Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Երանի»՝ Նոր Ֆիլմ «Բարեւ․Արեւ»էն

$
0
0

0629Yerani

նեղութիւններ

դժուարութիւններ

երբեմն տանելի

շատ յաճախ անտանելի

 

չկարծէք

թէ միայն մեզի համար են

երկինքէն ինկած

կամ տեղէ մը բուսած բխած

նեղութիւններն ու դժուարութիւնները

նոյնիսկ

միջատները

կակղամորթները` խխունջները

ունին իրենց տրտունջները

 

ահաւասիկ

մէկ կողմ հրած

մեր նեղութիւններն ու դժուարութիւնները

ականջ տուինք այս անգամ

Խուճկուլուլուին` միշտ մենախօսող խխունջին

եւ

Թութուպային` տասնվեց ոտիկով թրթուրիկին

 

Խուճկուլուլուն տրտունջ մը ունի

ականջ տուէք

մտիկ ըրէք

դիտեցէք

քանի մը վայրկեան

վերջապէս գիտակցելու

թէ միշտ կան փոքրիկ լուծումներ

յոյսով ու լոյսով

ներշնչելու եւ ներշնչուելու

մեր առօրեային մէջ

 

ահա

փոքրիկ կայծ մը

ձեր առօրեային

բարեւ արեւի

մեր առօրեայէն

 

«Երանի», 3 վայրկեան, գունաւոր ֆիլմ

 

Անհամբեր կը սպասենք

ձեր երեխաներուն

գոյնզգոյն տպաւորութիւնները։

 

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան,

որ այս ծրագիրին հիմնական օժանդակողը եղաւ։

 

Շնորհակալութիւն նաեւ

Fondation de France-ի հովանաւորութեան տակ գործող EBFA հիմնարկութեան,

իր բերած մասնակցութեան համար։

 

Մենք,

Անահիտ Սարգիսեան,

Մարալ Քերովբեան (Թութուպային ձախ աջ շարժող տասնվեց ոտքերէն խենթացած),

Վահան Քերովբեան

 

(Հաղորդագրութիւնը՝ «Բարեւ․Արեւ»էն)

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles