Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Թրքահայ Երաժիշտ Երուանդ Պոստանճին Մնայուն Բնակութիւն Պիտի Հաստատէ Տիգրանակերտի Մէջ

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ծնունդով տիգրանակերտցի նշանաւոր թրքահայ երաժիշտ, ուտահար Երուանդ Պոստանճին, 21 տարի Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակելէ ետք որոշած է վերադառնալ ու մնայուն բնակութիւն հաստատել Տիգրանակերտի մէջ։
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ե. Պոստանճին յայտնած է, որ 20 Յունիսին վերջնականապէս պիտի վերադառնայ իր ծննդավայրը։ Ան նշած է, որ իր այդ որոշումին հիմքը հանդիսացած է Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի՝ Տիգրանակերտի հայերուն ուղղած վերադարձի կոչը: Միացեալ Նահանգներու մէջ հայերէնով, քրտերէնով եւ թրքերէնով ստեղծագործող Պոստանճին յայտնած է, որ Տիգրանակերտ տեղափոխուելու ծախսերը խոստացած է հոգալ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը, իսկ այս մասին իրեն յայտնած է Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles