Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Դուռ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0120norayrdadourian

Դուռ՝ բարութիւններուն բացուած բառ։

Լարինը որոշած է՝ այսօր դռներ պիտի լուսանկարէ՝ երեւանեան հին ու գեղատեսիլ դռներ:

– Պարոն, այս լուսանկարներով դասարանին համար մեծ պաստառ մը պիտի պատրաստեմ:

Հաճելի է աշակերտական խմբակով դուրս ելլել ու ճարտարապետական մանրամասնութիւններ լուսանկարել, երբ դեռ զով է օդը եւ դեռ հետիոտններով չեն ողողուած մայրաքաղաքի մայթերը: Ընդունարանին պղնձեայ դուռը կը բացուի ու կը յայտնուի Փաթիլը, ապա Տերեւը, Պերճուհին, Ալիքը, Վահէն եւ Լարան: Վերջինն է Վանան: Ան չունի լուսանկարչական գործիք: Հաւատացած է, թէ մարդու աչքն է լաւագոյն արձանագրողը: Աշակերտները նախ կ՛առաջնորդեմ Աբովեան պողոտայի թիւ 8 հասցէն: Փայտափորագրութեան գլուխ գործոց մըն է այդ պատմական շէնքի դուռը: Հիացիկ կը դիտեն, կը լուսանկարեն, ապա իրենք կը լուսանկարուին այդ գեղաքանդակ դրան հետ: Ու, երբ ամէն անգամ դուռ մը յայտնուի մեր առջեւ, լայն կը բացուի նաեւ «դուռ» բառի պատմութիւնը:

Բառիս գրաբարեան ձեւն է «դուռն»: Բնիկ բառ է: Հնագոյն մատենագրութեան մէջ նշանակած է «լեռնանցք, պալատ, սպասաւոր, գիրքի գլուխ»: Ունի բազմաթիւ դրացիներ, ինչպէս՝ յունարէն «թիրա», հին վերին-գերմաներէն «տուրի», լաթվերէն եւ լիթուաներէն «դուրիս», անգլերէն «տոր»: Երբ այս միավանկը հաստատուեցաւ իր ծխնիներուն վրայ ու սկսաւ ազատօրէն պտըտելու, հայոց մայրենին ալ սկսաւ ընդունելու հիւրեր՝ նոր բառեր, դարձուածքներ եւ պատկերալից արտայայտութիւններ նկատի ունինք: Մեր գրաւոր «դուռ»ը առաջին անգամ բացուեր ու բարութիւններ ընդուներ է Աստուածաշունչի թարգմանութեան մէջ: Հոն առաւել քան 700 անգամ գործածուեր է անիկա: Բոլորն ալ հետաքրքրական են, կասկած չկայ, սակայն մէկը աստուածային է, ամէնէն հեղինակաւորը, «Ես եմ դուռը»: Յիսուս Քրիստոսի բերանով արտայայտուած այս խօսքը տեղ գտած է Յովհաննու աւետարանին մէջ. «Ես եմ դուռն, ընդ իս եթէ ոք մտանիցէ, կեցցէ»: Ապա, եկան երկփեղկ եւ եռափեղկ դռները նկարագրող ածականներ- «երկդռնանի», «երկդուռ» եւ «եռադուռ»: Անոնք յարմար էին բերդեր, դղեակներ եւ վանքեր նկարագրելու համար: Ունեցանք նաեւ «եօթնադուռ» պարիսպներ եւ «բազմադուռ» մեհեաններ: Հայրենի բանաստեղծ Կարէն Մարդանեան, որ ծանօթ է Գարմար գրչանունով, այդ վերջինը օգտագործեց իր հոգին նկարագրելու համար. «Հոգուս բազմադուռ դարակներում դեռ, լսւում է ծանօթ երգերի երգը»: Իսկ Արփիար Արփիարեան «նախադուռ» բառը յարմար գտաւ սիրոյ դռները բանալու համար. «Ախորժելը սիրելու նախադուռն է»: Ունեցանք երեք ընտիր բառ եւս՝ «դռնակ», «վերնադուռ» եւ «աղիւսադուռ»:

Կը մտնենք Պուշկինի փողոցը, ուր կան 19րդ դարու «արնուվօ» (art nouveau-Խմբ.) ոճի քարաշէն բնակարաններ: Անոնց դռները ունին ծաղկաւոր ոլորուն ոճաւորումներ: Այդ դռները աշակերտներուն կարծել կու տան ճամբորդած ըլլալ Փարիզ կամ Պրիւքսէլ:

Մեր լեզուի յաջորդ հիւրերն էին դարձուածքները՝ մեր երեւակայութեան արտացոլացումները… Հնագոյններէն մէկն է «դուռն փակելովք», որ գործածուած է գաղտնի վեհաժողովներու եւ հանդիպումներու համար: Իսկ հասարակ մարդու համար կարեւոր էր «դուռը բաց» բարեկամներ ունենալ: Բայց, երբեմն եկան ձախորդ օրերը եւ օգնութիւն խնդրելու համար ծանօթին, անծանօթին «դուռը ծեծեցինք» կամ՝ անոնց «դուռը գացինք»: Եղիշէ Չարենց գիտէր, թէ ինչպէ՛ս իր մայրը կեանքի պայքար կու տար. «Եւ ի՞նչ դռներ է ծեծել, մայր իմ անուշ ու անգին», մինչ աշուղ Ճիւանին տխրօրէն երգեց, երբ դռնէ դուռ կ՛որոնէր իր եարը.

«Պատահողին հարց եմ տալիս քեզ համար,

Ամէն դուռ բախում եմ, դու այնտեղ չկաս»:

Դժբախտ ու դառն օրերուն մեր երեսին «դուռը փակեցին»: Սակայն, ազգովին հաւատացինք, թէ եթէ դուռ մը գոցուի՝ մէկ այլ դուռ կը բացուի: Նկատեցինք նաեւ, թէ ամէն դուռ հաւասար չէ եւ հնարեցինք «դուռն արքունի» արտայայտութիւնը: Իսկ վերջիններուս առջեւ եւ անոնց համար ծառայողները ունեցան ուղղահայեաց աստիճանաւորում՝ նախ «դռնապան», ապա՝ «դրան մարդ» եւ բարձրագոյնը՝ «դրան երէց»: Իսկ երբ մահամերձ էր մարդը, մեր հիները շշնջացին մէկ այլ դարձուածք՝ «առ դուռս մահու»: Հաւատացինք նաեւ, թէ բոլոր դռները փայտաշէն, քարաշէն կամ պղնձեայ չեն ու կան վերացական դռներ: Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին նկարագրեց զանոնք՝ «գթութեան դուռն», «դուռն բարձրութեան», «փառաց դուռն», «դուռն յուսոյ», «դուռն արքայութեան», «դուռն երկնից», «դուռն բարութեան» եւ «դուռն ողորմութեան»: Անոնց քով յիշել կ՛արժէ նաեւ սարսափելին՝ «դժոխքի դռները»:

0119door1

Կը գտնուինք Մաշտոց պողոտայի հիւսիսային ծայրամասը. կանգնած ենք դիմացը այն շէնքին, որ ճիշդ վաթսուն տարի առաջ իր դռները բացաւ հայկական ձեռագիրներու երկրպագուներուն առջեւ: Այո, Մատենադարանն է անիկա: Դեռ փակ են անոր պղնձեայ, բարձրարուեստ դռները: Հիացիկ կը դիտենք բարեմասնութիւնները, երկրաչափական փորագրութիւնները եւ կեդրոնը զարդարող յաւերժութեան նշանը: Երբ բոլորը կը կշտանան լուսանկարելէ, կը նստինք աստիճաններուն վրայ ու կը դիտենք մայրաքաղաքը: Սա լաւագոյն ժամանակն է զրուցելու հայոց պատմութեան յայտնի դռներուն մասին: Առաջինը Ս. Էջմիածինի Մայր տաճարին դիմաց կառուցուած Տրդատի դուռն է: Քանի մը օրէն պիտի տեսնեն զայն: Յաջորդը՝ Տիգրանակերտի հիւսիսային դուռն է, որ միջնադարուն «Հայոց դուռ» կը կոչուէր, արաբներուն «Պապ ալ-Արմանի» անուանածը, որ աւելի ուշ վերանուանուեր է «Լեւոնի դուռ»: Մեր պատմութեան մէջ երեւելի էր «Դուռն Կիլիկիոյ» լեռնանցքը, որ Կիլիկիան կը կապէր հիւսիսային երկրամասերու: Հայկական լեռնաշխարհը ունեցեր է նաեւ վիրահայոց գագաթներու վրայ մէկ այլ լեռնանցք՝ «Գայլի դուռ»ը: Կը յիշենք նաեւ դուռ մը, որ քանի մը հարիւր տարի գրաւեց արեւմտահայ քաղաքական կեանքը՝ «Բարձր դուռ»՝ Օսմանեան կայսրութեան կառավարութեան փոխանունութիւնը: Իսկ երեխաները կը հպարտանան աւանդազրոյցը լսելով մէկ այլ դրան՝ «Մհերի դուռ», Վանայ բերդին մօտ այն սրբազան քարաժայռը, ուրկէ դուրս պիտի գար Փոքր Մհերը եւ չար ուժերէն պիտի ազատէր Հայոց աշխարհը:

0119doorԿը սկսինք Մաշտոցէն վար իջնելու: Կանգ կ՛առնենք Եղիշէ Չարենցի տան առջեւ: Կը լուսանկարենք դուռը, ուրկէ վերջին անգամ 1936ի տխրահռչակ մէկ օրը, 39 տարեկանին դուրս ելաւ բանաստեղծը ու չվերադարձաւ: Չարենցը այն բանաստեղծն էր, որ տեսած էր իր մահուան օրը ու գրած.

«Իմ մահուան օրը կ՛իջնի լռութիւն,

Ծանր կը նստի քաղաքի վրայ…

Լուրը կը շրջի փողոցները նախ,

Ապա կը մտնի դուռ-դարպասից ներս…»

– Պարոն, կ՛ըսէ Փաթիլը, ես երգ մը գիտեմ «դուռ»ով, ու աղջնակը կը սկսի երգելու, միւսները կ՛ընկերակցին անոր՝ մեղմացնելով ծանրացած մթնոլորտը.

«Երբոր բացուին դռներն յուսոյ,

Եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ…»

Վերադարձի ճամբուն վրայ, Եզնիկ Կողբացին եւ Տէրեանը ոսպնեակներուն կը շնորհեն բազմաթիւ նրբակերտ դռներ: Իսկ Աբովեան երբ կը վերադառնանք, եզակի տեսարան մը կը շոյէ բոլորին աչքերը՝ սովետական շրջանի արդիական դրան մը ճակատին վրայ քանդակուած բանուորներ: Պտոյտի վերջին դուռը պիտի ըլլայ «Անի» պանդոկին դրացի կաթողիկէ Սուրբ Աստուածածին մատուռ-եկեղեցւոյ դուռը, երեւանեան դռներուն ամէնէն համեստը: Երեխաները զայն հանդարտօրէն պիտի դիտեն նստարանին նստած ու պիտի լսեն հայ քնարերգակներու ստեղծած մտաւոր դռները: Հոն պիտի յիշենք Սահեանն ու Սիամանթօն, Զահրատն ու Տէրեանը: Իսկ վերջաւորութեան անոնք պիտի լսեն գերի ինկած գեղեցկուհիի մը՝ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի դրան ոդիսականը:

 

(Շար.)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles