Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ. Սեւ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0120norayrdadourianԱյդ օր բուք էր լեռներուն վրայ, Չարենցի կամարին մօտ: Մռայլ էր երկինքը: Եկեր էինք 39 աշակերտով, եկեր էինք բանաստեղծի ամենայայտնի գործը արտասանելու: Անոյշ սկիզբ ունէր անիկա եւ արեւահամ էր: Բայց, աւա՜ղ, տող առ տող, մռայլեցան անոր գրական պատկերները: Հոն տեսանք մութ խրճիթներ հայրենի: Լսեցինք ողբաձայն երգեր, վիշապաձայն լեռներ, լարեր լացակումած:

Աշակերտները հիմա կը հնչեն եօթներորդ բանատողը. «Մթում կորած խրճիթների անհիւրընկալ պատերը սեւ»: Այդ խորհրդաւոր պահուն, մեր աչքերուն առջեւ յայտնուեցաւ հայկական համայնապատկերի իշխող գոյնը ըստ Չարենցի՝ ՍԵՒ:

Վերջացաւ կատարումը: Աշակերտներէն Սիփանը նստած է սեւցած այդ յուշակամարի սեւ պազալթէ նստարանին վրայ: Անթարթ կը դիտէ տեսարանը եւ կը հարցնէ.

– Պարոն, ինչո՞ւ մեզի բաժին ինկաւ սեւը: Մեր սեւաքար երկի՞րը կերտեց մեր ճակատագիրը, մեր նկարագիրը:

– Հաւանական է: Պատասխանը գտնելու համար պէտք է իջնել պատմութեան մութ խորշերը: Սիփան, մեր առաջին «սեւ»ը ձի մըն էր, Արտաշէս արքայի ձին. «Հեծաւ արի արքայն Արտաշէս ի սեաւն գեղեցիկ»: Այդ ձիով է, որ հայոց արքան անցեր էր Կուր գետը ու տիրացեր էր ալաններու Սաթենիկ օրիորդին: Այս պատմութիւնը մեզի փոխանցեց պատմահայր Խորենացին: Սիփան, դեռ մութ է «սեւ» բառին ստուգաբանութիւնը: Հաստատուելով պարթեւական հնագոյն մէկ արձանագրութեան, լեզուաբաններ կ՛առաջարկեն, թէ փոխառութիւն է անիկա: Սակայն, ստոյգ գիտենք, թէ նախապէս եղած է «սեաւ» եւ նշանակած է «մութ»:

– Յիսուն տոկոս կրճատուած բառ մը իսկական, նախ «սեաւ», ապա «սեւ», իսկ այժմ հայրենիքի մէջ՝ «սեւ»:

– Բառերը կը մեծնան, կամ՝ կը փոքրանան…: Բառը Աստուածաշունչի ոսկեդարեան թարգմանութեան մէջ մուտք գործեց գրաւոր հայերէն եւ մեզի տուաւ «արեգակն եղեւ սեաւ», «սեաւ եմ ես եւ գեղեցիկ» եւ «սեաւ ձի» արտայայտութիւնները: Իսկ հայկական լեռնաշխարհին մէջ անիկա բնակութիւն գտաւ ամէն սարի վրայ, ամէն դաշտի մէջ:

0511sevcharents

– Որովհետեւ, հրաբխային մեր երկիրը ունէր դաժան պատկեր, կասկած չունիմ:

– Տեղանուններն են վկաները: Նախ յիշենք գիւղեր՝ Վանայ Սեւ Ագրակը, Պուլանըխի Սեւ Սատանան եւ Կարնոյ Սեւ Երիցուն: Ունեցեր ենք նաեւ Սեւտիկինը, Սեւաբերդը, Սեւահողը, Սեւաղբիւրը, Սեւաքարը եւ Սեւաւանը, նոյնանուն գետերով եւ ամրոցներով հանդերձ: Կարնոյ մէջ ունեցեր ենք Սեւ Աշխարհ, Կաղզուանի մէջ Սեւ Վանք: Մուշը յայտնի եղած է իր Սեւ Աւետարանով, Սեւ կամուրջով եւ Սեւ բերդով: Մեր հողերը որոգեր են Սեւաջուր եւ Սեւակն գետերը: Իսկ այնտեղ, ուր Թիմուրը 1377 թուականին հայ մանուկներու մեծ սպանդ կատարեց, 600 տարի կոչուեցաւ Սեւ Հողեր: Սեբաստիոյ մէջ էր անիկա: Աւելի հարաւ էին Սեւասար լեռները, Մշոյ եւ Սասունի սահմանային հատուածին վրայ: Այդ անունները չկան այսօր: Բայց կան տեղեր, որոնք պահեցին իրենց անունը, ինչ փոյթ, թէ աղաւաղուած: Նկատի ունիմ Տիգրանակերտ նահանգի Սեւ Աւերակ գիւղաքաղաքը, զոր այսօր կը կոչեն «Սեւերեկ»: Այնքան բախտաւոր չէին Սեւ Աւերակի լեռները, անոնք վերանուանուեցան «Քարաճատաղ»: Ըսեմ նաեւ, թէ ամէն գաւառի մէջ սեւը «սեւ» չէր: Զէյթունի, Համշէնի, Մոկքի, Մուսա լերան եւ Տիգրանակերտի մէջ «սիւ» էր անիկա, իսկ Արցախի մէջ՝ «սըեվ»: Ահա, Սիփան, մեր երկրին յարմար եկած գոյնը:

– Մեր մայրենին հարուստ է, չէ՞, անկասկած ունեցանք բարդ բառեր:

– Երեք հարիւրի չափ: Փոքրիկ բառարան մը պէտք է բոլորը յիշելու համար: Սակայն, կան բառեր, որոնք աւելի ներշնչեցին մեր բանաստեղծներն ու երգահանները՝ սեւաբախտ, սեւագիշեր, սեւագլուխ, սեւագուշակ, սեւազգեստ, սեւաթարթիչ, սեւաթեւ, սեւահոգի, սեւաչեայ, սեւափայլ եւ սեւուլիկ: Շատ ժամանակ չանցաւ, որ այս գոյնը առնէր բազմաթիւ փոխաբերական իմաստներ, ինչպէս՝ խաւար, անլոյս, մռայլ, չար, չարագուշակ, չարաբեր, բացասական եւ մելան: Այնուհետեւ, ունեցանք անհամար պատկերաւոր դարձուածքներ՝ սեւ միտք, սեւ նախազգացում, սեւ կեանք, սեւ ապերախտութիւն: Չափազանց սեւադէմ մարդոց անուանեցինք «սեւ ագռաւ», վտանգի սպառնալիքը՝ «սեւ ամպ», անուն խայտառակող արարքը «սեւ բիծ», քարիւղը «սեւ ոսկի», ունեցանք նաեւ «սեւ օրեր», «սեւ շուկայ», «սեւեր կապած» սգաւորներ եւ  «սեւին սպիտակ ըսող» հակառակորդներ:

– Պարոն, ձեր յիշածներուն չափ չար չեն սեւ պղպեղն ու սեղ սուրճը: Բայց, չեմ ալ ուզեր, որ առջեւէս անցնի սեւ կատու մը…:

– Սիփան, ըստ երեւոյթին, գեղապաշտ բանաստեղծներու երանգապնակի կարեւորագոյն գոյնն էր անիկա: Հայկական գրականութիւնը յագեցած է «սեւ» տողիկներով, որքան մեր պատմութիւնը՝ սեւ էջերով: Տե՛ս, Ղեւոնդ Ալիշանի սեւ մելանը ի՛նչ պատկերներ յօրիներ է. «Սեւ սրտիս սեւ ամպեր», «Հայ հողուն սեւ քարը», «Մահու սեւ ստուեր»: Ապա, եկաւ Պետրոս Դուրեան եւ սեւով ներկեց երկիրը «Նոր Սեւ Օրեր» քերթուածին մէջ. «Չը դադրեցաւ դեռ այս երկրին սեւ սուգը»: Բանաստեղծը նաեւ հեղինակեց պատմական մէկ ողբերգութիւն ու զայն անուանեց «Սեւ Հողեր Կամ Յետին Գիշեր Արարատեան»: Մեր գրիչներուն ամէնէն թախծոտը՝ Վահան Տէրեան, «սեւ» բառին տուաւ քնարական փայլ մը. «Սեւ գիշերն է գրկել ինձ», «Սեւ գիշերն իջաւ իր անյայտ գահից», «Արցունք չկայ իմ սեւ օրերում», «Սեւ օրեր ես դեռ շա՜տ կը տեսնեմ», «Աշուն՝ Անձրեւ, քամի, սեւ կամար…»: Սիփան, դժուար է ըսել, թէ Տէրեանն էր աւելի յափշտակուած «սեւ»ով, թէ՝ Թումանեան: «Անուշ»ին մէջ կայ քսաներկու «սեւ»՝ «Աղջի՜, սեւասի՜րտ», «Սեւ սարեր, եա՛յլա», «Սեւ վիճակ քեզ բաժին ընկաւ», «Սեւաբա՛խտ քուրիկ», «Սեւ ու սուգ լինի թագ ու պսակդ», «Սեւ հրացանը՝ սեւ օձի նման» եւ ամէնէն սրտաճմլիկը՝ «Ձորում թողած մի սեւ բըլուր, մի գերեզման անանուն»:

– Պարոն, Աւետիք Իսահակեանը չէ՞ր զգուշացուցած՝ սեւաչեայ աղջիկ պէտք չէ սիրել: Անոյշը սեւաչեայ չէ՞ր. «Սեւ աչերէն շատ վախեցի՛ր,- էն մութ, անծեր գիշեր է… Սեւ աչերը մի՛ սիրէ…»:

– Իսկ կէս դար ետք Պոլսոյ մէջ Զահրատը նկարագրեց ոսպ ստկող կին մը, որ կը հանդիպէր սեւ հատիկներու: Կեանքի դժուար օրերն էին անոնք. «Կանաչ մը – սեւ մը – կանաչ մը – սեւ մը – ցաւ մը»: Բանաստեղծը նոյնիսկ վեցեակ մը նուիրեց այդ գոյնին ու սեւը կոչեց «Սեւ».

«Բոլոր գոյները – լոյսերը բոլոր

– Սէրերը բոլոր –

Երբ վանես կեանքէդ

Ահա թէ քեզի սեւը կը մնայ

– Բարով գործածես -»:

Վերջապէս, լուսաւոր օր մը, հայրենի մէկ բանաստեղծ, որուն անունը «սեւ աչք» էր, կամ «սեւ մելան», ինչպէս որ նախընտրէք, իր երանգապնակի բոլոր գոյները գործածեց փառապանծ Հայաստան մը նկարագրելու համար, իսկ միակ միավանկ գոյնը, «սեւ»ը, տեղադրեց Արտաշէս արքայի անունը կրող Արտաշատի մօտ. «Հայաստան: Դու՝ արտաշատեան խաղող սեւաչ»: Սա է «սեւ» բառին փառահեղ վերջաբանը:

Այդ օր սեւ էր երկինքը եւ սեւ էին կամարին քարերը ու այդ օր մեր աչքերուն առջեւ յայտնուեցաւ հայոց լեռնաշխարհի իշխող գոյնը՝ ՍԵՒը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles