Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Շղթայ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0120norayrdadourianԴասարանին մէջ, Ուրբաթ օրը հայրենական այժմէական լուրերու յատկացուած է, որպէսզի սփիւռքահայ պատանին լաւ մը շղթայուի ազգային ինքնութեան: Այսօր, կը պատահի, որ լուրը, ի՛նքը շղթային մասին է:

– Ամբո՞ղջ Արագածը, պարոն:

– Այո, Ամուր, ամբողջ Արագածը որոշեր են մարդկային շղթայով պարփակել: Անիկա պիտի դառնար «Հայաստանի հոգսաշատ առօրեային մէջ վերջին տասնամեակին արձանագրուած ամենալուսաւոր իրադարձումը», ինչպէս մամուլը գրեց ու կրնար դառնալ նաեւ «Կինես»ի գիրքին մէջ միջազգային մրցանիշ՝ «Մարդկային ամենամեծ շղթան»:

– Յաջողեցա՞նք:

– Կը կարդաք լուրը եւ կը սորվիք:

Մինչ աշակերտներուն հետ լուրը կը կարդանք ու գաղափարներու փոխանակում կ՛ունենանք, «շղթայ» բառի պատմութիւնն ալ օղակ-օղակ կը սկսի յայտնուելու:

Շղթայ… Բառ մը, որ հայը անբեկանելիօրէն կը կապէ իր անցեալին: Այնքան հին է, որ չենք յիշեր, թէ ո՛ւր է ծայրը եւ ո՛վ կռաներ է անոր առաջին օղակը: Բառարանները կը համաձայնին, թէ ասորական ծագում ունի: Բունը եղեր է «շշղթայ»: Անոր պատմական առաջին զնգիւնը հեքիաթային է: Ըստ Մովսէս Խորենացիի՝ իր հօրմէն՝ Արտաշէս թագաւորէն անիծուած Արտաւազդը շղթայակապ արգելափակուեր է Մասիս լերան քարանձաւի մը մէջ: Հակառակ անոր, որ շղթաները կը նօսրային կրծող շուներու շնորհիւ, հայ դարբիններ անընդհատ կը զարնէին իրենց կռանները ու անոնց շառաչիւնէն վերստին կ՛ամրանային շղթաները:

– Պարոն, որքա՞ն երկար պէտք է ըլլար շղթան:

– 160 քիլոմեթր, Ներսէս, մօտաւորապէս հարիւր մղոն:

Պատմագիր Ագաթանգեղոսը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս արքունի դահճապետը շղթայուած Գայանէն դուրս հանեց Վաղարշապատի հարաւային դռնէն, հասնելու համար ճախճախուտ այն վայրը, ուր մահապարտները «չարամահ» կ՛ըլլային. «…դահճապետն պարծելով չարամահ առնել զնա, եւ ետ հանել զնոսա շղթայիւք ի քաղաքէն»… Ոսկեդարուն ունեցանք «շղթայք գերութեան», «արկանել ի շղթայս» եւ «խորտակել զշղթայս» արտայայտութիւնները: Հին մատենագրութիւնը ունի «շղթայ» բառով շինուած արտայայտութիւններու երկար շղթայ մը. «Կապեաց զնա պղնձի շղթայիւք», «Նովին շղթայիւք բեւեռէին», «Անկան շղթայքն ի ձեռաց նորա»… Ահաւասիկ, յարգելի ընթերցող, ասոնք են «շղթայ» բառի նախկին տպաւորութիւնները մեր մտածողութեան մէջ- գերութիւն, ստրկութիւն, կապանք եւ լուծ: Նոր դարերուն Պետրոս Դուրեանն է, որ աւելի շատ պայքարած կը տեսնենք շղթաներու դէմ: Ծիծաղելի է, չէ՞- գրիչը երկաթի դէմ: Ահա «Աւերումն Անի Մայրաքաղաքին» թատերախաղին միջոցով բեմ բարձրացուած խօսքեր. «Պարսկին սուրը կամ շղթայն… որն ընտրէք երկուքն ալ սոսկալի են. երկուքն ալ հայութեան ջնջում կը սպառնան»: Դուրեանին կը պատկանին նաեւ «գերութեան շղթաները», «սեւ շղթայ» եւ «յաւիտենականութեան շղթան» արտայայտութիւնները: Բանաստեղծ-մտաւորականը նաեւ պոռթկաց՝ ազգային անզգայնութենէն յոգնած. «Մինչ ց՛երբ գոչեմ, ձայնըս մէկը չը լըսեր, հայն իւր ժանգոտ շղթան երբեք չը սարսեր»: Հեգնական է, որ օր մը Դուրեանը, ի՛նքը մնաց շղթայուած.

«Ըրիր աչացդ մէկ կայծին

Եւ մէկ վանկիդ զ՛իս գերին,

Շղթայեցիր զ՛իս, անգութ»:

Ռափայել Պատկանեանը, մենատիրութեան եւ բռնակալութեան դաժան տարիներուն զգաց շղթաներու ծանրութիւնը: Անոր գրիչը կը ներկայացնէ ժամանակաշրջանի գաղափարախօսութիւնը. «Հայ ազգը հեծեծում է, ձեռքը, ոտքը շղթայած», «Հիմի էլ լռենք, երբ մեր թշնամին… մեր շղթան կռեց, վայ մեզ, շղթայով կապած գերի ենք», «Էլ չենք հաւատալ օտարի խոստման… ոսկի շղթայով ձեռք ոտք է կապում»: Այդ խեղդող ժամանակներուն ընբոստ դարձուածք մը պիտի յայտնուէր անշուշտ- «շղթաները փշրել»: Մեր պատմութիւնը կը յիշէ, թէ ունեցեր ենք պատրիարք մը, որ բառացիօրէն «շղթայուած» էր- Պոլսոյ Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարքը, ան, որ ինքզինք ութը տարի վիզէն վար շղթայուած պահեց, մինչեւ որ կարենայ Երուսաղէմի վանքի հսկայական պարտքերը վճարել:

0120norayrdadourian

Ոսկեդարէն սկսեալ ամէն հայ գրագէտ օղակ մը աւելցուց բառին վրայ ու ան դարձաւ՝ շղթայագիծ, շղթայակապ, շղթայընթաց, շղթայագործ, շղթայապինդ, շղթայաբեկ, շղթայակից, շղթայակամուրջ, շղթայափակ: Կ՛ուզէք լսել մեր լեզուի ամենաերկար շղթանե՞րը: Այդ պատիւին կ՛արժանանան չորս բառեր՝ շրթնաշղթայաշար, շղթայաւորութիւն, շղթայափակութիւն եւ շղթայազերծութիւն: Իսկ Լեւոն Շանթ բառս վերածեց պատմական թատերախաղի՝ «Շղթայուածը»… Ինչո՞ւ զարմանալ այս բոլորին, երբ հայերէնը Գեղամայ, Ծաղկունեաց, Զանգեզուրի, Մթնասարի, Վարդենիսի, Լալվարի, Թեղենեացի, Բազումի, Փամպակի, Ոսկեպարի եւ 27 այլ լեռնաշղթաներու լեզու է: Երկար չտեւեց, որ մենք հասկնանք, նաեւ թէ «շղթայ» բառը իր մէջ կը պարունակէ «յաջորդականութիւն» իմաստը: Ուստի, ունեցանք ժամանակակից արտայայտութիւններ. «սննդական շղթայ», «ապօրինի թմրաշրջանառութեան շղթայ», «կաշառակերութեան շղթայ», «մատակարարման շղթայ», ինչպէս նաեւ Համաշխարհային առաջին պատերազմի տարիներուն 1, իսկ այժմ 6 կամ 8 մեթր հեռաւորութեամբ տեղաւորուած զինուորներով կազմուած «հրաձգային շղթայ», եւ անշուշտ, ամէնէն երջանկաբերը՝ «տօնածառի լուսաշղթայ»: Սիրելի ընթերցող, յիշեցնենք նաեւ, թէ այժմ հայրենիքի մէջ ուղղագրական կանոններու կառավարման շղթայի որոշումով բառս 20 տոկոս կրճատուած կը մնայ- «շղթա»:

– Պարոն, մարդկային շղթան նոր գաղափար մը չէ՛- յանկարծ կը լուսաւորուի Լարինը, երբ կը հասնի երկրորդ լուրին, թէ Ամսթերտամի հայերը հայկական կամուրջին վրայ, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան նահատակներուն՝ կազմեր են կենդանի շղթայ:

Հակառակ անոր, որ բառը ունէր ժանտ անցեալ մը եւ ընկճող ծանրութիւն, օր մը յայտնուեցան երկու քնարամիտ բանաստեղծներ ու «շղթայ» բառը վերածեցին սիրոյ կապի: Մէկը Վահան Տէրեանն էր.

«Քո շարժումները ուրուականային…

Շղթայեցին ինձ օղակով անտես»:

Սիրահար տղան շարունակեց գրել. «Ես ու դու էլ շղթայուած ենք իրարու»: (Նոյն Տէրեանն էր, որ փետուրի թեթեւութիւն մը տուաւ անոր եւ երկինք բարձրացուց. «Կախարդական մի շղթայ կայ երկնքում»: Իսկ Դանիէլ Վարուժան այսպէս խօսեցաւ իր դուստրին հետ. «Շղթայէ վիզս այդ թեւերովդ քնքոյշ»: Չարենց մեզի տուաւ «Արեւածագին բռնկուած շղթայ» գրական պատկերը, մինչ Ռուբէն Սեւակ ապրեցաւ «շղթայազերծ փոթորիկներ»: Վերջապէս, Իսահակեան 1905ին այսպէս խրախուսեց հայութիւնը.

«Դու մոխըրի վրայ նստած ժողովուրդ՝

յօշոտուած մանկանց դու՝ խելագար հայր, –

Դուրս եկ՝ դո՛ւ վագր, դո՛ւ շղթայազերծ»:

– Պարոն, քանի՞ հոգի պէտք էր շղթան ամբողջացնելու համար:

– Մօտաւորապէս 250-300 հազար հոգի:

– Ինչո՛ւ մրցանիշը չկրցանք կոտրել:

– Լեռը փոքր եկաւ, Փաթիլ, փոթեր յառաջացան:

– Յաջորդին ե՛ս ալ շղթայի օղակ դառնալ կ՛ուզեմ ու գրկել Արագածը:

Շղթայ… Բառ մը, որ հայը անբեկանելիօրէն կը կապէ անցեալին… եւ ապագային:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles