Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ. Քառեակ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0120norayrdadourian

Շաբաթ մը առաջ էր. մեր աշակերտները վազելով ելած էին Երեւանի «Կասկադ» համալիրի 572 աստիճանները: Ամէնամեայ մրցում մըն էր անիկա, որուն մէջ առաջնութեան հասնելու համար սրընթաց պէտք էր ըլլալ: Իսկ այսօր տարբեր տրամադրութիւն է. բոլորս կանգնած ենք Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի 54 աստիճաններուն առջեւ: Պիտի բարձրանանք դանդաղելով, խոհուն, աստիճան առ աստիճան: Աւելին, աշակերտներու քառեակ մը պատրաստ է արձանագրելու փոքրիկ շարժապատկեր մը, որուն մէջ պիտի բացայայտեն 54 թիւի խորհուրդը ու պիտի արտասանեն ամենայն հայոց բանաստեղծէն չորս քառեակներ:

– Յարգելի դիտողներ, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի 54 աստիճանները անոր երկրային կեանքի տարիները կը խորհրդանշեն,- Նայիրին է խօսողը, պատկերահանի նշանով սկսած է իր բաժինը կատարելու,- կը գտնուիմ թանգարանի առաջին աստիճանին վրայ: 1869 թուականն է: Ծնաւ Յովհաննէս Թումանեան:

Թող երեխաները շարունակեն իւրաքանչիւրին իմաստը ըմբռնելով՝ աստիճանները բարձրանալ, իսկ մենք, յարգելի ընթերցող, սուզուինք «քառեակ» բառին արմատին եւ ընտանեկան կապերուն:

Հայկական քնարերգութեան, մասնաւորապէս Թումանեանի քերթողութեան մէջ իւրայատուկ տեղ ունի քառեակը: Հայկական քառեակի չափը 15 է եղած՝ իւրաքանչիւր բանատողի վրայ 8 եւ 7 վանկի սկզբունքով: Ունեցեր է երեք տեսակ յանգաւորում- զուգային, խաչային եւ շրջանային, այսինքն4 «ա-ա-բ-բ», «ա-բ-ա-բ» եւ «ա-բ-բ-ա»: Նայիրին այժմ բարձրացած է 12րդ աստիճանը. «1881 թուականն է: Պատանի Թումանեան կը գրէ իր առաջին բանաստեղծութիւնը»:

«Քառեակ» բառին արմատն է «քառ» համեստ միավանկը: Անիկա կարելի է նմանցնել փոքրակազմ մօր մը, որ ծնունդ է տուեր չորս անգամ չորս տասնեակ զաւակի: Այս արմատով ծնունդ առեր են պատկերալից 160 բառեր: Անիկա բուն հայկական է: Բայց, նոյն ժամանակ, ազգականական կապերու միջազգային շռայլ ցանց մը ունի: Երբ ամբողջ գերդաստանով նստի սեղան, մէկ ծայրը լատինածին զարմիկն է՝ quarto, իսկ միւս սեղանակիցներն են յոյնը, պարսիկը, թրակացին, ալպանը, լիթուանացին, լաթուիացին, սլաւը եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Այդ սեղանին վրայ կը հնչէ՝ quarto, katսr, quatre, ketur, catur, car, cuatri, ketri, tessares եւ tetores:

Շողիկը ուրախ է, որ մեզմէ շաբաթ մը աւելի պիտի մնայ հայրենիքի մէջ ու Արցախ ճամբորդելով՝ իր մեծ մայրը պիտի տեսնէ: Այս աղջնակը փափաքած է 21րդ աստիճանին վրայ ըլլալ.

– Այժմ ես գտնւում եմ 21րդ աստիճանի վրայ: Յարգելի դիտողներ, 1890 թուականն է: Թումանեանը գրեց «Անուշ» քնարական սիրավէպը՝ իր գլուխ գործոցներից եւ իմ ամենասիրածներից մէկը:

0316quartet

«Քառ» արմատով նախ  յիշենք «քառաբաժ» ածականը: Այդ բառով է, որ հոգեւոր գրականութիւնը նկարագրեր է դրախտի գետը: Ունինք նաեւ «քառագիր» կոչումը, որմով յայտնի էր Աստուծոյ անունը: Յարգելի ընթերցողներ, դուք տեսա՞ծ էք Արենի գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գմբէթի չորս առագաստներու քանդակները: «Քառակերպ» են անոնք, այսինքն չորս աւետարանիչներու չորս խորհրդապատկերները- Մատթէոսը թեւաւոր մարդ է, Մարկոսը՝ արիւծ, Ղուկասը՝ եզ եւ Յովհաննէսը՝ արծիւ: Առաւելաբար, «քառագլուխ» էր չորս աւետարանը եւ «քառադէմ» էր այն կառքը, զոր քերովբէները կը քաշէին, Ներսէս Շնորհալիի փոխանցումով՝ «Կառք քառադէմ քերովբէիւք բերեալ»: Իսկ «քառաթեւ»ը, որ ըստ իմաստասէր Դաւիթ Անյաղթի՝ խաչն էր ու կը կարծէինք, թէ հանգչած մնացեր էր միջնադարեան հոգեւոր մատենագրութեան մէջ, այս օրերուն վերակենդանացաւ ու ստացաւ ռազմական շունչ: Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռը ունի վաւերագրական նոր շարժա-պատկեր մը, որ կը կոչուի «Քառաթեւ Յաղթանակ»՝ Շուշին չորս ուղղութիւններով ազատագրելու հերոսական պատմութիւնը (միտքերուն մէջ կը յայտնուի նաեւ չարաշունչ յիշատակ մը՝ «քառօրեայ պատերազմ»):

Երբ «քառ» բառը հայոց լեզուին մէջ գտաւ իր ընթացքը, հայ միտքին համար դժուար չէր քառանդամ ամէն իրողութիւն արտայայտել անոր հետ: Ուստի, ունեցանք հայոց ոստաններուն մէջ քառաբուրեան պարտէզներ, արքունի քառաջահ դահլիճներ, գորգեր զարդարող քառաթերթ վարդակներ, հայրենի դաշտերուն մէջ հասակ նետած քառահասկ ցորեններ, ցորեններու ոսկեփայլ բուրգերը տանող քառաշար եզներ, քառոտանի հաւատարիմ ընկերներ (հայկական լեռնաշխարհի գամբռ շունը նկատի ունինք), գեղատեսիլ քառակամար կամուրջներ՝ ինչպէս Երեւանի բերդի կամուրջը, քառահատոր եւ քառալեզու բառարաններ, քառաժամ ճառեր, քառակողմ գագաթնաժողովներ, եւ կոմիտասեան քառաձայն պատարագ: Ամուրը 30րդ աստիճանին վրայ է. «Բարեւ: 1899 թուականն է, Թումանեան Թիֆլիսի մէջ ստեղծեց «Վերնատուն» գրական խմբակը»:

10րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին նոր թեւեր տուաւ «քառ» արմատին, ստեղծելով իւրայատուկ պատկերներ, ինչպէս՝ «քառաթեւ նշոյլ» եւ «քառադիմակ պատկեր»: Ունեցեր ենք նաեւ սրտաճմլիկ ածական մը՝ «քառաշունչ», զոր պոլսահայ ուսուցիչ եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Սեթեանը 1885 թուականին գործածեր է «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ լոյս ընծայած քերթուածի մը մէջ: Հոն մշեցի հայուհին կը փափաքի «քառաշունչ թեւեր» ունենալ, որպէսզի շտապ օգնութեան հասնի իր պանդուխտ հայրենակիցներուն. «Ո՞ւր են նոքա, ո՞ տայր ինձ թեւ լայնասփիւռ եւ քառաշունչ… Եւ որպէս մայր որ պաշտպան է զաւակին, լայնածաւալ իմ թեւերով խնամէի», մինչ պոլսահայ ժամանակակից բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան որոշեց իր ժողովածուներէն մէկը անուանել «Քառասմբակ սէրերով»: Կ՛ուզէինք նաեւ գիտնալ, թէ ո՛վ էր այդ գեղեցկուհին, որ ունեցեր է «քառամանեակ» մը:

– Քառաշար մարգարիտ կը պատկերացնեմ պարանոցիս համար զարդ, կը մրմնչէ Փաթիլը ու կը յիշէ Վարուժանէն քառեակ մը.

«Արտըս ոսկո՜ւն է.

Քառաշար հասկեր

Քառաշար սաթով

Արե՛ւ են հագեր»:

Սուզանը, այդ զգայուն սիրտը, ուզեր էր վերջին աստիճանին վրայ ըլլալ. «Յարգելի դիտողներ, սա 54րդ աստիճանն է, այսինքն 1923 թուականը: Հայոց լեռների իմաստուն երգիչը, խոհական եօթանասուն քառեակների հեղինակ Յովհաննէս Թումանեանը մահանում է 54 տարեկանին ու միանում է իր Շռայլին եւ Անհունին»:

Բանաստեղծի դիմաքանդակին տակ կը հնչէ չորս քառեակ, չորս պատանի բերաններէ. «Հէ՜յ ագահ մարդ, հէ՜յ անհոգ մարդ, միտքդ երկար, կեանքդ կարճ…», «Զարմանում եմ, թէ՝ ո՜վ Շռայլ, ի՜նչքան շատ ես տուել ինձ…», «Բերանն արնոտ մարդակերը էն անբան, հազար դարում հազիւ դարաւ մարդասպան…», «Իմ կնունքին երկինքը՝ ժամ, արեւը՝ ջահ սրբազան…»:

Թանգարան մտնել կը պատրաստուինք: Փաթիլը, որ դասարանի համար պատի տեսանիւթեր կը ստեղծագործէ, պատշգամին վրայ, բազրիքին յենած Թումանեան պողոտայի եռուզերը կը դիտէ խոհուն:

– Պարոն, ո՞վ կրնար կեանքի եւ տիեզերքի բովանդակ իմաստութիւնը չորս տողի մէջ ամփոփել:

– Ան, որ մէկ է անոր հետ:

– Երբ վերադառնանք, Թումանեանի քառեակներով գեղեցիկ պաստառ մը պիտի շինեմ, որպէսզի յաջորդներս ալ չորս տողիկի մէջ իմաստութիւն գտնեն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles