Պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Աբրահամեան Աբէլ ծայրագոյն վարդապետ, «Հայաստանեայց Եկեղեցին Եւ Հաւատքը», «Դասական վերահրատարակութիւններ» մատենաշար, ԱՄՆ., Փետրուար 2018, 100 էջ, 15.2 x 22.9 սմ., (վերահրատարակութիւն Լոնտոնի հայոց երբեմնի հոգեւոր հովիւի՝ 1920ին Լոնտոնի մէջ լոյս տեսած գիրքին) , անգլերէն:
– Աշգարեան Մակար Եպս., «Յովհաննէս Առաքեալի Երեք Ընդհանրական Նամակները. Բացատրողական Սերտողութիւն», Թեհրան, 2018, 240 էջ, 17 x 24 սմ., (նամակներուն բացատրութիւնը սուրբգրային եւ Եկեղեցւոյ հայրերու գրութիւններու մէջբերումներով):
– Գալայճեան Յարութիւն, «Միլիոնէն Մէկը – Ցեղասպանութեան Ականատես Զէյթունցի Պատանիի Մը Յուշերը», խմբագրեց եւ ծանօթագրեց Անդրանիկ Տագէսեան, «Զարթօնք» օրաթերթի մատենաշար թիւ 1, Պէյրութ, 2018, 144 էջ, 17 x 24 սմ.:
– Եասքովսքի Սթանիսլաւ, Քոլոծիեյչուք Տարիուշ եւ Մնացականեան Փիրուզ (կազմողներ), «Լեհաստան-Լիթուանիա Հասարակապետութեան Յարաբերութիւնները Սեֆեան Իրանի Եւ Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան Հետ՝ Դիւանական Փաստաթուղթերու Լոյսին Տակ», խմբագիր եւ ներածականի հեղինակ՝ Տարիուշ Քոլոծիեյչուք, վերստուգող խմբագիր եւ սրբագրիչ՝ Էվելինա Սոլարեք, հրատարակիչ՝ Պատմական փաստաթուղթերու կեդրոնական արխիւ, Վարշաւա, 2017, 374 էջ, 17x 24 սմ., 18 լեհերէն, պարսկերէն կամ հայերէն գրաբար փաստաթուղթ, անոնց լեհերէն ու անգլերէն թարգմանութիւնները, մեծաքանակ ծանօթագրութիւններ եւ ծանօթագրութեանց աղբիւրներու ցանկ եւ փաստաթուղթերու գունաւոր լուսանկարներ (ներածականը եւ ծանօթագրութիւնները՝ միայն լեհերէն):
– Եսայեան Զապէլ, «Վերջին Բաժակը», հայերէնէ թարգմանեց Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, «Արաս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, 2018, 120 էջ, 13 x 19.5 սմ., վիպակ, թրքերէն:
– Իզրաիլ Նեսիմ Օվատիա, «Շահինեանները Օսմանեան Եւ Թրքական Թատրոնին Մէջ», BGST հրատարակչութիւն, Պոլիս, 2018, 271 էջ, 14.7 x 21.5 սմ., (այս ընտանիքին աւանդը թրքական թատրոնին), թրքերէն:
– Իսկահատեան Յարութիւն (պատրաստեց), «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան», գիրք Է., «Փոխան Յառաջաբանի»ի հեղինակ՝ Արթուր Անդրանիկեան, «Լուսակն» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2018, 281 էջ, 16.7 x 23.8 սմ., (Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած ականատեսներու՝ 20 տարբեր հատորներու մէջ լոյս տեսած վկայութիւններու ամփոփումներու հաւաքածոյ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):
– Ծառուկեան Անդրանիկ, «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ», վերահրատարակութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Պէյրութ, 2018:
– Հաճեան Յովհաննէս աւագ քահանայ, «Հայոց Տաժանքի Ճամբաներով», Ա. եւ Բ. հատոր, Թեհրան, 2018 (իրանահայութեան 20րդ դարու պատմութեան մէջ զգալի դեր կատարած քահանայ հօր յուշերը 1921ի Փետրուարեան ապստամբութենէն, Պարսկաստան անցումը, Թաւրիզի ու Թեհրանի մէջ գործունէութիւնը): Երկհատորեակը լոյս տեսած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ծնունդի 100ամեակին առթիւ: Բ. հատորի մեկենասն է Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը՝ ի յիշատակ 27 Յուլիս 1983ին Լիզպոնի մէջ զոհուած հինգ նահատակներուն:
– «Հայ Մարդուն Հոգեւոր Երգարանը», պատրաստութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի, Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2018, 410 էջ: Երգարանը ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Երուանդ Չաթալպաշեանի հրատարակել տուած է Վիգի Չաթալպաշեանը: