Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ. Քոյր

$
0
0

 

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՈՒՐԵԱՆ

 

Դառնանք եւ օրհնութիւն տանք մեր ազգի բժշկական քոյրերուն,

Դառնանք եւ օրհնութիւն տանք կուսանաց վանքերու քոյրերուն,

Դառնանք եւ օրհնութիւն տանք, իրենց եղբայրներուն ծնողք դարձած աւագ քոյրերուն,

Դառնանք եւ օրհնութիւն տանք Խոսրովիդուխտ Գողթնացիին, մեր առաջին կին երաժշտուհիին, քոյր վշտահար, որ 7րդ դարուն, իր եղբօր նահատակութիւնը ողբաց սրտաճմլիկ երգով մը:

 

0120norayrdadourianՔոյր` բառ փարելի, անմեղ ու բարի: Այս անհաստատ օրերուն, յարգելի ընթերցող, երբ աշխարհը պսակուած է անճարելի համաճարակով մը, փորձենք ապահովութիւն եւ գգուանք գտնել հայկական սիրելի բառի մը մէջ՝ «քոյր», քանզի, ինչպէս հիները ըսած են՝ «Չի՛ք քաղցր սէր՝ որպէս քըւեր առ եղբայր»: Մեր զրոյցը նաեւ օրհնութիւն եւ երախտապարտութիւն թող ըլլայ բոլոր քոյրերուն:

Յօդուածիս հեղինակը չէ ունեցած քոյր մը, սակայն ունի երեք հօրաքոյր եւ երեք մօրաքոյր: Անշուշտ, թէ անիմաստ է փառաբանել քրոջ մը քնքշութիւնը եւ քաղցրութիւնը, երբ մէկը զրկուած է անկէ, սակայն, այսօր, յարգելի ընթերցող, ինծի թոյլ տուէք յիշատակել այս նուիրական բառին ձօնուած ազնիւ բանաստեղծութիւններ եւ երգեր, միջոցին՝ զրուցել նաեւ այս բնիկ հայկական բառին պատմական զարգացման մասին:

Հասկնալու համար, թէ ինչո’ւ մեծահոգի, վեհանձն ու քաջասիրտ է «քոյր»ը՝ կը բաւէ նկատել, թէ անիկա մէկի փոխարէն ունի հոլովման բազմաթիւ ձեւեր, ինչպէս՝ «քեռ», «քերբ», «քոյք» եւ «քերց»: Գրաբարեան այս հարստութիւնը աւելի բազմացաւ Ուշ միջնադարուն, երբ բառը ունեցաւ ռամկահոլով՝ սեռական տրական «քուեր, քօր, քրոջ, քուրոջ» ձեւերը: «Քոյր» բառը, իսկական հարստութիւն մըն է մեր մայրենիին համար, հնագոյն ժամանակներուն մեզի տուաւ «խոստովանաքոյր», «քոյրաթիւ» եւ «քոյրգիր» բառերը: Ճիշդ է, հնացած են անոնք, սակայն ո’չ անոնց ազնիւ գաղափարը: Վերջին երկու բառերը կը նշանակեն «քոյր համարուած աղջիկ կամ կին»: «Քեռ»ը մեզի տուաւ «քեռորդի, քեռայր, հօրաքեռորդի», «քուր»ը՝ «քուրական, քուրասիրութիւն», իսկ «քոր»ը՝ «քորորդի» բառը:

Բառը ամէն դարաշրջան ունեցաւ իմաստի զարգացում: Հիւանդանոցի եւ մենաստանի սահմաններէն դուրս, անիկա գործածելի եղաւ ընկերային յարաբերութիւններու մէջ: «Քոյր» դարձան գաղափարական ձգտումներով եւ գործունէութեամբ միաւորուած կիներ իրարու նկատմամբ, մէկուն հարազատ, հոգեպէս մերձաւոր կին կամ աղջիկ, ինչպէս նաեւ անիկա մտերիմ եւ յարգալիր դիմում է ծանօթ կնոջ: Իսկ ինչո՞ւ զարմանալ, բառը դարձաւ նաեւ վերացական եւ ունեցաւ փոխաբերական իմաստ՝ որեւէ բանի մերձաւորը եւ անբաժանը, ինչպէս՝ յոյսը, կ’ըսեն թէ, վիշտերու հաւատարիմ քոյրն է: Իսկ մեր օրերուն Երեւանը, Էջմիածինը, Ջերմուկը եւ հայրենի այլ քաղաքներ կը սիրեն շփուիլ ու շաղփաղփել իրենց քոյր քաղաքներուն հետ (ցաւալի է, որ բոլոր այդ «քոյրերը» երկու երկիր հեռու են): Երբ հայրենի քաղաքներու մասին կը խօսինք, կ’արժէ յիշել, թէ բառը Ալաշկերտի, Արցախի, Մշոյ, Սեբաստիոյ եւ Պուլանըխի մէջ «քուր» էր, Մարաղայի եւ Սալմաստի մէջ «քիւր», Վանի մէջ «քյոր», Ակնայ եւ Խարբերդի մէջ «քօր», Զէյթունի եւ Հաճնոյ մէջ «քիյ», Մուսա լերան վրայ՝ «քայր»:

«Քոյր»ը, որ սիրելի էր, երազային եւ գաղափարային, ամբողջ միջնադարը անցուց իր ծնողներուն հետ ու երբեք չունեցաւ անհատականութիւն. բացատրեմ այլ ցեւով. հայկական միջնադարեան գրականութեան մէջ, «քոյր» բառը, առանց բացառութեան, գործածուած է «հայր, մայր, եղբայր» բառերուն հետ՝ որպէս չորրորդ անդամ եււ անոր ուղղակի դիմում չէ կատարուած: Աւելին, «քոյր» բառը, շատ անգամ գործածուած է ողբերու մէջ: Ահա 16րդ դարու տաղասաց Մելիքսեդեկի ողբը. «Մեկնեալ ի սիրելեաց եւ ոչ ոք օգնական, / Ո՛չ քոյր եւ ո՛չ եղբայր ‘ւ ո՛չ գութ մայրական, / Ո՛չ հայր, որ հարցանէ թէ՝ որդի սիրական…»: Նման է Ասուածատուր տաղասացին վիշտը. «Տեսէք քոյր, եղբայր եւ մայր, / զի այսօր սուգ եղեր ինձի»: Նոյնքան տխուր է Բաղէշի մօտ, Կեղի գաւառի Խորձեն գիւղին մէջ ծնած, երաժիշտ, տօմարագէտ եւ մանկավարժ Ղուկաս Կեղեցիի ողբը. «Այսօր զիս կու մոռնան հայր եւ մայր եւ քոյր, / Գերեզման մտնեմ չեմ գտնուր զդուռ»: Որպէս ընտանիքի անբաժան անդամ՝ անոր վերջին անգամ հանդիպեցանք մօտաւորապէս 1663 թուականին, երբ այրիացած տաղասաց Դաւիթ Սալաձորցի այսպէ’ս ողբաց իր 15ամեայ դստեր մահը. «Ղարիպ եմ օտար յաշխարհ, ազգէ մոլար, / Չունիմ ծնող, ոչ ազգական, ոչ քոյր ‘ւ եղբայր»: Բառը, գեղեցիկ պատկեր էր, 1144 թուականին, շնորհիւ Ներսէս Շնորհալիի «Ողբ Եդեսիոյ» բանաստեղծութեան, դարձաւ… քաղաք: Այդ երկարաշունչ ողբին մէջ Եդեսիան՝ որպէս վշտահար եւ որդեկորոյս մայր, մօտակայ Անտիոքին դիմեց այսպէս. «Ո’վ Անտիոք, քոյր սիրելի»: Եւ Անտիոքը, հայկական գրականութեան մէջ առաջին ու վերջին անգամ, դարձաւ՝ քոյր:

19րդ դարուն, ազգային արթնութեան օրերուն, ազատագրական պայքարի նախօրեակին, մեր ազատատենչ քերթողները «քոյր» բառը օգտագործեցին ազգի սիրտը եւ գութը շարժելու նպատակով: Մեր սիրելի բառին համար մեծ յեղաշրջում էր ասիկա: Այդ օրերուն լոյս տեսած երգարանները եւ բանաստեղծական ժողովածուները ողողուած էին այսպիսի’ տողերով. «Ալ չեմ կրնար շղթային տակ, / Գերի տեսնել իմ քոյրք եւ եղբարք», «Մնաք բարեաւ սիրականք, / Քորք եւ ծնողք անբաժանք, / Երբ փրկենք մեր Հայրենիք, / Դառնանք ձեր փարելի գիրկ», «Մեր մարք, մեր քո՛րք խոցեցան շատ, / Շղթայակապ ‘ի գերութեան»:

Մեր գրականութեան պատմութեան մէջ, յարգելի ընթերցող, Գեղապաշտ շրջանի քնարներն էին, որոնք առաջին անգամ իրենց աչքերը սեւեռած մնացին անոր վրայ, անթարթ մնացին անոր երազային, կուսական, մեղմ ու անմեղ գեղեցկութեան առջեւ: Այդ շրջանին «քոյր» բառը սփոփանք էր, շոյանք եւ գուրգուրանք, ինչպէս նաեւ տանջող հեռաւոր սիրուհի:

Ունինք զմայլելի քերթուածներ՝ նուիրուած այս բառին ու գաղափարին (կ’արժէր ամբողջական ժողովածու մը համադրել): Բայց այսօր, եկէք համառօտ ընտրանի մը կատարենք եւ լսենք մեր քնարերգակ բանաստեղծներուն ձայնը. «Նա չունէր խոցող թովչանքը կնոջ. / Նա մօտենում էր որպէս քաղցր քոյր», «Իմ քոյր, իմ դահիճ, իմ սուրբ սիրեկան», «Հեռացի’ր, մոռացի’ր, մի’ յիշիր, / Ինձ այդպէս, քրոջ պէս մի’ գթա»` Վահան Տէրեան, «Քոյր, գուցէ՜ չկանք… / Գուցէ մէկը,- ո՞վ- / Երազել է մեզ / Անլոյս գիշերով»` Եղիշէ Չարենց, «Հոգիս տաճա՜ր մըն է, քոյր… Եկո’ւր ամէն իրիկուն / Ընել աղօթքդ տխուր», «Մի’, մի’ փախչիր ինձմէ հեռու, / Հոգիս քոյր է կարապներո՜ւ», «Աչքերս փակ, / Կ’երազեմ որ / Քոյր մը անդորր / Գգուէր մազերս այս աւեր / Եւ ինծի հետ արտասուէր», «Ճիշd այդպէս քոյր վարդերու պէս, / Մեր շրթները, սիւքէն գինով, / Եկան այնքա՜ն իրարու քով…»` Մատթէոս Զարիֆեան, «Եթէ գիտնայի՜ր, ո՜վ անծանօթ քոյր, / Թէ որքա՜ն ատե’ն է կը փնտռեմ կո՜յր, / Ճամբուս վրայ ոտքիդ հետքը սիրաթո՜յր»` Ռուբէն Սեւակ, «Քո՛յր իմ, ցանքին մէջ կակաչներ կան, քաղէ’. / Ահա սիրող սիրտերու պէս կ’արիւնին»` Դանիէլ Վարուժան: Վարուժանը չէ՞ր, որ իր պատուհանին տակէն առաւօտ մը ուրուականի պէս անցնող անծանօթ բանուորուհիին ձայնեց, լուռ. «Միայն թէ… Մօրդ վերեւ չմարի ճրագն, ու, ո’վ քոյր, / Դուն գործատուն ա’լ չերթաս»: Իսկ օր մը, զարմանալի բան, Մեսրոպ Մաշտոց հանճարը դարձաւ… քոյր: Ականջ տանք Սիամանթոյի քնարին. «Ա՛յր Աստուծոյ, մտքի’ եղբայր, քնարի’ քոյր»: Վերջին քոյրը, որ մշուշոտ էր եւ անծանօթ,- ինչպէս մեր բոլոր գրական քոյրերը,- տեսանք Զահրատի «Մշուշ» բանաստեղծութեան մէջ. «Քոյր – ե՞ս անունդ մոռցայ / Թէ ոչ քիչ մըն ալ դուն անուն չունէիր»:

Անշուշտ, երգեր ալ նուիրեցինք «քոյր»ին: Մտաբերենք Աւետիք Իսահակեանի երգի վերածուած քերթուածը. «Քո՛յր իմ նազելի, նայիր քո դիմաց՝ / Վիրաւոր, աւեր սիրտս եմ բացել» եւ Թաթուլ Ալթունեանի երգի-պարի համոյթի երգապնակներուն մէջ հնչած ու մեր սիրտերը գրաւած՝ «Երկու քոյր ենք» երգը. «Ճամբիդ փռեմ վարդիթեր, / Մի տան ծառից երկու ծիրան մի պոկիր, / Թէ սիրտ չունես էլ ինչ սէր, / Երկու քոյր ենք երկուսն էլ մի բոյի»:

Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, անգամ մը եւս օրհնութիւն տանք մեր ազգի բժշկական քոյրերուն, կուսանաց վանքերու քոյրերուն, իրենց եղբայրներուն ծնողք դարձած աւագ քոյրերուն եւ ազնըւուհի Խոսրովիդուխտ Գողթնացիի, որ մեր առաջին կին երաժշտուհին էր, քոյր վշտահար, եւ որ իր եղբօր նահատակութիւնը ողբաց սրտաճմլիկ երգով մը: Իսկ այժմ, մեր քոյրերուն նուիրենք քնքոյշ մեղեդի մը, «Ծաղկած Բալենի», եւ անոր խօսքերուն մէջ գտնենք սփոփանքը, շոյանքը եւ գուրգուրանքը, երբ աշխարհը պսակուած է անճարելի ու տանջող համաճարակով մը.

«Հարսի նման ճերմակ հագար,
Ծաղկած բալենի,
Ինձ առ ճերմակ թեւերիդ մէջ,
Իմ քոյր բալենի»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles