ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառին մէջ, Ապրիլը Հայկական ամիս հռչակելու նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Լոս Անճելըսի Բնական պատմութեան թանգարանին համացանցային կայքին վրայ տեղադրուած է հոյամողէզներու նուիրուած առցանց ներկայացում մը՝ հայերէնով։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին Արհեստավարժներու ցանցին (ANCA-PN), «Ասպարէզ» օրաթերթին եւ թանգարանին միջեւ համագործակցութեան շնորհւ իրականացած այս ներկայացման արեւելահայերէնով ներկայացումը կը կատարէ պատկերասփիւռի «FOX 11» կայանին «Good Day LA» յայտագիրի հաղորդավար Արաքսի Կարապետեան, իսկ արեւմտահայերէնովը՝ գաղութիս յայտնի երաժիշտ եւ «Capital Cities» խումբի անդամ Սեպուհ Սիմոնեան։
Հոյամողէզներու նուիրուած առցանց ներկայացումը առիթ կու տայ «պտոյտ» մը կատարելու թանգարանին պատկանող հոյամողէնզներու բրածոներու հարուստ հաւաքածոյին մէջ եւ մասնակցելու կարգ մը դաստիարակչական խաղերու։
Ներկայացումը կարելի է դիտել՝ այցելելով https://nhm.org/stories/virtual-tour-dino-hall-eastern-and-western-armenian-language կայքէջը։