ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Վերջերս, Տիթրոյիթի Ս. Սարգիս Հայց. Առքլ. եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր հրատարակելու հայ եւ օտար ճաշատեսակներու եւ ուտեստեղէնի պատրաստութեան յատուկ գրքոյկ մը՝ «It Took A Village» Treasured Recipes խորագիրով:
Գիրքը ուտելիքներու պարզ եւ սովորական գիրք մը կամ ցանկ մը ըլլալէ աւելի՝ մեր հայ աւանդական-ազգային-գաւառական կերակուրներու բաղադրութիւններուն եւ անոնց տեսակաւոր պատրաստութիւններուն եղանակները կը ներկայացնէ:
Այսպէս, կերակուրի նշումի եւ զայն ներկայացնողի անուան եւ անոր կամ հեղինակին կամ անոր ծնողքին ծննդավայրի նշումին կողքին, (այսինքն կերակուրի ծննդավայրը) նոյն էջին վրայ ճաշատեսակին կամ ուտելիքին նկարին կողքին տեղ գտած է նաեւ անոր բաղադրութիւնը եւ պատրաստութեան եղանակը, հաճելի տեսքով եւ յատկապէս յստակ եւ որոշ մանրամասնութիւններով:
Անիկա մեր նախնիներու հայկական պատմական-աւանդական կերակուրներու, ճաշերու, ընթրիքներու, նաեւ հայկական գեղեցիկ սովորութիւններու իրենց այլազանութիւններով նշուած եւ բոլորը 220 էջերու մէջ ամփոփուած գեղեցիկ եւ պատկերազարդ նկարներով գիրք մըն է:
Հաւանաբար, ընթերցողներէն շատերուն համար այնտեղ ներկայացուած ցանկը բարի կրկնութիւններ ըլլայ: Այս մէկը իր առաւելութիւնն ալ ունի, վերյիշելու եւ յատկապէս նոր սերունդին փոխանցելու ցանկութեան կողքին:
Մեծագոյն Տիթրոյիթի շրջանի համայնքին մէջ բնակութիւն հաստատած հայորդիներու գաւառական եւ պատմական հայրենիքի իրենց հայաշատ շրջաններու գիւղերու եւ քաղաքներու խոհանոցներէն ընտրուած են Ճաշերը, որոնց պատրաստութիւնը խանդավառութիւն ալ կը ստեղծէ:
Այլ խօսքով՝ հայուհիին համար օգտաշատ խոհագիրներու մէկտեղումն է՝ անգլերէնով հրամցուած:
Այս առթիւ, Տիթրոյիթի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնը կեանքի կոչած էր յատուկ յանձնախումբ մը, որուն անդամները ամէն ճիգ թափած էին շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած հայերէն քաղելու իրենց մօտ գտնուած եւ օգտագործուած ճաշատեսակներու անունները եւ անոնց պատրաստութեան եղանակները, նաեւ մեր կարգ մը հայկական էական սովորութիւնները:
Իր տեսակին մէջ իւրայատուկ գիրք մըն է այս ճաշատետրը, որովհետեւ անկախ ճաշերը պատրաստելու խորհուրդներէն, գիրքին սկիզբին կը հանդիպինք ամերիկահայ ամէնէն հին գաղութներէն մէկուն՝ Տիթրոյիթի շրջանի հայ գաղութի պատմութեան, անոր՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան, նաեւ անոր հակիրճ կենսագրական գիծերով տարիներու հոգեւոր հովիւներու անուններուն, պատմական նկարներուն հետ միասին:
Այլ խօսքով՝ ընդհանուր կէտերու ծանօթութիւն կայ հոն՝ այս համայնքի շուրջ դար մը առաջ Տիթրոյիթի մէջ կազմաւորման ճիգերուն եւ ընթացքին մասին: Աւելին՝ որոշ պատմական ծանօթութիւններ եւ յիշեցումներ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան վերաբերեալ:
Գործնական, լաւ եւ շնորհապարտ աշխատանք մըն է ասիկա, որուն մէջ ճաշերու պատմականին կողքին կայ նաեւ շրջանի կեանքի հակիրճ պատմականը:
Գիրքը ունի իննը բաժանումներ. այսպէս, հոն իբրեւ բովանդակութիւն իրերայաջորդ կերպով տեղ գտած են նախուտեստի բաժինը, որուն կը յաջորդէ ապուր-աղցաններ, ապա գլխաւոր ճաշեր, բանջարեղէնի բաժին, սուրճ-կարկանդակ, անուշեղէն եւ վերջաւորութեան՝ մեր աւանդութիւնները:
Տիկնանց միութիւնը, շնորհիւ սոյն գիրքի պատրաստութեան յատուկ յանձնախումբին՝ կրցած է իր շրջանին մէջ հայ կիներէն եւ մեծ մայրերէն ժառանգ ինկած ուտելիքներու անունները եւ բաղադրութիւնները քաղել ու հաւաքել: Երկար եւ դժուար աշխատանք մըն էր անիկա: Այսպէս՝ առաւել քան երեք հարիւր խոհագիրներու եւ ճաշերու անուններ, անոնց պատրաստութեան եւ բաղադրութեան մանրամասնութիւններով եւ մանաւանդ գունաւոր նկարներով հոն տեղ գտած են, գունաւոր եւ պատկերազարդ էջերով:
Իսկ իւրաքանչիւր էջի վրայ ճաշատեսակը հրամցնողի անունին տակ կը հանդիպինք պատմական Հայաստանի, անոր սերունդի, ընտանեկան պարագաներու ապրած կամ պատկանած գաւառին, գիւղին եւ քաղաքին անուան, որ դաստիարակիչ միտում մը ունի: Փոքրիկ հանրագիտարան մըն է այս, որուն շնորհիւ ընթերցողը քաջատեղեակ կ՛ըլլայ հրամցուած ճաշատեսակի կողքին, մեր իւրաքանչիւր գաւառի աւանդական ու պատմական խոհանոցին, անոր ճաշի պատրաստութեան եղանակին եւ բաղադրութեան:
Մէկ խօսքով ընթերցողին համար այս գիրքը թէ՛ պատմութիւն է եւ թէ խոհագիր: Հոն է, որ յատուկ տեղ յատկացուած է հայկական մեր սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն: Ս. Ծնունդ, Զատիկ, պսակ, սուրբ մկրտութիւն, ակռայ հատիկ, վարդավառ, բաղարչի պատմութիւն եւ քիւֆթէներու տեսակներ եւ պատրաստութիւն՝ իրար կը յաջորդեն:
Եւ աւելին՝ գիրքին վերջաւորութեան տեղ գտած է յատուկ բառարան մը, որուն մէջ յստակօրէն կը պարզուի հայերէն բառին անգլերէն տարբերակը: Նաեւ, տեղ յատկացուած է յատուկ սննդականոնի որդեգրումիներուն, նիհարնալու եղանակներու եւ զանազան այլ նորութուններու:
Հինը նորին հետ եւ կողքին հայ ընթերցողը իր խոհանոցին մէջ մեծ ուրախութեամբ կրնայ ծանօթանալ յստակ ու պարզ բացատրութիւններով հայկական բազմատեսակ ճաշերու:
Կ արելի է յիշել, որ ճաշատեսակները հաւաքուած են պատմական Հայաստանի զանազան շրջաններէ, որոնցմէ են՝ Սեբաստիա, Կարս, Բալու, Գղի, Վան, Խարբերդ, Էրզրում, Էվերէկ, Երզնկա, Այնթապ, Մարաշ, Իզմիր, Եոզկաթ, Կեսարիա, Սըվազ, Զէյթուն, Ատանա, Շապին Գարահիսար, Տիգրանակերտ, նաեւ՝ Մուսուլ, Պարսկաստան, Գանատա, Հալէպ, Քեսապ, Պէյրութ, Պոսթըն, Այնճար, Յունաստան, Ռումանիա եւ այլն:
Այս յայտարար նշան է, որ շրջանին մէջ տասնամեակներով ապրած են եւ տակաւին կ՛ապրին այս շրջաններէն հայորդիներ, որոնք ցարդ պահած են իրենց աւանդական, պապենական խոհանոցը եւ աւանդութիւնները:
Օգտաշատ գիրք մըն է ասիկա իւրաքանչիւր հայ խոհանոցի մէջ, նաեւ մեծ աշխատանք մը՝ որուն համար մեծապէս նաեւ գնահատելի է Տիթրոյիթի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնը եւ անոր սոյն գրքոյկի պատրաստութեան յատուկ յանձանախումբի բոլոր անդամներուն ճիգերը:
Բոլորին վարձքը կատա՛ր:
Ստանալու համար՝ դիմել St. Sarkis Arm. Church, 9300 Ford Rd7, Dearborn, Mich. 48128. Հեռաձայն՝ (313) 336-6200, կայք՝ www.saintsarkis.org։