Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Հայ Հարսերու Լեզուն՝ Հարսներէն

$
0
0

 

2019Harseren

ԼԻԼԻ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Մեր գրականութեան մէջ գիւղագիր Յակոբ Մնձուրի իր «Մունջ» անուն պատմուածքով առաջին անգամ ըլլալով անդրադարձած էր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տարածուն սովորութեան: Ըստ այդ պատմուածքին՝ հարսերը պարտաւոր էին մունջ պահել մինչեւ, որ ծնի անդրանիկ որդին: Կին անհատը ստրկացնող այդ սովորութիւնը ու նմանները յետադիմական շրջանակներու կողմէ փառաբանուեցան, իբրեւ «նահապետական ատաթ»: Ամերիկահայ հեղինակ եւ բեմադրիչ Քարլա Քէքէճեանի «Հարսներէն՝ Հայ Հարսերու Լեզուն» վաւերագրական ժապաւէնին առաջին ներկայացումը կայացաւ 15 Նոյեմբերին, Թորոնթոյի 14րդ «Նուռ» շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին:  Եութայի համալսարանին մէջ հաղորդակցութեան գիտութիւններու եւ խանգարումներու նիւթով դոկտորայի իր տեսութիւնը պաշտպանող Քէքէճեանի ժապաւէնին մասին հայ մշակոյթի H-Pem հարթակի կայքէջին հրատարակուած անգլերէն յօդուածը կը ներկայացնենք թարգմանաբար:

2019Harseren2«Հարսներէն՝ Հայ Հարսերու Լեզուն» վաւերագրական ժապաւէնը լռութեան դատապարտուած երեւոյթի մը վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելով՝ լոյս կը սփռէ գրեթէ անծանօթ լեզուի մը վրայ: Լեզու մը, որուն պարտադրած լռութեան, «թապու»ներուն եւ իրաւազրկումին հետեւանքով կը նահանջեն ենթական, անունը եւ խօսքը:

Սերունդներ շարունակ բազմաթիւ հայ հարսեր մշակութային ճնշումով յատկանշուած վարմունքի մը հետեւանքով դատապարտուած են պարտադիր չխօսկանութեան: Երբեմն այս կիներուն միջեւ զարգացած է հաղորդակցութեան անձայն լեզու մը: Շարժումներով եւ նշաններով արտայայտուող այս լեզուն, որ կը կոչուէր հարսներէն, դադրած է գործածական ըլլալէ եւ միայն Հայաստանի կարգ մը առանձնացած գիւղերուն մէջ կը յիշուի այսօր:

«Հարսներէն՝ Հայ Հարսերու Լեզուն» վերնագիրով վաւերագրական կարճ ժապաւէնին մէջ հեղինակ, բեմադրիչ եւ հետազօտող Քարլա Քէքէճեան այս խորհրդաւոր լեզուին գաղտնիքները լուսաբանելու նպատակով կ՛ուղեւորուի դէպի Բաղանիս գիւղը, որ կը գտնուի Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի վտանգաւոր սահմանին մօտ: Արդիւնքը՝ մտերմիկ առերեսում մըն է այսօր ալ զգալի աւանդութեան եւ ցաւցնող յիշողութեան մը հետքերուն հետ:

«Չխօսկանութիւն բառը ինքնին անխօսութիւն կը նշանակէ». 17 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական գրաւիչ ժապաւէնը կը սկսի այս նախադասութեամբ եւ իբրեւ նիւթ կը ներկայացնէ ամուսնացած հայ կիներու պարտադրուած անխօսութեան հետեւանքով ձեւաւորուած նշաններու լեզուն՝ հարսներէնը:  Հետաքրքրական է, որ չխօսկանութեան ետին թաքնուած պատուի հասկացողութեան եւ մշակութային «թապու»ներու շերտերը բացայայտելու իբրեւ միջոց՝ ժապաւէնը հիմնուած է բազմաթիւ երկխօսութիւններու վրայ:

Ժապաւէնը կ՛անդրադառնայ հարսներէնի գործածութեան եւ ապա՝ մոռացութեան: Ուշագրաւ կերպով կը ներկայացնէ հայ կնոջ դերակատարութեան եւ պատասխանատուութեան մասին տակաւին գոյատեւող, նաեւ՝ հոլովոյթ ապրող ընկալումները: Դժուար է հաւատալ, թէ ժապաւէնին հեղինակը արհեստավարժ բեմադրիչ մը չէ, այլ Եութայի համալսարանի մէջ հաղորդակցութեան գիտութիւններու եւ խանգարումներու նիւթով դոկտորայի իր թէզը պաշտպանող ուսանող մը:

Իսկ ինչո՞ւ ընտրել վաւերագրական ժապաւէնի միջոցը: «Կը հաւատամ ակադեմական գիտելիքները զանգուածներուն մատչելի դարձնելու մէջ լսատեսողական միջոցներու հզօր ուժին: Հետեւաբար, ինչո՞ւ այս նիւթը չներկայացնել վաւերագրական կարճ ժապաւէնի միջոցով», կ՛ըսէ հեղինակը՝ h-pem-ին:

2019Harseren1«Լուռ» լեզուն լոյս աշխարհ բերող ստեղծագործական երթին պատմութիւնը սկիզբ առած էր նոյնիսկ նախքան բեմադրիչին անդրադառնալը: 2014ի ամրան Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) կազմակերպած «Երիտասարդական ջոկատներ» աշխատանքային ճամբարին իբրեւ կամաւոր մասնակից՝ Քէքէճեան Լոս Անճելըսէն աւելի քան 11 հազար քիլոմեթր ճամբայ կը կտրէ եւ կը հասնի Հայաստանի սահմանամերձ Բաղանիս գիւղը: Այդ ժամանակ ան նոյնիսկ տեղեակ չէր հարսներէնի գոյութեան մասին: Սակայն նոյն տարուան աշնան Քալիֆորնիոյ Ըրվայն համալսարանին մէջ տարբեր երկիրներու մէջ կիրարկուող նշաններու լեզուներու մասին լեզուագիտութեան դասընթացքէ մը ներշնչուած՝ կը ձեռնարկէ Հայաստանի տարածքին նշաններու լեզուներու գործածութեան հետազօտութեան մը: Իր պրպտումներուն ընթացքին համացանցի վրայ կը հանդիպի յղումի մը, որ կը հետաքրքրէ զինք: «Կայքէջը կ՛ըսէր, թէ Հայաստանի մէջ խուլերու եւ համրերու օգտագործած նշաններու լեզուն տարբեր էր ամուսնացած հայ կիներու օգտագործած նշաններու այն լեզուէն, զոր անոնք կը գործածէին, երբ իրենց համար խօսիլը «թապու» էր», կ՛ըսէ բեմադրիչը եւ կ՛աւելցնէ. «Առաջին անգամն էր, որ կը լսէի միայն մէկ սեռի կողմէ գործածուող եւ յատկապէս հայերու պատկանող հաղորդակցութեան նման միջոցի մը մասին: Նիւթը անմիջապէս ներգրաւեց զիս»:  Կայքէջին տեղեկութիւնը այսքան էր միայն: Այնուհետեւ Քէքէճեանի համար աւելին գիտնալու փնտռտուքը վերածուած է հետեւողական ծրագիրի, աւելի ճիշդ՝ բուռն հետազօտութեան:

Քանի մը ամսուան արխիւային հետազօտութիւններէ ետք Քէքէճեան ի յայտ բերած է 1935ին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը, որ թէեւ ռուսերէնով էր, սակայն միակ ծանօթ գիրքն էր Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: Քէքէճեան առանց վհատելու յաջողած է գտնել զայն եւ թարգմանել տուած է անգլերէնի: Այս աղբիւրին ընծայած հիմնական տեղեկութիւնը կատարուած ուսումնասիրութեան աշխարհագրական վայրերն էին՝ չորս գիւղեր Հայաստանի մէջ:

Քէքէճեան 2016ի ամրան կը ձեռնարկէ նշեալ գիւղերուն մէջ ուսումնասիրութեան մը: Բախտը բերած էր, որ գիւղերէն մէկը նոյնինքն Բաղանիսն էր: Գիւղապետին ծանօթ ըլլալով՝ Քէքէճեան իր ուսումնասիրութիւնը կը սկսի այս գիւղէն: Բաղանիս կը գտնուի Ատրպէյճանի սահմանէն շուրջ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Նոյն այս պատճառով յաճախ կ՛ենթարկուի հակառակորդի կրակոցներուն: Սակայն գիւղը հարսներէնի ետին թաքնուած գաղտնիքները լուսաբանելու առումով կարեւոր նշանակութիւն ունէր Քէքէճեանի համար, երբ նոյնիսկ չէր գիտեր, թէ Բաղանիսը շուտով պիտի դառնար գլխաւոր դերակատարը՝ Քալիֆորնիոյ մէկ դասարանին մէջ սկիզբ առած իր սրընթաց երթին:

Յուսալով լոյս սփռել այս զարմանահրաշ, բայց առեղծուածային նշաններու լեզուին գաղտնիքներուն վրայ, Քէքէճեան կը սկսի փնտռել պատասխանը հետեւեալ հարցումներուն. ինչպէ՞ս զարգացած է այս լեզուն, կիներ ի՞նչ պայմաններու տակ գործածած են զայն, ի՞նչ են լեզուին ծանօթ կիներուն կողմէ յաճախ գործածուած նշանները եւ շարժումները:

«Հարսներէն՝ Հայ Կիներու Լեզուն» վաւերագրական ժապաւէնը արդիւնքն է բազմաթիւ անակնկալներու, որոնց հանդիպած է Քէքէճեան իր ստեղծագործական երթին ընթացքին: Ան կ՛ըսէ. «Ժապաւէնը հարուստ է վաւերականութեամբ: Պիտի նշմարէք, թէ ինչպէ՛ս կը տարուբերին արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը: Պիտի լսէք շահագործումի եւ ցաւցնող յիշողութիւններու անհատական պատումներ. պատումներ, որոնք դժուար ընդունելի են, սակայն զանոնք բաժնելը եւ ընկալելը խիստ կարեւոր է: Վկան պիտի դառնաք գրկընդխառնումներու, համբոյրներու եւ խնդուքի: Բոլորը՝ իրական եւ հարազատ: Կը յուսամ, որ հանդիսատեսը տեսնէ եւ զգայ այս բոլորը»:

2019Harseren3«Դէ՛, աղջիկ ջան, հարսներէն ենք խօսում». գիւղապետին օգնութեամբ Քէքէճեան կը հիւրընկալուի գիւղացիներու տուներուն մէջ: Ան կը պատմէ, թէ բնական հունով ընթացող իրենց զրոյցները զինք առաջնորդած են իր կատարած ամէնէն զարմանալի յայտնութեան: «Սկիզբէն զրուցակիցներս յայտնեցին, թէ ամուսնացած հայ կիներու գործածած շարժումներու եւ նշաններու այս լեզուն կը կոչուի հարսներէն: Նախապէս իմ գտած աղբիւրներուս մէջ երբեք չէր նշուած այս անունը»: Տեղին է ուրեմն, որ վաւերագրական ժապաւէնին հիմնական տիպարները ըլլային Բաղանիսի կիները եւ տղամարդիկը. այսինքն անոնք, որոնք նշաններու այս լեզուին անունը տուած են գէթ այս նիւթը պեղող անձին:

Քէքէճեանի հարսներէն խօսող զրուցակիցներէն ամէնէն տարեցը 92 տարեկան էր, իսկ ամէնէն երիտասարդը՝ 49: Քարլա կ՛աւելցնէ. «Ամուսնանալէ ետք որոշ ժամանակ անխօս մնացած (այսինքն տակաւին ամբողջութեամբ չանհետացած չխօսկանութեան հետեւած), սակայն այլեւս հարսներէն չգործածող ամէնէն երիտասարդ զրուցակիցս 19 տարեկան էր»: Վաւերագրական ժապաւէնը այս գիւղացիներուն միջոցով ի յայտ կը բերէ հարսներէնին բարդ բնոյթը, ընդհանրապէս կիներուն լռութիւն պարտադրելու վարմունքը, ինչպէս նաեւ՝ այս պարտադրանքին հետեւանքով շարունակուող ընկերային եւ հոգեբանական ազդեցութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր նկատելի են Հայաստանի մէջ:

Քէքէճեանի հետազօտութեան ամէնէն տպաւորիչ պահը եղած է այն, երբ զրոյցին ընթացքին տարեց կին մը թեւերը լայն բանալով ըսած է, թէ խօսելու թոյլտուութիւն ստանալէ ետք իբրեւ առաջին բարբառում՝ «երգած է լեռներուն»:

2019Carla-KekejianԺապաւէնին աւարտին Քէքէճեան այս լեզուին եւ մեր ազգային ժառանգութեան մէջ անոր ցաւցնող դերակատարութեան վերաբերեալ կը կատարէ հետեւեալ խորաթափանց հարցադրումը. «Հարսներէնը կը մղէ հարց տալու, թէ արդեօք որքա՛ն կիսատ մնացած է հայ մշակութային ժառանգութիւնը եւ պատմութիւնը, երբ երկրին բնակչութեան շուրջ կէսը իր կեանքին կարեւոր մէկ ժամանակահատուածին ընթացքին բռնի մնացած է համր»:

Քէքէճեանի համաձայն, հարսներէնը կարելի է հետազօտել Եութայի համալսարանին մէկ գիտաշխատանոցին մէջ կամ՝ Հայաստանի գիւղական մէկ եկեղեցիին: Ցարդ հարսներէնի ուսումնասիրութեան համար զրոյցներ տեղի ունեցած են տուներու, եկեղեցիներու եւ հանրային կեդրոններու մէջ:

 

«ԱԿՕՍ»

 


 

Իբրեւ Ամերիկահայեր՝ շատ բաներու շնորհակալ ենք 2019 թուականին,

Հայոց Ցեղասպանութեան բանացեւի զոյգ յաղթանակները Քոնկրեսին եւ

Ծերակոյտին մէջ, եւ ամէնէն կարեւորը՝ Հայաստանի եւ Արցախի առողջ

ընթացքը եւ բարգաւաճումը։

Կը մաղթեմ յաւելեալ յաջողութիւններ 2020ին, յատկապէս ձեր քուէարկութիւններով։

Յիշեցէք արձանագրուիլ եւ քուեարկել 3 Մարտ, 2020ի

նախնական ընտրութիւններուն

եւ ձեր երեք ձայներէն մէկը թող ըլլայ Կլենտէյլի քաղաքապետարանի

խորհուրդի թեկնածու Արտի Քասախեանին։

 


 

 Merry Christmas and a Happy, Healthy and Peaceful New Year

 Zaven and Sonia Akian and Family

 


 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles