Image may be NSFW.
Clik here to view.ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիա պիտի վերակառուցէ Անիի քանդուած պատմական կամուրջը (Մետաքսի ճանապարհի կամուրջ), որ կը գտնուի հայ-թրքական սահմանին՝ Ախուրեան գետին վրայ, յայտնեց Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախկին նախարար, իսկ այժմ՝ Կարսէն ընտրուած խորհրդարանի պատգամաւոր Ահմետ Արսլան։
Ան «Կազեթէ Կարս»ին յայտնեց, որ երկրին ցամաքային ճանապարհներու Կարսի վարչութիւնը մրցոյթ պիտի կազմակերպէ եւ շուտով պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները։
Արսլան ըսաւ, որ Անիի աւերակները իրենց համար շատ կարեւոր են, քանի որ 1064ին Անին եղած է Ալփարսլանի կանգառը շրջանին մէջ։
Յստակ չէ, թէ Հայաստանի հետ որեւէ համաձայնութիւն ձեռք բերուա՞ծ է այդ հարցով, որովհետեւ կամուրջին 2 յենարաններէն մէկը կը գտնուի Ախուրեանի հայաստանեան ափին։
Յիշեցնենք, որ թրքական մամուլին մէջ կամուրջը վերականգնելու մասին տեղեկութիւններ շրջանառուած էին նաեւ 2010ին։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ իշխանութիւնները որոշած են ամբողջովին վերանորոգել Անիի աւերակներուն մէջ գտնուող Մանուչէի մզկիթը: Վերանորոգման աշխատաքները կը նախատեսուի աւարտել 26 Օգոստոս 2021ին` Մանազկերտի ճակատամարտին