ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Երեւանեան պայծառ առաւօտ մը Յունիսի, պանդոկէն Պանթէոն երկարող ծառուղիին վրայ կարճատեւ դադար մը առինք մեխակներ գնելու համար: Քառասուն մեխակ սպիտակ, անբիծ: Ինծի եւ լուսանկարիչ Կարէնին հետ հանրակառքէն իջած էր երեք աշակերտ՝ Փաթիլը, Լարինը եւ Տարօնը: Իրենց տուներէն 7201 մղոն հեռու գտնուող այս պատանիները ծաղկավաճառի կրպակին առջեւ փունջերը գրկած ուղեւորութեան տեսաերիզին համար ժպտադէմ խօսեցան.
– Բարի լոյս մայրեր, բարի լոյս հայրեր…
– Մենք շատ լաւ ենք: Այսօր Կիրակի է…
– Կ’երթանք Պանթէոն: Այս ծաղիկները մեր մեծերուն համար են:
Կարէնը կրկնել տուաւ խօսքերը: Աշակերտները լաւ գրկած չէին ծաղիկները: Կը յիշէ՞ք, նոյնը պատահած էր Եռաբլուրի մուտքին:
Երբ վերադարձանք հանրաշարժ, զարմանալի բան, մեխակի հետ ներս մտեր էր համեստ ծաղկանունի մը անուշահոտ պատմութիւնը: Յարգելի ընթերցող, արտօնեցէք համառօտ կերպով պատմեմ այդ մանրավէպը, քանզի Մաշտոցի պողոտայէն հեռու չէ հայկական գերեզմաննոցը, ուր թաղուած են մեծ թիւով մտաւորականներ:
Կասկած չկայ, որ մեր գնած մեխակները տեղական էին, սակայն ստուգաբանութիւնը կը վկայէ, թէ անոր անունը շատ ճամբորդած՝ «աշխարհ տեսած» բառ է: «Մեխակ» բառի համար ներշնչում էր syzygium aromaticum ծառին չորցած բողբոջները: Անոր ծննդավայրը Ինտոնիզիոյ Մալաքքա արշիպեղագոսն է: Այդ կղզիները հազարաւոր տարիներ պահպաներ են մեխակի արտադրութեան գաղտնիքը եւ մենաշնորհը, որու շնորհիւ ալ դիզեր են շլացուցիչ հարստութիւն:
Մեխակի եւրոպական անուանումը տեղի ունեցաւ 1200 թուականներուն: Ֆրանսացիները նկատելով, թէ այդ բողբոջները գամի կամ մեխի տեսք ունին, զանոնք կոչեցին clowes de gilofre, ապա clou de girofle, փոքրիկ գամ կամ մեխ: Clou բառը կու գար լատիներէն clavus բառէն, կը նշանակէր՝ մեխ: Նոյն պատկերացումը որդեգրեցինք մենք հայերս: «Մեխ» գոյականին կցեցինք «ակ» մասնիկը եւ ի յայտ եկաւ «մեխակ» գոյականը: Բառին քրտերէնը mexek է, անգլերէնը հեռու չէ ֆրանսերէնէն՝ clove, իսկ փորթուկալերէնը՝ cravo-de-India, այսինքն Հնդկաստանի գամը:
Մեխակին պատմութիւնը աշխարհի ամէնէն հեքիաթային արկածախնդրութիւններէն մէկն է: «1001 գիշերներ»ուն մէջ, Սինպատը, այդ քաջարի նաւաստին, Հնդկական ովկիանոսի վրայ կը զբաղէր մեխակի վաճառականութեամբ, Տանթէի «Աստուածային կատակերգութիւն» բանաստեղծութեան մէջ Սիէննա քաղաքի մեծահարուստներու սեղանը ճոխ էր, որովհետեւ համեմուած էր ընտիր եւ հազուագիւտ մեխակով, միջնադարու եւրոպացի ազնուականը մեխակ գնելու համար պատրաստ էր անոր ծանրութեան չափ ոսկիէն հրաժարելու, արդարեւ, 1500-1600 թուականներուն Անգլիոյ մէջ կրամ մը մեխակը կ’արժէր կրամ մը ոսկի, օտարերկրեայ հիւրը չինացի իշխանին ներկայանելէ առաջ իր բերանը եւ շունչը հականեխած պէտք էր որ ըլլար մեխակով: Քիչ մը եւս ճանապարհորդենք մեխակի ալիքներուն վրայ…: Մեխակի միջազգային առեւտուրը նախնապէս հնդիկ եւ արաբ վաճառականներու մենաշնորհն էր, մինչեւ որ ան յայտնուեցաւ վենետիկցիներու առագաստանաւերուն վրայ: Այդ թանկագին ապրանքը 17րդ դարուն փորթուկալցիներու սեփականութիւնը դարձաւ, իսկ 1667էն սկսեալ հոլանտացիներու դրօշակին տակ ճամբորդեց արեւելքէն դէպի արեւմուտք: Ոդիսականը աւելի համեմած ըլլալու համար ըսեմ, որ այդ բոլորի վրայ ցանուած է նաեւ մէկ երկու պատերազմ:
Մեխակին պատմութեան ալեկոծումները հանդարտեցան 1770 թուականին: Փիէռ Փուաւրը, (փուաւր, ֆր.՝ պղպեղ) ֆրանսացի վանական, բուսաբան, համեմներու արքունի հաւաքող, գործի բերումով նաեւ լրտես, զարմանահրաշ մաքսանենգութեամբ յաջողեցաւ մեխակի տունկ մը Մալաքքայէն արտահանել ու տանիլ Զանզիպար: Հոն սկսաւ մեծաքանակ արտադրութիւն, շուկաները ողողուեցան մեխակով, գինը նուազեցաւ ու որպէս բառ հասաւ մինչեւ Մաշտոցի պողոտայ, ծաղկավաճառի մը աննշան կրպակը: Մենատէր մեխակը դարձաւ ժողովրդավար- «Մեխակ՝ բոլորի համար»:
Հայոց մայրենին 19րդ դարուն ունեցաւ մեխակով համեմուած քանի մը ընտիր ածական. մեխակաբոյր, մեխակահոտ, մեխակաշող, մեխակագոյն: Իսկ այսօր ես առաջարկեմ «մեխակաշունչ» եւ «մեխակահամ» բառերը: Պահեցէք ձեր գրպանին մէջ, օր մը չինացի իշխանի մը ներկայանալէ առաջ կրնաք պէտք ունենալ: Մեխակը ընտիր բոյր եւ ճոխութիւն տուաւ նաեւ հայկական գրական սեղանին: Ահա անուշահոտ նմոյշ մը՝ Լեւոն Շանթնի «Երազ օրեր»էն.
– Տեսէ՛ք, ի՜նչ անոյշ կը հոտի. եւ բացականչեց, եկաւ նորէն ինծի եւ իր ճմրթած մեխակին թերթիկները ափով սեղմեց դէմքիս։ Շրթունքներս եկան իր մատներուն:
– Հատ մը մեխակ կուզէ՞ք. եւ հարցուց հարբած ժպիտով մը:
Ապա զայն շնչեցինք Աբու Լալա Մահարիի կարաւանին վրայ, երբ Աւետիք Իսահակեանը հիւսեց հետեւեալ բանատողը. «Մեխակի բոյրով հովն էր շշնջում հեքիաթներն հազար ու մի գիշերուայ»: Գրիգոր Զօհրապը մեծ արժէք տուաւ մեխակին: Ըստ անոր մեխակը «բանաստեղծութեան դողդոջուն ծաղիկ»ն էր, «գրգանոյշ ու թախծագին»: Դանիէլ Վարուժանը մեխակին դիմեց երբ սեւ խոհեր պատեցին Բրգնիկցիին. «Մեխակ : Երբ մեղմ նշոյլներ / Ճակտիս կը ցանես. / Հոգիս կը խայտայ, / Ցրուին սե՛ւ խոհերս»: («Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները») Վարուժանէն մէկ դար այս կողմ, մեխակի բոյրը Սեբաստիայէն հասաւ Պոլիս, Գնալը կղզի, զարդարեց Զահրատի սեղանը ու ներշնչեց անոր գրիչը.
«Մի խռովիր
Տեղ մը մեխակ մը կայ փխրուն
Զոր կը քաղէ ու կը բերէ
Հովը քեզի – սէր սիրական»:
Պանթէոն հասանք: Խորհրդաւոր լռութիւն: Նախ բարեւ տուինք Կոմիտասին, ապա ամէն աշակերտ պահ մը առանձնացաւ իր սիրած անունին առջեւ: Գերեզմանատունը հիմա զարդարուած է քառասուն մեխակով սպիտակ, անբիծ:
Քաղցրաբոյր էր նաեւ վերադարձը: Վարորդ Արտուշը բացաւ ձայնասփիւռը ու մեզի համար հայկական երգեր նուագեց:
– Պարոն Արտուշ, ձայնը քիչ մը կը բարձրացնես, հարցուց Փաթիլը.
Հանրաշարժը լեցուեցաւ մեխակաբոյր մեղեդիով մը մեղմօրօր.
«Հազար նազով եար, հովերի հետ եկ,
Ծաղիկ փնջելով` սարուորի հետ եկ…
Սարի սիրուն եար, սարի մեխակ բեր,
Ա՜խ, չէ, ի՞նչ մեխակ, սիրոյ կրակ բեր»: