ԵՐԵՒԱՆ.- Barem եւ WIN-Gallup International հետազօտական ընկերութիւնները շարք մը երկիրներէ շուրջ 66,000 քաղաքացներու մասնակցութեամբ հարցախոյզ մը կատարած են՝ պարզելու համար, թէ որ երկիրներու բնակչութիւնը առաւել հաւատացեալ է:
«Էրմենիհաբեր»ի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ հարցախոյզին մասնակցողները կարելիութիւն ունեցած են ընտրելու «հաւատացեալ եմ», «հաւատացեալ չեմ», «աթէիստ եմ» եւ «կը դժուարանամ պատասխանել» տարբերակներէն մէկը:
Հարցախոյզի արդիւնքներուն համաձայն՝ 41 երկիրներ ներառող ցանկին վրայ իրենց ամէնէն քիչ հաւատացեալներները եղած են Պուլկարիայէն (51 տոկոս), Ուքրանիայէն (53 տոկոս), Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն (56 տոկոս), Ինտոնեզիայէն (58 տոկոս), Փորթուկալէն (59 տոկոս):
Ըստ աղբիւրին՝ պատասխանող հայաստանցիներուն 92 տոկոսը հաւատացեալ է: Այսպիսով, Հայաստան ամէնէն հաւատացեալ երկիրներու ցանկին վրայ գրաւած է 9րդ տեղը, Թուրքիան՝ 26րդ: