Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ. Շուշան

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0120norayrdadourian  *P3+3A3+3G(3). այս «շուշան» ծաղիկի գիտական բանաձեւն է, որուն մէջ կը գտնենք անոր բուսաբանական մանրամասն նկարագրութիւնը (ստորեւ կու տանք այդ նկարագրութիւնը)։ Շնորհակալ ըլլանք բուսաբաններուն, որոնք մեզի համար բացայայտած են բնութեան այս գեղեցկագոյն ծաղիկներէն մէկուն ծանօթագրութիւնը: Բայց շուշան ծաղիկը իր անունին հետ, ունի հոգեւոր եւ գրական անթառամ պատմութիւն մը, որ շատ աւելի ընդարձակ է քան գիտական համառօտագրութիւն մը:

Այսօր, յարգելի ընթերցող, կ՛առաջարկեմ մտնել շուշաններու հովիտը եւ վայելել անոր քնարական պատմութեան զգլխիչ բոյրը:

Անյիշելի ժամանակերուն, երբ Հայկական լեռնաշխարհը դրախտային պարտէզ էր, շուշանը անոր համեստ բնակիչներէն մէկն էր: Հայրենի ամէն սար եւ ամէն ձոր կը պարծենար, որ ծածկուած է շուշաններով: Բառն ալ նոյնքան համատարած ըլլալ կ՛երեւի: Բազմաթիւ լեզուներ կը բաժնեկցին այդ հնագոյն անունը. ասորերէն՝ շուշան, աքքատերէն՝ շիշնու, եբրայերէն՝ շոշան, միջին պարսկերէն՝ սոսան, դասական յունարէն՝ սուսոն, վրացերէն՝ շրոշանի: Ըստ ստուգաբաններու՝ բոլորը ծաղկած են շուշանը խորհրդանշող եգիպտական գրանշանէ մը, որ կը հնչուէր «զշն»:

Թէեւ մեր լեզուն կը ճանչնայ շուշանի բազմաթիւ տեսակներ, ինչպէս՝ հարբեցնողը, պալարակիրը, սպիտակը, հովտացը, ոսկեգոյնը եւ ծովաշուշանը, շատ ժամանակ պէտք չեղաւ, որ այդ քնքշութիւնը աճի եւ ընդունի փոխաբերական իմաստներ՝ համեստ, անարատ, անբիծ, սպիտակ, անմեղ կին եւ աղջիկ: Անիկա նաեւ բուրվառի վերին խուփն է, որ երեք թելով կապուած է մարմինին: Աւելին՝ հայուհիներ, աւանդուած Ոսկեդարէն, սիրեցին այդ նուրբ ծաղիկի անունը ընդունիլ իբրեւ անձնանուն՝ Շուշան, Շուշանիկ, Շուշիկ, Շուշօ: Հայոց աշխարհի այդ փափկասուն տիկիններէն մէկն էր քաջ Վարդանի մայրը: Մեր պատմագիրները կը յիշեն նաեւ «բարեպաշտ, նահատակ, իշխանուհի, թագուհի» եւ Շուշաններ:

1214shoushanԲառս, շատ բնական էր, դարձաւ տեղանուն, յատկապէս Վանայ շրջանին մէջ. չէ՞ որ անիկա մեր երկրի հարազատ ծաղիկն էր, ինչպէս Յովհաննէս Թումանեան երգեց. «Կանգնած էի ես էն երազ հովտում: / Շուրջս շուշաններ, անվե՜րջ շուշաններ»: Ուստի ունեցանք գեղատեսիլ գիւղեր՝ Շուշան, Շուշանս, Շուշանիկ, Շուշանից, Շուշանցի եւ Վանի մօտ լեռ մը՝ Շուշանից: Վանի մէջ, ներքին Վարագի մօտ էր նաեւ Շուշանից Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, օծուած իր հիմնադիրին՝ Սենեքերիմ թագաւորի Շուշան դստէր անունով: Իսկ Բագարանի Սուրբ Թէոդորոս վանքին դիմացը Աշոտ թագաւորի քոյր Շուշանը նոյնպէս իր անունով շինել տուած էր նոր վանք մը:

Անշուշտ, շուշան ծաղիկը, որ ունի բազաթիւ գոյներ եւ տեսքեր, հայոց լեզուաշխարհին մէջ պիտի ունենար տեղական տարբերակներ: Այսպէս՝ բառս Զէյթունի մէջ կը հնչէր «շուշոն», Սալմաստի մէջ՝ «շիւշան»:

«Շուշան» բառը, սկսելով Աստուածաշունչի թարգմանութենէն, անուշ զարդ եղաւ նաեւ հայոց գրականութեան համար: Սուրբ Գիրքին մէջ անիկա յիշուեցաւ 23 անգամ: Ուշագրաւ են հետեւեալ խօսքերը. «Ես՝ ծաղիկ դաշտաց, շուշան հովտաց», «Իբրեւ շուշան ի մէջ փշոց», «Շրթունք նորա շուշանք»: Շուշան բառով է, որ միջնադարեան տաղասաց Խաչատուր Կաֆացի գովերգեց Աստուածածինի գեղեցկութիւնը. «Իմանալի շուշան հովտաց, / Անուշահոտ ծաղիկ դաշտաց»: Այդ խօսքերը իրենց արմատները ունէին Գրիգոր Նարեկացիի տաղասացութեան խորութիւններուն մէջ. «Շուշան հովտաց, ծաղիկ դաշտա՛ց: / Դասք մարգարէիցն / երգեն ի յայն բլրին վերայ, / ահա նա լեառն շուշանի»:

Հայոց լեզուին մէջ, առաւել քան աշխարհի բոլոր այլ լեզուները, «շուշան» բառը ունեցաւ յատուկ փայլ: Անիկա կազմեց քնարական բառերու գեղեցիկ փունջ մը: Ահաւասիկ՛ սիրուն օրինակներ՝ միջնադարեան համառօտ ակնարկութիւններով. շուշանազարդ՝ «Անդ շուշանազարդ կուսանքն պաճուճին», շուշանազարդեալ՝ «Զհովիտս քո շուշանազարդեալ», շուշանական՝ «Եւ ՛ի խորոց ծովէ աշխարհի շուշանական շողոք ամբարձար», շուշանափայլ՝ «Շուշանափայլ զարդարեցաւ երանելին սուրբ Սուքիաս», շուշանաբեր՝ «Հովիտ շուշանաբեր», շուշանագոյն՝ «Կուսանք ընդ կուսին Մարիամու պսակեսցին շուշանագոյն փայլուն պսակովն»:

Նոր ժամանակներուն հայոց մայրենիի պարտէզին մէջ ծաղկեցան նոր ածականներ եւ անոնք մեզի տուին բանաստեղծական պատկերներ, ինչպէս՝ «շուշանաբոյր գետ» (Յ. Շիրազ), «շուշանմարմին մանուկներ» (Սիամանթօ), «շուշանազգեստ նոր հարսեր» (Դ. Վարուժան), «շուշանաթոյր միսերը կայսրուհիներու» (Յ. Օշական):

Շուշանաբոյր է հայկական քնարերգութիւնը, որուն մէջ կայ ազնուութիւն մը: Ծաղկաքաղ մը եթէ կատարենք, յարգելի ընթերցող, կը տեսնենք հայրենի ընդարձակ դաշտեր, «շուշաններով» ողողուած:

Միսաք Մեծարենց նկարագրեց մանուկ մը, որ ունի «Շուշան լուսացնցուղ երազ», իսկ ի՛նք՝ բանաստեղծը երազեց «Համբո՜յր շուշանի»: Պետրոս Դուրեան զմայլեցաւ գեղեցկուհիի մը մատներուն. «Մատներովդ զերթ շուշան / Կը փետտէիր ծաղիկ մի»: Ըստ Դուրեանի՝ առտուն «ճակատը շուշան» մանուկ էր: Դուրեան 1869ին, Տիգրան Չուխաճեանի երաժշտութեամբ բեմադրեց թատերախաղ մը՝ «Վարդ Եւ Շուշան» խորագիրով: Վահան Թէքէեան «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութեան մէջ լսեց գետ մը. «Ուր շուշաններ կը ծաղկին Շարականի գետին մօտ»: Վահան Տէրեան տեսաւ սեւ շուշաններ. «Սեւ շուշան… Ցնո՛րք ծաղիկ»: Տէրեան շուշանով նկարեց թախծոտ այլ պատկերներ. «Սեւ գիշե՜ր, եւ յուշե՜ր, եւ խոհե՜ր անհամար, / Մոռացուած երազներ՝ շուշաններ թառամած»: Պոլսոյ մէջ այս միտքերը կրկնեց Ռուբէն Սեւակ. «Չծաղկելով սիրոյ նիհար վարդենին, / Ահա իմ սեւ շուշաններովս քեզ կու գամ»: Դանիէլ Վարուժան շուշանին նուիրեց կուսական տողիկներ. «Աղջկանց մէջ սիրեմ միայն ին …-ան / Եւ ծաղկանց մէջ բաժակն անբիծ, սուրբ շուշա՛ն»: Այդ ձայնին է որ Միքայէլ Նալբանդեան արձագանգեց մեր գրական աշխարհի արեւելեան դաշտերուն մէջ. «Համբոյր էր դրոշմում / Կոյսի շուշան շուրթերին»: Եղիշէ Չարենցի համար շուշան էր իր պաշտելի սիրուհին. «Միայն դո՜ւ, լոյս ու շուշան / Եւ չկայ ո՜չ մի ուրիշ»: Վերջապէս, Ռեթէոս Պէրպէրեան բանաստեղծ Տիրան Չրաքեանի ուղղած նամակին մէջ գրեց հետեւեալ գնահատանքը. «Քու մէջդ բանաստեղծ մը կայ, Ինտրա… Վարդ-շուշան առաւօտները եւ ստուերոտ երեկոները ծունկի կը դնեն զքեզ»:

«Շուշան» բառը երեւաց նաեւ հայկական գրատպութեան էջերուն վրայ: 19րդ դարուն անիկա ընտիր գիրքերու անունն էր. «Վկայաբանութիւն Սրբոյն Շուշանկան Դստեր Մեծին Վարդանայ», Վենետիկ, 1853, «Շուշանիկ Դուստր Մեծին Վարդանայ Հայոց Սպարապետի. Ողբերգութիւն Ազգային Պատմութիւնից», Թիֆլիս, 1860, «Շուշան Շաւարշանայ», Կ. Պոլիս, 1875, «Դատապարտեալն Շուշան», Ռուսճուք, 1888, «Վարդ Եւ Շուշան- Բանաստեղծութիւնք», Կ. Պոլիս, 1886, «Շուշան- Ողբերգութիւն Երեք Արարուածով- Թիւրքահայերի Կեանքից», Ս. Պետերբուրգ, 1890:

Ապա եկաւ Կոմիտաս վարդապետը: Ան յօրինեց շուշանաբոյր աղօթք մը, մեր հրաժեշտի կտորը այսօր, ու զայն նուիրեց օր. Լուիզ Գաւաքճեանին.

«Վա՛րդ, ու կաթէ՛ կարմիր ոգիդ,

Ճերմակ շուշան՝ սիրտ ու հոգիդ»:

 

Շուշանի բանաձեւին բացայայտութիւնը.

*- Կանոնաւոր ծաղիկ

P (3+3)- Պարզ ծաղկապատ, բաժնուած պսակաթերթեր, երկու շարքով շրջանաձեւ դասաւորուած.

A (3+3)- Առէջները ազատ են, երկու շարքով շրջանաձեւ դասաւորուած.

G (3)- Վարսանդը մէկ հատ է, կազմուած երեք միաձուլուած պտղաթերթիկներով. հանգոյցը վերն է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles