ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Արեւելքի եդէմներին իջաւ պայծառ իրիկուն.
Հեքեաթական պալատներում սպասում են իմ հոգուն.
Ի՜նչ եմ շինում էս ցեխերում, աղմուկի մէջ վայրենի…
Ա՜խ, թէ նորից գտնեմ ճամբան դէպի էնտե՜ղ, դէպի տուն…
Յ. Թումանեան
Պատանի էի, երբ առաջին անգամ ընթերցեցի Տոսթոեւսկիին «Ծիծաղելի մարդուն երազը» պատմուածքը։ Աւարտեցի ու մնացի շուար. ե՛ս էի այդ ծիծաղելի մարդը, որ հեռաւոր աստղիկի մը վրայ երջանիկ մարդկութիւն կը տեսնէ։ Ու ամբողջ կեանքիս մէջ ան քալեց քովէս, չկրցայ անկէ ազատիլ ու «առողջ» մարդ դառնալ։ Նոյնիսկ կեանքի փորձառութեան բեռս չէ կրցած իմ մէջ ընկճել Տոն Քիշոթը կամ սիրելիս՝ Ծիծաղելի Մարդը։ Այսօր ալ չեմ կրնար հաշտուիլ աշխարհի այն պարզ իրողութեան հետ, թէ որպէսզի ոմանք դղեակներու մէջ սոնքան՝ ուրիշներ փլատակներու տակ պիտի մնան, որպէսզի ոմանք խաւիար՝ ձկնկիթ ու (ինծի անծանօթ) համադամներ խժռեն, այլոք աղբանոցէն մնացուկներ պիտի ժողվեն, որպէսզի ոմանք հասնին ոսկեզօծ զառամութեան, ուրիշներ պատանութեան սեմն ալ պիտի չթեւակոխեն…
Ուրեմն թոյլ տուէք հրաժեշտ տալ։
Վերջացա՞ւ սուրիական պատերազմը. ո՛չ հարկաւ։ Ե՞րբ կը վերջանայ՝ դուք կարծիք ունի՞ք։ Նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւրը անգղի իր բաժինը փրցնելէ ետք հոս վերջանայ, երբեք կ՛աւարտի՞ պատերազմը։ Չէ՞ որ մեր մոլորակի բնակիչներուն միակ գոյաձեւն է անիկա։ Աշխարհը մեծ է, ու մեր ձեռքերը տաքցնելու համար մենք այնքա՜ն տեղեր ունինք խարոյկներ վառելու։ Ամերիկացիները նոյնիսկ աստղային պատերազմներ նախատեսած են… Մինչդեռ իմ յուզական վերաբերմունքս պիտի չփոխուի։ Ես երբեք «մեծ» պիտի չորակեմ անցեալ ու գալիք դարերու բոլոր այն մարդիկ, որոնք նուաճեր ու ստրկացուցեր են ու ստրուկ մարդկութեան պարտադրեր իրենցմով հիացում։ Թէկուզ եւ քաղաքներ շինէին ու խթանէին գիտութիւն ու մշակոյթ, սակայն միլիոնաւոր մարդոց ճակատագիրին հետ խաղալ ո՞վ արտօնած է անոնց։ Ես չեմ արտօներ։ Հակառակը՝ կ՛ընդունիմ տեսութիւնը, թէ իւրաքանչիւր մուրացկանի սերունդներու մէջ արքաներ ու իւրաքանչիւր արքայի սերունդներու մէջ մուրացիկներ կան։ Թո՛ղ մանուկ մարդիկ շարունակեն իրենց կռիւ-կռիւ խաղը. ես մեծցած եմ, կը կարծեմ ու կը քաշուիմ այս խաղէն (զոր ես չեմ յօրինած)։
Չեմ կրնար ընդունիլ մարդու հազարամեայ ընթացքին մէջ միայն անտառի օրէնքին տիրապետութիւնը։ Ա՛լ ինչո՜վ ծիծաղելի չեմ։ Ու քանի որ աշխարհը պիտի շարունակէ նոյն ընթացքը, իսկ ես պիտի մնամ անյուսալի երազող, այլեւս պէտք է որ գոցեմ օրագրութեանս էջերը։
Օրագրութիւնս, որ աւելի զրոյցի նմանեցաւ, ինծի համար իւրօրինակ քննութիւն եղաւ, որմէ ելայ համոզուած երջանկութեանս։ Հաստատեցի, թէ այս աշխարհին մէջ բազում են բարեկամներս (այսինքն՝ մարդիկ) ու սակաւ՝ ոչ բարեկամներս (…)։ Կա՞յ աւելի մեծ երջանկութիւն, քան մարդոց ժպիտներ քաղելը։
Արդ թախիծով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին (ու իմ սիրելի՜ նախկին աշակերտներուս՝ ցրուած այս աշխարհի բոլոր ծագերը) ու կը մաղթեմ, որ մեր յաջորդ հանդիպումը… Հալէպի ծաղկումին երգը պատմէ։
Կրնա՞մ երազել, որ ան Հայաստանի մէջ ըլլայ…
Բարի՜ երազներ ձեզի, մեր սքանչելի երկնակամարին տակ։
Իսկ ես, ռումբերու տարափին տակ, կ՛երթամ իմ աստղիս նայելու. թերեւս հոն կա՞յ հասունցած մարդկութիւն…
Ձերդ՝ Ծիծաղելի Մարդ
«Ասպարէզ»ի յարգարժան խմբագիր ու խմբագրակազմ,
Գրեթէ տարիի մը վրայ երկարաձգուող իմ յօդուածաշարիս «Ասպարէզ»ի նման ծանրակշիռ թերթի մէջ տեղ յատկացնելու համար մեծապէս շնորհակալ եմ բոլորէդ։ Թէեւ պատերազմը չվերջացաւ, սակայն, կը կարծեմ, իմ տեսանկիւնէս արտայայտած եղայ յատկանշական քանի մը երեսներ։ Յոյս ունիմ անիկա աւարտի, առանց մեր ազգի այս հատուածին վերջնական քայքայումին։
Ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն եւ յաջողութիւններ ձեր ազգանուէր գործին մէջ։
Սիրով՝ Լալա