Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Նոր Հրատարակութիւններ

$
0
0

1129books

Պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

 

– Պետրոսեան Աշոտ Ա., «Սփիւռքահայ Մարզիչներից Մինչեւ «Սասնայ Ծռեր»», «ՎՄՎ-Պրինտ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 216 էջ, 14.5 x 20.4 սմ., (Արցախեան ազատամարտին սփիւռքահայ կամաւորներու մասնակցութիւնը, անոնց անուանացանկը, Ժիրայր Սեֆիլեանի ու անոր նախաձեռնութեամբ գոյառած խմբաւորումներու մարտական եւ քաղաքական գործունէութիւնը 1990ականներու սկիզբէն մինչեւ այսօր, գունաւոր լուսանկարներ): Գիրքը լոյս տեսած է Տ. Աթանաս վրդ. Մովսիսեանի օրհնութեամբ եւ «նուիրւում է Արթուր Սարգսեանի (Հաց բերող) եւ Արայիկ Խանդոյեանի (Միայնակ գայլ) սուրբ յիշատակին»:

– Սահակեան Լուսինէ, «Համշէնը Հայկական Ձեռագրերում», Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 332 էջ շարադրանք + 124 էջ գունաւոր լուսանկարներու ներդիրներ, 17 x 24 սմ., (յապաւումներու եւ օգտագործուած աղբիւրներու ու գրականութեան ցանկեր): Հատորը հրատարակութեան երաշխաւորած է ԵՊՀի գիտական խորհուրդը, հեղինակը զայն նուիրած է իր ծնողներուն՝ Սուրէն Սահակեանի եւ Սոնա Գասպարեանի պայծառ յիշատակին:

– Սուճեան Թալին, «Հայերը Արդի Թուրքիոյ Մէջ. Յետեղեռնեան Հասարակութիւնը, Քաղաքականութիւնը Եւ Պատմութիւնը», անգլերէնէ թարգմանեց Այշէ Կիւնայսու, խմբագիր՝ Արթուն Կեպենլիօղլու, «Արաս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, 2018, 352 էջ, 15 x 21 սմ., թրքերէն:

– Տէրլուղեան Կէորկի, «Հայաստանի Ելքը Յետխորհրդային Վերանորոգութենէն. Հնարաւորութեանց Վերլուծումը», հրատարակիչ՝ «Տմիթրի Փոժարսքի» համալսարան, Մոսկուա, 2017, 272 էջ (Ա-5) (Հայաստանի պետութեան յետխորհրդային շրջանի պատմութեան հասարակագիտական հետազօտութիւնը) (էջ 1-166ը՝ ռուսերէն, «Յաւելուած»ը՝ էջ 167-262ը՝ հայերէն): «Հրատարակութեան եւ տպագրութեան պատրաստուած է «Տմիթրի Փոժարսքի» համալսարանի գիտական խորհուրդին որոշումով»:

– Փեթի Սիւզըն Փոլ, «Հայ Լեգէոնականները – Զոհողութիւնն Ու Դաւաճանութիւնը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին», I. B. Tauris & Co. Ltd. հրատարակչութիւն, Լոնտոն-Նիւ Եորք, 2018, 304 էջ, 15.6 x 23.4 սմ., (անուանացանկ, 165 սեւ-ճերմակ լուսանկար) անգլերէն:

– Քասունի Երուանդ Հ., ««Այաշի Բանտը» – Տոքթ. Աւետիս Նագգաշեան Եւ Մահապարտ Աքսորեալները», հեղինակային հրատարակութիւն, տպարան «Տիզայն Քեստենեան», Պէյրութ, 2018, 400 էջ, 17 x 24 սմ., (Այաշ աքսորուած պոլսահայ բժիշկ Աւետիս Նագգաշեանի յուշերը տարագրութենէն, անոր կենսագրութիւնը, գրական ժառանգութիւնը, անգլերէն եւ արաբերէն ամփոփումներ, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ, յիշատակուող անձերու, վայրերու եւ դէպքերու մասին 230 էջ հանրագիտարանային բնոյթի ծանօթագրութիւններ, Երուանդ Քասունիի կենսագրութիւնը եւ գիտական-հրապարակագրական հրատարակութիւններու ցանկը):


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles