ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
– Պարոն, մեր վարժարանը ինչո՞ւ կը փակեն:
«Փակ» է «փակ» բառին ստուգաբանութիւնը: Ո՛չ ծագումը յայտնի է, ոչ ալ՝ արմատը: Ինչպէս փակ դռներու ետեւ տրուած որոշում մը՝ անիկա անակնկալօրէն յայտնուեր է մեր լեզուի դրան առջեւ: Հրաւիրուած չէր, բայց եկաւ: 425 թուականին, երբ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը կ՛աւարտէր, բոլորս տեսանք, թէ այս միավանկը, (որ նաեւ ունէր բարի տեսք, որովհետեւ կազմուած էր երեք անմեղութիւններու սկզբնատառով. «փաթիլ»ի «փ»ով, «աղօթք»ի «ա»ով եւ կոյս»ի «կ»ով), այո, այդ աննշմար բառը յաճախ չարութիւններու դուռեր բացաւ: Սուրբ Գիրքին մէջ կան հետեւեալ երկու պատկերները. «Պարտէզ փակեալ», «Դուրք վերնատանն փակեալ էին»: «Փակ» բառը այդտեղ գործածուած է 110 անգամներ, որոնցմէ 15 հատը «փակ դուռ» է:
– 16րդ դուռը, պարո՛ն, մեր վարժարանի՞ն դուռն է:
Սուրբ Գիրքին մէջ կայ նաեւ «փական»ը՝ հետեւեալ գործածութիւններով. «փական արքայութեան», «փական գիտութեան»: Սակայն, ամէնէն զարհուրելին այն պատկերն է, որուն մէջ ամպերը փակեր են երկինքը, որպէսզի մեր աղօթքները չհասնին Անոր. «Փակեցեր ամպօք զերկինս, զի մի՛ հասցեն աղօթք մեր առ քեզ»:
– Պարո՛ն, մեծ հայրս ըսաւ, թէ երկու շաբաթէ ի վեր ձեր գրութիւնները թերթին մէջ չէ տեսած: Ըսաւ, թէ վարժարանին փակման որոշումը ձեզ սրտաբեկ ըրած է:
«Փակ» բառը, որ իր չափերով սահմանափակ էր, մինչեւ 1002 թուականը, մինչեւ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» բանաստեղծութեան արարումը, հինգ դար շարունակ ջանք թափեց, որ ուռճանայ: Իբրեւ արդիւնք՝ ունեցանք մեր հորիզոնը արգելափակող բառերու անսահմանափակ ցանկ մը, ինչպէս՝ փակուղի, աչափակ, դիւափակ, դռնափակ, ծայրափակ, կրկնափակ, ձայնափակ, շրջափակ, սահմանափակ, փակբերան եւ մտափակ: Միակ մխիթարութիւնը այն էր, որ այդ փակուածութեան մէջ «փակ»ը ծնունդ տուաւ հնարամիտ ելքերու, ինչպէս՝ անպարփակ, անվայրափակ, անսահմանափակ, անտարրափակ, անփակ, անփակելի, ինչպէս նաեւ «զարդափակ» ածականը, որ էջեր կը գեղեցկացնէ:
Իսկ ձեզի ծանօ՞թ է «սերովբէով շրջափակուած» ըլլալու գաղափարը: 8րդ դարուն, Գառնիի ձորի քարանձաւի մը մէջ մենակեացութիւն ընդունած երաժշտուհի Սահակադուխտի համար օգտաշատ եղաւ այդ ածականը, երբ իր վարագոյրի ետեւէն յօրինեց «Սրբուհի Մարիամ» երգը. «Ի սրովբէափակ պահպանութենէ… Օրհնեալ ես դու ի կանայս, Բերկրեալ Տիրամայր եւ կոյս»: Դար մը անց, աղօթքի մը մէջ, լսեցինք նաեւ «սրբութեամբ շրջափակուած» խօսքը. «Ճրագ լուցեալ՝ ջահ անշիջելի, սրբափակ բոց՝ հուր անկիզելի»: Ապա եկան դարձուածքները, որոնք միտքի թռիչք տուին մեզի եւ համեմեցին մեր զրոյցները: Ահա քանի մը օրինակ՝ «Փակ աչքով» կը վստահինք մօտիկ ընկերոջ, որոշումներ կը տրուին «փակ դուռերու ետեւ», գրի կ՛առնուի «փակ նամակ», կան մարդիկ, որոնք շրջապատէն կտրուած՝ «փակ կեանք» կ՛ապրին, կը ցաւինք «փակի տակ առնուած» գեղեցկութիւններուն, նախանձով՝ «եօթը փակի տակ» կը պահենք մեր գանձերը, երկիր կրնայ կառավարել «փակ խմբակ» մը, գէթ «փակ ծով» մը ունենար մեր երկիրը՝ քանզի ունինք «փակ սահմաններ»: Առաւելաբար՝ կ՛ունենանք «փակ զրոյց» եւ զրոյցներու մէջ «կը բանանք փակագիծ»: «Փակ»ը կը նշանակէ նաեւ տխուր, վշտահար, ինչպէս Յովհաննէս Թումանեանի սիրտը. «Սիրտս էլ միշտ փակ, սիրտս էլ միշտ մութ»: Ան կը նշանակէ նաեւ խիստ սահմանափակումներու տակ պահուած՝ ոչ ազատ: Գուրգէն Մահարին նկարագրեց այդպիսի երիտասարդուհի մը. «Փակ մեծացած աղջկայ հոգին… ամենափոքր ձայնին անգամ արձագանգում է որպէս որոտ»: Սակայն, ըստ Ռաֆայէլ Պատկանեանի՝ չկայ աւելի վնասակար բան, քան «փակ դպրոց»ը: Իր «Յօդուածներ, Յուշեր, Ճառեր, Նամակներ» ժողովածուին մէջ կը կարդանք. «Դուք, պարոններ, շատ լաւ գիտեք փակ վարժարանների մարդկային բարք աղտեղող վնասները»: Յարգելի ընթերցող, յստակացնեմ, թէ Պատկանեանի ակնարկած «փակ» դպրոցը՝ «գիշերօթիկ» վարժարանն է:
– Պարո՛ն, ամբողջ աշակերտութեամբ կ՛աղօթենք, հայրենասիրական երգեր կ՛երգենք հրապարակաւ, բոցաշունչ արտասանութիւններ կը կատարենք, միթէ՞ մեր ձայնը լսող կ՛ըլլայ:
Ապա եկաւ Գրիգոր Նարեկացին: Ան աչքերը փակ՝ յառեցաւ Վերինին եւ աղաչեց այսպէս. «Մի՛ փակեր, գթած… Մի պատուհանք աչացս՝ փակեալ»: Ապա ազատ արձակեց հետեւեալ միտքերը. «աղբիւր փակեալ», «փակեալ ականջ», «անտարրափակ էութիւն», «համապարփակ մթութիւն», «թեւապարփակ պաշտպանողութիւն», «լսելափակ անլուր ականջ», «Պարփակեա՛ քո ձեռամբդ զառաստաղ տաճարիս»: Ապա սուրբը դարձեալ աղօթեց. «Մի՛ փակեսցես… Զդուռն յուսոյն մտից անփակելի պահեսցես»:
Դանիէլ Վարուժան անոր մէջ տեսաւ մահը. «Դուռս փակ էր, մնաց փակ, / Դամբարանի մը նման»: Նոյն օրերուն, Սիամանթօ, զայրացած՝ պոռթկաց եւ երդում տուաւ զինուոր դառնալու՝ բանաստեղծելու փոխարէն. «Այժմ ձեր նողկանքէն փակ աչքերս թող բանամ, թող գրիչս զետեղեմ եւ թող քնարիս լարերն համբուրեմ, / Եւ առիւծադէմ կտրիճներուն, անվեհերներուն, առաքեալներուն, հայրենիքիս զինուորներուն մօտենամ»: Վերջապէս, բեմ ելաւ Պարոյր Սեւակ: Թէ ի՛նչ խօսք կամ արարք վշտացուցած էր Սեւակը, չենք գիտեր, սակայն լսեցինք անոր դառնութիւնը. «Փակ դուռ բացելու սուր ճռինչ ունեն, / Հին դուռ փակելու ցաւալի թակոց»:
– Պարո՛ն, դուռ մը կը բացուի:
Պարոյր Սեւակ՝ լաւատեսութեան տիպար, յոյս եւ սէր գտաւ «փակ»ին մէջ. «Մի՛ մոռացէք սակայն, որ այս հարցում / Քար զարմանքի բոլոր փակ դռներն է բացում՝ / Տխուր մեր անցեալը – / հին բանալին»: Ահա գեղեցիկ մէկ այլ մտապատկեր. «Երբ բացում ես դուռը եւ ինձ դիմաւորում, / Թւում է, թէ իմ դէմ ոչ մի փակ դուռ չկայ»: Ու ներս մտաւ սէրը. «Ուր է դրախտը, / Եթէ ոչ՝ միայն քո թարթիչների հովանու ներքոյ / Քո / դեռ փակ / ծոցում»: «Փակ շուրթերիս ձորի միջով / Մի ժպիտ է անվերջ սահում…»: Նոյն գովասանքին արժանացաւ Անահիտ դիցուհին. «Դու՝ վաղընջական հինաւուրց բագին / Փակ շրթունքներով ու բաց աչքերով»: Եթէ կ՛ուզէք «փակ»ի մէջ ժպիտ տեսնել, նայեցէք դարձեալ Սեւակին. «Լաւագոյն ժպիտ ասուածը, անշուշտ, / Փակ աչքերովն է»: Իսկ Վահան Տէրեանը տուաւ «փակ» մուտքերու թախծոտ պատկեր մը.
«Իսկ ես ցուրտ ձմրան բուք ու հողմի մէջ
Խենթ հեկեկանքով դռներն եմ թակում,
Քո փակ դռները անվերջ ու անվերջ»:
– Սօսէ՛, կը յիշե՞ս «Տատրագոմի Հարսը»:
– Եւ կը յիշեմ թեւը կոտրած հրեշտակը, պարոն:
– Օրիորդի՛կ, ձեր պահապան հրեշտակն էր ան, բայց այսօր, կոտրած է թեւը: Ինչպէս Կոստան Զարեան գրած է՝ Աստուածները բարկացեր են եւ չեն լսեր ձեր ձայնը… Այս ձայնապնակը կը տեղաւորե՞ս ձայնագիր մեքենային վրայ: Ահա այդպէս: Հիմա ասեղը նստեցուր պտըտող ակոսիկներուն վրայ… Այժմ խաղաղութեամբ ունկնդրէ Համօ Սահեանի խօսքերը՝ Յարութ Փամպուքչեանի ձայնով.
«Դու ուզեցիր, որ ես քեզ
տիրութիւն անեմ
Ու ես անտէր մնամ…
Իմ աչքերը փակեմ՝
եւ անգիտակ մնամ…»: