Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ- Նոր Հրատարակութիւններ

$
0
0

 

Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

1129books

– Ճէպէճեան Հրայր, «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս Որ Տեսայ», խմբագրեց եւ համադրեց Արտա Ճէպէճեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2018, 552 էջ (16.5 x 23.5 սմ.) (աշխարհի երկիրներով հեղինակին ուղեւորութիւններու ընթացքին հայոց հետ հանդիպումներու նկարագրութիւններ ու տպաւորութիւններ, լուսանկարներ): Հեղինակը հրատարակութիւնը նուիրած է կնոջ՝ Արտային եւ զաւակներուն՝ Վահէին եւ Ալիքին:

– Մովսիսեան Արտակ, «Արարատ-Ուրարտու Թագաւորութիւնը», Երեւան, 2018 (եռալեզու՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն ալպոմ, գունաւոր բազմաթիւ լուսանկարներ եւ քարտէսներ, կցուած է թրքերէն տեսախտասալիկ Արարատեան թագաւորութեան պատմութեան մասին):

– Յարութիւնեան Վլատիմիր, «Առաջին Հանրապետութիւն – Կարսի Վերջնախաղը», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 180 էջ (30 Հոկտեմբեր 1920ին Կարսի խայտառակ անկման մասին փաստեր եւ վերլուծումներ):

– Նալպանտեան Յովսէփ (աշխատասիրեց), «Միջազգային Պատմութիւն – Ժամանակագրութիւն (1789-2015)», «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2018, 720 էջ (21 x 27.9 սմ.) (համաշխարհային ու հայոց պատմութեան վերջին 220-230 տարիներու կարեւոր անցքերը՝ մէկ կամ քանի մը տողով, քիչ յայտնի փաստեր, համառօտագրութեանց, օգտագործուած աղբիւրներու եւ անձնանուններու ցանկեր):

– Պապոյեան Գէորգ, «Այնթապի Հերոսական Պատերազմը», հայերէնէ թարգմանիչ եւ յառաջաբանի հեղինակ՝ Իւմիթ Քուրթ, «Կոմիտաս» հիմնարկի հրատարակութիւն, Լոնտոն, 2018, 284 էջ (15.5 x 22.9 սմ.) (Այնթապի հայութեան 1920-1921ի ինքնապաշտպանութեան ականատեսի վկայութիւն), անգլերէն:

– Քուրթ Իւմիթ, «Անթէպ 1915  – Ցեղասպանութիւն Եւ Իրականացնողներ», խմբագիր՝ Մերվէ Էօզթիւրք, «Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւն, Պոլիս, Սեպտեմբեր 2018, 215 էջ (հինգ յաւելուածներ, օգտագործուած աղբիւրներու եւ յատուկ անուններու ցանկեր), թրքերէն:

– Պապեան Մհեր, «Սուրբ Յովհան Իմաստասէր Օձնեցի. Կեանքը եւ գործունէութիւնը», Բ. հրատարակութիւն, պատասխանատու խմբագիր՝ Սերկօ Երիցեան, «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 172 էջ (14.5 x 20 սմ.): Գիրքը տպագրութեան պատրաստած է «Լոռուայ ձոր» հայրենակցական միութիւնը, եւ նուիրուած է Ս. Յովհան Գ. Օձնեցի հայրապետի գահակալութեան 1300ամեակին (717-728): Մեկենասն է Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալպանտեան (ռուսերէն ամփոփում, գունաւոր լուսանկարներ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ եւ բնագիրներ):

– Պուռնութեան Ճորճ, «Հայաստանը եւ Կայսրութեան Փլուզումը. Երեւանի նահանգը, 1900-1917», «Ռութլեճ» հրատարակչութիւն, Լոնտոն, 2018. (20րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներուն՝ ցարական Ռուսիոյ Երեւանի նահանգի ժողովրդագրութիւնը, տնտեսութիւնը եւ հասարակական յարաբերութիւնները, անգլերէն):

– Րաֆֆի, «Խենթը», Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2018:

– «Քեամարա Գաւառը Եւ Նրա Հայ Ազգաբնակչութիւնը», հրատարակութիւն՝ Քեամարա հայրենակցական յանձնախումբի, Լոս Անճելըս, 2017, 284 էջ. (Իրանի Քեամարա գաւառի 20 հայաբնակ գիւղերուն մասին)։

– Այվազեան Արգամ, «Գողթն – Ազգագրական մասունքներ», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 324 էջ (20 x 28 սմ.) (Նախիջեւանի Գողթն գաւառի ազգագրութեան եւ բանահիւսութեան նմոյշներ‘ տեղի բարբառով, գունաւոր ու սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ):

– «Գրիգոր Պըլտեանի յեղաշրջումը», հայերէնէ թարգմանեց Սոնիա Պեմեզեան, «Քլասիք Կարնիէ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018, 250 էջ (գրականագէտ- փիլիսոփայ Գ. Պըլտեանի հայեացքները) (ֆրանսերէն):

– Թովմասեան Պետրոս, «Վարագավանքը պատմութեան քառուղիներուն», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 182 էջ (17 x 24 սմ.) (Տարօնի շրջանի հայկական սրբավայրի մասին հանրագիտարանային ուսումնասիրութիւն, ցուցակներ, լուսանկարներ,  գծացուցակներ, օժանդակ այլ նիւթեր):

– Խատիսեան Ալեքսանդր, «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», Հայկական ուսումնասիրութիւնների «Անի» կենտրոնի հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 480 էջ (17 x 24 սմ.) (1968-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած գիրքին վերահրատարակութիւնը‘ արեւելահայերէնով ու աբեղեանական գրելաձեւով):

– Կիւլեր Արա, «Բաբելոնէն ետք պիտի ապրինք», խմբագիր‘ Ռոպեր Գոփթաշ, անգլերէնի թարգմանիչ՝ Նազըմ Տիքպաշ, թրքերէնի թարգմանիչ՝ Սիրվարդ Մալխասեան, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, օգոստոս 2018, 144 էջ (22.5 x 28 սմ.)  (լուսանկարչական ալպոմ՝ կարճ պատմուածքներով ուղեկցուած) (հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն առանձին հրատարակութիւններ):

– Հաճեան Աւետիս, «Գաղտնի ազգ մը – Թուրքիոյ ծպտեալ հայերը», I. B. Tauris հրատարակչութիւն, Լոնտոն, 2018, 570 էջ (Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ իսլամացուած հայոց ներկայ վիճակին մասին, բազմաթիւ լուսանկարներ) (անգլերէն):

– Մութաֆեան Քլոտ, «Արարատէն Քարփաթներ՝ հայկական զրուցավէպը», «Պել Լեթր» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018, 448 էջ (Արեւելեան Եւրոպայի հայկական գաղութներու պատկերազարդ պատմութիւնը, ծանօթագրութիւններ, օգտագործուած գրականութեան, յապաւումներու եւ յատուկ անուններու ցանկեր, 9 քարտէս, 850 գունաւոր լուսանկար, ֆրանսերէն):


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles