրաշալի մէկ ստեղծագործութիւնն է, կոչուած՝ Քարերի Սիմֆոնիա: Մեր նկարագիրը, ըստ երեւոյթին, կերտուած է այդ սիրունատես քարերով, ինչպէս Համօ Սահեանը ըսեր է. «Երազներից քարէ ծաղիկ եւ քարեղէն հեքիաթ հիւսող»: Կը տեսնե՞ս, մեր լեզուն քարով կրնայ արտայայտել կեանքի ամէն հանգրուան եւ զգացմունք: Ահա մայրենիի ամէնէն պատկերալից գոհարները. քարարձան, քարերգ, խաչքար, խարսխաքար, եզրաքար, պորտաքար, սալաքար, կաթիլաքար, անկիւնաքար, շիրմաքար եւ ամէնէն նուիրականը՝ սրբատաշ քար: Մեր հիներու գրաբար լեզուն ունեցեր է նոյնքան պատկերալից դարձուածքներ՝ «քար պատուական», «քար դժոխային», «քար մանրիկ», «յարկանել քարիւ», «քարկոծել քարամբ», «չթողուլ քար ի քարի վրայ» եւ բախտաւորութիւն մը‘ «միով քարամբ զերկուս պարսաքարել»: Ժողովուրդը ունի քարէ բազմաթիւ ասացուածքներ: Որքան քար, այնքան ասացուածք. «Եօթը քարի արանք»՝ անելի մատնուած վիճակ, «քարերը կ՛աղաղակեն»՝ իրականութիւնը կարելի չէ ծածկել, «քարսիրտ դառնալ»՝ գութը կորսնցնել, «քարը հալեցնել»՝ աղիողորմ լալ, «քար նետել»՝ սուր ակնարկութիւն կատարել, «քարը գոգէն՝ փեշէն թափել»՝ զիջել, «քարը տեղը դնել»՝ ճիշդ խօսքը ըսել, «քարէ հաց կամ իւղ հանել»՝ չարչարանքով ապրուստ վաստկիլ: Այսքան քարի մէջ անշուշտ գիրքի անուն պիտի դառնար անիկա. Ռազմիկ Դաւոյանի ժողովածուն՝ «Քարէ Բարձ»… Քանի՞ հատ լուսանկար ունիս հիմա:
– Հազար երկուհարիւր: Պարոն, մեծ պաստառիս համար խորագիր գտայ. «Իմ Քարէ Երկիր»:
– Մեր քարակոյտին վրայ քար մըն ալ դուն աւելցուցած պիտի ըլլաս…
Հանրաշարժը կը մօտենայ Երեւան: Իրիկնամուտի այս ժամուն քարակերտ քաղաքը սկսեր է շիկանալու:
– Պարոն, Մեղեդիին ինչո՞ւ ըսիք, թէ երգ էր քարը:
– Մեր երգահաններու ազնիւ յօրինումներն են անոնք: Ալիք, մտաբերէ «Էրեբունի-Երեւան»ը, քայլերգը մեր լուսաւոր մայրաքաղաքին, որուն մականունն է «Վարդագոյն քաղաք», եւ որ կը պատրաստուի իր ծննդեան 2800ամեակը տօնելու: Ըստ Պարոյր Սեւակի՝ անիկա «Մեր դարէ կարօտ, մեր քարէ նազանք»ն է:
– Եւ, «տաք է սէրը մեր իր շէկ քարերի պէս»…
Պարոն Արտուշէն կը խնդրենք, որ նուագէ Թաթայի «Երեւանս, Երեւանս» երգը: Րոպէ մը չանցած երգչուհի Տաթեւ Ասատրեանի ձայնով կը հնչէ այդ մեղմօրօր մեղեդին.
«Թէ յուշերից քաղաք հիւսեմ,
Հիւսեմ թելով երազներիս…
Երեւանս, Երեւանս,
Անգին քարս, անգին քարէ վարդս…»։
Հիմա ուշ Հոկտեմբեր է: Աւոյին քարը, որպէս յուշաքար, արժանապէս կը կանգնի դասարանի գրասեղանին վրայ ու կը զարմացնէ բոլորը: Ալիքին պաստառը, «Իմ Քարէ Երկիր»ը, պատին վրայ զետեղուած գեղեցկուհի, իր պատմութեամբ կը ներշնչէ շատերը: Իսկ Շանթը, որ Աւոյին հետ քարաբլուրին գագաթը մագլցած էր, դպրոցական առիթներուն, կտոր մը օպսիտիան գրպանէն հանելով‘ Յովհաննէս Գրիգորեան կ՛արտասանէ.
«Սա իմ երկիրն է,
Չափերով այնպիսին,
որ ազատօրէն տեղաւորել եմ սրտիս մէջ,
որ չկորցնեմ յանկարծ»: