Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Գիւմրիի Մէջ Բացուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի Յուշատուն-Թանգարանը

$
0
0

0526Soghomon

0526Soghomon1ԵՐԵՒԱՆ,  «Եռագոյն».- Գիւմրիի մէջ բացումը կատարուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշատուն-թանգարանին:

Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրին, որուն հեղինակը քանդակագործ Զաւէն Կոշտոյեանն է, Գիւմրիի օդակայանի թաղամասին մէջ տեղադրուած է 1993 թուականին:

Ըստ «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանին՝ նոյն տարածքին մէջ թանգարան հիմնելու գաղափարը կը պատկանի գիւմրեցի դարբինի մը: Անոր մահէն ետք ծրագիրը աւարտին հասցնելու պարտաւորութիւնը ստանձնեց Գիւմրիի մէջ յայտնի շինարար Վարդան Յովհաննիսեան` «Տուն շինող Վարդանը»:

0526Soghomon2

Լքուած տարածքը մաքրուեցաւ աղբերէն, կիսանդրիին հատուածը բարեկարգուեցաւ, կառուցուաւ յուշատուն մը, որուն մէջ կը ներկայացուին Սողոմոն Թեհլիրեանի եւ1915ին Արեւմտեան Հայաստանի զանազան քաղաքներու ու գիւղերու մէջ ինքնապաշտպանութեան մարտեր ղեկավարած անձերու լուսանկարները:

Տարածքը կը նախատեսուի վերածել Սողոմոն Թեհլիրեանի անուան յուշահամալիրի մը, ուր պիտի գործեն նաեւ խաղահրապարակներ եւ մարզական դահլիճներ:

0526Soghomon3


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles