ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Դարձեալ Մայիս է, երրորդ Հինգշաբթին: Դպրոցի հանդիսասրահին մէջ ծնողներ անհամբեր են իրենց զաւակները բեմի վրայ տեսնելու: Կիսամութ դահլիճը լուսաւորուած է կարմիր մոմերով: Աւելի լուսաւոր է բեմը, որուն վրայ կահաւորուած է բանաստեղծի մը գրասենեակը՝ 19րդ դարու ճաշակով, տեղադրուած է բարձրախօս եւ կիթառ, աջ անկիւնը՝ դաշնակ, անոր վրայ մութ կարմիր մետաքսեայ ծածկոց մը, արծաթեայ մոմակալ մը եւ վարդեր. մեր յայտագիրի ոգիին պատշաճ տեսարան մը, եթէ նկատի առնէք, թէ զայն կոչեր ենք «Մեր Սիրոյ Աշունը»:
Ու կը սկսին տողանցելու Տէրեաններ, Վարուժաններ, Չարենցներ, Մեծարենցներ, միջնադարեան երկու տաղասացներ եւ մերօրեայ սիրային երգ մը: Ու այս գիշեր, երբ զուարթուն է բեմը՝ կը սկսին հնչելու Մանսուրեանի եւ Պապաճանեանի քաղցրալուր մեղեդիներ եւ հայատրոփ պատանիներու շրթունքներէն կը հոսին մեղրածորան քերթուածներ, կը նկատենք, թէ բեմ ելած է նաեւ «բեմ» բառը:
Թող աշակերտները շարունակեն իրենց արտասանութիւնները կատարել, երբեմն յուզումով եւ մեղմաձայն, երբեմն ալ ջերմեռանդօրէն եւ բարձրավիզ, մենք ստուգենք «բեմ» բառին արմատները եւ պատմութեան մէջ անոր առած քայլերը: Նախ յիշեցնեմ, թէ «բեմ» միավանկը միշտ չէ, որ թատրոնի կամ հանդիսութիւններու հարթակ էր: Անիկա նախնապէս դատաւորական աթոռ էր եւ ատեան, դատարան էր եւ քարոզչական ամպիոն, ինչնպէս նաեւ նստարան, տեսարան, ասպարէզ եւ բազմոց, բոլորը՝ գետինէն առնուազն աստիճան մը բարձր: Չմոռնանք նաեւ հայկական ճարտարապետութեան մէջ ստացած իմաստը՝ եկեղեցւոյ մէջ խորանին տեղը, անշուշտ աղօթասրահէն աստիճան մը բարձր: Գրիգոր Զօհրապ զայն օգտագործեց, երբ «Փօստալ» պատմուածքը գրի կ՛առնէր. «Սուրբ ու առաքինի կին էր իր հանըմը, որուն գովեստը կ՛ընէր քարոզիչ սրբազանը շատ անգամ եկեղեցւոյ բեմէն»:
«Բեմ» բառին արմատն է յունարէն գոյականը, դասական հնչիւնով «բիմա», իսկ ժամանակակից յունարէնը «վիմա»: Անիկա կը նշանակէ քայլ, քայլաչափ, աստիճան եւ սանդուխի ոտք: Բառը դէպի արեւելք խոշոր քայլ մը առեր հասեր է հայերուն՝ «բեմ», ասորիներուն՝ «բիմ» եւ վրացիներուն՝ «բեմի» կամ «բեմոնի»: Հայկական լեզուաշխարհին մէջ ունեցեր ենք տեղական տարբերակներ. Թիֆլիսի մէջ՝ «բիմ» եւ Վանայ լիճին մօտիկ Մոկքի բարբառով՝ «պիմ», երկուքն ալ «եկեղեցւոյ բեմ» իմաստով: Այս յայտնութենէն ետք ականջ տանք Նարեկին, որ սկսեր է Թէքէեան արտասանելու. «Եկեղեցին Հայկական… իր լայն բեմով… կարծես նաւ մ՛է ծփուն»:
Իսկ ե՞րբ էր, որ առաջին անգամ վարագոյր բացուեցաւ, լուսարձակներ վառեցան եւ «բեմ» բառը բարձրացաւ հայոց լեզուի բեմը. 6րդ դարուն։ Սուրբ Գիրքին մէջ կայ «բեմ»ական մէկ արտայայտութիւն. «փայտեղէն բեմ»: Այս համեստ միավանկը ամէն դար շարունակեց մեր գրական լեզուն հարստացնել: 8րդ դարուն ունեցեր ենք «բեմասացութիւն» կամ «բեմբասացութիւն», իսկ 10րդ դարուն «բեմական» բառերը: Գրիգոր Նարեկացին գրի է առեր «հատուցման բեմ» գրական պատկերը: Ապա, եկեր են՝ բեմադրել, բեմահարթակ, բեմականացնել, բեմեզր, ներքնաբեմ եւ վերնաբեմ բառերը: Իսկ, 19րդ դարուն, թատերաբեմը բաժներ են երեքի, այնուհետեւ գոյացեր են երեք նոր բառեր. նախաբեմ, միջնաբեմ եւ ետնաբեմ: Բեմին վրայ նաեւ տեսանք երեք տաղանդաւոր անձեր՝ բեմադրիչ, բեմավար եւ բեմայարդար: Բայց օր մը, ծանր դեր մը բաժին ինկաւ անոր ուսերուն վրայ: 439 թուականին հայոց երկիրը դարձաւ բեմի ահաւոր մէկ տեսակը՝ ռազմաբեմ։ Հայ պատմաբանը(երբ մեր լեզուն դեռ չունէր այդ բառը) գրեր է. «Երբ պարսից Յազկերտ Բ. արքան պատերազմ է յայտարարել Բիւզանդիային՝ ռազմաբեմ դարձնելով Հայաստանն ու Հայոց Միջագետքը…»: Իսկ հայոց պատմութեան ամէնէն ողբերգական օրերուն մեր լաւագոյն գրիչները, որոնց քերթուածները այժմ կը լսենք, կը գիտակցէին, թէ մեր երկիրը ամէն դար ռազմաբեմի կը վերածուէր: Ականատեսներէն մէկը՝ Դանիէլ Վարուժան, «Յաւերժութեան Սեմին» քերթուածին մէջ, իր հայրենիքը նկարագրելու համար, նոյնիսկ հարկադրուեցաւ «մահաբեմ» բառը գործածելու: Սա է, ընթերցող, «բեմ»ով շինուած բառերուն ամէնէն սոսկալին: Ահա՛ անոր գործածութիւնը. «Գերեզման մ՛էր, լերան ոտքին, գետին մօտ… Մահաբեմերն, ուր… դանակներն յար կը սրուին»: Մինչդեռ մեր լեռները, յատկապէս Գեղարդի սարերը, Լեւոն Շանթի համար ներշնչման անսպառ աղբիւր էին եւ կու տային այն համոզումը, թէ հայը կրնար անկարելին նուաճել: Այս միտքով էր գրուած «Լերան Աղջիկը» վիպերգը.
«Սարը, որ դաշտին դիմաց
Բեմ մը կը կարծես կանանչով գորգած:
Դիւցազնի բեմ մը, որուն բարձունքէն
Ամէն առաւօտ վարդ արշալոյսին
Բիւրաւոր զուարթ ձայներ միասին
Բնութեան գեղը կը ճառեն կ՛երգեն»:
«Բեմ» բառը՝ պերճախօս դերակատար մը իսկական, շատ ժամանակ չանցաւ, որ արտայայտէր պատկերաւոր խօսքեր, ինչպէս՝ «բեմ ելլել»՝ դերասան դառնալ, «բեմէն հեռանալ»՝ դերասանութենէ հրաժարիլ, «բեմ բարձրացնել»՝ ներկայացնել, «բեմ բարձրանալ» բեմադրուիլ եւ այն մէկը, զոր Յակոբ Պարոնեան նկատի առած էր. «Տասը տարիէ ի վեր, – ըսաւ պատանին, – թատերական բեմին վրայ կը քալեմ»: Վերջիններուն համար հնարեցինք մէկ այլ դարձուածք՝ «բեմին նուիրուած մարդ»:
Իսկ դուք չկարծէք, թէ «բեմադրութիւն» բառը միշտ արուեստ կը բուրէր: Անիկա ալ ունեցեր է փոխաբերական իմաստ՝ քաղաքական մեքենայութիւն, կեղծիք:
Այս բառը երբեմն կ՛ըլլար շիկնոտ, երկչոտ: Խօսքը հայկական գրատպութեան ասպարէզին մասին է, որմէ խուսափեցաւ մինչեւ 20րդ դար: Տեսէ՛ք, 1512էն, այսինքն հայկական առաջին գիրքի հրատարակութենէն մինչեւ 1900, ո՛չ մէկ գիրք, այո, ո՛չ մէկ հատոր գոյութիւն ունի «բեմ» բառով անուանուած: Իսկ ե՞րբ էր, որ անիկա իբրեւ գիրքի խորագիր առաջին անգամ բեմ ելաւ: Պատասխանը կը գտնենք Հայաստանի ազգային գրադարանի հրատարակութեան մը մէջ. «Մանկական Բեմ Պարսկահայերի Կեանքից», 1901. եւ ո՞ւր՝ Թիֆլիս, արեւելահայ գրականութեան բեմը: Իսկ, եթէ Պոլիսն էր արեւմտահայ գրատպութեան բեմը, անուն մըն ալ անկէ պէտք էր ակնկալել: Անիկա իրականացաւ 1912ին, երբ լոյս տեսաւ «Ազատ Բեմի Խօսքեր» ժողովածուն:
Բեմ վերադարձան աշակերտները՝ ծափահարութիւններ, լոյս, լուսանկար, վարագոյր. ապա՝ ամայութիւն: Չկայ բեմբասաց, բեմայարդար, բեմադրիչ… Մնաց «բեմ բառը, ետնաբեմի կիսամութին մէջ, մեկուսի:
Այժմ, ընթերցող, ըլլանք երախտագէտ: Կ՛առաջարկեմ յոտնկայս ծափահարել այս բառը իր 1500ամեայ ծառայութեան համար եւ գնահատենք զայն՝ իբրեւ բազմավաստակ միավանկ, որ մէկ քայլ վեր հանեց մեր մայրենին: