Հեղինակ՝ Սարգիս Վահագն
Գրախօսեց՝ Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Բարեբախտաբար ունինք հայ գրողներ, որոնք կ՛անտեսեն «գիրքը այլեւս հնութիւն է» գիւտը» եւ կը շարունակեն դրօշարշաւը՝ իրենց կեանքի ու մտածողութեան բաժնեկից դարձնելով շրջապատը, կը յանդգնին գիրք հրատարակել։ Եւ ահա, մեր սեղանին վրայ է Սարգիս Վահագնի (Փաթափութեան) նորագոյն հատորը՝ «Ինքս Ինձ Հետ», որուն խորագիրին տակ արձանագրուած է «Յուշավէպ»։ Լոյս տեսած է Լոս Անճելըս, 2019ին։ Գիրքը ունի մեկենաս, խմբագիր ու սրբագրող, նուիրուած է հեղինակին տիկնոջ, զաւակներուն ու թոռներուն։
156 էջերու վրայ տարածուող գիրքը ըստ էութեան ինքնակենսագրութիւն մըն է, շուրջ ինը տասնամեակի վրայ երկարող կեանքէ մը քաղուած էջեր, բնականաբար ընտրովի դէպքեր ու իրադարձութիւններ, որովհետեւ այլապէս, գործը կրնար վերածուիլ բազմահատորեակի մը։ «Յուշավէպ» բնութագրումն ալ կը բացատրուի անով, որ իւրաքանչիւր մարդու կեանք կարելի է սեպել վէպ մը, որուն պատումը կը դառնայ վիպանման դիպաշար։ Վերջին էջը տրամադրուած է կենսագրական գիծերու, քաղուած՝ «Վիքիփետիա»էն։
Հատորը ունի ներքին 9 բաժանում, որոնք ժամանակագրական ընթացքով կը պատմեն հեղինակին կեանքի կարգ մը դէպքերն ու ապրած զարգացումները, սկսելով մանկութեան օրերէն մինչեւ ներկան, այսինքն՝ 2019 տարին։ Ս. Վահագն ընթերցողը պտոյտի կը հանէ իր կեանքի ճամբաներուն վրայ, սեղմ գիծերով կը պատմէ մանկական յուշեր, սկսելով Սուրիոյ հարաւային՝ տիւրզիներու բնակավայրերէն մինչեւ Դամասկոս, ապա, կանուխ պատանութեան ու երիտասարդութեան տարիները՝ հիմնականին մէջ Պէյրութ, ուսումնառութեան, գործի ասպարէզներուն, կուսակցական-միութենական կեանքին, գրականութեան մէջ ներգրաւուելուն դիպաշարները՝ նախ իբրեւ մոլի ընթերցող, յետոյ նաեւ գրիչ գործածող եւ գրողներու, մտաւորականներու հետ շփում ունեցող մարդ։ Բնականաբար էջեր տրամադրուած են ընկերական կեանքին, ընտանիք կազմելուն, զաւակներուն բերած ցնծութեան ու անոնց յաջողութեան առթած հպարտութեան, տարբեր կալուածներու մէջ դժուարութիւններու, ցնծութիւն, հպարտութիւն ու յուսախաբութիւն, հիասթափութիւն պատճառող վիճակներու։
Հատորին կենսագրական բնոյթը ակներեւ է ու կրնայ իրեն հետ տանիլ ընթերցողը, որ սակայն փոքր ճիգով մը կրնայ թափանցել հատորին մէկ այլ յատկանիշին, զոր պիտի կոչենք վաւերագրում, այն իմաստով, որ իրերայաջորդ գլուխներուն մէջ, հեղինակը, թերեւս առանց ուզելու կամ մինչեւ իսկ առանց անդրադառնալու, ցոլացուցած է իր ապրած ժամանակաշրջաններուն, այո՛, մէկէ աւելի ժամանակահատուածներուն ներքին ծալքերը, իր ու հայութեան կեանքին մէջ տեղի ունեցած եղափոխութիւնները, լուսարձակի տակ բերած է անհատներու եւ կազմակերպութեանց, միութեանց տեսնուող ու շատերէ անտեսանելի կարգ մը խաւերը։ Ընթերցողը դժուարութիւն չ՛ունենար տեսնելու, որ իր միջավայրին, ընտանեկան եւ շրջապատին որոշ ազդեցութեանց տակ, ան կանուխ տարիքէն որոշ ուղղութեան մը՝ գաղափարական մտածողութեան մը ոլորտը մուտք գործած է եւ տարուէ տարի աճելով՝ ապրած է դրական ու բացասական փորձառութիւններ։
Առանց անուններ յիշատակելու, նշենք, որ ան հաղորդակցութիւն հաստատած է հայկական մէկէ աւելի կազմակերպութեանց ու զանոնք ղեկավարող անհատներու հետ, ունեցած է նախ դրական տպաւորութիւններ ու փորձառութիւններ, նոյնը նաեւ գրական շրջանակներու հետ, աւելի ուշ, որոշ փորձաքարեր եկած են յուսախաբութիւններ ու հիասթափութիւններ պատճառելու, ի յայտ բերած են հանրածանօթ անձերու ինքնեկ կամ հարկադրեալ երկդիմութիւնը, գիծեր՝ որոնցմէ զերծ չեն մնացած հայրենի դէմքեր. անշուշտ այդ բոլորը՝ հեղինակին փորձառութիւններէն բխած դատողութիւններով։ Նոյն ծիրին մէջ, կարելի է տակաւին տեսնել վաւերագրում՝ 20րդ դարու հայ կեանքի որոշ տասնամեակներուն տիրապետող՝ «հայաստանասէր» եւ այլ խմբաւորումներու մտածողութեան, որոնք արդէն նշուլացած են այսօր, անցած են պատմութեան, իրենց տեղը զիջելով հայութիւնը տարտղնող այլ նորութիւններու, նորարարութիւններու…
Հատորը թէեւ չոր պատմողականութեամբ չի ներկայանար, սակայն ընդհանուր առմամբ անոր էջերէն բացակայ է գեղարուեստականութիւնը՝ պատկերներ, զգայարանքներու ներկայութիւն, երեւակայութեան ոլորտ եւ այլն։ Այդպէս եղած է, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, հատորը ըստ էութեան ինքնակենսագրութիւն է, թէեւ այս նկարագիրը արգելք մը չէր, որ գրողը իր այս էջերէն ալ «կենսագրէր» գեղարուեստին իր յարումն ու կիրարկումը։ Նման մօտեցում՝ աւելի՛ պիտի արդարացնէր խորագիրին տակ արձանագրուած «յուշավէպ» բառը։ Այս նկատողութիւնը չենք արձանագրեր իբրեւ թերութիւն. թերութիւն մը չէ նաեւ այն, որ պատումը յաճախ ունի ետ-առաջ ոստումներ. Լիբանանի ու մասնաւորաբար Պէյրութի որոշ իրականութիւններու, պատմական դէպքերու քիչ ծանօթ ընթերցողը կրնայ դժուարութեան մատնուիլ՝ լիովին հետեւելու համար իրադարձութեանց յաջորդականութեան կամ ճշդելու որոշ պատումի մը ճիշդ ժամանակը։ Սա համատարած չէ, եւ կարելի է վերագրել յուշավէպը ըստ կարելւոյն սեղմ ներկայացնելու դիտաւորութեան։
Այս հատորն ալ, դժբախտաբար, չէ կրցած խուսափիլ մեր նորօրեայ հրատարակութիւններու կրած «ֆիզիքական փորձանք»ներէն (ամէնէն աչքառուն՝ տողադարձի գծիկներու տողերուն մէջ առատ տողանցը, սակայն ոչ միայն այդ)։ Սա արդէն իւրայատուկ պարագայ չէ…
Ընթերցողը կրնայ հատորին մէջ արձանագրուած դէպքերու եւ մարդոց մասին այլ կարծիք ունենալ, կրնայ նաեւ համակարծիք չըլլալ հեղինակին մտածողութեան ու վերապահութիւն ունենալ կարգ մը դատողութիւններուն նկատմամբ, սակայն պիտի վայելէ հաճելի ընթերցում, աղուոր հայերէն մը, պիտի ծանօթանայ ու վերյիշէ անցեալ տասնամեակներու կարգ մը իրականութիւններէ, որոնք կը տարածուին հեղինակին կենսագրական գիծերէն անդին։ Վերջապէս, ընթերցողը գոհունակութեան զգացումը պիտի ունենայ, տեսնելով որ նոր գիրքեր կը հրատարակուին։