ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Այո՛, երբ չե՛ս սերմաներ, ուրեմն չե՛ս ալ հնձեր: Գիւղացին այս պարզ նախադասութեան իմաստը շատ լաւ կը հասկնայ: Բայց մենք գիւղացի ըլլալու պէտք չունինք այս պարզ բառերը եւ նախադասութիւնը ըմբռնելու համար, անշուշտ եթէ մենք զմեզ ամբողջապէս քաղքենի կամ քաղաքակրթուած անձ կը համարենք:
Ցանքի մասին տարածուած մտածումը, որ բարոյական տրամաբանութեան վրայ հիմնուած է, եւ որ ասոյթի կարգ անցած է երկար ժամանակէ ի վեր, «ինչ որ ցանես՝ այն կը հնձես» յղացքն է:
Գիւղացին առնուազն գիտէ իր սերմանած սերմին որակը, չըսելու համար որ ցորեն սերմանող գիւղացին, գարի հնձելու չի՛ պատրաստուիր հունձքի ժամանակ: Այսինքն, արտայայտուած մտածումը ո՛չ թէ տարբեր սերմնացու սերմանելով ուրիշ արդիւնք քաղելու մասին է, այլ գիւղական հասկացութեամբ, առնուազն արդիւնքը կախեալ պէտք է նկատել սերմանուած սերմի տեսակէն:
Բարոյագիտական հայեացքով սակայն, ակնարկութիւնը աւելի խոր իմաստ ունի, քան գիւղական ըմբռնումը այս երեւոյթին: Այստեղ բան մը սերմանել, եւ ուրիշ բան հնձելու երեւոյթին ակնարկութիւն կը կատարուի, հակասութեան մը պատկերը աւելի շեշտուած ներկայացնելու մտադրութեամբ:
Նոյն գաղափարին եւ շեշտուած տարբերութեան կը հանդիպինք նաեւ Յիսուսի մտածողութեան մէջ, երբ որոմներու առակը կը պատմէ Ան իր ունկնդիր հասարակութեան. «Տէ՛ր, դուն միայն լաւ սերմեր չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրկէ՞ հապա եկաւ որոմը» (Հմմտ Մտ 13.27): Ուրեմն, այդտեղ եւս բացայայտ տարբերութիւն կայ սերմանուած սերմին եւ ծլած արդիւնքին միջեւ: Հոն խօսքը սերմի որակին մասին չէ՛, այլ անպէտ հունտին, որ նոյնինքն որոմն է:
Մարդոց տեսակը շատ է, կ՛ըսեն, սակայն եթէ ուզենք առանց խորանալու, ընդհանրական երկու խմբաւորումներ մատնանշել, եւ աջ ու ձախ ուղարկել մարդկութիւնը, կրնանք ըսել, թէ կան բարի եւ չար մարդիկ: Այսքան պարզ: Բարութեան ու չարութեան սահմանումները ամէն մարդ կրնայ ինքնըստինքեան կատարել, առանց մասնաւոր փորձառութիւն ունենալու: Մէկուն վարքը շուտով ցոյց կու տայ, թէ տուեալ անձը ո՞ր խմբաւորման կը պատկանի:
Բարութիւնն ու չարութիւնը յարաբերական երեւոյթներ են անշուշտ, եւ մարդիկ ընդհանրապէս մէկուն բարի կամ չար ըլլալը յարաբերաբար իրենց անձին, անոր ունեցած դիրքորոշումէն կը դատեն: Սակայն դարձեալ, անոնք անպայման այս կամ միւս խումբին մէջ պիտի դասուին: Կարելի չէ խուսափիլ այս երկու խմբաւորումներէն: Կա՛մ աջ կողմ պիտի կանգնիս, եւ կամ՝ ձախ:
Այս ընդհանրական տեսակներուն մասին եւս Յիսուսի մտածողութիւնը պատկերաւոր բացատրութիւն ունի, եւ հասկնալի դարձնելու համար արտայայտուած գաղափարը մեծ զանգուածներուն, երկու խումբերու անոնց բաժնուիլը Ան կը նմանցնէ հովիւի կատարած գործին՝ ըսելով. «Ինչպէս որ հովիւը ոչխարները այծերէն կը զատէ» (Հմմտ Մտ 25. 32):
Չսերմանածը հնձել ուզելու անհեթեթ երեւոյթը, դարձեալ Աւետարանին մէջ Յիսուսի ներկայացուցած օրինակով կը բացատրուի: Տասը ոսկեդրամներու առակի վերջին բաժինին մէջ, ուր տանուտիրոջ երրորդ ծառան կու գայ եւ շահարկելու համար իր ստացած մէկ դրամը, զոր թաշկինակի մէջ ծրարած էր ու պահած, կը հանէ ու վախով կը յանձնէ իր տիրոջ, եւ կ՛ըսէ. «Տէ՛ր, գիտէի որ դուն խիստ մարդ ես, կը հնձես, ինչ որ չես սերմանած եւ կը հաւաքես ինչ որ չես ցանած» (Մտ 25.24): Դաժան մարդու պատկեր կ՛ուրուագծուի մեր դիմաց յանկարծ, երբ կ՛ըսէ. «Կը հնձես, ինչ որ չես սերմանած»:
Սուրբգրային իմաստը դրական է անշուշտ, այս հատուածին, որովհետեւ Արարիչը իբրեւ շնորհատու, նաեւ պահանջատէր է իր տուածին դիմաց: Այսինքն մարդը պարտաւոր է Աստուծմէ իր ստացած կեանքը, շնորհքն ու կարողութիւնները լաւագոյնս շահարկել եւ ի բարին ծառայեցնել: Այլապէս ապերախութիւն պիտի ըլլայ Աստուծոյ օրհնաբաշխ արարչագործութեան հանդէպ ծոյլ ու անտարբեր կեցուածքը:
Սուրբգրային իր իմաստէն տարբեր՝ «չես սերմաներ՝ չես հնձեր» նախադասութիւնը ունի իր գործնական նշանակութիւնը մարդկային կեանքին մէջ:
Ծուլութեան դէմ միակ դարմանն է այս, զոր իմաստուն «բժիշկ»ները պէտք է յանձնեն ծոյլ եւ իրենց քիթի սահմանին չափ կարճատես մարդոց: Նման «դեղագիրներ» պէտք է առատութեամբ բաշխուին, որպէսզի չմնայ մէկը մեր շրջապատին մէջ, որ ծուլութեամբ իր կեանքը փճացնէ:
Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ խմբագրուած «Մեղայ»ի ցուցակին մէջ իր կարեւոր տեղը ունի այս «մահացու» մեղքը՝ ծուլութիւնը: Սարսափելի այս իրավիճակը, որուն ենթակայութիւն խոստացած են կարգ մը երդուեալ անձեր, սկզբունք ընդունած է առանց յոգնելու, շուտով հարստանալու գաղափարը: Մտածում մը, որ իր սաղմին մէջ իսկ հիւանդոտ է, ալ ո՜ւր մնաց՝ ծնունդէն ետք:
Ծոյլը չի՛ գիտեր այն հանգստութիւնը, զոր կը վայելէ աշխատասէր մարդը, իր աշխատանքին արդիւնքը տեսնելէ ետք: Միւս կողմէ, աշխատասէր մարդը լաւ գիտէ անգործ մնալուն պատճառած «յոգնութիւնը», որ տառապանք է ինքնին: Աշխատասէր մարդը պիտի նախընտրէր մեռնիլ, քան՝ անգործ մնալ:
Ծոյլը երջանիկ է մինչեւ այն պահը, երբ մէկը իր ծուլութեան համար դիտողութիւն կ՛ընէ իրեն: Սպանութիւնը աւելի նուազ քրէական յանցանք է ծոյլին համար, քան աշխատանքի լծուելու որեւիցէ հրահանգ ուղղուած իրեն, կամ նոյնիսկ որեւիցէ ակնարկութիւն իր ծուլութեան: Որովհետեւ իր հայեցողութեամբ, ծուլութիւն գոյութիւն չունի կեանքի մէջ, այլ կան աշխատողներ եւ ուտողներ: Ուրեմն, աշխարհի ամբողջ բնակչութիւնը, ըստ ծոյլին, պէտք է այս երկու դասակարգերուն մէջ տեսնել:
Դժբախտութիւն է հաստատել այստեղ, որ ծոյլերու ըմբռնումով, բոլոր աշխատողները մէկ պարտաւորութիւն ունին, եւ այդ ալ՝ զիրենք կերակրելն է: Օրինակ, երբ ծոյլը տեսնէ աշխատասէր, յաջողակ մարդ մը, որ կը պատրաստուի իր ընտանիքին կամ ծնողներուն նուէր մը մատուցել. կ՛ըսէ՝ ինչո՞ւ անոնց, եւ ո՛չ ինծի:
_ Բայց դուն սերմ ցանեցի՞ր, որ հիմա հունձքի իրաւունքով մէջտեղ ինկեր ես: Գէթ վարձուած հնձուոր ըլլայիր, որպէսզի աշխատանքիդ վարձքը ժամանակին ստանայիր: Սակայն, օրերով ճամբու եզրին նստած, անհոգ ու անտարբեր երբ կեանքիդ երգը կ՛երգէիր, ուրիշներուն դժուարակիր բեռները տեսնելով մատիդ ծայրով անգամ չէիր ուզեր օգնել, հիմա երբ անոնց աշխատանքի արդիւնք եղող հունձքի ժամը հասեր է, ինչո՞ւ կ՛ուզես յափշտակել անոնց բաժինը: Վստահ եղիր, որ ո՛չ ոք քեզի պիտի խղճայ:
Աշխատասէրները չեն ծնած ծոյլերը կերակրելու համար: Ամէն մարդ իր ճակատի քրտինքին արդիւնքը պիտի վայելէ: Հապա ինչո՞ւ ընկերութեան կեանքէն դուրս կը մնան գողերը, յափշտակողներն ու աւազակները, կամ՝ մարդկային կեանքը խլող ոճրագործները: Վերոյիշեալ բոլոր անձերն ալ որոշ իմաստով «ծոյլեր» են, որոնք ուրիշին սերմանածը իւրացնել կ՛ուզեն, առանց յոգնելու: Պարզապէս ասոնք յարձակողապաշտ «ծոյլեր» են, որոնք փողոցի եզրին նստած ծոյլ մուրացիկներէն տարբեր կամ ձեռքերը շարժելով ամբողջ օրը հոս ու հոն պտըտող ծոյլերէն կը զանազանուին իրենց վտանգաւոր բնութեամբ:
Սերմանէ՛, որպէսզի հնձես: Մնացեալը ամբողջ անկարգութիւն է, նոյնիսկ եթէ յափշտակող կամ գող չես: Որովհետեւ միայն աշխատողը արժանի է հացի: