Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ- Նոր Հրատարակութիւններ

$
0
0

top-10-confidence-books

Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

 

– Շառոյեան Լեւոն, «Դեգերումներ Հայ Գիրի Եւ Պատմութեան Գետեզերքին», Բ. հատոր, յառաջաբանը՝ տոքթոր Արմենակ Եղիայեանի, Բերիոյ թեմի «Այգ» մատենաշար թիւ 22, տպարան «Ոսկետառ», Հալէպ, 2018, 320 էջ: Գիրքին մեկենասն է Ֆրանսայէն Տիգրան Ճիյէրճեանը:

– Չիֆթճեան Գրիգոր եպս., «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմում. Հայկական Յուշարձանների Հետքերով», Ա. հատոր, Իրան, 2018, 546 էջ (Ատրպատականի թեմի առաջնորդը կը նկարագրէ թեմի տարածքի հայկական 238 եկեղեցիներէն 95ին այժմու վիճակը՝ ականատեսի վկայութիւններով, բազմաթիւ լուսանկարներ):

– «Ստորագրութիւն՝ Գրիգոր Պըլտեան», հայերէնէ թարգմանեց Սոնիա Պեմեզեան, «Քլասիք Կարնիէ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018, 235 էջ (գրականագէտ-փիլիսոփայ Գ. Պըլտեանի գիտական վաստակը), ֆրանսերէն:

– «Վահան Թէքէեան Վարժարան – Վաթսունհինգամեակ (1951-2016)», Պէյրութ, 2018 (Պէյրութի մէջ Թէքէեան մշակութային միութեան դպրոցին յուշամատեանը, յուշեր, լուսանկարներ, տնօրէններու, ուսուցիչներու, հոգաբարձական կազմերու եւ այլ ցուցակներ):

– Ֆիշենկճեան Անի Աւետիսի, «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը 1946-1970 թթ.», հրատարակութիւն Հ.Հ.Գ.Ա.Ա. Պատմութեան Հիմնարկի, Երեւան, 2018, 344 էջ (Ա-5) (արաբերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, լուսանկարներ, քարտէսներ, փաստաթուղթեր, օգտագործուած գրականութեան ցանկ): Տպագրուած է Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Պատմութեան Հիմնարկի Գիտական խորհուրդի որոշումով, Ֆիշենկճեան ընտանիքի եւ Հերմինէ Պարսումեանի ու անոր որդիին՝ Տիգրանի միջոցներով եւ նուիրուած է հեղինակին հօր՝ Աւետիս Ֆիշենկճեանի յիշատակին:

– Աւետիքեան Սերժ, Եկաւեան Տիգրան, «Սփիւռքեան Երկխօսութիւն», Փարիզ, 2018, 200 էջ (12 x 19 սմ.) (ֆրանսահայութեան ինքնութեան տագնապն ու հարցերը երկու տարբեր սերունդներու երկխօսութեան ընդմէջէն), ֆրանսերէն:

– Տը Թոմասսի-Վիշինսքի Էմիլիա Աշխէն, «Նոր Արաքս-Պարիի հայկական Գիւղին Պատմութիւնը», յառաջաբանը՝ Լեւոն-Պօղոս արք. Զէքիեանի, վերջաբանը՝ Ռուբէն Թիմուրեանի, LB հրատարակչութիւն, Իտալիա, 2017 (Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու՝ 1924ին Իտալիոյ հարաւային Պարի քաղաքին մօտերը հիմնած Նոր Արաքս գիւղին պատմութիւնը), իտալերէն: Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր ծնողներուն՝ Տիրանի եւ Աշխէնի, նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերու յիշատակին:

– Սիմոնեան Հրաչիկ, «Հայկական Հարցը Եւ Ռուսաստանեան Դիւանագիտութիւնը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Նախօրէին», Ռուսիոյ գիտութիւններու կաճառի հարաւային գիտական կեդրոնի հրատարակչութիւն, Թոնի Ռոսթով, Ռուսիա, 2018, 464 էջ (17,2 x 24,7 սմ.) (օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ), ռուսերէն:

– «Սփիւռք Եւ Ինքնութիւն», խմբագիր՝ Շահան Գանտահարեան, հրատարակութիւն «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի թիւ 12, տպարան Կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 2018 (17 Յուլիս 2018ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած նոյնանուն գիտաժողովին 24 զեկուցումները):


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles