Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Արամ Պաչեանի «Ցտեսութիւն Ծիտ»ը*

$
0
0

0309arambachian3

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

Արամ Պաչեան վերջին տասնամեակին Հայաստանի մէջ ուշադրութիւն գրաւած երիտասարդ արձակագիրներէն է: Սկիզբը զինք սկսանք կարդալ «Ինքնագիր», «Գրեթերթ» եւ «Գրանիշ» համացանցային մամուլին մէջ, առաւելաբար պատմուածքներով եւ փորձագրութիւններով (essay), իսկ 2012ին հրատարակած իր «Ցտեսութիւն Ծիտ» խորագրեալ վէպը, վերջերս երկրորդ հրատարակութեան արժանացաւ, ինչ որ քաջալերելի է ո՛չ միայն իր հաշւոյն, այլեւ ցուցանիշ մըն է, կազմաւորուող նոր ընթերցողներու թիւին առնչութեամբ, որ կը յաջորդէ աւելի քան երկու տասնամեակներու անորոշութեան եւ փակուող գրատուներու տխուր երեւոյթին, որքան ալ չորսէն հինգ հարիւրի սահմաններուն մէջ մնան նոր հրատարակութիւններու տպաքանակը:

«Ցտեսութիւն Ծիտ»ը հայկական բանակի ներքին առօրեան կը ցոլացնէ, նորակոչիկներու կամ բանակէն դժուար հոգեվիճակով դուրս եկած անձերու կացութիւնը, ինչ որ ուղղակի կապ չունի մարտական հերոսական կռիւներուն հետ, սակայն ցոյց կու տայ, թերեւս խորհրդային օրերէն ժառանգուած որոշ սրբագրելի բարքեր: Իսկ նախորդ ամիսներուն բացայայտուած գեներալ Մանուէլներու հետ առնչուած չարաշահումները ցոյց տուին, թէ որքան սրբագրելի երեւոյթներ կան բանակին կապակցութեամբ, որոնց առաջին զոհը հայրենիքի սահմանները պաշտպանող երիտասարդ շարքային զինուորն է ինքնին:

Արամ Պաչեանի միւս երկու հատորներուն մէջ՝ «Ռոբինզոն եւ Ովկիանոս», իսկ վերջերս համացանցի վրայ «Ցտեսութիւն Ծիտ»ի առթիւ իր պատրաստած ու կարդացած գրութեան մէջ կը տեսնենք, որ ան բաց միտք է, ծանօթ է արեւելահայ, արեւմտահայ եւ միջազգային գրականութեան կարեւոր դէմքերուն, հասկցած է զանոնք, չի վախնար դժուար հոգեվիճակներու եւ յարաբերութիւններու մէջ մխրճուելէ կամ լեզուական փորձարկումներ կատարելէ: Իսկ գրութիւնները յաճախ այլաբանական եզրեր կը ստանան՝ մղելով ընթերցողը աւելի եւս խորանալու գրութեան տարբեր ծալքերուն մէջ:

0309arambachian.jpg«Ծիտ»ի առաջին թիւ 1 եւ 2 գլուխները, կը բացուին՝ «Ես 28 տարեկան եմ: Գրուած է նրա նոթատետրի բոլոր էջերի սկզբում» հաստատումով. կ՛ըսեմ առաջին, որովհետեւ անոնց կը յաջորդեն ուրիշ 1, 2, 3 թուագրուած գլուխներ, որոնց միայն վերջինին վրայ նման տարիքային արտայայտութիւն կայ, ինչ որ վերիվարոյ կը նշէ նոյն կացութեան մէջ գտնուող այլ հերոսի մը (կամ հակահերոսի մը) պատմութիւնը միւս մէկ-երկուքին մէջ: Ծիտը, որ գլխաւոր կերպարին տրուած անուն կամ մակդիրն է, նաեւ իր կատուին տրուած անունն է: Գլուխներու սկզբնաւորութեան արձանագրուած տարիքային նշումին հիմամբ՝ Ծիտը պէտք է ողջ ըլլայ եւ եօթը-ութ տարի առաջ զօրացրուած, սակայն երբ իր արտայայտութինները կը կարդանք՝ կարծես մեռած է: Երբ անկողինին տակ խմիչքի շիշը կը փնտռէ՝ կարծես հրամանատարին ճաղատին կը դպի, գունդի հրամանատարը հոն կը յամենայ, ան որ զինք ամէն օր վայրագօրէն ծեծած է՝ քանի Զիզուն մնջախաղերով զինք կը խնդացնէր. դէմքը կտոր-կտոր ըրած է, բռնի բերանը բացած ու հոն թքած եւայլն: Փաստը այն է, որ յաճախանքի վերածուած են այն փորձառութիւնները եւ հրամանատարին ուրուականը միշտ ներկայ է, որքան ալ Ծիտը ըսէ. «Դիակին ինչքան ուզում ես խփի: Ես միս ու արիւն չունեմ» (էջ 14): Փաստօրէն հերոսը այլեւս չի կրնար ընկերութեան մէջ օգտակար միաւոր ըլլալ, բնական կեանք ունենալ, աշխատիլ. գործէն հրաժարելու դիմում կատարած է: Թերեւս այս է, որ ապրելու եւ մահուան միջեւ կացութեան մը մէջ կը գտնենք զինք, նաեւ՝ իրական եւ երեւակայուած կացութիւններու դիմաց, որովհետեւ նոյնիսկ սիրային-սեռային կամ անցեալի յիշողութիւններուն կը միջամտէ հրամանատարին ժահրոտ ուրուականը:

Վէպին նուիրուած այդ քիչ, լուրջ գրախօսականներէն մէկը Վահան Իշխանեանի վերլուծականն է, լոյս տեսած «Ինքնագիր»ի 2018ի տարեկան տպագիր օրինակին մէջ (թիւ 9), ուր արդարօրէն հերոսը կը բնորոշուի իբրեւ «ոչնչացուող անհատականութիւն», «ուր կերպարի անորոշութիւնը լրացւում է մարդու միջից անհատին հանելու պատմութեամբ»: Հոն գրախօսողը յղում մը կատարելով Յովհաննէս Իշխանեանի բանակի ներքին բարքերուն նուիրուած մէկ աշխատանքին՝ կը բացատրէ թէ ինչ է գառլախը, այսինքն՝ կեղտոտի, անարգուածի կարգավիճակին մէջ բանակին մէջ գտնուող կերպարը, որուն պէտք չէ դպնալ, պէտք չէ շփուիլ, անձեռնմխելի է՝ ժխտական իմաստով: Նման կերպար է Միկի Մաուսը, որ իրաւունք չունի շփուելու միւսներուն հետ, ձեռքը ձեռնոցներ կան, եւ արտաքնոցներու աղտը մաքրելու պարտականութիւնը ունի: Երբ նոյնիսկ անոր մայրը կու գայ բանակ՝ տղուն այցելելու, զինուորներուն մէջ տիրական կարգավիճակ ունեցող Կարդինալ Գուգոն ձեռք կ՛առնէ զայն, ապա գրպանէն լոլիկ մը հանելով կր հրահանգէ իրեն ընկերացող տղոցմէ Տաքսիին՝ զայն նետել իրենցմէ արագօրէն հեռացող Միկիի մօր գլխուն:

Ծիտը յաճախ կը յիշէ իր մանկութեան ընկերներէն Սահակ Բալայեանը, այդ դաշնամուր նուագող նուրբ տղան, որ արկածով կիսաւեր գործարանին մէջ մազոթի ամբարին մէջ իյնալով խեղդուած է, եւ Ծիտը մէկ կողմէ գոհ է այն իմաստով, որ եթէ ան ողջ մնար՝ բանակին մէջ գետնախնձոր կեղուող, կօշիկներ ներկող, անձնական քարտուղար, մոխրաման պարպող եւ հազար ու մէկ տեսակի չարաշահումերու ենթակայ եւ ստորնացման ենթակայ խումբին մաս պիտի կազմէր: Այսինքն՝ բանակը այդ նուրբ, զգայուն տղոց տեղը չէ, իսկ Պաչեանի հերոսները յաճախ այդպիսի զգայուն անձեր են, Ռոպինսոններ, որոնք իրենց ներքին աշխարհը ունին եւ շատ ալ չեն նոյնանար արտաքին աշխարհի ընկերային կենցաղին կամ արժէքներուն հետ: Ասոր համար ալ Ծիտը պիտի ըսէ. «Մտածում էի քո մասին, ուրախանալով, որ շուտ մեռար, որովհետեւ եթէ չմեռնէիր ու բանակ գայիր, ինքնասպան էիր լինելու» (էջ 55):

Երկրորդ անձնաւորութիւնը նման ռոպինսոնեան կերպարներէն չէ, սակայն բանակի արժէքներուն համաձայն իսկական թապու մը կտրած է՝ արտաքնոցին մէջ տաբատը վեր քաշած ատեն իր ինկած սանտրը վերցուցած է, այսինքն՝ անգամ մը որ կեղտին հետ շփուած գոյքը վերցուցած՝ կ՛իյնայ պիղծերու, անարգուածներու խմբաւորումին մէջ: Լուրը հասած է Կարդինալին, եւ Տաքսին կու գայ գլխուն կուտի կճեպները թքելով իրողութիւնը երեսին տալու: Ան այլեւս դատապարտուած է: Կ՛երթայ ջրծաղիկէ տառապող Արամը տեսնելու եւ ամէն ինչ կ՛ընէ անոր հիւանդութենէն վարակուելու: Ան գիտէ որ իր բոլոր երազները ցնդած են արդէն՝ Փարիզ պիտի չերթայ եղբօրը միանալու: Փարիզը իր երազը եղած է՝ իր գինետուներով, փողոցներով, տուրմի խանութներով եւ այլն, եւ եղբայրն է, որ իր երազները «գողնալ»ով հոն հասած էր, իսկ ճակատագիրը հիմա իրեն թոյլ պիտի չտայ եղբօրը միանալու: Մանաւանդ երբ Միկի Մաուսը իր սենեակը ճաշ կը բերէ՝ գիտէ որ փրկութիւն չունի եւ ասեղներով վէրքերը խառնելով ինքզինք կը դատապարտէ մահուան:

Այս կացութիւնը աւելի լաւ հասկնալու համար պէտք է կարդալ  «Ովկիանոս» հատորին նոյնանուն պատմուածքը, ուր կը հանդպինք զօրակոչիկի մը, որ ի զուր կը փորձէ երկյարկանի անկողիններուն մէջ վարի յարկին վրայ տեղ մը գտնել, բայց չի յաջողիր: Շուտով կը հասկնանք տագնապին պատճառը. առաւօտուն կ՛արթննայ սեփական մէզին մէջ թաթխուած, իսկ մէզը հոսած է վարը քնացած զինուորին վրայ, որ կատղած պոռալ-կանչելէ, գլխուն աթոռը իջեցնելէ ետք՝ դանակով կը հարուածէ զինք: Ան ակամայ կեղտոտած է ընկերը, ձեւով մը պղծած՝ ինչ որ աններելի է բանակի բարքերուն համար: Ամէն պարագայի «Ովկիանոս»ի մէջ երեք-չորս պատմուածքներ, ինչպէս «Կեսար»ը, «Մի անգամ աշխարհում» կամ «Չէ»ն, վերոյիշեալ գրութեան պէս կապ ունին բանակի ներքին կացութեան հետ, կերպարները զոհերն են բրտութեան եւ անհասկացողութեան, եւ երբեմն շատ թանձր գոյներով կը ներկայացուին, մղելով զիրենք ամէն ձեւի հակազդեցութեան՝ անձնասպանութենէ մինչեւ սպանութիւն:

Վէպի վերջընթեր գլխուն մէջ կը հանդիպինք Զիզուին, որուն սիրած աղջկան լուսանկարը կ՛իյնայ լուացարանին մէջ եւ Միկի Մաուսը զայն անմիջապէս կը վերցնէ: Զիզուն ընկերներուն դիմաց չի կրնար շփուիլ Միկիին հետ, որովհետեւ կրնար անոր շարքին նկատուիլ, պարզապէս աչքէ հեռու առանձին տեղեր պիտի հանդիպի անոր, հետզհետէ սիրած աղջկան խամրող լուսանկարը տեսնելու համար, վերջաւորութեան՝ «Աղջկանից պահպանուել էր միայն չարաճճիօրէն վեր ցցուած մերկ ուսը. ուսին ժպտում էր մանկութեան վիրուսային պատուաստի փոքրիկ ծաղիկը» (էջ 200):

Երբեմն հետաքրքրական կապեր կը ստեղծուին գործին մէջ: Այսպէս, վերը յիշուած պատուաստի ծաղիկը, կամ երբ «Ծիտը» վէպի սկզբնաւորութեան իր սիրային յիշողութիւններուն մէջ Փարիզին կ՛ակնարկէ եւ իր դէմքին ջրծաղիկի հետքերը կը նշէ՝ առնչութիւններ չի՞ ստեղծեր ջրծաղիկի վարակով անձնասպան եղող միւս կերպարին հետ: Թերեւս թելադրուածը այն է, որ հոն երեւցող բոլոր անձնաւորութիւնները նոյն կացութեան զոհերն են: Իսկ աւելի ուշ՝ չենք գիտեր ինչպէս, Կարտինալը եւս մեռած է, եւ Ծիտը կ՛երթայ անոր սիրուհիին մօտ, ըսելով որ անոր ընկերն է, անոր Մուստանգը քշելու: Պատումի ատեն դէմքերու փոփոխութիւնը եւս, մա՛նաւանդ՝ երբ երկրորդ դէմքով կերպարը ինքն իր մասին կը խօսի, կը մղէ ընթերցողը խորհելու, թէ ճիշդ ի՞նչ կը պատահի:

Քիչ մը հարցական է նաեւ, թէ ինչպէ՞ս Կարտինալին հովանաւորութիւնը վայելող Ծիտը կրնայ հրամանատարին կողմէ այդպէս բրտութեան ենթարկուիլ, վերջիվերջոյ Կարտինալն ու հրամանատարը յաճախ գործակիցներ են: Թերեւս հոս անցում մը կայ, որ խուսափած է ինձմէ:

Նոյն կացութիւններուն վերադարձը՝ հետզհետէ աւելի խորացող հոգեվիճակներու ներկայացմամբ, բառերու երկարո՜ղ ձայնաւորները, բառերու միացումով ստեղծուած բառակապակցութիւնները, ներքին մենախօսութեան եւ գիտակցական հոսքի միջեւ զարգացող բաժինները, նոյնիսկ էջեր, ուր ոչ մէկ կէտադրական նշան գոյութիւն ունի եւ այլն, այս բոլորը մղձաւանջային կամ ցնորատեսականի մօտեցող կացութիւններու եւ հոգեվիճակներու կապուած՝ փորձառական վէպի սահմաններուն կը նետեն «Ցտեսութիւն Ծիտ»ը: Այս մէկը կ՛արձանագրեմ դրական իմաստով, որովհետեւ գործը աւանդական վէպի սահմաններէն դուրս կու գայ եւ ցոյց կու տայ, որ երիտասարդ հեղինակը չի խուափիր թէ՛ նիւթին կապուած, թէ՛ գրելաոճի ու գրական սեռերու կապուած դժուար մարտահրաւէրներէ:

 

Պաչեան, Արամ. «Ցտեսութիւն Ծիտ», «Անտարես» հրատարակութիւն, Երեւան, 2012


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles