ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Արծաթ՝ բառը եւ բարդացած հոգեբանութիւնը։
Եւ ի՛նչ ընէր «արծաթ» բառը, երբ դատապարտուած էր բոլոր առաջնութիւնները զիջելու իր դեղնափայլ երկուորեակին՝ «ոսկի»ին ու մրցոյթներու մէջ մնալու՝ «լաւագոյն երկրորդը»: Յիշեալ երեւոյթը կը պատահի բառաշխարհի մէջ եւ երկու տաղանդաւոր բառեր երբեմն մրցակցութեան մէջ կը մտնեն ու աւարտին, մէկը ժողովրդականութիւն կը վայելէ, իսկ միւսը կը զգայ վիրաւորուած եւ կը մատնուի ստորակայութեան բարդոյթի: Այսպիսի վիճակի առջեւ գտնուեցաւ «արծաթ» բառը: Հակառակ անոր, որ յարգուած մետաղի մը անուանադիրն էր եւ հակառակ անոր, որ գրաւոր հայերէնի խանձարուրային շրջանէն սկսեալ մատենագրութեան բոլոր էջերուն մէջ ներկայ էր իր յղկուած փայլով՝ անոր ծննդակիցը, «ոսկի» երկվանկը, աւելի շատ շողշողաց, սիրահար բանաստեղծներու ջերմ հետաքրքրութիւնը վայելեց եւ «արծաթ» բառս մնաց նկարագրելու այն, ի՛նչը ցուրտ էր եւ գիշերային:
Հայոց լեզուին մէջ «արծաթ» բառի ոդիսականը հին է այնքան, որքան հին է արծաթ մետաղը: Գրաւոր հայերէնի նաւակատիքին անիկա պատկառելի ներկայութիւն ունէր իր բարդ բառերով եւ պատկերալից դարձուածքներով: Մեր առաջին պատմիչին՝ Ագաթանգեղոսի գրիչին մէջ արդէն ձուլուած էին «արծաթի», «արծաթեղէն» եւ «արծաթարար» բառերը: Նոյն դարաշրջանին այլ մատենագիրներու էջերը արժէք կը ստանային արծաթափայլ բառերով, ինչպէս՝ արծաթագին, արծաթագոյն, արծաթազօծ, արծաթահանք, բազմարծաթ եւ կաւարծաթ:
Արծաթաձիւն լեռներու աշխարհը, որ Հայաստանն է, եւ ուր քիչ չեն արծաթի հանքերը, բնական է, որ ունենար հինգ քաղաք, որոնք կոչուած ըլլային «Արծաթահան» կամ «Արծաթահանք»: Առաւելապէս, հայկական լեռնաշխարհը ունեցեր է արծաթի բազմաթիւ տեղանուններ՝ Կարնոյ նահանգի մէջ գիւղ՝ «Արծաթ», Արցախի մէջ լեռ՝ «Արծաթասար», Այրարատ աշխարհի Բասէն գաւառի մէջ դաշտ՝ «Արծաթաղբերք» եւ նոյն գաւառին մէջ Ղազար Փարպեցիի կողմէ յիշատակուած գիւղ՝ «Արծաթի», ուր, 483 թուականին Մուշեղ Մամիկոնեան յաղթեր է պարսիկներուն: Բնական է նաեւ, որ ամէն գաւառի մէջ բառը ունենար տեղական հնչիւն. Մշոյ, Սեբաստիոյ, Ակնայ, Ալաշկերտի եւ Խարբերդի մէջ «արձաթ», Միքայէլ Նալպանդեանի եւ Ռափայէլ Պատկանեանի ծննդավայր Նոր Նախիջեւանի մէջ «արգաթ», Սալմաստի եւ Վանայ մէջ «առծաթ», Թիֆլիսի մէջ՝ Սայաթ-Նովայի համար «է՛րծաթ» ու զէյթունցի եւ հաճընցի վաճառականի համար՝ «այձօթ»: Իսկ երբ համշէնցի հարցի գլխանոցի վրայ էր շարուած, անիկա դարձաւ «այձաթ»:
Գրաւոր հայերէնի մէջ «արծաթ» բառը իր մուտքը կատարեց Աստուածաշունչով: Եւ հոն արծաթի 30 հատը բաւեց, որ մարդը մատնիչ դառնայ: Այնուհետեւ, հայոց լեզուին մէջ բոյն դրաւ «30 արծաթ» տխրահռչակ դարձուածքը: «Արծաթ»ը 500 անգամ գործածուեցաւ Սուրբ Գիրքին մէջ: Հոն տեղ գտան արծաթագործ, արծաթաձոյլ, արծաթապատ, արծաթեղէն եւ արծաթասէր բառերը, ինչպէս նաեւ հազուագիւտ ածական մը, «արծաթագին», որ կը նշանակէ՝ արծաթով կաշառուած: Իսկ Սուրբ Գիրքերու համար անկրկնելիօրէն գեղեցիկ եւ թանկագին կազմեր պատրաստող հայ ոսկերիչին համար ունէինք մէկ այլ բառակապակցութիւն՝ «արծաթապատ կազմ», անիկա, որ արժանապէս տեղ կը գտնէ Մատենադարանի ցուցափեղկերուն մէջ զետեղուած ծանուցողական պիտակներու վրայ:
«Արծաթ» արմատը յոյս ունէր, որ իր 140 բառերով կարենար բառապաշարի մրցանիշ մը գոնէ կոտրէր, աւա՜ղ, այդ դասակարգին մէջ ալ «ոսկի»ն հանդիսացաւ անմրցելի՝ հաւաքած ըլլալով 400 նիշ: Ամենայն դէպս, «արծաթ» բառով շինուած են պատկերալից արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «արծաթ ծիծաղ»՝ քաղցր ու յստակ ձայն, «արծաթին տալ»՝ փայլիլ, «արծաթ գլուխ»՝ ճաղատ, (ակնցիներու խօսքն էր ասիկա) ինչպէս նաեւ կարնեցիներուն մէկ արտայայտութիւնը՝ «արծաթ հանք»՝ ընտիր, առողջ, ուժեղ սերունդ տուող հայր: Իսկ, յարգելի ընթերցող, ազնիւ բառս, մեզի տուաւ նաեւ այնպիսի քնարական բառեր, որ այժմ զանոնք չյիշել՝ դաւաճանութիւն պիտի ըլլար՝ արծաթաբաշ, արծաթածոպ, արծաթահեր, արծաթասիւն, արծաթատերեւ, արծաթափայլ, արծաթափետուր, արծաթերիզ եւ արծաթաճաճանչ: Իսկ կ՛արժէ առանձնացնել «արծաթապայտ» ածականը: Ըստ Յովհաննէս եպիսկոպոս Շահխաթունեանցի աւանդած պատմութեան՝ Թալինի մէջ 360 նորապսակ հարսեր Աստուածայայտնութեան տօնին արծաթապայտ մուճակներով գացեր են եկեղեցի:
Բառը, որ ժամանակ առ ժամանակ փայլեր է, պիտի ունենար համապատասխան ստուգաբանութիւն: Բունը եղեր է «արծանթ»: Նախնապէս նշանակեր է «փայլուն, սպիտակաւուն»: Բնիկ հայկական է: Ունի բազմաթիւ ցեղակիցներ՝ rajata, argentum, argent, argento, argat, argant: Յարգելի ընթերցող, նկատած պիտի ըլլաք նաեւ, թէ լատիններու եւ լատինածին լեզուներու «g» տառի հայկական տառադարձութիւնն է մեսրոպեան «ծ» գիրը: Ուստի, եթէ տարրերու աղիւսակը հայոց գիրերով պատրաստուած ըլլար, այժմ «Ag» անուանուած մետաղը պիտի դառնար «Ած»:
Ամէն դար բառը ներշնչումի անյատակ հանք էր, թէ արծաթասէր եւ թէ՝ արծաթատեաց հեղինակներու համար: Ներսէս Շնորհալիի համար ան «ախտ» էր: Սուրբին կը պատկանի «ախտ արծաթասիրութեան» արտայայտութիւնը: Այս կեցուածքը կարծես շարունակութիւնն էր Գրիգոր Նարեկացիին, որ Շնորհալիէն 100 տարի առաջ գրի առեր էր «արծաթ անպիտան» եւ «արծաթ ծառայեցուցիչ» արտայայտութիւնները: Նախորդ դարուս, Դանիէլ Վարուժան «արծաթ»ին դիմեց, երբ ցոյց տալ պէտք էր, թէ Սիւնիքի նահապետ Բակուրի տօնական սեղանը շողշողուն է. «Արծաթազօծ դգալներն ու դանակները… փայլակներ են»: Սա «Հարճը» վիպասանութիւնն էր՝ արքունի սիրային արկածախնդրութիւն: Իսկ «Հացին Երգը» ժողովածուին մէջ, նոյն Վարուժանը արծաթի արժէք պիտի տար գոմէշի պաշտելի շողիքին.
«Գոմեշներ՝ լուծը լըքած՝
ճահիճին մէջ կը պառկին
Իրենց բերնէն հոսելով
Թելերն արծաթ շողիքին»:
Վարուժանի աչքին իբրեւ արծաթ փայլեցաւ նաեւ գերանդին. «…Ահաւասիկ գերանդիներ… Ցորեններուն մէջ իբր արծաթ կ՛ընկղմին»: Մեր գեղապաշտ բանաստեղծներուն համար «արծաթ» բառը յարմար եկաւ նկարագրելու համար նաեւ լուսինը: Վարուժանի մտայղացումներն են՝ «Լուսնակն արծաթածիր»ն եւ «Լուսին արծաթի»ն: Պետրոս Դուրեանն ալ տեսաւ նման պատկեր մը. «Տերեւներուն մէջէն արծաթ լի լուսինն կը դիտէի»: Ապա եկաւ Միսաք Մեծարենցը ու մեզի պարգեւեց «Արծաթ շողերն երազի», «Լոյսի արծաթ անձրեւ», «Արծաթացօղ լոյսեր» եւ «Ըղձանքներու արծաթ թելեր» գրական պատկերները: Իսկ հայ բանաստեղծներու ամէնէն ըմբոստը, Սիամանթօն, որ ունէր «արծաթեայ անբիծ սուր» եւ «արծաթեայ քնար», պիտի նստէր իր երիվարին վրայ, (որ ունէր «արծաթ թամբ»), ու «արծաթեայ առաւօտի մը ընդմէջէն» իր թշնամիներուն վրայ պիտի արշաւէր, երբ «աքաղաղը իր արծաթեղէն ձայնը» հնչեցնէր…
Հայաստանի կեդրոնական դրամատունը, յարգելի ընթերցող, անցեալ տարի թողարկեց Շուշիի ազատագրման, հայոց բանակի կազմաւորման եւ Հայաստանի հանրապետութեան, իսկ այս տարի՝ ազգային դրամի «արծաթ յոբելեան»ին նուիրուած արծաթ յուշադրամներ: Ահա, թէ ինչպէ՛ս «լաւագոյն երկրորդը», «արծաթ» բառը, հեռու բոլոր բարդոյթներէ, կը շարունակէ մայրենիին ծառայել ու փայլ տալ անոր: