Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Ո՞ւր Թաքցնել Ատելութիւնը

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

ChurchԲացատրութեան չի՛ կարօտիր այն խօսքը, որ կ՛ըսէ թէ նախանձն ու ատելութիւնը աշխարհը պիտի կործանեն: Այստեղ «աշխարհ» ըսելով, բնականաբար արեւին շուրջ դարձող մոլորակներն ու աստղերը չենք հասկնար, ո՛չ ալ աստուածաստեղծ անջրպետը, այլ մարդկային կեանքը, որուն «առողջութիւնը», իր փոխյարաբերական դրութեան ճշգրիտ ընթացքէն կախեալ է:

Մարդիկ կը խրտչին իրենց նկատմամբ ատելութիւն ունեցող անձերէ: Այդ ատելութեան պատճառը իմանան կամ ոչ, սովորական մարդիկ զզուանք կ՛արտայայտեն այն անձերուն հանդէպ, որոնց ներկայութիւնն իսկ ատելութեան երեւոյթին համազօր է իրենց շրջապատին մէջ:

Ատելութեան դիմաց դրուող յարմարագոյն հականիշը ներողամտութիւնն է, որ Աւետարանին մէջ արձանագրուած, Յիսուսի գլխաւոր ուսուցումներէն մէկն է: Սակայն, ընդհանրապէս այդ հականիշին մօտենալու դժուարութիւն ունին մարդիկ, որովհետեւ ինքնասիրութիւնը եւ սեփական դատողութեան միշտ ճիշդ ըլլալու զգացումը կը խեղդէ ճշմարտութեան ձայնը:

Ատելութեան ինքնածին տեսակը անբացատրելի կը մնայ բարոյագիտական տեսակէտէ, որովհետեւ արտաքին խնդիրի մը կապուած չ՛ըլլար անիկա, այլ անորոշ պատճառէ մը կը պատճառուի: Հանդիպած էք թերեւս մարդոց, որոնց հետ մասնաւոր գործ մը չէք ունեցած, սակայն անոնք բացայայտօրէն արտայայտած են իրենց ատելութիւնը ձեր անձին նկատմամբ: Ինչո՞ւ, ի՞նչ նախապատճառով, որմէ՞ դրդուած կամ ի՞նչ նպատակով անոնք այդ ատելութիւնը կ՛արտայայտեն՝ չենք գիտեր:

Վերոյիշեալ տեսակը ատելութեան, եկէք կոչենք «ինքնածին ատելութիւն», այսինքն քեզ ատող ենթակային անձին, միտքին ու երեւակայութեան մէ՛ջ կը գտնուի անորոշ պատճառը քեզ ատելուն:

Հոգեբաններ նման կացութիւններու հաւանական բացատրութիւններ կու տան, անշուշտ միշտ ենթադրութիւններու լպրծուն գետնին վրայ սայթաքելով: Անոնցմէ ոմանց կարծիքը այն է, թէ ինքնածին ատելութիւն ունեցողներ ընդհանրապէս դիմացի անձին արտաքինէն ազդուած ատելութիւն կ՛արտայայտեն: Այս պատճառը հիմնաւորող քանի մը երեւոյթներ կը մատնանշեն անոնք, իբրեւ ատող անձին միտքը պղտորող մտածումներ, որոնց հետեւանքով ինքնածին ատելութեան երեւոյթը ի յայտ կու գայ. ա¤ իրենց դիմաց գտնուող անձին չափազանց գեղեցկութիւնը, կամ բ¤ անոր չափազանց տգեղութիւնը, եւ գ¤ այդ անձին գիտակ ըլլալը:

Արգահատանքի այս քանի մը պատճառները ամբողջութեամբ չեն արդարացներ անշուշտ հիմնական այն երեւոյթը, զոր ինքնածին ատելութիւն կոչեցինք: Որովհետեւ կան շա՜տ տգեղ մարդիկ, որոնք բոլորին սէրն ու յարգանքը, ինչպէս նաեւ խնամքն ու հոգատարութիւնը կը վայելեն: Տգեղութիւնը պատճառ մը չէ՛ որ արգահատանք արտայայտուի անոնց անձին նկատմամբ: Ընդհակառակը, երբեմն ֆիզիքական տգեղութիւնը իր մէջ ունի ձգողական ոյժ մը, որուն հանդէպ գութի խորագոյն եւ ազնուագոյն զգացումը կ՛ունենան բարձր անհատականութեան տէր անձեր:

Չափազանց գեղեցկութեան մասին ալ կարելի է նոյնը ըսել, թէեւ ոմանք կրնան հակառակիլ՝ ըսելով, որ գեղեցկութիւնը անպայման ձգողական ոյժ ունի, բոլորին ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրելու բնատուր կարողութեամբ: Ոմանք գեղեցկութեան նկատմամբ բնական խոնարհում մը կ՛ուզեն տեսնել բոլորին մօտ: Մենք այս բնական զգացումը առնելով, պիտի հաստատենք մեր սահմանումը, յայտարարելով, որ ինքնածին ատելութիւն ունեցողները չափազանց գեղեցկութենէն կը խորշին, միշտ մտածելով թէ նման գեղեցկութեան տէր անձերը իրենցմէ աւելի լաւ ներկայութիւն են ընկերութեան կեանքին մէջ: Ուրեմն, չհանդուրժելով անոնց գեղեցկութեան, ինքնածին ատելութեամբ հիւանդ հոգիներ կ՛ատեն չափազանց գեղեցիկները:

Վերջապէս, ինքնածին ատելութեան մեր մատնանշած վերջին թիրախը՝ գիտակ անձն է, որ պատահաբար կամ առօրեայ դրութեամբ անոր դիմաց կը յայտնուի: Հոգեբաններէն ոմանք կ՛ընդհանրացնեն այս երեւոյթը՝ ըսելով, որ գրեթէ բոլոր մարդիկ նման զգացումի մը բովէն կ՛անցնին, երբ առաջին անգամ հանդիպին անծանօթի մը: Անոնք կ՛ըսեն. «Երբ մէկուն հանդիպիս, առաջին իսկ հայեացքէդ կա՛մ կը սիրես, կա՛մ կ՛ատես զայն»:

Մենք համամիտ չենք եւ չենք ուզեր ընդհանրացնել այս երեւոյթը, որովհետեւ այդ՝ առանց անձը ճանչցած ըլլալու զայն դատել կը նշանակէ, որ ինքնին վատառողջ իրավիճակ է բարոյագիտական առումով: Անգա՛մ մարդ ճանչնալու բարձր կարողութեան տէր մարդիկ, որոնք «մարդու լումայափոխ» կը կոչուին, չեն համարձակիր առանց ծանօթանալու դատել իրենց դիմացը ելլող անձ մը: Ուրեմն, հիւանդագին վիճակ կը ներկայացնեն այն անձերը, որոնք հազիւ գիտակ մէկը տեսած՝ կը սկսին ատել զայն:

Վերոյիշեալ երեք պարագաները իբրեւ նախապաշարում իրենց մէջ ունեցող ինքնածին ատելութեամբ վառուած անձերէն բացի, «բնական» ատելութեամբ տառապողներ ալ կան: Այսինքն անոնք, որոնք մասնաւոր կացութեան մը հետեւանքով կը սկսին ատելու իրենց նմանները, եւ մանաւանդ՝ չեն կրնար ներել անոնց:

Կրօնական, աւելին՝ քրիստոնէական բարոյագիտութիւնը բացարձակապէս ներումին վրայ կը դնէ շեշտը: Քրիստոսի պատուիրաններուն հոգեւին հետեւողներն անգամ կը խոստովանին, որ ներումը դժուար իրագործելի արարք մըն է, մանաւանդ որ մարդկային յիշողութիւնը չի՛ թողուր ամբողջութեամբ մոռնալ այն ինչ պատահած է մօտաւոր կամ հեռաւոր անցեալին: Ուրեմն, մեզմէ ոմանք կը մնան ներման եւ մոռացութեան երկընտրանքին մէջ շուարած:

Բարեպաշտ անձերու համար սոյն կացութիւնը իրօք կը վերածուի անասելի տառապանքի, որովհետեւ, մէկ կողմէ, եթէ աղօթքի միջոցաւ կը փորձեն խաղաղեցնել իրենց հոգին, միւս կողմէ, յիշողութեան ցաւը կը մղկտացնէ սիրտը, յիշեցնելով վիրաւորանքն ու կոտտացնելով չսպիացող վէրքը: Ատելութիւնը փուշի պէս իր սրածայր թեւերը կը խրէ միտքի իւրաքանչիւր մասին մէջ, արթնցնելով թշնամութիւնը եւ բորբոքեցնելով վրէժխնդրութիւնը:

Ուրեմն, չկայ «տեղ մը», ուր ժամանակաւորապէս թողենք ատելութիւնը, մինչեւ աւարտենք մեր աղօթքը…։ Եթէ եկեղեցիին դռնէն ներս մտած ատեն կը խոհինք թէ կրնանք ատելութիւնը դուրս թողուլ եւ այնպէս մտնել, կը սխալինք: Որովհետեւ եթէ ունինք ատելութիւնը մեր միտքին մէջ, ապա անիկա մեզի պիտի ընկերանայ ուր որ երթանք, նոյնիսկ եթէ Աստուծոյ Տունը մտնենք:

Եկեղեցւոյ աղօթական միջավայրը անյիշաչառութիւն կը պահանջէ: Այնպէս ինչպէս աղօթքի չի՛ վերածուիր մէկուն կործանման համար եղած «աղօթք»ը, այնպէս ալ ատելութեամբ լեցուն սիրտէ բխած որեւէ աղօթք լսելի չի՛ դառնար Աստուծոյ կողմէ:

Ատելութիւնը թաքստոց չունի: Զայն վերջնականապէս արմատախիլ ընելով միայն մարդ կը փրկուի անոր գերութենէն: Այլապէս, նոյնիսկ բարեպաշտութեամբ ճանչցուած ու աղօթասացութեամբ հզօրացած կեանք մը, փրկութեան չի՛ կրնար առաջնորդել մեղաւորը:

Թուղթի կտորներ, ի՛նչ բովանդակութիւն ալ ունենան իրենց վրայ գրուած, կարելի է բարձիթողի ընել, սպրդեցնելով բազմոցին տակը: Սակայն ատելութիւնը այնքան ալ փոքր թուղթի կտորի ծաւալ չունի, այլ որքան ալ փոքր կարծուի, անիկա շատ մեծ է իր գալիք արդիւնքով, որուն ջաղացքին ջուր կը լեցնեն ոխը, քէնը, վրէժխնդրութիւնը եւ նոյնիսկ սպանութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles